Պատրաստութիւն Մահու. Մասն առաջին

Պատրաստութիւն Մահու

 

Սուրբ Լիգուորի

 

(Թարգմ. 1853 ի Սուրբ Ղազար)

 

 

Մասն առաջին

 

 

Մտածէ թէ դուն հող ես, ու հող պիտի դառնաս։ Օր պիտի գայ որ մեռնիս պիտոր, եւ փոսի մը մէջ պիտի հոտիս ու փտտիս եւ որդերով պիտի ծածկուիս։ Տակդ ճճիներ պիտի տարածուին ու վրադ որդերը պիտի ծածկեն։ Այս բանս ամենուն ալ պիտի ըլլայ, ազնուական է եղեր, ռամիկ է եղեր, իշխանազուն է եղեր, ծառայ է եղեր։ Այն վերջին անգամը բերանը բանալով՝ հոգին մարմնէն ելածին պէս՝ հոգին իրեն յաւիտենականութիւնը կերթայ, մարմինն ալ հող կը դառնայ։ Հոգինին կառնես անոնցմէ, կը պակասին եւ հող կը դառնան։

            Դիր թէ մարդ մը կը տեսնես որ քիչ մը առաջ հոգին փչեց, նայէ իր մարմնոյն վրայ որ դեռ անկողնոյն մէջ կեցեր է, գլուխը դէպ ի առջեւ ծռած, մազերը խառնափնդորած եւ մահուան քրտինքէն դեռ բաց, աչուըները խոռոչած, թուշերը ցամքած, երեսը մոխիր դարձած, լեզուն ու պռկունքը սեւցած, մարմինը պաղ ու ծանր։ Տեսնողը կը սարսափի ու կը փշաքաղի։ Քանինե՜ր եղեր են, որ իրենց մէկ ազգականը կամ բարեկամը այսպէս մեռած տեսնելով իրենց վարքը փոխեր են, աշխարհքէ ալ հրաժարեր են։

            Աւելի սարսափ մարդուս կու տայ երբոր մեռած մարմինը կը սկսի հոտիլ։ Կտրիճ մը մեռնելէն ետեւ քսանըչորս ժամ անցած չանցած կը սկսի գարշահոտութիւն բուրել։ Հարկ կըլլայ պատուհանները բանալ, կրակը շատ մը խունկ ձգել, մանաւանդ թէ ճարը տեսնել որ շուտով ժամտարուի ու հողին տակը թաղուի, որպէս զի բոլոր տունը չապականէ։ Բայց թէ այդ մարմինը մէկ ազնուական կամ թէ հարուստ մարդու մըն է եղեր, ուրիշ բանի չի գար բայց եթէ աւելի գէշ հոտ բուրելու. ինչպէս մատենագիր մը կըսէ թէ աւելի ծանրահոտ կըլլայ մեծատանց մարմինը։

            Տես հիմայ, ինչ եղաւ այն հպարտը, այն հեշտասէրը։ Առաջ մարդկանց մէջ պատիւ ունէր ու կը սիրուէր, հիմայ իրմէ կը սոսկան ու կը գարշին։ Ազգականները կը փութան զինքը տնէն վռնտել, բեռնակրաց ստակ ալ կու տան որ ճաղը դրած գերեզման տանին ու հողուն տան։ Առաջ մեծ համբաւ ունէր թէ ի՛նչ խելացի մարդ է, ի՛նչ աղէկ կերպ ունի, ի՛նչ անուշ լեզու է. հիմա մեռաւ նէ, քիչ ատենէն յիշատակն ալ չի մնար։ Կորաւ անոնց յիշատակը աղաղակաւ։ Մահն որ լսուի նէ՝ ոմանք կըսեն թէ մեծ պատիւ ունէր, ոմանք ալ թէ աղէկ տեղաւորած ձգեց իր տունը, ոմանք կը ցաւին՝ վասն զի մեռնողը իրենց բարիք կընէր, ոմանք կուրախանան՝ վասն զի անոր մահուանէն իրենց շահ կելլէ. քիչ մալ անցնի նէ՝ վրան խօսող ա՛լ չըլլար։ Առջի օրէն ընտանիքը չեն ուզեր որ վրան խօսք բացուի, որպէս զի սրտերնին չելլայ։ Ցաւակցութեան եկողներն ալ ուրիշ բաներու վրայ կը խօսին, եւ թէ որ մէկը մեռնողին վրայ խօսք բանայ՝ տնեցիք խօսքը կը կտրեն ըսելով թէ հոգիդ կը սիրես մէյմն ալ անունը մի տար։

            Գիտցիր որ բարեկամիդ եւ ազգականիդ մեռած ատենը ինչ որ ըրիր նէ դուն՝ քեզի ալ ուրիշները նոյնպէս պիտոր ընեն։ Ողջ մնացողները մէջ կը նետուին, մեռնողներուն ստակն ու աստիճանը ձեռք կը ձգեն. իսկ մեռնողներուն վրայ կամ քիչ եւ կամ ամենեւին ոչ խօսք կըլլայ եւ ոչ յիշատակութիւն։ Տնեցիք քանի մը օր սուգ կը քաշեն, բայց քիչ ատենէն իրենց բաժին ելած բաներով կը մխիթարուին. Այնչափ որ քանի մը օր կանցնի չանցնիր՝ մահուանդ վրայ կուրախանան, եւ նոյն խուցն ուր որ դուն հոգիդ աւանդեցիր, ու Քրիստոսի ատեանը դատաստանի ելար, անոնք պար կը բռնեն, հարկինքներ կընեն, կը խաղան, կը խնտան, կը ծիծաղին իբր թէ մեռած չըլլայիր. իսկ քու հոգիդ այն ատեն ո՞ւր կըլլայ արդեօք։

 

ԻՂՁ ԵՒ ՊԱՂԱՏԱՆՔ

 

            Փրկիչ իմ Յիսուս, գոհանամ զքէն որ չթողուցիր զիս շնորհքէդ դուրս ընկած ատենս մեռնելու. չէ նէ աս քանի՞ տարի պիտի ըլլար որ ես դժոխքին մէջ պիտի տանջուէի։ Թէ որ ես այն օրը, այն գիշերը մեռած ըլլայի, ի՞նչ պիտի ըլլար իմ բանս յաւիտեան. փառք ըղորմութեան քո տէր։ Ես իմ կողմանէս սիրով յանձն կառնեմ իմ մահս ի քաւութիւն մեղած իմոց, ան ալ ի՛նչ կերպով որ կուզես ինծի ղրկելու. բայց որովհետեւ ինչուան հիմայ համբերեցիր ինծի, կաղաչեմ որ քիչ մալ համբերես։ Յոբայ երանելւոյն ըսածին պէս. թոյլ տուր ինծի որ քիչ մը հանգչիմ, իմ ցաւս լամ. զիս դատաստան կանչելէդ առաջ ատեն տուր որ մեղքերս ողբամ, որովք զքեզ դառնացուցի։

            Ես չեմ ուզեր մէյմալ քու ձայնիդ դէմ կենալ։ Ո՞ գիտէ, աս խօսքերս որ կը կարդամ վերջի ազդարարութիւնդ ինծի կրնան ըլլալ։ Գիտեմ որ ես արժանի չեմ գթութեան, որովհետեւ այնչափ անգամ ինծի ներեցիր եւ ես ապերախտս դարձեալ վշտացուցի զքեզ։ Աստուած իմ, բեկեալ սրտերն ու խոնարհեալ հոգիները դուն չես արհամարհեր. ահա ես դաւաճանս զղջմամբ սրտի առ քեզ կը դիմեմ. մի՛ ձգեր զիս տէր քու երեսէդ։ Դու ես որ ըսիր թէ ով որ ինծի կը դիմէ՝ զինքը չեմ վռնտեր։ Յիրաւի ես զքեզ ուրիշներէն աւելի անարգեր եմ, վասն զի աւելի քան զայլս քեզմի լոյս եւ շնորհք ընդուներ եմ. բայց քու սուրբ արիւնդ որ ինծի համար թափեցիր, ինծի սրիտ կու տայ եւ թուութիւն կը շնորհէ՝ թէ որ ես սրտանց զղջալու ըլլամ նէ։ Եւ ահա, ո՛վ իմ ծայրագոյն բարիս, կը զղջամ ի բոլոր սրտի քեզի դէմ ըրածներուս վրայ. ներէ ինծի եւ շնորհք տուր զքեզ սիրելու ասկից ետեւ։ Հերիք է որչափ որ զքեզ դարռնացուցի. Մնացած կեանքս, փրկիչ իմ, չեմ ուզեր զքեզ վշտացնելու համար անցնել, քաւ լիցի. հապա կուզեմ միայն լալով անցնել միշտ քեզի տուած վշտերուս համար, եւ յամենայն սրտէ զքեզ սիրելու, ո՛վ Աստուած իմ եւ տէր, որ անբաւ սիրոյ արժանի ես։ Սուրբ Աստուածածին, յոյս իմ եւ ապաւէն. Բարեխօս եղիր ինծի համար առ փրկիչն իմ Յիսուս։

 

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians