Պատրաստութիւն Մահու. Մասն երկրորդ

Պատրաստութիւն Մահու

 

Սուրբ Լիգուորի

 

(Թարգմ. 1853 ի Սուրբ Ղազար)

 

 

Մասն երկրորդ

 

 

Ինչ ըլլալդ ալ աւելի աղէկ հասկնալու համար, ով քրիստոնեայ, կըսէ սուրբն Յովհան ոսկեբերան, գերեզմանները գնա, տես հողը, մոխիրը, որդերը, եւ հառաչէ. նայէ թէ ինչպէս այն մեռած մարմինը նախ կը դեղնի ու ետքը կը սեւնայ. վերջը կը տեսնես որ բոլոր մարմինը ճերմկած եւ հոտած մաշկ մը պատեր է։ Ետքը թանձր ու ժահահոտ փտութիւն մը դուրս կու տայ. այն փտութենէն բիւրաւոր որդեր կը գոյանան եւ կը սկսին մարմինն ուտել. Մկներն ալ կու գան կը սկսին զայն կրծել, ոմանք վրան կը պտտին, ոմանք ալ բերանն ու աղիքներուն մէջ կը մտնեն։ Թուշերը, պռկունքներն ու մազերը մէկիկ մէկիկ կը թօթափին, առաջ կողերը կը բաժնուին, ետքը թեւերը, վերջը ոտքերը։ Այն որդերը բոլոր մարմինն ուտելէն ու հատցնելէն ետեւ, իրենք ալ մէկզմէկ ուտելով կը փճանան. անանկ որ այն մարմնէն միայն հոտած կմախք մը կը մնայ, որ ետքը ան ալ կտոր կտոր կըլլայ, ոսկորտիքը կը քայքային, գլուխն ալ արմատէն կը բաժնուի կիյնայ։ Առ հասարակ մանրեցա նեւ ամառուան կալոյ փոշի դարձեան. եւ հովի սաստկութիւնը առաւ զիրենք ու ցիր ու ցան ըրաւ։

            Տեսար ի՞նչ բան է եղեր մարդս, կտոր մը փոշի զոր հովը ցիր ու ցան կը տանի։

            Ո՞ւր է հիմա այն ասպետը, որ ընկերութեան զուարճութիւնը եւ հոգին կը սեպուէր։ Նստած խուցը մտիր, կը տեսնես որ ա՛լ հոն չէ. թէ որ իր անկողինը կը փնտռես՝ ուրիշի է տրուեր. իր հագուստները, իր զարդարանքները, անոնք ալ ուրիշները առեր են ու մէջերնին բաժներ են։ Թէ որ զինքը տեսնել կուզես՝ նայէ առջեւի փոսիդ մէջ, ի՞նչ կը տեսնես, փտտած ու կտոր կտոր եղած եւ ոսկորները քայքայած։ Հա՛յ հա՛յ, այն մարմինն որ այնչափ փափուկ մեծցած էր, փառաւոր հագուած ու կապուած, ծառաները չորս դին առած էին, ի՞նչ է դարձեր։ Ով երանելի սուրբեր, դուք զղէկ կը հասկնաք այս բանս, որ Աստուծոյ սիրոյն համար, զորն որ միայն պաշտեցք երկրիս վրայ, գիտցաք ձեր մարմինը մահացնել. եւ հիմա ձեր ոսկորները անդին սուրբ մասունքներու պէս պատուով ոսկիներու մէջ կը պահուին, եւ ձեր երջանիկ հոգիքը զԱստուած կը վայելեն, սպասելով աշխարքիս ետքի օրուան որ իրենց մարմնոյն հետ միանան ընկերանան ի փառս, ինչպէս որ ընկերացան ի խաչ եւ ի չարչարանս այս կեանքիս մէջ։ Այսպէս կըլլայ ճշմարտապէս սիրել զմարմինը, որպէս զի յաւիտեան երջանիկ ըլլայ, եւ զրկել զինքը հոս այն հաճոյքներէն որ յաւիտեան զինքը թշուառ կընեն։

 

ԻՂՁ ԵՒ ՊԱՂԱՏԱՆՔ

 

Ով տէր իմ Աստուած իմ, ի՞նչ պիտի դառնայ եղեր իմ մարմինս ալ, որուն համար զքեզ այնչափ վշտացուցի. Որդնոտի ու փտտի պիտի։ Բայս ասոր չեմ ցաւիր, տէր իմ, մանաւանդ թէ աղէկ է որ ասանկ փտտի մաշի մարմինս, որ ինծի պատճառ եղաւ քեզմէ հեռանալու՝ որ իմ ծայրագոյն բարիս ես. այն է միայն իմ սրտիս ցաւը, որ ես մարմնաւոր ընդունայն հաճոյիցս համար այնչափ կամքիդ դէմ գործեր եմ։ Բայց քու ողորմութենէդ յոյսս չեմ կտրեր, վասն զի կը սպասես ինծի որ թողութիւն տաս. Աստուած կը սպասէ որ գթայ ձեզի, կըսէ Եսայի, եւ կուզես թողութիւն տալ թէ որ ես զղջալու ըլլամ։ Այո տէր, ի բոլոր սրտի կը զղջամ, ով անբաւ բարութիւն, զքեզ անարգելուս համար, եւ կաղաղակեմ գենուացի սրբուհւոյն Կատարինեայ հետ. Ով Յիսուս իմ, մէյմըն ալ մեղք չիյնամ, մէյմըն ալ մեղք չի գործեմ։ Ալ չեմ ուզեր չէ, քու համբերութեամբդ զեղծանիլ։ Չեմ ուզեր, խաչելեալ տէր իմ, սպասել այն ամուն որ մահուանս ատեն խոստովանահայրս զիս յորդորէ որ խաչիդ պլլուիմ. հիմակուընէ ոտքդ կիյնամ, հիմակուընէ կաւանդեմ քեզի իմ հոգիս. քու ձեռքդ կը յանձնեմ տէր իմ հոգիս։ Այնչափ տարի հոգիս աշխարքի հետ կապուած ըլլալով՝ զքեզ չի սիրեցի, լոյս եւ զօրութիւն տուր ինծի որ մնացած կեանքս զքեզ սիրելով անցնեմ։ Չեմ ուզեր սպասել որ մահուանս ատեն զքեզ սիրեմ. հիմակուընէ կը սիրեմ, զքեզ կողջագուրեմ ու չեմ բաժնուիր, եւ խօսք կու տամ որ մէյմըն ալ զքեզ չեմ թողուր։ Ով սուրբ կոյս աստուածածին, կապէ զիս սիրով Յիսուսի հետ, եւ շնորհք խնդրէ ինծի համար, որ մէյմըն ալ զինքը չի կորսնցնեմ։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

The Fables of Mkhitar Gosh