Տնական տեսարան մը

Տնական տեսարան մը

 

ի Բազմավէպէ

 

(1853)

 

Կէս գիշերը ժամ մը անցեր էր՝ պզտի կանթեղ մը որուն ձէթը լմմնալու վրայ էր, նուազ լոյս մը կը սփռէր ողորմելի խցի մը մէջ՝ ուր որ Երանհուհին աչքի լոյս թափելով՝ կեցեր հին ու պատռտած զգեստ մը կը կարկըտէր։ Խեղճ Երանուհի, ո՜վ կարծեր թէ դուն օր մը այս խեղճութեանը հասնիս. մատաղ հասակիդ մէջ՝ համեստ, ճարպիկ ու աշխատասէր վարքդ տեսնողները երանի կու տային քու ծնողացդ, երանի՛ անոնց ալ որ զքեզ իրենց մայր պիտի ճանչնային. իսկ հիմա. ո՛հ դու նոյն ես, բայց ո՞ւր քու այն ուրախութեան ժպիտներդ. ո՞ւր այն գեղեցիկ ակնկալութիւններդ։ Իրեք տարիէ ի վեր խեղճը այս տառապանաց մէջ կը մաշէր իր դեռահասակ որդիքներովը. ու իր ընկերոջը՝ Յակոբայ՝ ցուցուցած տմարդի կերպերուն, ու շռայլ ու անկարգ զեղխութեանցը՝ սէր, հեզութիւն ու արցունք կը պատասխանէր։ Մի միայն լոյս մը սրտին մէջ մնացեր էր Աստուծոյ ողորմութիւնը։—Աս ատենս իր երկու անմեղ տղաքը պզտիկ անկողինի մը վրայ անուշ քուն կըլլային. իսկ ինքը մէկ կողմանէ կաշխատէր, ու մէկալ կողմանէ ալ Աստուծոյ կաղաչէր. ու արտասուալից աչուըները երբեմն երբեմն երկինք վերցնելով որդիական ապաւինութեամբ մը Աստուծոյ կը յանձնէր ինքզինքը ու իր տղաքները։ Չէ թէ վիշտ քաշելէն յոգնած կամ նախանձած էր, վասն զի լաւ գիտէր որ վշտաց ու ցաւերու մէջն է որ առաքինութիւնը կը զտուի, ու հոգին կը փայլի կը գեղեցկանայ, հապա կու լար ու կը հեծէր իր մոլորեալ ընկերոջը վրայ, որ ընտանեաց ու աշխատութեան սէրը մէկդի ձգած օրին ի բուն ու գիշերուան մեծ մասն ալ խաղալու ու խմելու կանցներ. ու բոլոր ունեցածը չունեցածը մսխելէն զատ խեղճ ընկերոջը հագուստներն ալ գրաւի դրեր էր. տունն ա՛լ բան մը մնացած չէր. Երանուհին ալ սրտադողի մէջ կալեկոծէր. որ չըլլայ թէ Յակոբ յուսահատութենէն գողութեան ալ ձեռք զարկած ըլլայ, ու մէկ օր մը բռնուի ու շղթայի զարնուի. Ու… Ո՜հ, Աստուած իմ, կանչեց, Աստուա՜ծ իմ, քու Որդւոյդ սուրբ վէրքերուն համար ըլլայ, իրեն խստացեալ սիրտը պատռէ… այս խեղճ անմեղներուն համար ըլլայ՝ պահէ զինքը. ո՜հ ինքը արժանի է որ երեսէ ձգես, բայց այս իրեք տարուան թափած արցունքներս շարժեն քու գթութիւնդ։ Տուր որ տեսնէ իր սխալմունքը ու իր բռնած ճամբուն գէշութիւնը, ճանչնայ իր պարտքերը ու դառնայ հայր ըլլայ։

            Մէյ մ'ալ յանկարծ շշնկոց մը լսուեցաւ—Յակոբն էր որ իր անառակ ընկերներուն թեւը մտած գինով գինով տուն կը դառնար։—Երանուհին մէկէն ցատքեց ու կանթեղը ձեռքը վազեց դուռը բացաւ. ու երեսը խնտում ընելով, դարձաւ «Շնորհակալ եմ, շնորհակալ եմ, պարոններ, կանչեց, ձեր այս մարդավարութեանը». ու էրկանը թեւէն բռնելով սանդուխէն վեր ելլելու կօգներ. Յակոբին խելքը վրան չէր, կը մրմռար կը յիշոցէր. բոլոր անառակութեամբ ու խմելով անցուցած նոյն գիշերը, ծնկուըները չէին բռներ. վեր ելաւ չելաւ՝ մէկէն անկողինին վրայ փռուեցաւ մնաց։—Երանուհին, աչուըները մթնցած, սաստիկ այլայլութիւն մը վրան տիրեց ու շնչասպառ բազմոցին վրայ ընկաւ։ — Չկար մէկը որ զինքը վերցնէ. Ասոտւած էր ղրկեր այս թմրութիւնը, որպէս զի ցաւոցը սաստկութիւնը մահաբեր հետեւանք չունենայ։ — Տղաքը դեռ անուշ քունի մէջ էին։

            Բայց Յակոբ քանի մը ժամէն գլխուն ծանրութիւնը անցնելով եւ անօթութիւն զգալով՝ յանկարծակի աչուըները բացաւ—լուսցած էր—մէյ մալ ի՞նչ տեսնէ. Երանուհին ինկած շնչասպառ, երեսը պատ դարձած, ու գիսախռիւ։—«Երանուհի՜, Երանուհի՜.»—Պատասխան չկայ. կայծակէ մը զարնուածի պէս վեր ցատքեց, ձեռքը ամուսնոյն երեսին վրայ դրաւ—ամենեւի՛ն պաղ—Մեռե՞ր է ի՛նչ է…—Այո՛ Այո՛ մեռեր է, աղաղակեց յուսահատաբար ձեռքը ճակատը զարնելով, ե՛ս սպաննեցի զինքը. արթնցան տղաքը ու անկողինէն նետուելով հօրերնուն քով վազեցին ու սկսան լալ պոռալ առանց ամենեւին պատճառը գիտնալու։—Յակոբ շփոթած յուսահատած գլուխը ծեծելով հեղեղի պէս արցունք թափելով կաղաչէր կը պաղատէր Երանուհիին որ ներէ մինչեւ հիմա իր ձեռքէն իբրեւ հարսն ու իբրեւ մայր քաշած վշտերուն։ —Բայց լսող չկար—ու վեր վերցնելով տղաքը մօրերնուն քովը բերաւ ու Ա՜հ որդեակք իմ, կըսեր լալով, համբուրեցէք ձեր մայրը ու ըսեք որ ինծի թողութիւն տայ։

            Անմեղ տղոցը ճիչն ու թափթփած ջերմ կաթիլները՝ արթնցուցին զԵրանուհին իր խորին թմրութենէն. աչուըները բացաւ, տեսաւ զՅակոբ որ ծնկան վրայ եկած կու լար կողբար յուսահատութեամբ, ու թողութիւն կը խնդրէր. ու ինկաւ պլլուեցաւ իրեն ու «Ո՜հ սիրելիդ իմ, Աստուծմէ միայն թողութիւն խնդրենք—ըսաւ հեկեկալով—ա՜հ մի լայք որդեակք իմ, ձեր այդ արցունքները Աստուծոյ ընծայեցէք, եւ ուրախութեամբ շնորհակալ եղէք իրեն անբաւ գթութեանը որ ձեր հայրը նորէն ձեզի շնորհեց։»

            Այն առտուընէ վերջը տունը բոլոր փոխուեցաւ։ Յակոբ ձեռք զարկաւ անխոնջ աշխատելու. ճանչցաւ իր ամուսնոյն սրտին ազնուութիւնն ու անկեղծութիւնը, ու սկսաւ ճշմարիտ ու առաքինի սիրով մը սիրել զինքը. չափ դրաւ իր ծախքերուն. եւ թէպէտ չարամիտ ու անառակ ընկերներուն բերանը ընկաւ, բայց ինքը իր խղճմտանքին ձայնին մտիկ դրաւ, ու բանի տեղ չդրաւ այն չարասիրտ երիտասարդաց ծաղրական ու հեգնական խօսքերուն. վասն զի փորձով իմացած էր որ՝ չար ու անկարգ մարդիկ առաքինիներուն վրայ գէշ կը խօսին ու կը ծիծաղին, բայց ներսէն ուզեն չուզեն կը գովեն զիրենք ու կը պատկառին անոնցմէ։

            Նոյն օրերը այն անզգամ ու անառակ երիտասարդներէն մէկը գինետունէն ելած ժամանակը՝ իրենպէսներուն մէկուն հետ կռուի իյնալով դանակով զարնուեցաւ մեռաւ։ Յակոբայ համար ատիկայ Աստուծմէ ղրկուած դաս մըն էր. Ո՜հ, կըսէր, ես անոր տեղն եղած ըլլայի՝ հիմա ո՜ւր գացած պիտի ըլլայի. աս կասէր ու անոյշ արցունքներ կը թափեր։

            Անկէ ետեւ Յակոբ արուեստաւորներու նախանձելի բարի օրինակ մը եղաւ. վեց ամսուն մէջ բոլոր ամենայն բան կարգի դրաւ. տունը տեղը շտկեց, ու միակերպ աշխատելովը՝ բոլոր ըրած պարտքերը հատուցանելէն վերջը՝ կամաց կամաց չափաւոր հարստութեան ալ տէր եղաւ։ Ու ամէն անգամուն որ Երանուհիին հետ իր առջի կենացը վրայ կը խօսէր, կը պատմեր թէ ի՛նչպէս գինետուն ու անոր նման գէշ տեղի մը մօտէն անցած ժամանակը՝ երեսը տրտմութիւն մը կը պատէր, ու սիրտն ալ մեծ անհանգստութիւն մը. ու կարծես թէ կըսէր, երկթէ ձեռք մը սիրտս կը ճմլէր, ու ինծի ստէպ կաղաղակէր՝ թէ «Յիշէ զԱստուած որ միշտ զքեզ կը տեսնէ, յիշէ քու ընտանիքդ»։—Խեղճ Երանուհիին թափած արցունքներն ու աղօթքներն էին անոնք. վասն զի—Առաքինի ու հաւատարիմ Հարսի մը սրտին իղձերն ու աղաչանքները Աստուծոյ դիմաց քաղցրահոտ խնկերէ աւելի անուշ են ու հաճոյական։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians