Գիտութիւն եւ հաւատք

Գիտութիւն եւ հաւատք

 

ի Բազմավէպէ

 

(1867)

 

Միայնակ թափառական կը քալէի լերկ դաշտերու մէջ։ Ձմեռն իր ցրտաշունչ քամիներովը բնութեան վրայէն կանաչ երեւոյթը վերուցեր էր. ծառերը տերեւաթափ, ալ անոնց խշրտոցը չէր լսուէր. ամենայն ինչ տխուր մտածմունքներ կը զարթուցանէր սրտիս մէջ։

            Բնութեան այս յետին թշուառութեանը գաղտնիքը կը փնտռէի, եւ մեծ խռովութիւն մը կը զգայի սրտիս մէջ, ընդդէմ ամբարիշտ խորհրդոց բռնութեան որոնք վրաս կը յարձակէին։

            Թարշամեալ բնութեան կը նմանէի, վասն զի մտածմունքներս մարմնոյս կենսական զօրութիւնը կը նուազեցնէին։

            Կենաց գաղտնիքը առջեւս ելաւ։ Կորացեալ ծերունի մը, տրտում տխուր՝ ճամբուն ծայրը փոթորկի բռնութենէն տապալած ծառի մը կոճղին վրայ նստեր էր։ Քամին՝ ճակտին վրայի ձիւնափայլ եւ գանգրացեալ մազերը կը տատանէր օդուն մէջ. երկու ցուրտ արցունքի կաթիլներ կռնճմտած երեսին խորշերուն մէջէն կը վազէին. եւ ձմեռուան ամպապատ արեգակը՝ իւր խոտորնակ ճառագայթները ծերունւոյն գագաթան վրայ զարկեր էր։

            Չորչրուկ եւ նիհար ձեռքերուն մէկը արտեւանանցը մօտեցուց, եւ երբ արցունքները չորնալու վրայ էին այտիցը վրայ, երկնցուց դէպ ի անոնց դիմացը իր մատները, եւ ըսաւ. «Սիրտս սա դաշտերուն նման անապատացեալ է, մթնոլորտին պէս մութ է, ծառերուն պէս մերկ, եւ սառի պէս ալ ցուրտ է, երբ սառը հանդարտ առուակները չարաչար կը պրկէ։ Վասն զի քննեցի սիրտս, եւ անաչառ համար պահանջեցի հոգիէս՝ գործած ամենածածուկ շարժմունքներուն համար։

            «Չորս կողմս կեցածներուն պատճառը փնտռեցի, այն անհասկնալի սկիզբը, ուսկից ամենայն ինչ առաջ եկեր է։ Ըրած այս խուզարկութիւնս հայհոյանք մըն էր, ուստի անոր հետեւանք, պատիժն ալ կրելը անտանելի եղաւ։

            «Հոգւոյս տուած ամէն պատասխաններուն, վայելած ուրախութեանցս մէկ մասը կը ցնդէր մտքէս փնտռած պատճառներու. Ամէն մէկ լուծմամբը, մխիթարիչ կրօնքը, եւ նեցուկ՝ Յոյսը, սրտիս մէջ կը պաղէր։

            «Աչքիս ամենայն ինչ պատրանք եւ խաբէութիւն երեւցաւ, մինչ Աստուծոյ ծառայութիւնն անգամ։

            «Երիտասարդութեան հաճոյական ցնորքները՝ ժամանակէն առաջ հեռացան ինծմէ. կախ յօնքերս աչացս տեսութիւնը մթագնեցին. ճակտիս վրայ երկու մեծամեծ խորշեր բացուեցան, եւ ցուրտ եւ տագնապեցուցիչ մտածմունքները իմ բաժինս եղան։

            «Կենաց ձմեռուանը հասայ առանց ամառուան զովագին շուքը վայելելու, եւ ոչ իսկ աշնանային քաղցրահամ պտուղները»։

            Գթութեամբ լեցուեցաւ սիրտս, եւ քաղցր եւ կարեկից ձայնով մը դարձայ ըսի ծերունւոյն.

            «Հայրիկ, եթէ ծերութեան ըմպերը կը ծանրանան վրադ, եթէ ճակատդ յերկիր կը խոնարհի, չե՞ս կրնար կակղացնել եւ մխիթարել քու քարացեալ սիրտդ՝ անցուցած լաւագոյն ժամանակացդ յիշատակներովը։ Ապագայ կենաց յոյսը եւ երջանկութիւնը կարող չե՞ն ուրեմն ամրացնելու եւ կենդանացնելու քու հոգիդ, որ այդպէս հեծութեամբ զքեզ օր աւուր գերեզմանի կը մօտեցնես»։

            «Որդեակ իմ, ըսաւ ծերունին, դառն ժպիտ մը երեսին վրայ երեւցնելով, դեռ դու չես ճանչնար թէ ի՛նչ ըսել է մարդկային կեանքը։ Ատենօք ես ալ քեզի պէս կտրիճ երիտասարդ մըն էի. իմ այտերուս վրայ ալ կը ծաղկէին այդ վարդերը, եւ բնութեան ամէն գեղեցկութիւնները իմ երեսիս կը ծիծաղէին. իմ աչքերս իրենց դիւթական եւ հրապուրիչ ու փոփոխական տեսքերը իրենց կը ձգէին. այն ատեն Արարչին գործոցը վրայ կը սքանչանայի, վասն զի կը հաւատայի անոր։ Այն ատեն գիտէի աղօթք ընել եւ իրեն շնորհակալ ըլլալ. սակայն մանկութեան օրերը անցան գնացին, ինչպէս արծարծեալ կրակ մը, որ ամառուան տաք գիշերուան մը մէջ կը բորբոքի կ’ընդարձակի, վեր կը բարձրանայ, վերջը կը շիջանի, եւ մէյմըն ալ չերեւնար։ Այն ատեն կը կարծէի որ այս կեանքը ուրախութիւն կը պատճառէ այն մարդուն՝ որ ցաւերը եւ տրտմութիւնները արհամարհած մէկդի կը թողու։ Ուստի ուրախութեամբ լեցուած, անկեղծ սրտով եւ ամենայն բանի դիւրահաւան, մտայ մարդկութեան այս ընդարձակածաւալ ընկերութեան մէջ։

            «Ձեռքս սիրով ամէն ձեռք կը սխմէր, կը կարծէի որ սէրը ամենայն մարդկանց սրտին խորը դրոշմուած է։ Այսպէս կը հաւատայի, վասի զի առանձին անոր գանձը ունէի յիս։

            «Օր մը թշուառութիւնը իր սոսկալի բազուկները բերաւ տարածեց վրաս. ես մէկէն վստահութեամբ լեցուն՝ բարեկամներս օգնութեան կանչեցի։ Այն ատեն իմացայ թէ ո՛րչափ նուազ է եղեր մարդկանց սրտի մէջ սէրը. Վասն զի ամէնքը, ամէնքը թողուցին զիս, եւ յուսահատութեանս վրայ սկսան ծիծաղիլ։

            «Տեսայ որ ամենքը ունեցածներէս մէյմէկ մաս յափշտակած ելեր կ’երթային։ Միայն մէկը մնաց քովս։ Զիս խռովող դժբաղդութեանցս եւ տառապանացս մէջ, այտերուս վրայի դառնահոս արցունքները անիկա սրբեց, եւ ինքն ալ ինծի հետ դառնութեան բաժակը կը խմէր։ Ո՜հ, ճշմարտիւ զինքը սրտիս վրայ եւ սրտիս մէջը կը կրէի. ի՛նչպէս երախտագէտ կը ճանչնայի իմ սիրտս իրեն մարդասէր սրտին փոխարէն։

            «Բայց մահը, նախանձող մահը, նետ մը արձակեց դէպ ի անոր սիրտն ալ, եւ բաց գերեզմանը՝ անոր անշնչացեալ դիակը յափշտակեց. եւ ցուրտ հողը ծածկեց այն անձն ալ որուն վրայ միայն աշխարհիս երեսը սէր ձգեր էի… այս բաժանմունքը մշտնջենաւոր էր։ Այն ժամանակ երջանկութիւնը՝ սիրոյ մէջ սկսայ փնտռել։ Աղքատութեամբ, ձեռքիս աշխատանքովը խաղաղութեամբ կ’անցնէի օրերս, եւ շատ անգամ դառն քրտինքներ բոցատապ ճակատիս վրայէն կը վազէին։ Խաղդակաթ ամուսին մը եւ ցանկալի որդիքներ ունեցայ, եւ երջանկութիւնը ու ցնծութիւնը նորէն սկսաւ ծնանիլ սրտիս մէջ։ Իսկ Աստուծոյ գալով, ամենեւին չէի մտածէր։

            «Եւ ահա աստուածային բարկութեան գաւազանը եկաւ իջաւ աշխահքս. մահուան սուր մանգաղը քալեց երկրիս վրայ, եւ բոլոր սիրելագոյն անձինքներս՝ որոնց վրայ իմ կենացս երջանկութիւնը կը կայանար, զամէնքն ալ հնձեց պառկեցուց։

            «Կինս, ուստերքս եւ դստերքս, մէկիկ մէկիկ գրկիս մէջ իրենց հոգին տուին։ Ամէնքն ալ ծնկերուս վրայ հոգւոյ եւ մարմնոյ ամբացատրելի նեղութիւններով մեռան. Երբ որ անդրանիկ որդւոյս աչուըները մթագնեցան, որուն հոգին երկու անգամ շրթունքները հասեր էր, պաղատեցայ Աստուծոյ՝ շնորհելու անոր կեանքը. բայց Աստուած չլսեց պաղատանացս. վասն զի զարհուրելի ցնցմունք մը որդւոյս անդամները կարկամեցուց, եւ անոր չորցած մարմնէն զանիկա կենդանացնող հոգին բաժնեց տարաւ։ Յուսահատ ինկայ մնացի սիրելեացս սառնացեալ դիականցը մէջ։ Ցնորած միակերպ զանոնք կը կանչէի։ Բայց աւա՜ղ, մեռեալները չեն լսեր ամենեւին։

            «Այն ատեն դառնացեալ սրտով դիականց չորս կողմը պատած ժանտալից օդը կը կոծէի։ Ի՞նչպէս քաղցր կ’երեւնար ինծի յաւիտենական քուն մը. բայց չկրցայ մեռնիլ. դեռ դառնութեան բաժակին ինչուան մրուրը բոլորովին չէր քամուած… եւ բոլոր սէրս այն դիականց հետ մտաւ գերեզմանին մէջ։ Անանցանելի պատնէշ մը եկաւ բաժնեց որդիքը իրենց հօրմէն, եւ ես միայն մնացի աշխարհիս վրայ։ Այն ատեն դարձուցի աչքս անցելոյն վրայ, եւ սկսայ հաշուել քաշած նեղութիւններս եւ վայելած հաճոյքներս։ Եւ բուն ճշմարիտ խնդութեանցս վայրկեանները համեմատելով կրած տխուր ժամերուս՝ մէկ առ հազար հազիւ կրնային բաղդատատուիլ։

            «Դարձայ առ Աստուած լի սրտմտութեամբ եւ հայհոյանօք, եւ ըսի. Ուրեմն միայն տանջանաց եւ արտասուա՞ց համար ստեղծեր ես զմարդս։ Ինչո՞ւ չթողուցիր որ անշունչ հողը քնանայ իր խաղաղութեանը մէջ, եւ բնութեան անդորր հանգիստը վրդովեցիր»։

            «Աստուած նորէն պատժեց զիս իմ ըրած հայհոյանացս համար. վասն զի սիրտս մէկէն պաղեցաւ, բոլորովին հեռացաւ ինծմէ հաւատքը. ա՛լ անկէ վերջը ոչ կրցայ լալ եւ ոչ ցաւ մը զգալ։ Այն ժամանակ մէկ աւաղելի անզգայութիւն մը եկաւ իր դժնդակ հարուածով փակեց յաւիտեան իմ շրթունքներս, եւ կենացս բոլոր օրերը մշտնջենաւորապէս մթագնեցան եւ ամպոտեցան»։

            Ասանկով ոտք ելաւ ծերունին, եւ սկսաւ ծանր ծանր հեռանալ ինծմէ։ Իր ծանր ճակատը գետին կը խոնարհէր. տաժանմամբ եւ կորացեալ իր տխուր յիշատակներուն բեռան տակ ընկճուած՝ կը յառաջէր դիմացէս։

            Ծերունւոյն այս զարհուրեցուցիչ կանխաձայնութիւնները, իմ սիրտս մթին խորհուրդներու մէջ ձգեցին։ Ապառնւոյն սգալի թշուառութեան եւ անմխիթարութեան տեսարանները դիմացս պարզուեցան՝ որոնք դէպ ի ինծի կը վազէին՝ Սակայն դեռ յոյս ունէի Աստուծոյ վրայ։ Պաղատալից աչքերս երկինք վերուցի, եւ քաջալերութեան եւ ողորմութեան ճառագայթը վանեց ցրուեց սրտէս՝ վրաս յարձակող թաղծագին մտածմունքները։ Քայլերս դէպ ի Աստուծոյ տաճարը ուղղեցի, վասն զի հոգին մխիթարութեան կարօտութիւն կը զգար։ Բայց դիպուածով խոտորեցան քայլերս գերեզմանոցին օձապտոյտ ճամբաներուն մէջ, եւ հոն խորափոր գերեզմանի մը դիմացը նստայ, նեղ եւ կէս փտտած նստարանի մը վրայ։ Այդ գերեզմանին մէջ ծամածուռ գանկեր կային, եւ այն մեռեալ գանկերուն խոռոշացեալ խորշերը, հետաքրքիր աչքերս իրենց գրաւեցին։ Մէկէն ի մէկ սարսափ մը եկաւ վրաս, եւ ցուրտ դող մը բոլոր մարմնոյս վրայ քալեց, վասն զի ձեռքիս նիհար եւ ոսկրոտ ուրիշ ձեռք մը դպաւ։ Եւ ահա ծերունին ոտքի վրայ քովս կեցեր էր։

            «Որդեակ իմ, ըսաւ, մատովը մերկ եւ սպիտակ գանկ մը ցուցնելով, կը տեսնե՞ս սա գլուխը… ատիկայ իմ հօրս գլուխն էր։ Սոյն վայրկեանիս արտասուաց հեղեղ մը եւ դառն հեծկլտանք մը խօսքերը ընդհատեցին։ Իսկ գանկը ծերունւոյն տրտմութեանը վրայ կարծես թէ հեգնութեամբ կը ծիծաղէր։ Վերջը մատը աւելի պզտիկ գանգի մը դարձնելով ըսաւ. Սա ալ կը տեսնե՞ս. այդ ալ անդրանիկ որդւոյս գլուխն է. քեզի նման երիտասարդ մըն էր. բայց մահը զինքն ալ յափշտակեց տարաւ. Միւսն ալ կնոջս գանկն է, որ այնպէս գեղեցիկ էր եւ քաղցր… սա ալ սիրական բարեկամիս գանկն է։ Ահա բոլոր այս մերկ գանկերն են որոնց վրայ իմ յոյսս, իմ խաղաղութիւնս, իմ երջանկութիւնս կը կայանայ։ Տես թէ ցաւոց պատճառաց տագնապը՝ ի՜նչպէս կեանքէն վերջն ալ կը տեւէ։ Այս ոսկերոտեացս մէջ քեզի համար ալ, որդեակ իմ, տեղ մը կայ. պիտի գայ ժամանակ մըն ալ յորում քու աչքերդ ալ ասոնց նման ահարկու պիտի ըլլան, եւ երկնից անձրեւները քու գանկդ ալ պիտի սպիտակցնեն եւ կարմրացնեն»։

            Երբ ես սրտնեղութեամբ լեցուած կ’ուզէի մէկդի ձգել ծերունւոյն ըսածները իբրեւ անտանելի եւ դժնդակ մտածութիւններ, ինքը պատասխանի կը սպասէր։

            Սոյն միջոցին տժգոյն դիմօք կին մը կամացուկ մը դիմացնիս ելաւ։ Իր արտասուացը տակ անոյշ խնդում մը ունէր, այնպէս խաբող՝ ինչպէս թէ ինքն Յոյսը ըլլար։ Փափուկ մատուըներէն ծաղկանց պսակներ կախուած էին. իսկ ինքը սգազգեաց քօղով մը ծածկուած էր։ Ծնկան վրայ եկաւ նորափոր գերեզմանի մը քովը, եւ ձեռքի ծաղիկները գետնին վրայ տարածեց։

            Ծերունին նորէն ցցուց ինծի ցանկերը, եւ ըսաւ. «Որդեակ իմ, ճանչցա՞ր հիմա մարդկային կեանքը։ Հասկցա՞ր որ ամէն բանի գաղտնիքը ոչինչն է»։

            «Մի՛ հաւատար, որդեակ իմ, գոչեց անդիէն կինը արտասուալից աչքերովը, ատոր մի՛ հաւատար»։

            Այս ըսելով, աչքերը երկինք վերցուց, եւ իբրեւ Աստուծոմէ լուսաւորեալ մարգարէ մը գոչեց. «Այս է ահա ամէն գաղտնեաց վերջին լուծումը, կենաց եւ մահու, երջանկութեան եւ թշուառութեան… ինծի ալ, Աստուծոյ բարկութեան գաւազանը ինծի ալ հասաւ. ես ալ լծակցէս եւ մէկ որդիէս զրկուեցայ։ Այս ցուրտ հողը նոյնպէս իմ սիրելեացս դիակունքն ալ ծածկեց։ Բայց սակայն գտայ ես իմ մխիթարութիւնս այն յաւիտենական գաղտնի բառին մէջ, է Աստուած»։ — Այսն վայրկեանէն զիս տագնապող յուսահատութեան ցնորքները անհետացան վրայէս։ Երախտագէտ սրտով համբուրեցի կնոջ ձեռքը՝ որ մխիթարութեանս եւ լուսաւորութեանս պատճառ եղաւ, եւ սիրտս յուսահատ ծերունւոյն դէմ զայրոյթ մը զգաց։ Դարձայ արհամարհանօք ծերունւոյն անունը հարցուցի. պատասխան տուաւ ծերը. ես Գիտութիւն կը կոչուիմ։ Դարձայ կնոջ անունն ալ հարցուցի, եւ իմացայ թէ Հաւատք էր անոր անունը։ Յետոյ իւր վերարկուաւը ծածկեց զիս Հաւատքը, եւ անկէ վերջը յուսահատութեան խորհուրդները չմօտեցան ինծի այդ սուրբ վահանին հովանւոյն տակ։ Ուստի անկէ ետեւ հանգստութիւնը, երջանկութիւնը եւ խաղաղութիւնը իմ բաժինս եղան։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians