Սմբատ Սպարապետ

 Սմբատ Սպարապետ

 Գարեգին Զարպանալեան

(1865)


Սմբատ Գունստապլ՝ այսինքն Սպարապետ պատմչի անունը եւ արիական գործերը թէպէտ եւ ծանօթք էին բանասիրաց, բայց ոչ նոյնպէս իւր երկասիրութիւնները. միայն երեսուն կամ աւելի տարիներէ առաջ սկսաւ իր պատմական գրուածքին գրչագիր մէկ օրինակը երեւնալ ու ձեռքէ ձեռք անցնիլ, որուն վրայ կրկին տպագրութիւնք եղան գրեթէ մի եւ նոյն միջոցին. մէկն ի Մոսկուա եւ միւսն՝ ի Փարիզ։ Քանի մը տարի յառաջ ալ իր ուրիշ երկք յայտնուեցան եւ հրատարակուեցան։

            Սմբատ որդի էր Կոստանդնի արքայահօր։ Թէպէտ եւ դեռ չորեքտասանամեայ պատանեաք ի մահուն Լեւոնի առաջնոյ թագաւորի Ռուբինեանց, բայց արդէն իր արիական սրտովն յինքն ձգեր էր իմաստուն իշխանին աչքը, որ ըստ վկայութեան նորուն իսկ Սմբատայ «Ուր իմանայր թէ գոյ այր իմաստուն եւ գիտուն, եւ աջողի գործ կամ ի զինուորութիւն, կամ ի խօսս եւ պատասխանիս, աօաքէր եւ կոչէր խոստմամբ, եւ բերեալ հանգուցանէր առատաձեռն պարգեւօք». եւ պարծանօք վրայ կը բերէ. «Յորոց մի ես եմ Սմբատ Սպարապետ»։ — Լեւոնի մահուընէն ետքը՝ երբ թագաւորահայրն Կոստանդին յաջողեցաւ արքունական գահոյից վրայ բազմեցնել զորդի իւր Հեթում, սպարապետութեան ծանր ու դժուարին պաշտօնն ու գործը Սմբատայ յանձնեց. զոր երկար տարիներ ի գլուխ տարաւ՝ ոչ միայն եղբօրը Հեթմոյ թագաւորութեան երկար տարիներն (1226-1270), այլ նաեւ անոր որդւոյն Լեւոնի Գ առջի տարիներն. շատ անգամ արիւնռուշտ պատերազմաց ասպարիզի մէջ մտնելով եւ բազմաթիւ ու նշանաւոր յաղթանակներով Եգիպտոսի եւ Իկոնիոսի սուլտանաց զօրաց վրայ, ու բաղդին ու զինուց ձախողելու ատենին ալ միշտ աներկիւղ եւ հնարիմաց ի դարմանն։

 

 

Քսան տարի պատերազմաց դաշտերուն մէջ կռուելով ու յաղթելով իր թագաւոր եղբօրը հետ կամ անոր կողմանէ, զօրացան ապա յարեւելս Թաթարք, ու իրենց արշաւանքներովն եւ անոնց մէջ ունեցած գրեթէ յարատեւ յաջողութեամբ՝ վախի մէջ ձգեցին շրջակայ ազգերն ու անոնց իշխողքն. որք անվստահք եւ շատ անգամ նաեւ անզօրք ի խափանել անոնց յառաջխաղացութիւնն, կ’ուզէին դաշնակցութեամբ ապահովել իրենց երկրին վիճակը եւ իշխանութիւնը։ Նոյն խորհուրդն ունեցան նաեւ Հեթում թագաւոր եւ Կոստանդին արքայահայր, եւ դեսպանութեամբ յղեցին իրենց որդին եւ եղբայրն զՍմբատ Գունդստապլ յամի 1248  առ Գիուգ խան Թաթարաց։ Հեթում պատմիչը մանրամասն կ’աւանդէ այս դեսպանութեան պատճառը. 1253 թուականին, կ’ըսէ, Հայոց Հեթում թագաւորը անձամբ ուզեց երթալ առ ինքնակալն Թաթարաց, որպէս զի անոր շնորհքն ու սէրը յաջողութեամբ կարենայ ձեռք ձգել, ու խաղաղութեան պայմաններ դնէ անոր հետ։ Բայց առաջ ղրկեց Հայոց թագաւորութեան Գունդստապլը, զՍինիբաղտ, որպէս զի հրաման առնլով՝ կարենայ ապահով կերպով երթալ, անոր համար՝ սա գնաց առ ինքնակալն Թաթարաց, ու իրեք չորս տարիէն ետքը դարձաւ ի Հայաստան, պատմելու ինչ որ տեսաւ ու լսեց։ Այս հրեշտակութեան դէպքը ինքը Սմբատ ալ կ’աւանդէ իւր Պատմութեան գրոցը մէջ հետեւեալ խօսքերով. «Ի թուին ՈՂԷ գնացի ես Սմբատ Գուդստապլս ի Թաթարն, եւ ի թուին ՈՂԹ դարձայ առ իմ եղբայրն Հեթում թագաւորն»։

Իւր պաշտաման եւ սրտին արժանաւոր այլ եւ այլ քաջագործութիւններուն յիշատակութիւնը կ’ընէ Սմբատ, իրեն համառօտ պատմագրութեանը մէջ։ Երբ Քէյ Խոսրով սուլտանն բազմաթիւ հեծելախօրք ժողվելով՝ Լամբրոնի տիրոջը Կոստանդնի առաջնորդութեամբ մտաւ ի Կիլիկիա, Կոստանդին թագաւորահայրն ու Սմբատ մտան ի Տարսոն, զոր սուլտանն պաշարած էր, Սմբատ իրեններովը պատերազմեցաւ անոր հետ, ու երկարատեւ կռիւներով, ու եւրոպական ճարտար զինուց օժանդակութեամբ՝ յաղթեց անոր։

Այսպիսի քաջութեամբ ու պատերազմաց վտանգներու մէջ կնքեց Սմբատ իւր կեանքը փառօք, որուն հանգամանքը լիուլի կ’աւանդէ ժամանակակից վարդապետ մը։ 1275 թուին գուժկանք հասան առ Լեւոն Գ, թէ Եգիպպտացւոց ամիրայն անթիւ զօրքով նորէն Կիլիկիոյ վրայ կ’արշաւէ. Լեւոն ժողվեց մէկէն իւր զօրքերը, ու վեց գունդ բաժնելով, մէկը ինքն առաւ, ու երկրորդը՝ իր ծերունի հօրեղբօրը՝ Սմբատայ սպարապետի ձեռքը տուաւ, ու պատուիրեց որ քիչ զօրքով Եգիպտացւոց դէմ ելլէ, մինչդեռ ինքը զօրաց բազմութիւնը դարանի մէջ դրած էր, ու անծանօթ ճանապարհաւ Եգիպտացւոց զօրքին ետեւն անցաւ ի ծածուկ։ Երբոր սկսան Եգիպտացիք Կիլիկիոյ սահմաններուն վրայ վազել, անոնց առաջը ելաւ Սմբատ իւր գնդովը։ Եգիպտացիք՝ կարծեցին թէ միայն այնչափ է Լեւոնի զօրքը, ու սիրտ առած՝ յարձակմունքն սկսան. բայց մէկէն ի մէկ դարանամուտքը անոնց չորս կողմը պաշարեցին. ինքը Լեւոնն ալ հասաւ ետեւնէն, ու Եգիպտացիները մէջերնին առնելով շատերը կոտորեցին. ու այնչափ շատ ինկան անոնցմէ, որ դիականց լեռնակոյտը արգելք կ’ըլլար ապրելոց փախստին։ Իսկ երբ ամիրայն հնարք գտնելով՝ սակաւաթիւ զօրքով իր կեանքը ապրեցնել կը մտածէր, ետեւէն պնդեցաւ Սմբատ. բայց ձիւոն սաստիկ արշաւանացն ատեն՝ ծառի մը զարնուեցաւ ոտքը, ու վտանգեցաւ. այն վիրացը սաստկութենէն ու հասակին ծանրութենէն՝ ա՛լ չկրցաւ շարունակել ընթացքը, ու դառնալով ի բանակն՝ քանի մը օրէն մեռաւ (1276)։

Իւր կենացը 68 կամ 69 տարուան հասակին հանդիպեցաւ Սմբատայ մահը. որովհետեւ 1208 թուականին կը նշանակէ իրեն ծննդեանը տարին։

 

 

            Սմբատայ Տարեգրութիւնք. — Աւելի համառօտ ժամանակագրութիւն մը կրնանք սեպել Սմբատայ այս երկասիրութիւնը քան թէ բուն պատմութիւն։ Կ’երեւնայ թէ հեղինակին դիտաւորութիւնն ալ այս եղած է, որովհետեւ խորագրին մէջ յայտնապէս կը նշանակուի. «Պատմութիւն Յունաց ի Կոստանդնուպոլիս եւ Հայոց Մեծաց, ըստ կարգի ժամանակաց»։ Կը սկսի Հայոց Ն (Քրիստոսի 951) թուականէն, Գագկայ Բագրատունւոյ իշխանութեան ժամանակէն, եւ կը հասցնէ մինչեւ ի ՉՁ (1331). գրեթէ չորս հարիւր տարուան միջոցի մէջ ի Հայաստան եւ ի Բիւզանդիոն հանդիպած դէպքերու համառօտ յիշատակութեամբ։ Բայց որովհետեւ իւր մահը 1276-ին եղաւ, յայտնի է որ վերջին վաթսուն տարուան պատմութեանց համառօտութիւնը ուրիշներու ձեռքով եղած է. յորոց մի էր մարաջախտն Պաղտին, տէրն Նղրի, խնամեցեալն Սմբատայ տոհմին։

            Հարկ չէ ըսելը թէ այսպիսի երկասիրութեան մէջ ընդունայն է փնտռել կարգաբան լեզու եւ ոճ մը. ասիկա հեղինակին նպատակէն, կրնանք ըսել թէ նաեւ դիտաւորութենէն դուրս ձեռնարկութիւն մըն էր. մանաւանդ թէ կամաւ ընտրած է իր ժամանակին աշխարհիկ լեզուն եւ ոճը՝ ընթերցողաց դիւրահասկանալի ըլլալու համար. որ որչափ ալ պարզ եւ ռամկական, այլ ախորժալուր եւ ազգայնութեան հետքը վրան կրող։ Համառօտ գրուածք մ’է, եւ կ’երեւնայ թարգմանաբար յարմարցուած գրոց լեզուով յօրինուած ուրիշ նման երկասիրութենէ մը. որովհետեւ գրուածքին սկիզբը ինքզինքը թարգմանող պատմութեանն կը կոչէ։ Այնչափ աւելի հաւանական կ’ըլլայ այս ենթադրութիւնը՝ որ ձեռուընիս ալ հասած է բաց ի Մատթէի Ուռհայեցւոյն գրուածքէն՝ ուրիշ ժամանակագրական եւ գրաբար լեզուով շարագրուած Ռուբինեանց ժամանակագրութիւն մը, ընդարձակագոյն քան զՍմբատայն, եւ յորմէ շատ տեղ փոխ առած կ’երեւի վերջինս, համառօտելով եւ իր ոճին վերածելով։ Բայց իբրեւ ժամանակագիր՝ ունի իրեն յատկութիւններն, որոնցմով թէ՛ ազգային եւ թէ օտար բանասիրութեան առջեւը իր յարգն ալ։ Ռուբինեանց իշխանութեան վրայ խօսող՝ քիչ մատենագիր ունինք. եւ աւելի քիչ՝ որ Սմբատայ պէս ժամանակագրութիւնը պատմութեան հետ խառնեն. եւ աս է իրեն մեծ եւ գլխաւոր արդիւնքը, որով արդի եւրոպական ստուգասէր գիտութեան համար՝ աւելի պատուական կը սեպուի իր երկասիրութիւնը, քան ուրիշ շատ պատմագրաց գրուածները, որոնք ժամանակագրութեան մտադրութիւն չընելով ընդհանուր պատմութեան մէջ՝ լուսաւորելու եւ բացատրելու տեղ՝ աւելի մթութիւն եւ երկբարութիւն կը ձգեն, եւ կարծեաց երկպառակ անհամաձայնութիւն։

            Բաց ի Տարեգրոց եւ առ քոյրն եւ քեռայրն գրած թղթերէն, Սմբատ ուրիշ երկու կարեւոր եւ հատաքննական երկասիրութիւնք ալ թողած է. ասոնցմէ մէկն է թարգմանութիւն Անսիզացն Անտիոքայ, եւ միւսն համառօտութիւն մը օրինաց եւ կարգաց՝ ծաղկաքաղ ի Դատաստանագրոցն Մխիթարայ Գոշի եւ բիւզանդական օրինագրոց որ արդէն ծանօթք էին յազգին թարգմանութեամբ Լամբրոնացւոյն։ Սմբատայ այս երկասիրութեան նպատակն էր—իբրու վարիչ եւ ուղղիչ թագաւորութեանն Հայոց յետ մահու հօր իւրոյ Կոստանդնի—, քաղաքական ու եկեղեցական հաստատուն օրէնքով օժտել իր ազգը, եւ դէմն առնուլ այն անտեղութեանց որ անոնց հրատարակման պակասութենէն առաջ կու գային, մանաւանդ յետ ծանօթութեան եւ վերաբերութեանց մերոցն ընդ օտարաց. «Գրեցի զսա, կ’ըսէ, վասն հաստատութեան սրբոյ եկեղեցւոյ, եւ վասն աշխարհի դատաւորաց եւ թագաւորաց. եւ զսիրտ բանիցն առեալ եդի համառօտաբար… եւ պարտ եւ արժան համարեցայ վասն թագաւորացն գրել իրաւունս, զի նոքա յԱստուծոյ են կարգած եւ յԱստուծոյ տեղն ի յերկրի են»։ 1265-ին յօրինուած է Գունդստապլ այն օրինագիրքը։

            Ինչպէս ի Տարեգիրս՝ ասանկ երկրորդ գրուածքիս մէջ ալ՝ Սմբատայ լեզուն՝ երեքտասներորդ դարու աշխարհիկ բարբառն է։ Թարգմանչաց վայելուչ եւ հայկաբան ոճը՝ դարէ դար իւր գեղեցկութիւնը կորսնցնելով, հոս գրեթէ շիջելափառ կը նուազի։ Քաղաքական վիճակին պէս գրաւորական լեզուն ալ բոլորովին կերպարանափոխ եղած՝ ուրիշ դար մը կը կազմէ, որ ազգային գերութեան շղթայից տխուր արձագանգը կը լսեցնէ, եւ աւելի նոր մատենագրութեան կը վերաբերի, ուր որ պիտի տեսնենք զայն, հոս կնքելով խօսքերնիս մեր հին հայկական դպրութեանց վրայ։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians