Darwinism: Part 4
Տարվինականութիւն
Հ. Ստեփանոս Սարեան
(1902)
—
Մասն չորրորդ
—
Բարեշրջութեան տեսութիւնք
Արարչագործականք՝ Բարեշրջականներու վերոյիշեալ փաստերուն կարեւորութիւն չեն տար, եւ յենլով այն իրողութիւններու վրայ՝ զորս յետոյ պիտի պարզենք, կը մերժեն տեսակներուն իրական ազգականութիւնը։ Դարձեալ, Արարչագործականք փոյթ չեն ըներ բացատրելու՝ թէ տեսակներն ինչպէս կազմուեր են. վասն զի, ըստ իրենց, Աստուած է անոնց իւրաքանչիւրին անմիջական հեղինակը։
Իսկ Բարեշրջականք՝ նախընթաց Յօդուածին մէջ բացատրուած իրողութիւնները իբրեւ փաստ մէջ կը բերեն։ Բայց եթէ այս իրողութիւնները իբրեւ վճռական եւ որոշիչ ապացոյցներ կամ փաստեր համարի մէկը՝ կը սխալի. վասն զի, այս իրողութիւնները ճշդելէ ետքը շա՛տ շատ պիտի ըսէ՝ որ այդ իրողութիւններն կը հակեն մարդուն միտքը՝ համարելու որ տեսակներու մէջ եղած անժխտելի գաղափարական ազգականութիւնը առաջ եկած է իրական ազգականութենէ մը եւ հասարակաց սերունդէ։ Անոր համար, Տարվին՝ որ լաւ գիտէր այդ իրողութիւններուն զօրութիւնը եւ արժէքը, կ’ըսէր միայն. թուի թէ… հակեալ եմ համարելու՝ որ… աւելի պարզ չէ՞ ենթադրել որ… եւ այլն։
Բայց Բարեշրջականք, քանի որ լաւագոյն կը համարին բարեշրջման կամ սերնդեան (descendance) գաղափարը հաստատուն բռնել, հարկ է՝ որ բացատրեն՝ թէ «երկրիս վրայ եղող անթիւ տեսակներ ինջպէս փոփոխուեր են (modifier) այնչափ որ այս կատարեալ ձեւը եւ ներդաշնակ յարմարութիւնը առեր են, որուն վրայ հիմա յիրաւի կը հիանանք» (Տարվին). կամ, համառոտ ըսելով, Բարեշրջականք պէտք է բացատրեն՝ որ, Եթէ բարեշրջութիւն եղեր է, ի՞նչպէս եղեր է։
Այս՝ ի՞նչպէս եղեր է բարեշրջութիւն, խնդիրը երկու մասերու կը ստորաբաժնուի. 1. Ի՞նչպէս, այսինքն, ի՞նչ ազդեցութիւններու տակ եւ ի՞նչ օրենքով՝ կենդանի էակներու մէջ առաջ եկեր են գործարանական (organique) զանազանութիւններ։ — 2. Առաջ եկած զանազանութիւններն ի՞նչպէս կը հաստատուին (se fixer) եւ կ’աճին այնպէս՝ որ բնորոշուած (caractérisé) խումբեր կազմեն։
Այս երկու հարցումներուն կը պատասխանեն բնապատմուք բարեշրջական տեսութիւններով (theories évolutionistes), որոնք թէպէտ իրողութիւններու հետ կապուած են, բայց միշտ սոսկ ենթադրութիւններ են։ — Պարզենք վերոյիշեալ երկու խնդիրները եւ Բարեշրժականներու՝ իրենց տեսնութիւններով, այդ խնդիրներուն տուած պատասխանները։
1. Գործարանական զանազանութիւններու կազմութիւնը. — Այս առաջին տրամաբանական հարցումն է զոր կ’ընեն հակառակորդք՝ Բարեշրջականներու. «Յատկանիշ (caractère) մը ի՞նչպէս կը փոխանցուի, կը հաստատուի, այնպէս չափազանց կը մեծնայ որ տեսակ մը կը կազմէ», խնդիրները ընելէն առաջ, կարեւորագոյն է գիտնալ նախ՝ որ նոյն այդ յատկանիշը ի՞նչպէս առաջ կու գայ։ — Յայտնի է թէ կենդանի էակներն իրարմէ կը զանազանուին, որովհետեւ իւրաքանչիւր ոք կը տեսնէ՝ որ անասնական կամ մարդկային մէկ ցեղ չկայ, որուն մէջ փոքրիկներն կամ ձագերն չզանազանուին իրարմէ քանի մը բնորոշ նշաններով. — Արդ, 1. Այս զանազանութիւններն ի՞նչ ազդեցութիւններու տակ առաջ կու գան. — ի՞նչ օրէնքո՞վ առաջ կու գան։ — Տեսնենք Բարեշրջական տեսնութիւններուն պատասխանները.
ա. ի՞նչ ազդեցութիւններու տակ. — Լամարքի գաղափարով՝ այս զանազանութիւններ առաջ եկած են տիեզերական միջավայրին ուղղակի ազդեցութենէն, եւ նոյն ինքն կազմածին՝ այդ միջավայրին դէմ ըրած հակազդեցութենէն։ Աւելի պարզ ըսենք. Կենդանի էակը ապրելու համար նորանոր պէտքեր կ’ունենայ, որով իրեն կենաց պայմաններն կը փոխուին. վասն զի, կենդանին այս պէտքերը լեցնելու համար ջանթ կ’ընէ. եւ «այս ինչ գործարանի յաճախագոյն եւ անընդհատ գործածութիւնն կը զօրացնէ նոյն գործարանը, կը զարցանէ զայն, եւ կու տայ անոր այդ գործին կամ ջանքին տեւողութեան համեմատական զօրութիւն մը. — ընդհակառակն, ուրիշ գործարան մը՝ իրեն անգործածութեամբը կը տկարանայ անզգալի կերպով եւ կ’աւրուի, կամաց կամաց կարողութիւնները կը նուազին եւ վերջապէս անհետ կ’ըլլայ»։ Այս կերպով առաջ եկած փոփոխութիւններ կը հաստատուին ժառանգութեան ձեռքով։
–— Ստեփանոս Ժ. Սենդ-Հիլէր՝ միջավայրին ազդեցութիւնը աւելի զօրաւոր կը համարի քան թէ կազմուածին կամ յօրինուածին (organisme) ազդու յարմարութիւնը (adaptation)։ Բայց, կ’ըսէ, պայմաններուն կամ վիճակներուն այս ազդեցութիւնը աւելի զգալի կ’ըլլար՝ զարգանալու ընթացքին մէջ եղող սաղմերու վրայ։ Ժ. Սէնդ-Հիլէր այս տեսութիւնը ունեցաւ հրէշները ուսումնասիրելով. — եւ իրեն կարծեաց համեմատ, գործարանական զանազանութիւններն յաջող հրէշաւորութիւններ(monstruosité) են, որոնք յանկարծ առաջ եկած են փոքրիկներուն վրայ եւ ժառանգութեան միջոցով պահպանուեր են։
—– Տարվինի համար կրնանք ըսել՝ որ նա զանց ըրեր է խօսիլ զանազանութիւններու (varieté)կազմուելուն վրայ. վասն զի նա իրեն գրքին սկիզբը հազիւ կը շօշափէ այս խնդիրը այս խօսքերով. «Իւրաքանչիւր զանազանութիւն հարկ է որ ունենայ իրեն որոշիչ պատճառը. սակայն անկարելի ալ է յուսալ՝ թէ իւրաքանչիւր զանազանութեան պատճառը պիտի գտնուի, ինչպէս կարելի չէ իմանալ՝ թէ ցրտառութիւն կամ թոյն մը իւրաքանչիւր մարդու վրայ ինչո՞ւ նոյն կերպով չազդեր»։ Այլ Տարվին սաստիկ կը մեղադրէ բնապատումները, «մանաւանդ գաղղիական դպրոցին, որոնք բոլոր փոփոխութիւնները կ’ընծայեն շրջասփիւռ աշխարհի» (monde ambiant), այսինքն է, իրերուն գտնուած միջավայրին։ — Դարձեալ, գրեթէ կարեւորութիւն չի տար սովորութեան արգասիքներուն, զանազան գործարաններու գործածութեան կամ անգործածութեան։ — Կը համարի թէ զանազանութիւններու գլխաւոր պատճառը պէտք է գտնել աճման օրէնքներուն, էակին յօրինութեան եւ պահպանութեան մէջ, եւ ասոր ապացոյց մ’է, կ’ըսէ, այն՝ որ տարբեր պայմաններու (condition) տակ կը տեսնուի նման փոփոխութիւններու առաջ գալը. եւ անոր հակառակն ալ, աննման փոփոխութիւններ՝ գրեթէ նման պայմաններու մէջ…։
— Ժիար (Giard) կը համարի՝ թէ բնաբանութեան եւ կենսաբանութեան (biologie) զարգացման պատճառաւ կարելի է հիմա յաջողագոյն կերպով քննել այդ փոփոխութիւններուն կամ զանազանութիւններուն պատճառները։ Այս պատճառները երկուքի կը բաժնէ Ժիար, որ են. ուղղակի արտագրիչք (facteur), եւ անուղղակի արտադրիչք. — Ուղղակիներն են՝ տիեզերական միջավայր կլիմայ, լոյս, բարեխառնութիւն, չորութիւն եւ խոնաւութիւն, հողին եւ ջրերու քիմիական եւ ֆիզիքական բաղադրութիւնն, միջավայրի մեքենական վիճակն…), եւ կենսաբանական միջվայր (սնունդ, մակաբածութիւն — parasitisme, — համակեանք — symbiose —). Անուղղակիներն են՝ յօրինուածին (organisme) հակազդեցութիւնը տիեզերական միջավայրի դէմ (յարմարութիւն —adaptation — զուգամերձութիւն — convergence) — կենսաբանական միջավայրի դէմ հակազդեցութիւն (նմանողութիւն — mimétisme)։
Դեռ ո՛րչափ տեսութիւններ ալ մէջ բերենք, ասոնց եւ ոչ մին կրնայ լուսաւորել այս դժուարալոյծ խնդիրը. — այսչափ միայն ստոյգ թուի մեզի՝ թէ փոփոխութիւնները կամ զանազանութիւնները որոշող (déterminant) ազդեցութիւններ դեռ եւս ճշդուած չեն։
բ. ի՞նչ օրէնքով. — Արդեօք փոփոխութիւններն (modification) դիպուածո՞վ, ո՛ր եւ է կերպով, առանց ո՛ր եւ է կարգի առաջ կու գան։ — Կամ այս խնդիրը դեռ լաւ քննուած չէ, եւ կամ առանց քննութեան՝ դիպուածական համարուած են փոփոխութիւններն։ — Սակայն Ժօֆռուա Սէնդ-Հիլէր կ’ուսումնասիրէր միջավայրերուն ազդեցութիւնը սաղմերու եւ հրէշներուն ծննդեան վրայ, կը հաւատար թէ նախատես ծրագիր մը կայ, եւ կը համարէր՝ թէ ամէն փոփոխութիւն կրնայ պահպանուիլ իբրեւ քայլափոխ մը՝ Արարչէն գծուած ծրագիրը կատարելոապէս իրագործելու։
Եւ յիրաւի, ինչպէս յետոյ պիտի տեսնենք, չենք կրնար ըմբռնել՝ թէ բացարձակապէս անկարգ եւ խառնակ փոփոխութիւններ ինչպէս պիտի կարենայն վերջապէս այնպիսի կարգ մը դնել՝ յօրինուածի մը այնպէս գեղեցիկ կերպով յարմարած մասերուն, եւ տեսակներուն իրարու մէջ ունեցած այդչափ կատարեալ յարաբերութիւններուն մէջ։ Իսկ Տարվինի բնական ընտրութիւնը (selection naturelle), ինչպէս պիտի պարզենք յետոյ, ջնջող (eliminateur) եւ պահպանող կարողութիւն ունի միայն, — ստեղծիչ զօրութիւն չունի։ — Ուրեմն գիտութիւնը չի գիտեր՝ թէ փոփոխութիւններ ի՞նչ օրէնքով առաջ կու գան։
2. — Առաջ եկած զանազանութիւններն ի՞նչպէս կը հաստատուին եւ դուրս կը ցատքին. — Խնդրոյն այս մասին վրայ ընդարձակ կերպով խօսուած ու գրուած է եւ յաջողութեամբ լուսաբանուած է այդ կէտը։
— Լամարք՝ շատ համառօտ կերպով լուծեր է զայն, այդ երեւոյթին գլխաւոր արտադրիչ կամ պատճառ դնելով ժառանգութիւնը։ Նա բնաւ չքննեց բնութեան գործածած միջոցները՝ ժառանգութեան արգասիքները պահպանելու եւ աճեցնելու համար։
— Տարվին մեծ արդիւնք ունեցաւ՝ նրբամիտ վերլուծութեամբ եւ ճոխ ու առատ արտաքոյ կարգի վաւերագիրներով՝ դուրս ցատքեցնելու տեսակներու կազմութեան մէջ բնական ընտրութեան (selection naturelle) ունեցած մասը եւ բաժինը։
— Յաճախ տարվինականութիւն բառը կը գործածուի փոխանակ բարեշրջումն (évolutionisme)եւ փոփոխումն (transformisme) բառերու. բայց յանիրաւի. Որովհետեւ Տարվին բնաւ եղած չէ հնարիչ կամ հեղինակ Բարեշրջման։ — Տարվինականութեան կամ Տարվինի գործին մէջ կայ Բնական ընտրութեան դրութիւնը, որ բարեշրջման ընդարձակ խնդրոյն մէջ ամենէն աւելի խորաքննին ուսումնասիրուած է։ — Անգղիացի իմաստասիրիս պատճառաբանութիւններուն հետեւելով՝ կը համառօտենք հոս անոր գաղափարը։
Իւրաքանչիւր ոք գիտէ՝ որ գործարանական փոփոխութիւններ կը կատարուին ընտանի կենդանիներու եւ մշակուած տունկերու վրայ։ Եւ որովհետեւ այս փոփոխութիւններն՝ ժառանգութեան ձեռքով փոխանցուելու յատկութիւնը ունին, կենդանաբոյծք (նոյնը ընելու է մշակներու համար), եթէ ճարտար ընտրութիւն ընեն, կրնան առաջ բերել զանազանակներ եւ հաստատուն ցեղեր, որոնք այնչափ տարբեր կ’ըլլան նախնական արմատէն՝ որ կարելի է կոչել զանոնք նոր տեսակներ։ Արդ այս արուեստական ընտրութենէ կը ծագին կենդանիներու եւ բոյսերու ցեղեր՝ զորս մարդս իրեն հաճոյից կամ օգտին համար առաջ բերաւ. ինչպէս են, անեղջիւր եզներ, մերինոս ոչխարներ, մսավաճառանոցի անասուններ, ընթացքի եւ կառաձիգ ձիեր, որսի եւ պահապան շուներ, եւ այլն։
Վայրենի վիճակի մէջ ալ փոփոխութիւններ կրնան առաջ գալ բնական բերմամբ, մանաւանդ եթէ գաղթելը կամ ուրիշ պատճառներ՝ փոփոխումներ (changement) առաջ բերեն կենաց պայմաններուն վրայ։ Այս փոփոխութիւններուն (variation) մէջ ոմանք՝ անօգուտ են կենդանի էակին, ոմանք ալ՝ օգտակարք։ — Անօգուտները՝ բանի մը չեն գար, որով կրնան դիւրաւ անհետ ըլլալ՝ երբոր անհատներն, որոնց մէջ առաջ եկեր են այդ անօգուտ փոփոխութիւններն խանգարուին. — օգտակարներն, որովհետեւ կենաց պայքարին մէջ մեծ օգուտ ունին, անհատներուն, որոց մէջ կը գտնուէին իրենք, ապրելու նպաստեցին, եւ այսպէս կրցան փոխանցուիլ։ — Այս կերպով կը կատարուի ճշմարիտ բնական ընտրութիւն, ըստ բաւականի նման արուեստական ընտրութեան այսինքն, կենդանաբոյծը, որ սերիչները (reproducteur) կ’ընտրէ եւ կ’առանձնացնէ, կը համապատասխանէ բնութեան մէջ եղած կենաց պայքարին՝ որով կը պահուին ընտրելագոյն էակներն, եւ յեղափոխութիւններու (cataclysme) որոնք իրարմէ բաժնելով զանազանութիւնները՝ չեն թողուր որ իրարու հետ խառնուին։
Այս բնական ըտնրութիւն կոչուած գործողութիւնը որ ինքն իրեն գիտակցութիւնը չունի (incoscient), կը կատարուի հետեւեալ կերպով.
Կենաց պայքարը կամ կենսական մրցումը՝ անհրաժեշտ հետեւանք մ’է կենդանի էակներու յորդառատ բեղմնաւորութեան։ Վասն զի եթէ այս բեղմնաւորութիւնը չունենար հակակշիռ մը(contrebalancer), սակաւ ժամանակէն երկրիս պիտի չբաւէր կերակրելու բնակիչները, եւ ոչ ալ այդչափ բազմութեան տեղ պիտի ըլլար անոր վրայ։ Անթիւ սերմեր, բողբոջներ կ’անհետանան, այսու հանդերձ՝ ծնած անհատներն՝ բազմաթիւ են, այնպէս որ ասոնց իւրաքանչիւրը պէտք է որ պատերազմի իրեն գոյութիւնը պահպանելու համար։ Այս պատերազմի մէջ, տկարագոյնք կամ նուազագոյն ձիրքեր ունեցողներն կը կորսուին։ Իսկ լաւագոյն կերպով պաշտպանուածներն կամ ընտրելագոյններն կը մնան պատերազմի դաշտին տէր։ Այսպէս բոլորովին պայծառ կը տեսնուի՝ յարամրագոյններու ուրիշներէն աւելի ապրելուն (survivance) անողոքելի օրենքը։ Եթէ էակ մը, որչափ ալ խեղճ եւ անարգ երեւնայ քանի մը մասերովը, աւելի կ’ապրի քան ուրիշ մը, այդ կը ցուցնէ՝ թէ նա պահպանուեր է մեզի անծանօթ առաւելութիւններուն ձեռքով։ Անոր համար կը սխալին անոնք՝ որ յարմարագոյնները կը շփոթին կարողագոյն կամ զօրաւորագոյններուն հետ. խաբէութիւն, թեթեւաշարժութիւն, գոյն, խայթոց, կծու հիւթ, կարծր մարմին, առերեսս պակասաւոր ձեւեր, կրնան կենդանւոյ մը ծառայել՝ իրեն թշնամիներուն յաղթելու համար։
Այս պայքարը՝ կերկարոյ մասին մէջ միայն չէ, այլ նաեւ սեռական յարմարութեան մէջ կայ. այսպէս քանի մը էակներ պիտի անհետանան՝ զիրենք որոշող զանազանութիւնով միատեղ, վասն զի սերելու առիթ պիտի չունենան։ — Սեռական ընտրութիւն, որ մարդկային տեսակին մէջ այնչափ խնամքով կը գործադրուի, անասուններու տեսակներուն մէջ ալ անծանօթ է։
Ուրեմն, ամէն սերնդեան մէջ կայ անհատներու իրական ընտրութիւն մը, որոնք ունին ամենէն աւելի օգտակար փոփոխումները (modification)։ Յաղթողներն կը փոխանցեն իրենց սերունդներուն՝ այս յատկանիշները, եւ ժառանգութիւնն կը հաստատէ զանոնք՝ նոյն յաղթողներէն ծագած սերունդներուն մէջ։ Եւ այս յատկանիշները կը մնան միշտ հաստատուն, եւ ասնով կը կազմուի հաստատուն բնորոշութեան օրէնքը (caractérisation permanence)։ Եթէ տարաձայնութեան կամ զարտուղութաեան օրէնքով, բնորոշուած խումբէ մը անհատներ դուրս ելլելով նորանոր տեսակներ կազմեն, այս չի կրնար տեղի ունենալ ջնջուելով (destruction), այլ անոնց առաջուց ստացած յատկանիշներու փոփոխութեամբ (modification)։
Կամաւոր ցաղթականութիւն եւ մեծամեծ յեղաշրջութիւնք (cataclysme), կազմուելու վրայ եղող տեսակները առանձնացուցած են (isoler), եւ արգելած են արմատ տեսակի անհատներու հետ սերունդ առաջ բերելու, եւ հետեւաբար՝ թոյլ տուեր են որ նոր յատկանիշներն հաստատուին եւ զարգանան։ — Ընդհանուր կամ մասնական յեղաշրջութիւնք, կ’ըսէ Տարվին, բաւական պատճառ են բուսաբանական եւ կենդանաբանական գաւառներու որոշման կամ զանազանութեան (distinction)։
Այսպէս զօրաւոր կերպով ըմբռնուած եւ այնքան տրամաբանօրէն դասաւորուած գրութեան դէմ եղած են երկու գլխաւոր դժուարութիւններ. — 1. Մարդու ձեռքով կատարուած բնական ընտրութիւնն առաջ կը բերէ ցեղեր (race) միայն եւ ոչ երբեք տեսակներ (espècs). ուրեմն բնական ըտնրութիւն ինքնիրեն թողուած, ի՞նչպէս կրնայ տեսակներ եւ նոյն իսկ սեռեր եւ դասեր կազմել։ — Այս հարցման կը պատասխանի Տարվին այսպէս. Մենք ցեղ (race) կը կոչենք մի եւ նոյն արմատէ իջած կամ սերած խումբերը, որոնք թէպէտ յաճախ շատ աւելի կը տարբերին իրարմէ քան թէ վայրենի վիճակի մէջ գտնուող տեսակներն ու սեռերը. — բայց ասկից, եթէ անասնաբոյծն՝ արագ կերպով առաջ կը բերէ կարեւոր զանազանակներ, բնութիւնը՝ նոյները առաջ կը բերէ երկայն դարերէ եւ շատ տարտամ փորձերը ետքը։ — 2. Բնական ընտրութեամբ չեն բացատրուիր անհատներու փոխակերպութիւնը (transformation), նոր գործարաններու առաջ գալը, բնազդումներու կազմութիւն, եւ այլն։ — Իրաւացի է այդ առարկութիւնը. որովհետեւ, ինչպէս վերագոյն ըսինք, տարվինականութիւնը՝ բարեշրջութեան մասնական տեսութիւն մ’է (théorie)։ Եւ կատարեալ տեսութիւն մը պէտք էր բացատրել օգտակար փոփոխութիւններու ծնունդը եւ հաստատութիւնը, մինչդեռ տարվինականութիւնն կը բացատրէ յատկանիշներու հաստատութիւնը, բայց չի կրնար բացատրել՝ թէ այս յատկանիշներն ի՞նչ օրէնքով առաջ կու գան։
—
Darwinism
Fr. Stepanos Sarian
(1902)
—
Part 4
—
Theories of Evolution
—
Creationists do not give any importance to the aforementioned evidence brought forth by evolutionists; relying instead on the points below, they reject this relationship between species. Moreover, creationists do not pay any mind to how species were formed, for according to them, God is their immediate cause.
Evolutionists, on the other hand, cite the evidence described in the aforementioned article. But if one were to consider these to be definitive proofs of evolution, he would be mistaken, because the most one can say on the basis of the available facts is that he is inclined to believe that the relationship between species has come from lineal descent. That’s why Darwin, who well understood the strength of the evidence, only goes so far as to say “[it] seems to me”, “I am inclined to believe,” “simpler to assume”, etc.
But it is necessary for evolutionists who wish to hold to their theory to explain “how the innumerable species inhabiting this world have been modified, so as to acquire that perfection of structure and coadaptation which most justly excites our admiration” (Darwin), or, put more simply, evolutionists need to explain to us—if evolution has taken place, then how?
This question of how evolution has taken place has two parts: 1) under what pressures and by what rule have all the varieties of organic forms emerged?; 2) How do these varieties become fixed so as to have evolved into certain characteristic groups?
Naturalists respond to these two questions with evolutionary theories, which, though based on empirical facts, are nonetheless postulations. Let us now explain these two issues and evolutionists’ responses to them.
—
A. The formation of variety among organic forms. This first logical question is posed to evolutionists by their opponents: How do characteristics get transmitted, become fixed, and assume such proportions so as to form a species/kind? How does that characteristic come about in the first place? It is clear that living creatures are distinct from one another, for we see that there is no human race nor species of animal in which juveniles do not already differ from one another characteristically. Under what pressures do these characteristics come forth, and by what rule/principle? Let us now see what evolutionary theories have to say.
- Under what pressures? In Lamarck’s theory, these varieties come about directly from environmental pressures and from the reaction of the organism to those pressures. More plainly, the organism is ever confronted with new needs for its survival, faced with which the conditions of its life change, because the organism strives to meet these needs and “the frequent use of the faculty of a given organ/trait strengthens that organ and gives an enduring influence to that faculty.” On the contrary, an organ/trait that falls into disuse weakens, its capabilities decline and it finally becomes defunct. In this manner are varieties hereditarily formed.
Étienne Geoffroy Saint-Hilaire considered environmental pressures to play a more prominent role than the adaptive traits of an organism, but he says that environmental pressures or contextual factors play a more important role among embryos undergoing development, basing his theory on monsters, where organic variations were to be considered successful monstrosities, which come about spontaneously in the course of embryonic development and are hereditarily maintained.
Darwin does not provide an answer to how organic varieties are formed, for at the very beginning of his book he broaches the issue as follows: “[It may be true, in a limited sense] that every variation has its own external causes [and in a limited sense, as we shall hereafter see, this may be true]; but it is preposterous to think that the cause of every variation will be found.” Rather, Darwin severely reproaches naturalists, and especially the French naturalists, who attribute all variations to external causes. Moreover, he basically does not lend any importance to the products of their work, as for example to the use or disuse of different traits. He reckons that the primary cause of variations must be found in the laws of evolution themselves, in the reproductive fitness of organisms and in their survival, in support of which he cites the observation that similar variations can evolve [among animals] in different environments, and contrarily that altogether different variations can evolve [among animals] in similar environments.
Alfred Giard supposes that owing to the advancement of physics and biology it is now possible to successfully examine the causes of organic variations. Giard distinguishes between two forms of causes, which he calls direct and indirect factors, the direct factors being environmental (climate, light, temperature, dryness, humidity, the chemical and physical composition of the soil, etc.) and biological (sustenance, parasitism, symbiosis) and indirect factors concerning the reactions of the organism to its external (adaptation, convergence) and biological (mimetism) environments.
Though there are many more theories we may cite pertaining to this point, not one of them is able to elucidate the issue. The only thing we can say with certainty is that the determinant pressures under which variations arise are as yet unknown.
- by what law? Perhaps by accidental mutations, or by some other means that is not subject to a rule? Either this question remains poorly understood, or the answer has been attributed to random mutations without proper examination. On the contrary Saint-Hilaire, in the course of his research on environmental influences on the embryos and the birth of monsters, believed that there was a foresightful plan that all organisms followed, and that every mutation can be defended as another step forward in God’s plan.
And truly, we cannot grasp how completely random mutations could have possibly brought order to organisms, to what we consider to be their beauty, and to such compleat relations among them. Yet Darwin’s theory of natural selection, as we will later explain, has only the capacity to eliminate or retain [extant] traits—it contains no creative power. Therefore, science has no idea about how organic variations emerge.
—
B. How are the aforementioned variations fixed and how do they change? This aspect of the issue has been covered in most depth and has been elucidated.
- Lamarck had addressed it very briefly by invoking heredity as a primary factor without examining at all the means used by nature to defend its products and to evolve.
- Darwin became very influential for his nuanced analysis of the issue and for his abundant output on the role of natural selection in the formation of species/forms.
- The term Darwinism is often used in place of the terms evolution and transmutation, but unjustly so, because Darwin did not discover or author the idea of evolution. In Darwinism, or in the work of Darwin, we find only the system of natural selection which has been the most deeply studied in the field of evolution. We now follow the arguments of the English scholar and summarize his ideas:
[omitted]
—
Against Darwin’s powerful grasp of his subject matter and his logical presentation of his ideas, two primary issues have been raised: 1) Domestication by man has only succeeded in bringing about different races/breeds but not different species, which raises the question of how natural selection by itself has formed species. Darwin addresses this issue as follows: We call races/breeds those groups that have descended from a single branch, which, although they often differ more than the sub-types [of a given species] in the wild, do not operate on the same timescale as nature, which brings forth species over a much longer course of time and much more volatility. 2) Natural selection does not explain how transformations arise among individuals, how new traits emerge, how instincts are formed, and so on. That objection is valid because, as we mentioned above, natural selection is a partial theory of evolution and a complete theory would need to explain how transformations emerge and how they are established. Yet Darwinism only explains how characteristics are fixed without explaining the laws by which those characteristics arise.
Comments
Post a Comment