Պատմութիւն Պօլսոյ. նախադրութիւն

  File:Aivazovsky - View of Constantinople and the Bosphorus.jpg

 

Պատմութիւն Պօլսոյ
Սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը


ի Բազմավէպէ

(1861)


 

Նախադրութիւն 


Երկրագնդիս վրայ քանի մը տեղեր կան, որոնք իրենց բնական յատկութիւններովն բազմաթիւ ազգաց բնակութեանը կեդրոն, եւ մեծազօր իշխանութեանց մայրաքաղաք եղած են։ Տեղւոյն կլիման առողջ եւ բարեխառն, ու երկիրը արգասաւոր ըլլալով, եւ ընդարձակ ու ապահով նաւահանգիստ ունենալով, որպէս զի հեռաւոր աշխարհներէ եկած նաւերը կարենան հոն պատսպարուիլ։
        Ճանապարհորդ մը որ առջի անգամուն Վոսփորի նեղուցը տեսնէ՝ հանդերձ իր ամփիթէատրոնի ձեւով գեղերովը, մզկիթներովը, բարձրածայր աշտարակներովը, վրաններովն, ու պալատներովը՝ որոնց պատերը արաբական նկարներով զարդարուած են, իսկ տանիքը ոսկւով ու պայծառութեամբ կը փալփլին, ան պալատները՝ որ սուլթաններու ու անոնց ընտանեացը արքունեաշէն բնակութիւններ եղած են. այս գերազանց տեսարանիս վրայ զարմացած կը մնայ եւ ուրախութեամբ մը սիրտը կը լեցուի։ Աչքին առջեւը կը տեսնէ արեւելեան փառաւորութիւններն որ նախկին քաղաքականութեան խանձարուրքը եղած են։ Երկու կողմն ալ մարգարտազարդ գօտւոյ մը պէս բոլորած կը տեսնէ զՍտամպօլ, զքաղաքն Օսմանեան, զԿոստանդնուպօլիս, որ Արեւելեան կայսերութեան Բաբելունն ու Աթէնքը եղաւ։
        Կոստանդնուպօլսոյ անունը միայն՝ քրիստոնէութեան նախկին դարերէն սկսեալ՝ ամբողջ արեւելեան պատմութիւնը կը բովանդակէ, զորն որ յաջորդաբար երեսուն կայսերք իբրեւ անգին գանձ մը պահեցին, եւ դարձեալ արեւմտեան խաչակրաց առաջին հանգստեան տեղն եղաւ. վերջապէս Կոստանդիանոսի անարժան յաջորդաց ձեռքէն Մէհէմմէտ երկրորդին ձեռքն անցաւ։
        Ինչպիսի՜ փառաւոր յիշատակներ, զարմանալի դէպքեր, փառաց եւ թշուառութեանց տեսարաններ չի՞ ներկայացներ մեզի այս քաղաքիս պատմութիւնը, որ ըստ բաղդի՝ աշխարհիս մէկ խորշը զետեղուած, բայց իր ազդեցութիւնը հնուց ի վեր՝ ոչ միայն Եւրոպիոյ՝ այլ եւ բոլոր աշխարհիս վրայ ձգած է։
        Դարձեալ խել մը բազմաթիւ դարերէ ի վեր մինչեւ այսօրուան օրս ըստ քաղաքական նկատմանց ամենակարեւոր կեդրոն մը սեպուած է Կոստանդնուպօլիս, եւ աշխարհիս հաւասարակշռութեանը միակ պատճառ։ Այս կարեւոր համարուած հաւասարակշռութեանս համար չէ՞ր որ քիչ տարի առաջ տակնուվրայ եղաւ Եւրոպիոյ խաղաղութիւնը եւ բոլոր տէրութիւնք իրենց ուշադրութիւնը հոն գրաւեցին։ Արեւելքն արեւմտից հետ միացնող կէտն ըլլալով Կոստանդնուպօլիս, թէ՛ արեւելից եւ թէ արեւմտից աչքերն իրեն վրայ կը քաշէ։
        Այսպիսի բազմահոյլ դէպքերով ճոխացած քաղաքիս պատմութիւնը յուսանք որ մեր բարեսէր ընթերցողած հաճոյ կ’անցնի, որոնցմէ շատը իրենց խանձարուրքն անոր պարիսպներուն մէջ դրուած կը գտնան, եւ անտարակոյս կ’ուզեն գիտնալ թէ ինչե՞ր անցած է ան քաղքին մէջ՝ ուր հիմա իրենք կը բնակին։




Ցանկ

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians