Կեբես յոյն իմաստասիրին մարդկային կենաց պատկերը

Կեբես յոյն իմաստասիրին մարդկային կենաց պատկերը

 

ի Բազմավէպէ

 

(1853)

 

 

Կեբես յոյն իմաստասէրը Բիովտիոյ Թեբէ քաղաքը ծնած է Քրիստոսէ 460 տարի առաջ։ Դիոգինէս լայերտացի, որ իմաստասիրաց վարքը գրած է, կըսէ թէ երեք տրամախօսութիւն շարադրած ըլլայ Կեբես, որոնցմէ երկուքը կորսուած՝ եւ միայն հրատարակածնիս ձեռուընիս հասած է։ Բարոյական այլաբանութիւն մըն է ասիկայ, որուն մէջ բաղդն, գիտութիւն եւ կրքերը անձնաւորած է, եւ իրեն գլխաւոր նպատակ դրեր է առաքինութիւնը սիրելի ընել, եւ կրից վնասները ցուցնելով զգուշացնել։

 

 

 

Սատուռնոսի տաճարին մէջ երբ օր մը կը քալէինք, տեսանք որ այն աստուածոյն նուիրած ուրիշ ընծայից հետ պատկեր մալ կար անոր բագնին առջեւը։ Այս պատկերիս նիւթը անծանօթ բան մը կերեւնար, եւ կը թուէր թէ մասնաւոր այլաբանական նշանակութիւն մը ունենայ. սակայն չէինք կրնար իմանալ թէ ո՛վ է հեղինակը եւ թէ ի՛նչ բան կը նշանակէ. Որովհետեւ պատկերին մէջ ոչ քաղաք կը տեսնուէր եւ ոչ դաշտ. հապա մէկ շրջափակ մը, որուն մէջ ուրիշ երկու շրջափակ ալ կային, մէկը մեծ եւ մէկալը աւելի պզտիկ։ Դրան առջեւը խուռն բազմութիւն մը կը տեսնուէր, շրջափակին մէջն ալ շատ մը կանայք։ Առջի շրջափակէն դուրս ծերունի մը նկարուած էր, որ կարծես թէ ներս մտնողներուն հարկաւոր եղած ազդարարութիւններն ու խրատը կու տար։

            Երբոր մենք երկար ատեն մտածելով ու չենք կրնար այս այլաբանութեան բուն իմաստը հասկնալ, մեզի մօտ կեցող ծերունի մը «Ամենեւին զարմանալու բան չկայ, ըսաւ, թէ որ այս պատկերիս նշանակութիւնը իմանաք. Սակայն քիչ մարդիկ կան որ գիտնան. եւ այս նուէրը քաղաքացիներէն եղած չէ Սատուռնոսի. հապա ժամանակաւ մէջ իմաստուն մարդ մը այս քաղաքս եկաւ, որ թէ՛ խօսքերովն ու թէ վարքովը Պարմենիդեայ եւ Պիւթագորայ հետեւող իմաստասէր մըն էր, եւ ինքը ընծայեց Սատուռնոսի այս պատկերը։ Ես իմ տղայութեանս հասակին մէջ զինքը տեսած եւ վրան զարմացողներէն մէկն էիեւ այս պատկերին մեկնութիւնը շատ անգամ լսեր եմ իրմէն»։ Աս որ լսեցինք, սկսանք աղաչել որ եթէ հարկաւոր զբաղմունք մը չունի՝ յանձն առնու մեր հետաքրքրութիւնը լեցնել, որովհետեւ շատ կը փափաքէինք մեկնութիւնը իմանալ։

            Ծերունին դարձաւ «Շատ աղէկ, ըսաւ, կրնամ գոհ ընել զձեզ. սակայն այս ալ հարկաւոր կը սեպեմ առաջուց ձեզի զրուցել՝ որ ըրած պատմութիւնս իրեն վնասներն ալ ունի. վասն զի թէ որ պէտք եղածին պէս մտիկ ընէք եւ կարենաք ըսածս հասկնալ, երջանիկ եւ իմաստուն մարդիկ կըլլաք. չէ, թէ որ հակառակը պատահի, անմիտ, տգէտ, բիրտ եւ թշուառ կըլլաք. եւ կեանքերնիդ ալ ձեզի կը դառնանայ։ Եւ յիրաւի. այս պատկերիս մեկնութիւնը այն հանելուկին կը նմանի որ հին ատեն Սփինքս՝ անցաւորաց կառաջարկէր. ով որ կը լուծէր՝ կը փրկուէր. եւ գտնել չկրցողը՝ նոյն հրեշին կատաղութեանը զոհ կըլլար։ Գրեթէ նոյն բանն է նաեւ այս պատմութեան մէջ ալ. Սփինքս մըն է անմտութիւնը՝ մարդկային կենաց մէջ, որ գրեթէ խորհրդաւոր առագաստի մը տակ կը ծածկէ մեր կենաց բարի ու չար գործողութիւնները։ Ով որ այս առագաստին թաքնութիւնը չկարենայ իմանալ, Սփինքայ պէս մէկէն ի մէկ չսպաններ, հապա կամաց կամաց անոր կենդանութեան շունչը իրմէ կը քաղէ, ինչպէս բանտի մէջ նստած պարտաւոր մը՝ որ օր օրուան վրայ իր դատակնքոյն սպասելով կը հալի ու կը մաշի։ Իսկ թէ որ հանելուկին իմաստը կարենայ բացատրել, անմտութիւնն ալ մէկէն կը կորսուի. եւ մարդ անոր գահավէժ բերմունքներէն ազատելով՝ բոլոր կենացը մէջ հաստատուն խաղաղութիւն մը ձեռք կը ձգէ»։

            Ծերունին երբոր տեսաւ որ մեր հետաքրքրութիւնն ա՛լ աւելի կը շատնար, ձեռք առաւ իր պզտի գաւազանը, ու պատկերին վրայ ցուցնելով. «Այս նկարին մէջ ձեր տեսած շրջափակը, ըսաւ, կեանքկը կոչուի. եւ այն բազմախուռն մարդիկն ալ անոնք են որ ներս կուզեն մտնել. իսկ դրան քով կեցած ծերունին, որ մէկ ձեռքը թուղթ մը բռնած է, ու մէկալովը բան մը կը ցուցնէ, Ոգի կանուանի. ինքն է որ ներս մտնողներուն կը սովրեցնէ թէ ի՛նչ ճամբայ պէտք է բռնեն թէ որ չեն ուզեր կորսուիլ»։ Հարցուցինք թէ ի՛նչ ճամբայ է իրեն սորվեցուցածը։ «Նայեցէք, ըսաւ, պատկերին վրայ, ու կը տեսնաք որ բազմութեան ներս մտնելու համար սահմանուած դրան մէջ՝ փառաւոր գահոյից վրայ կին մարդ մը նստած է, որ համոզիչ ու պատրողական կերպարանք մը ունի, ձեռքն ալ բաժակ մը. ասիկայ է Խաբէութիւն՝ որ կը պատրէ կը մոլորեցնէ զմարդիկ, ու մոգական հրապուրիչ ըմպելիքով մը զանոնք կը գինովցնէ. եւ այն ըմպելիքն են Սխալմունք եւ Տգիտութիւն. կը խմեն ու շրջափակէն ներս կը մտնեն։ Ինքը խաբէութիւնն ամենուն առատաբար կը մատռուակէ այն մահաբեր դեղը. բայց կան մարդիկ որ շատ կը խմեն, կան ալ որ քիչ։ Անկէց քիչ մը անդին խումբ մը կանանց կեցած են որ Կարծիք, Կիրք եւ Հեշտութիւնք կըսուին. եւ իրենք պատարաստ կեցած են՝ որ մարդիկ ներս մտնելնուն պէս վազեն վրանին, բռնեն ու զոմանս տանին ի փրկութիւն, բազմագոյնքն ալ ի կորուստ։ Սակայն ամենուն ալ բերանը մեծամեծ խոստմունք կան թէ բարւոյ առաջնորդք են եւ երջանկութեան ու բաղդի պիտի հացնեն։ Այն խեղճերն ալ որ խաբէութեան բաժակին թոյնը խմած են, չեն կրնար գտնել ճշմարիտ եւ ուղիղ ճամբայ մը հետեւելու. եւ ասդիս անդին կը մոլորին։ Եւ կը տեսնենք ահաւասիկ պատկերին մէջ որ անկանոն ընթացք մը ունին եւ իրենց առաջնորդող կանանց հաճոյիցը համեմատ կը թափառին։

            «Անկէց քայլ մը անդին խեղճ կոյր մը կը տեսնենք, որ քարեայ գունտի մը վրայ նստած է. ինքն է Բաղդը, որ ոչ միայն կոյր, հապա նաեւ խուլ եւ անմիտ է. որ ասդիս անդին խարխափելով կերթայ, մէկուն ունեցածը չունեցածը կը յափշտակէ, որպէս զի ուրիշ մը հարստացնէ. անոր քովէն ալ՝ շատ ատեն չանցնիր՝ դարձեալ առջի տուածը ետ կառնու. այն պատճառաւ ալ գունտի մը վրայ նստած է, յեղյեղուկ ու փոփխական բարքը ցուցնելու համար. եւ թէ որ մէկը իրեն վստահի, անկումն ալ աւելի սոսկալի ու աւելի վնասաբեր կըլլայ։ Այս կոյր բաղդին քովն ալ անմտաց բազմութիւն մը կը տեսնուի, որոնց ամէն մէկը իրենց այն բարիքը կը խնդրեն զորոնք դիպուածով կը բաժնէ։ Բայց այն մարդիկներուն մէջ ալ ոմանք ուրախ երես կը ցուցնեն, ուրիշներն ալ յուսահատ դառնաղէտ վշտաց մատնուած կերեւնան։ Ուրախ երես ունեցողները անոնք են որ բաղդէն բարիք մը ընդուներ եւ վրան կը զուարճանան, եւ իրնք զիրենք բարեբաղդ կը կոչեն. իսկ ուրիշներն ու արցունք կը թափեն, կամ անոնք են որ ունեցածնին կորսնցուցեր են, եւ կամ դեռ խնդիրքնին չեն ընդունած. եւ ասոնք ենՉարաբաղդ կամ Դժբաղդ ըսուածները»։ Այն ատեն հարցուցինք թէ այն ի՛նչ տեսակ ընծայք պիտի ըլլան բաղդին ընձեռածները, որ ձեռք ձգողներուն այնչափ ուրախութեան ու կորսնցնողներուն ալ չափազանց տրտմութեան պատճառ ըլլան։ «Բաղդին տուած պարգեւները, կրկնեց ծերունին, այնպիսի բաներ են որ միայն մարդուս աչքին առջեւը բարիք կը սեպուին, ինչպէս հարստութիւն, փառք, ազնուականութիւն, որդիք, իշխանութիւնք, թագաւորութիւնք եւ ասոնց նման ժառանգութիւնք։ Պիտի հարցնէք թէ ասոնք հարստութիւնք չե՞ն. այս բանիս պատասխանը ուրիշ առթով մը կը լսէք. հիմկու հիմա այս պատկերին վրայ մտադրութիւն ըրէք։

            «Առջի դուրը անցնելէդ էտքը՝ ուրիշ շրջափակ մալ կու գայ, եւ դուրսը հագուած սգուած կանայք կեցած են. ասոնցմէ մէկը կըսուի Անբարեխառնութիւն, մէկալը Թուլամորթութիւն, միւս երկուքն ալ Ագահութիւն եւ Շողոքորթութիւն. որոնք կեցած կը դիտեն կը նային թէ ի՛նչ բաներ ձեռք կը ձգեն մարդիկ բաղդին շնորհիւը. ետքէն իրենք ալ կը սկսին անոնց շողոքորթել, սէր ու խնամք ցուցնել վրանին, ու փափաք մը յարկակից եւ բնակակից ըլլալու. Կենաց քաղցրութիւն ու մշտնջենաւոր վայելք կը խոստանան։ Եւ թէ որ մէկը անոնց սուտ խօսքերէն խաբուի, ու ինքզինքը հեշտութեանց ու վայելից տայ, առջի բերան կը կարծէ թէ երջանկութեան հասած ըլլայ. չգիտեր թէ վայելք ըսածդ անցաւոր եւ անէակ բերկրութիւն մըն է։ Բայց երբոր իր թմրութիւնը անցնի, կը տեսնէ որ հաճոյք կարծուածը վիշտք են ու նախատինք. բաղդին տուածը շռայլէ ու վատնէ, եւ այս կանանց բռնութենէն չուզենայ խալըսիլ, հարկ կըլլայ որ ինչուան ապօրինաւոր ճամբաներ բռնէ զիրենք հաճելու համար, ստերդմնութիւն եւ սեղանակապտութիւն ընել։ Եւ երբոր այս ամէն ախտերը համարձակ կատարէ, Զիղջ կամ Ապաշաւ ըսուածը այն ատեն վրայ կը հասնի։ Եւ ահաւասիկ կը տեսնէք այս պատկերին մէջ որ կանանցմէ քիչ մը ետքը նեղ ու խաւարչտին բանտ մը կայ. հոն կեցած է Ապաշաւը, քովն ալ Տրտմութիւնը՝ գլուխը ինչուան ծնկան վրայ խոնարհած, եւ Ցաւը՝ որ մազերը կը փետտէ, քիչ մալ անդին Ողբը, եւ անոր եղբայրը Յուսահատութիւն, մերկ, տձեւ եւ անկերպարան։ Հոն այն դահիճներուն ձեռքը պիտի մատնուին որոնք որ իրենց հաճոյիցը ետեւէն կըլլան. հոն պիտի տուժեն մշտնջենաւոր տանջանքով։ Անկէ ալ ուրիշ բանտի մը մէջ կիյնան, թշուառութեան արգելանը. ուր բոլոր իրենց կեանքը պիտի անցնեն, թէ որ պատահմամբ Ուղղութիւնը իրենց չհանդիպի։ Այս բաղդն որ ունենան, զիրենք այն խիստ գերութենէն կազատէ, եւ անոնց նոր յօժարութիւններ եւ նոր կարծիք թելադրելով՝ առջեւնին երկու ճամբայ կը ցուցնէ, որոնց մէկը ճշմարիտ ուղղութեան կառաջնորդէ, մէկալն ալ ստոյն։ Թէ որ ճշմարիտն հետեւին, երջանի՜կ են. վասն զի ճամբուն դժուարութիւններն ու նեղութիւնները զիրենք չյուսահատցներ, եւ խաղաղ կեանքով մը մնացած օրերնին կանցնեն։

            «Ասանկ բաղդի մը կը հանդիպին ուղղութեան ձայնին հետեւողները. բայց ափսո՛ս որ շատերն ալ՝ ուղղութեան անուամբը կը մեծարեն այս միւս շրջափակին մէջ նստող հագուած ու զարդարուած կինը, մինչդեռ ինքը ուղղութեան հակառակամարտ թշնամին՝ սուտ թելադրութիւնն է։ Սակայն բուն ուղղութեան հետեւողներն ալ հարկ է որ իր քովէն անցնին, որովհետեւ ուրիշ ճամբայ չկայ. եւ երանի՜ իրենց թէ որ անոր սուտ հրապոյրքներէն չխաբուելով՝ ճամբանին առաջ տանին։ Վասն զի կը տեսնենք որ ինքն ալ իր պաշտօնասէրներն ունի, քերթողք, հռետորք, երաժիշտք, չափաբանք, երկրաչափք, աստղահմայք, եպիկուրեանք, ճեմականք, բանասէրք, ամէն կարգի եւ ամէն աստիճանէ մարդիկ»։

            Հարցուցինք թէ ո՞ր ճամբան է մարդուս ճշմարիտ կամ բուն ուղղութեան առաջնորդողը։ — «Հեռուանց կը տեսնէք, ըսաւ, անբնակ՝ անապատ ու նեղ ճամբայ մը, որուն ծայրը անձուկ դուռ մը կայ, եւ ամենաքիչ մարդիկ՝ որոնք դրան առջեւը կը սպասեն. հոն դժուարամերձենալի բարձր տեղ մը կայ, չորս կողմը գահաւանդներով ու ժայռիւք. այն է ահաւասիկ ճշմարիտ ուղղութեան ճամբան։ Պիտի զրուցէք թէ խիստ դժուարին ու անկոխ կերեւայ, ի՛նչպէս կրնայ մարդ անկէ անվտանգ անցնիլ։ Բայց հոն ճամբուն վերը երկու քորք կեցած են Յարատեւութեան եւ համբերութեան. որոնք ձեռուընին երկնցուցած քաջալերիչ խօսքերով կը յորդորեն ճանապարհորդքը որ չվախեն, այնչափ ճամբայ ընելէն ետքը չվհատին, այլ սիրտ առնեն ու առաջ երթան. որովհետեւ այն դժուարին ճամբան կտրելէն ետքը, հանգիստ ու զուարճագեղ արահետ մըն է առջեւնին ելածը»։ — Բայց ի՛նչպէս կրնայ ըլլալ, ըսինք, որ կարենան մարդիկ վեր ելլել, որովհետեւ մենք ճամբայ մը չենք տեսներ։ — «Երկու Յաւերժ հարսունք վար կիջնան, ըսաւ, ու դէպ իրենց վեր կը քաշեն. կարողութիւն, շունչ ու քաջալերութիւն կազդեն անոնց. եւ քանի ալ առաջ երթան, այնչափ ուղղութեան ճամբուն կը մօտենան, որ գեղեցիկ է, հարթ, անարգել եւ անվտանգ. վասն զի անկէց քիչ մը անդին ծաղկազարդ դաշտի մը մէջ, ինչպէս որ կը տեսնէք, երջանկաց բնակութեան տեղն է, ուր ամէն առաքինիք եւ բարեխրատք կը բնակին։ Դրանը մօտ պարկեշտ կին մը կեցած է, տարիքը առած, որ արտաքին զարդ ու պաճուճանք մը չունի. որն ոչ եթէ բաղդին պէս շրջուն գնտի մը, հապա հաստատուն եւ անշարժ խարսխի վրայ կեցած է, եւ քովն ալ ուրիշ երկու կանայք կան, որ կերեւնայ թէ իրեն դստերքն ըլլան։ Ինքն է ահաւասիկ բուն Ուղղութիւնը, եւ իրեն ընկերքն եւ Ճշմարտութիւնն ու Համոզումը։ Հաստատուն խարսխի մը վրայ կեցած է, որպէս զի ամէնքը իմանան թէ անշարժ ու անփոփոխ է իր ճանապարհը, եւ պարգեւքը անանցական. վասն զի իր ամէն հետեւողացը հաստատուն անդորրութիւն մը կը բաշխէ, որպէս զի իրենց կենացը մէջ ինչ չար կամ խռովութիւն ալ տեսնեն, ամենեւին չտագնապին։ Իր տաճարէն դուրս, դրան քով կեցած է, որպէս զի հոն ապաւինող հիւրերը ախտերնէն բժշկէ, ու փրկարար դեղով մը առողջացնելով, Առաքինութեան առաջնորդէ։ Այն բանս ձեզի լաւ բացատրելու համար օրինակով մը հասկցնեմ։ Ծանր հիւանդ մը դարմանելու պատճառաւ թէ որ բժիշկ կանչեն, նախ սրբիչ դեղերով անոր հիւանդութենէն առաջ եկած ապականութիւնները կը ջանայ մաքրել, ու ետքը կը սկսի հիւանդը իր առջի առողջութեանը մէջ կազդուրել։ Իսկ թէ որ ախտացեալը բժշկին խօսքերուն մտիկ չընէ, անոր դարմանները չուզենայ իր վրան փորձել, զարմանք չէ որ բնութեան տկարութենէն յաղթուի, եւ ինչուան մահուան վտանգի մէջ ալ իյնայ։ Ասանկ ալ, մարդկային կենաց մէջ ճանապարհորդ մը՝ ինչուան ուղղութեան տաճարը հասնի, կը բժշկուի, եւ այն ատեն կառնէ իրմէն օշարակ մը, որով իր ունեցած առջի ախտերէն բոլորովին կը մաքրուի։ Այս ախտերն են տգիտութիւն ու վրիպանքը, հպարտութիւն, ցանկութիւն, անբարեխառնութիւն, բարկութիւն, ագահութիւն, եւն., զորոնք նենգութեան բաժակը իրեն մատռուակած է։ 

            «Այս ախտերէն երբոր սրբուի, այն ատեն կառնեն զինքը Գիտութեան եւ ուրիշ առաքինութեանց բնակարանը կը տանին. եւ այս առաքինութիւններն են Զօրութիւն, Արդարութիւն, Բարեխառնութիւն, Չափաւորութիւն, Ազատութիւն, Ժուժկալութիւն, եւ Քաղցրութին, որոնք ճանապարհորդը իրենց մօրը Երջանկութեան կառաջնորդեն, որն որ, ինչպէս կը տեսնէք, տարիքը առած՝ բայց վայելչադէմ կին մըն է, զգեստները վայելուչ՝ սակայն առանց ցուցամոլ շռայլութեան բարձր աթոռի մը վրայ նստած ու ծաղկեայ պսակ մը գլուխը դրած։ Երբոր ճանապարհորդը իր քովը գայ, դստերացը հետ մէկտեղ կելլէ զինքը կը պսակէ, ինչպէս մենք պատերազմներու մէջ կտրիճ ելլող ախոյեանը կը պսակենք. վասն զի ինքն ալ մեծամեծ թշնամեաց յաղթած է, որոնց ոյժը ամէն գազաններուն ունեցածէն աւելի, եւ զօրութիւնը զամէնքը կահաբեկէ. եւ ահաւասիկ ինքը այն թշնամիները ոտքի տակ առած եւ գերութեան շղթաներով պարաւանդած է. տգիտութիւնը, ցաւը, անբարեխառնութիւնը, ագահութիւնը, եւ ասոնց նման ուրիշ բազմաթիւ կրքեր։ Անկէ ետքը իրեն առաջնորդ առաքինութիւնները կը տանին զինքը իր առջի տեղը, եւ անկէ բոլոր մահկանացուք եւ անոնց մոլորութիւններն, ախտերն ու թշուառութիւնները ու բազմազգի նաւաբեկութիւնները կը ցուցնեն, եւ թէ ի՛նչպէս խեղճերը իրենց թշնամեաց ձեռքը խաղալիկ եղած մոլորաշաւիղ կը թափառին, շղթայից ծանրութիւնը կը զգան ու չեն կրնար խորտակել, երջանկութեան ճամբան անձկանօք կը փնտռեն ու չեն կրնար խորտակել։ Երանի՜ այն կրից բռնութենէն ազատողին։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians