Որկրամոլ մարդու նկարագիր

Որկրամոլ մարդու նկարագիր

 

ի Բազմավէպէ

 

(1847)

 

Որկրամոլ ըսելով՝ չեմ իմանար հոս անոնք, որ իրենց երջանկութիւնը կերուխումի վրայ դրեր՝ այնչափ կուտեն ու կը խմեն, մինչեւ առողջութիւննին ալ կը կորսնցունեն, հանդերձ պժգալի հետեւանքներով՝ որ մինակ ալ բաւական ատելի կընեն որկրամոլութեան ախտը։ Բայց ես հոս որկրամոլ ըսելով՝ կիմանամ սովորական կերուխում սիրող մարդ մը, որ իրեն ախտը չսանձելով, ու իրեն ծակաչք կերպովը՝ որկրամոլութեան տիտղոսը բաւականապէս կարդիւնաւորի։ Ասանկի մը հետ սեղանակից եղողները՝ աւելի համը կառնեն աս նկարագրիս։

         Ամէն բանէն առաջ ձրի սեղան կը փնտռէ. սեղանը օրհնուելու ատենը՝ կը սկսի աչքը կերակուրներուն վրայ պտտցնել՝ դիտել որ իր ախորժած բանե՞րն են թէ չէ։ Հայր մերը լմնցածին պէս՝ հեռուանց չճանչցած մէկ բանը կայ նէ՝ պնակը ձեռքը կառնէ, ու մօտանց կը նայի, կը հարցնէ թէ ի՞նչ կերակուր է։ Ղենջակը վրան առնելու ատենը՝ Մեղք որ աս կէս օր այնչափ ախորժակ չունիմ կըսէ. բայց ուտելու ատենը աղէկ կերեւնայ ունի՛ թէ չունի։ Ապուրը կը լմնցնէ չի լմնցներ՝ Ափսո՜ս որ աս առաւօտ նախաճաշիկս ուշ ըրի, ախորժակս գոց է ըսելով, ամենէն առաջ ինքը խաշածին ձեռք կը զարնէ։ Մէկ պատառը չկլլած՝ մէկալը բերանը կը խոթէ. անանկ որ՝ բանի մը պատասխան տալ պէտք ըլլայ նէ, լեցուն թուշերով կարծես թէ չլսուած լեզու մը կը խօսի։ Ուտելու ատեն՝ խօսակցութիւն ընելու տե՞ղն է կըսէ մտքէն, ու իր բանին գործքին հետ կըլլայ. թէպէտ եւ խեղճը առտուանց ուշ նախաճաշիկ ըրեր է, ախորժակը բաց չէ։

         Ուտելու ատենը աչքը ուրիշներուն պնակին մէջն է. նոր կերակուր մը գայ սեղանը նէ, մէկէն կը դիտէ ո՛ր կտորն է մեծն ու աղէկը՝ որ ան առնէ։ Սիրած մէկ բանը գայ նէ, մէկէն իմ ախորժած կերակուրս է ըսելով՝ ձեռքը կերկնցնէ, ու թէպէտ առտուանց ու նախաճաշիկ ըրեր է՝ աղէկ մը անկէց ալ կուտէ։ Ինքը զինքը անմեղադիր ընելու համար ալ, Ես իրիկունները ընթրիք ընելու սովորութիւն չունիմ, անոր համար կէս օրը քիչ մը աւելի կուտեմ կըսէ. իրիկուան ըրած ընթրիքս՝ ապուր մը, խորոված մը, անուշեղէն մը, պանիր ու պտուղ է։ Խնդալդ կը բռնէ՝ որ անկից աւելի բան կուտուի՞ մի, չէ թէ միայն իրիկուան ընթրիք, հապա կէս օրուան ճաշ ընելու համար ալ գրեթէ։

         Պնակները անանկ փայլուն ու հացով մաքրած կելլեն առջեւէն, որ լուալու կարօտութիւն չմնար։ Թէ որ համարձակիս ու ըսես իրեն՝ Պարոն կերեւնայ թէ հրամանքդ Եւրոպա քալած, որ առանց որկրամոլութեան՝ շատ ուտելու արուեստը աղէկ սորվեր ես, պատասխան կու տայ. Իրաւ է, բժիշկներէն ալ լսեր եմ որ մարդուս ստամոքսը առաձգական է, քիչով ալ կը լեցուի, շատին ալ տեղիք կու տայ. բայց ես քիչ անգամ երկրորդին փորձը ըրեր եմ, որովհետեւ բարեկամներու քով կերակուրի քիչ կերթամ։

         Անուշեղենները սեղան կու գան. Քիչ մը անուշը կերակրոյ վրայ մարսեցուցիչ է ըսելով, աղէկ մը անոնց կողն ալ կը մտնէ։ Օղի կամ ամպէրիէ կը հրամցնեն. գաւաթը ձեռքը բռնած՝ պուտիկ մը բերանը կառնէ, բերնին չորս դին կը պտտցնէ, ամէն մէկ ակռային քովէն կանցնէ, վեր կը տանի վար կը բերէ, կըլլե՞մ մի չկըլլե՞մ մի, վերջապէս կորոշէ կըլլելու. Բայց կըլլելէն ետքը՝ կարծես թէ կը զղջայ որ դեռ աղէկ մը համը կրնար առնուլ։ Աս ոճով ինչուան որ գաւաթին տակը հասնի նէ, յայտնի կերեւցնէ՝ որ Եւրոպա քալած, եւ ուտելու խմելու արուեստը աղէկ սորվեր է, մանաւանդ երբոր տանուտէրը հաշիւ չպիտոր ցուցնէ։

         Ի՜նչ տարբերութիւն ուրիշ սեղանակիցներէն, որ իրենց կարեւոր սնունդը առնելու համար՝ սեղան նստեր են. ի՜նչ մեղադրելի բան կերեւնայ անոնց աչքին՝ ասանկ կերուխումի սէրը։ Իսկ ինքը ուռած կարմրցած՝ կը սկսի կերակուրներու ու պատառաբոյծներու վրայ պատմութիւններ պատմել. Աշխարքիս մէջ ի՞նչ ուտողներ կան. ձրի ճաշը ի՞նչ համով բան է, գրեթէ գլխաւոր համեմն է կերակուրի. եւ թէ ինքը ի՞նչպէս չէ վարժած շատ ու ձրի ուտելու, բայց բարեկամներու հրաւէրքը չմերժելու համար՝ անոնց սեղանը կերթայ, ու տանտիրոջը պատիւ ընելու համար՝ կերակուներուն համը կը նայի։ Վերջապէս ինքըզինքը սակաւապէտ՝ ու կերուխումի հոգ չունեցող մարդկանց կարգը դնելով՝ աղէկ քարոզ մըն ալ կու տայ՝ որկրամոլութեան ի՛նչ գէշ բան ըլլալը ցուցնելու համար։

         Ահա քեզի սովորական որկրամոլներուն նկարագիրը. բայց մեղադրելի ու ծիծաղելի ըլլալու համար՝ հարկ չէ որ աս նկարագիրս ամէն մէկ մասը գտնուի վրադ, մէկ երկուքն ալ հերիք է։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

The Fables of Mkhitar Gosh