Հեթում Պատմիչ

 Հեթում Պատմիչ

Գարեցին Զարպանալեան

(1865)

 

Ստեփանոս Ուռպելեանէ ետքը պատմական երկասիրութեամբ նշանաւոր եղող անձանց մէջ գլխաւոր կը սեպուի Հեթում պատմիչ, որուն թէպէտ եւ գլխաւոր երկասիրութիւնը լատին լեզուով գրուած է, բայց իբրեւ ազգային մատենագրի մը գրչին արդիւնք՝ արժան է որ համառօտ տեսութիւն մը ընենք այնպիսի գրուածի մը վրայ՝ որ իրաւամբ հռչակ մը ունեցած է եւրոպական բանասիրութեան առջեւ, եւ զանազան թարգմանութիւններ եւ տպագրութիւնք։

            Հին մատենագրական պատմութիւննիս՝ սակաւաւոր անձինք կը յիշատակէ յաշխարհիկ դասուէ՝ որոնք ժամանակ կամ ջանք ունեցած ըլլան ուսմանց պարապելու, եւ գրաւոր երկասիրութեանց յիշատակ մը թողլու։

            Այս սակաւաւորաց մէկն է նաեւ Հեթում, ընդհանրապէս Պատմիչ կոչուած։ Ասկուռայ բերդին տիրոջը՝ Օշին իշխանին որդին էր Հեթում, ու Ռուբինեանց Լեւոն Գ թագաւորին օրովը համբաւաւոր ըլլալով, անկէց նախ Կոռիկոս ամրոցին իշխան կարգեցաւ, ետքն ալ տէրութեան մարաջախտ կամ զօրաց սպարապետ։ Նոյն իշխանութեան մէջ հաստատեց զինքը նաեւ Հեթում Բ թագաւոր։

            Սակայն Հեթում՝ իր փառքը երկրաւոր իշխանութեանց փայլմանը մէջ չուզեց փնտռել. այլ այն անցաւոր փառքէն հրաժարելով, աշխարհի զբաղանցը մէջ չգտած խաղաղութիւնը՝ մենակեաց կենաց առանձնութեանը անքոյթ ապաւինին մէջ փնտռել։ Այս փափաքը շատոնց արթնցած էր իր աստուածասէր սրտին մէջ. բայց ժամանակին պարագաները թոյլ տուած չէին. Ինքն իսկ կը վկայէ թէ «Ի վաղուց եդեալ էի ի մտի առնուլ զսքեմ կրօնաւորական. Այլ վասն դժուարին անցից թագաւորութեանն Հայոց՝ անմարթ եղեւ ինձ թողուլ զթագաւորութիւն»։ Բայց երբ հայրենեաց խաղաղութեան օրերուն ականատես եղաւ, ու Հեթում եւ Լեւոն իշխանաց ձեռքով՝ անոր թշնամիները ահաբեկ, 1305-ին թողուց արքունի իշխանութիւնը, ու Կիպրոս կղզին առանձնանալով, Պրեմոնստրացւոց լատին միանձանց կարգն ու սքեմը ընդունեցաւ։ Այն հեռաւոր օտարութեանը մէջէն ալ շատ անգամ աչուըները կը դարձնէր այն երկրաւոր հայրենիքը՝ ուր իրեն սիրտը թողած էր, եւ ուրախութեամբ կ’արձանագրէր իր պատմութեան գրոցը մէջ թէ «Գոհութիւն Աստուծոյ, զի թագաւորութիւն Հայոց կայ ի բարիոք վիճակի. եւ ըստ զօրացուցանելով Աստուծոյ ի ձեռն Լեւոնի՝ որդւոյ տեառն Թորոսի՝ ի նախկինն վերածցի վիճակ. վասն զի փայլէ ամենայն առաքինութեամբք, եւ է հայելի ամենայն իշխանաց»։

            Ուխտ մտնելէն տարի մը ետքը՝ արեւմուտք անցաւ Հեթում, ու Կղեմէս Ե քահանայապետին օրովը գնաց յուխտ ի Հռովմ։ Բայց որովհետեւ այն ժամանակներն քահանայապետական աթոռը փոխադրուեր էր յԱւենիոն, ելաւ հոն գնաց ոչ միայն սրբազան հայրապետին յարգանքն մատուցանելու համար, այլ նաեւ իբրեւ արեւելեան իշխանազուն մը պատմել անոր՝ արեւելեից մէջ քրիստոնեայ ազգաց կրած տառապանքն, եւ իրմէն օգնականութիւն խնդրել, որպէս զի խաչակիր զօրք հանելով՝ օգնութեան խրկէ եւրոպական ազգերը։ Իր իշխանական փառքովը, հանճարով, ստացած բազմապատիկ տեղեկութեամբք եւ ընտրած կատարելութեան ճանապարհաւ մեծապէս հաճոյեցաւ յաչս Կղեմայ քահանայապետի։

            Այն ժամանակներն՝ արեւելեան ազգաց պատմութեանցը խիստ անճաշակ էին Եւրոպացիք. ուստի եւ սրբազան հայրապետն կարգէ դուրս հմտութիւն տեսնելով ի Հեթում, յորդորեց զինքը որ իր ատենուան եւ իրեն ծանօթ արեւելեից նկարագիրն ընէ, հոն բնակող ազգաց եւ ժողովրդոց մանրամասն պատմութեամբքը. Մանաւանդ Թաթարաց, Ասորւոց եւ Պաղեստինու մէջ եղած պատերազմաց, եւ Կիլիկիոյ վիճակին վրայ։

            Յանձն առաւ Հեթում. Բայց որովհետեւ ինքն այն ժամանակները՝ եւրոպական ո՛ր եւ իցէ լեզուի մը դեռ կատարեալ հմտութիւն չունէր՝ ի գիր դրոշմելու համար, ուստի քահանայապետին հրամանաւ Նիկողայոս Ֆալքոն անունով կրօնակից անձ մը գրի վրայ կ’առնուր, ինչ որ գաղղիերէն իրեն կ’աւանդէր ու կը պատմէր Հեթում, զոր եւ Արեւելից պատմութիւն (Histoire d’Orient) կոչեց Ֆալքոն, եւ նոյնը ի 1307 թարգմանեց ի լատին՝ դարձեալ նոյն քահանայապետին ակնարկութեամբը. «Արեւելեան ազգաց վրայ կատարեալ տեղեկութիւն ստանալու համար՝ մտադրութեան արժանաւոր գրուածք մըն է այս երկասիրութիւնը», կ’ըսէր Փաբրիկիոս իր Մատենադարանին մէջ. ուստի եւ իրաւամբ արժանաւոր ընդունելութիւն գտաւ՝ այլ եւ այլ լեզուներ թարգմանելով, եւ զանազան անգամ հրատարակուելով նախ ի Հակընոյ քաղաք (1529) այսպիսի մակագրութեամբ. Liber historiarum partium Orientis Haythono auctore. եւ ետքը ի Պազիլէա (1532 եւ ի 1555), ապա ի 1585 ի Հելմսթատ՝ Մարքոյ Փոլոյ վենետկեցւոյն աշխարհագիտակ գրուածոցը հետ։ Դարձեալ ի Գոլոնիա քաղաք Գերմանիոյ ի 1671՝ ուրիշ մակագրութեամբ եւ ընթերցուածոց տարբերութեամբ, եւ յորում Հեթմոյ գիրքը կը կոչուի Historia orientalis quae de Tartaris inscribitur. Ասոր վրայ եղած է գաղղիական թարգմանութիւն մը, որ կոչի այս գրուածքը Fleurs des histoires de la terre d’Orient, complées par frère Heyton, seigneur de Cort, et cousin germain du roi d’Arménie, par le commandement du Pape. Այս գաղղիական թարգմանութիւնն ալ կրկին տպագրութիւններ ունեցաւ, մին ի Լահայ քաղաք, ի 1735, իսկ միւսն անկէ շատ առաջ, գոթագիր հին եւ անթուական տպագրութիւն։

            Ուրիշ հին գաղղիական տպագրութիւն մըն ալ կայ այս կրուածքին, եղած ի Փարիզ ի 1529, այսպիսի մակագրութեամբ. L’histoire marveilleuse… du grand empereur de Tartarie… nomme le grand Can, traduit du latin du M. Aytone seigneur du Courcy, par frère Jean de Longdit. Հոլանտացի լեզուով տպագրութիւն մըն ալ եղած է այս գրքին ի 1664, եւ յիտալական՝ ի 1535։ Իսկ անգղիական թարգմանութիւնն այլ եւ այլ անգամ տպագրուած։ Վերջին կրնայ սեպուիլ հայկական նոր թարգմանութիւն մը՝ տպագրեալ ի Վենետիկ (1842)։



            Թաթարաց պատմութիւնը։ — Յիսունըվեց գլուխներու մէջ կ’ամփոփուի Հեթմոյ այս աշխատասիրութիւնը, եւ ընդհանրապէս Թաթարաց ազգին եւ անոնց աշխարհակալութեանց համառօտ պատմութիւնն է։ Այս առթով Հագարացի ամիրապետաց, Սարակինոսաց, Եգիպտացւոց եւ Հայոց, երբեմն նաեւ Հնդկաց, Պարսից, Մարաց եւ Վրաց վրայ համառօտ տեղեկութիւններ կ’աւանդէ, երբ այն յիշատակարանները հարկաւոր կը սեպէ Թաթարաց ազգին պատմութեանը վրայ նոր լոյս մը ծաւալելու։ Ինչ որ Ապաղա խանէն մինչեւ ցՂարբանտա եղբայր Ղազանայ դէպքեր կը յիշատակուին, անոնց ամենուն ականատես է Հեթում. իսկ անկից առաջ եղածները՝ ուրիշ հաւատարիմ անձինքները լսած եւ այնպէս աւանդուած է իր գրոցը մէջ։

            Իբրեւ պատմութիւն՝ շատ հետաքրքրական երկասիրութիւն մըն է այս գրուածը, եւ իրեն համառօտութեանը մէջ ալ ոչ միայն յագեցուցիչ նկարագիր մը կ’ընէ այն ժամանակակից մէջ հզօրագոյն ազգի մը աշխարհակալութեանցը, այլ նաեւ զանազան աշխարհաց վրայ ընդհանրապէս ստոյգ աշխարհագրական, բնազնական եւ պատմական տեղեկութիւններ կու տայ։

            Այլ իբրեւ պատմիչ՝ իր ժամանակակցաց սովորական դիւրահաւանութեան եւ նորանշան իրաց հաւատալեացը մէջ կը վրիպի Հեթում. այնպիսի դէպքեր եւ պատմութիւններ ուզելով իբրեւ ստուգապատում ընծայել, որոնք շատ հեռի են ի ստուգութենէ։ Այսպէս երբ Վրաց վրայ խօսելու ատեն՝ Համշէմ գաւառին ստորագրութիւնը կ’ընէ, որուն ինքզինքը ականատես կ’աւանդէ. «ապա թէ ոչ, չիշխէի, կ’ըսէ, ասել կամ հաւատալ»։ Ասանկ ուրիշ քանի մը տեղուանք ալ։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians