Խիղճ մտաց

Խիղճ մտաց

 

ի Բազմավէպէ

 

(1852)

 

Խիղճ մտաց կըսուի մարդուս իմացական հոգւոյն մէջ հաստատուած դատումը չարն ու բարին որոշելու, ի բարին յօժարելու ու չարէն խորշելու։

            Խիղճմտանքին կանոնն է աստուածային օրէնք, բնական, դրական, եւ գերբնական։ Ընդհանրապէս իրեք պատճառ կայ՝ որով այսչափ խղճմտանաց զանազանութիւն եւ հետեւաբար բարուց եւ վարուց տարբերութիւն կը տեսնուի նոյն բնութեամբ մարդկանց մէջ. ա. կամաց ազատութիւն, բ. իւրաքանչիւր մարդոց մէկմէկէ ունեցած մտաւոր կարողութեան տարբերութիւն. գ. կրթութիւն։ Նախ խղճմտանացը վրայ ընդհանրապէս խօսելով. Խօսինք նաեւ իւրաքանչիւր տեսակաց վրայ զանազանելով։

            Բնութեան Արարիչը ամենայն բանաւոր մարդոյ խղճմտանք տուեր է առաջնորդ իրեն գործոց մէջ, չարէն խորշեցնելու եւ առ բարին յորդորելու համար։ Ուստի գործք մը կամ խորհուրդ մը կարգաւորեալ որոշելու եւ գոծադրելու համար՝ իրեք կերպ ազդեցութեամբ կը վարուի մեր բանական հոգին. Այսինքն իմացական զօրութեամբ, դատման կամ խղճմտանաց ընտրութեամբ եւ կամաց գործադրութեամբ. կարճ խօսքով. իմացումն կը պատրաստէ, կը լուսաւորէ, գործքը կամ խորհուրդը, խղճմտանքը կընտրէ, կամքն ի գործ կը դնէ։

            Աշխարհքիս մէջ քանի տեսակ սկզբան կամ բարուց տէր մարդ կրնայ զանազանուիլ, անչափ ալ իւրաքանչիւրոց խղճի գործածութիւնը իրարմէ զանազան ու տարբեր կըլլան. բայց մենք բնութեան առաջնորդութեանը հետեւելով գլխաւոր իրեք խղճմտանք կը բաժնենք իրենց մանր զանազանութիւններով. Ուղիղ խղճմտանք, Անխղճութիւն, Խղճահարութիւն։

            Ուղիղ խղճմտանք. Ուղիղ խղճմտանքը ասանկ կը սահմանենք. բնական եւ բանաւոր դատումն մտաց՝ համաձայն աստուածային օրինաց, ճանաչող ու ընտրող բարին ու չարն՝ գործելէն առաջ, գործելու ժամանակ եւ գործելէն ետքը։ Եւ ըստ պարագային խղճմտանքը դատաւոր է, խորհրդական է, վկայ է, դատախազ է եւ ջատագով է. բայց այս ամենայն պարագայից մէջ միշտ անաչառ միշտ անկողմնասէր։ Գործք ընտրելու օրինաւոր դատաւոր է, եւ կուզէ իր անմոլոր օրէնքովը զբանական քաղաքը որ է մարդս կառավարել. բայց երբոր չար կամքը վրան զօրացած կուզէ իր ուզածն ի գործ դնել, անոր բռնութեան տեղի տալով՝ կը սկսի հմուտ խորհրդականի մը պէս խղճմտանքը խորհուրդ տալ, աղաչել պաղատիլ եւ առ բարին յորդորել զկամս։ Իսկ երբոր իր ուղիղ խորհուրդները չեն լսուիր ու անոնց հակառակն ի գործ կը դրուին, ան ատեն ըստ մեծութեան կամ ըստ ծանրութեան նիւթոյ գործոյն՝ կը սկսի ամբաստանութիւն ընել, չար գործքը գործողին երեսը տալ։ Բայց թէ որ ուզած գործքը եւ ուզածին պէս կատարուի, թող հազարաւոր չարախօսներ զրպարտեն, ինչ կուզեն ըսեն. անոր խղճմտանքը միայն բաւակն վկայ է իրեն, նոյնը կորովաբան պաշտպան է բարին գործողին։

            Անխղճութիւն. Խղճահարութիւն. Այս երկու տեսակ խղճմտանքներն այլ եւ այլ պակսութիւններով կը խոտորին ուղիղ խղճմտանքէն ու ամենեւին չմիաբանելու չափ կը հեռանան անկէց։ Ասոնց մէկմէկու հետ ունեցած զանազանութիւնները այնչափ յայտնի են, որ սովորական խօսակցութեանց մէջ ալ իրենց յատկութեանց յարմար անուններ առեր են՝ Անխղճմտանք ու Խղճահար։ Հիմայ առջինին յատկութեանց վրայ խօսիմք։

            Անխճմտանք բառը խղճմտանք չունեցողի իմաստ կու տայ. բայց ճշմարտութեամբ խօսելով խղճմտանք չունի ըսել չէ, եւ այնպէս ալ հասկնալու չէ. հապա անխղճմտանք ըսելով՝ կուզենք ըսել անանկ անկանոն ու ազատ խղճմտանք մը, որ կարծես թէ ամենեւին խղճմտանք չէ ու չկայ։Կարգաւորեալ խելքի տէր մարդու մը համար՝ խելացի է բայց խղճմտանք չունի ըսելը՝ այնպէս հակասական է, ինչպէս հակասական է խելացի է բայց դատումն չունի ըսելը. որովհետեւ խղճմտանքը ուրիշ բան ըսել չէ, բայց եթէ դատումն՝ իւրաքանչիւր մարդոյ բարոյական պարտուց վերաբերեալ գործոցը մէջ։

            Անխղճութիւն ըսելով կիմանանք ընդհանրապէս ուղիղ խղճմտանաց կանոններուն խոտորմունքներ գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ, որոնց տարբերութիւններն ու աստիճաններն հիմա պիտի բացատրենք։

            Անխղճութեան պատճառն ու աղբիւրն անհոգութիւնը կերեւայ՝ երկու կերպով. անհոգութիւն սովորութեան, անհոգութիւն կամաց։ Անհոգութիւն սովորութեան անոր կըսեմք, երբոր գործողն՝ սովորութիւնը կընէ իրեն կանոն գործոց՝ առանց խղճմտանաց հաւանութեանը սպասելու։ Այս տեսակ խղճմտանքը մոլորական է եւ միշտ պախարակելի. Որովհետեւ մեզի Աստուծմէ անմոլար առաջնորդ միայն ուղիղ խղճմտանքն տրուած է համաձայն աստուածայինք օրինաց. անոր համար ո՛ր բանն որ այս կանոնով չըլլուիր՝ ապահով չէ, հետեւաբար վտանգաւոր եւ ապօրինաւոր է։ Վասն զի ինչպէս որ կարելի բան չէ որ մէկը միշտ աչքերը գոցած ամէն տեղերէ քալէ, անցնի, դառնայ, իր ամէն գործքը տեսնէ առանց ամենեւին ոտքը քարի փայտի զարնելու, փոսերու ջրերու մէջ իյնալու, ասանկ ալ է ամենեւին խղճմտանքի գործածութիւնը վեռքէ ձգող անձ մը։

            Իսկ անհոգութիւն կամաց կըսենք՝ երբոր մէկը իր գործքին օրինաւորութեանը վրայ տարակոյս ունի, եւ կամք չըներ ետեւէն երթալու քննելու՝ թէ յիրաւի ապօրինաւոր եւ մեղանչակա՞ն է ըրածս կամ ընելի գործքս թէ չէ. եւ կամ գիտնալով հանդերձեալ գործքին ապօրինաւորութիւնը, անհոգութիւն կընէ քննելու անոր մեղանչականութեան տեսակն ու աստիճանը։ Այս խղճմտանքները ուղղակի մեղանչական են. որովհետեւ ընդդէմ ուղիղ բանին եւ խղճմտանաց կը գործեն, կուզեմ ըսել՝ ընդդէմ աստուածային օրինաց. բայց ինչպէս յայտնի է՝ մէկմէկէ տարբեր աստիճաններով։

            Այս երկու կերպ խղճմտանքներէն չափազանցներուն մէկը Անյաղթելի տգիտութեան կը տանի, իսկ մէկալը Չարակամութեան։ Անյաղթելի տգիտութիւն խղճմտանաց այն կըսուի, երբոր մարդս ամենեւին չկասկածի ըրած կամ ընելու գործքին թէ կրնայ ապօրինաւոր եւ մեղանչական ըլլալ. եւ կամ ետեւէն իյնալով ու քննելով ըստ բաւականին չկրնայ ամենեւին զանազանել գործքին օրինաւորութիւնը։ Իսկ Չարակամութիւնն այն է՝ որ գիտնալով գործքին ապօրինաւորութիւնն ու մեղանչականութիւնը՝ ծուռ մեկնութիւն մը տալով՝ կը լռեցնէ խղճմտանաց բողոքը՝ ու իր կամքը առաջ կը տանի. եւ կամ լաւ եւս՝ մէկ ուղիղ սկզբունք մը իրեն օրէնք կը դնէ, ու հազարի դէմ աւելի արդար ու աւելի ուղիղ սկզբունքներու դէմ կամապաշտութեան ու հակառակութեան ոգւով կը պատերազմի։ Այս խղճմտանքի տէր են ամենայն Աղանդաւորք եւ Հերիսիովտապետք, եւ սոյն է ասոնց հասարակաց բռնած ճամբան. որոնք սուրբ գրոց մէկ քանի խօսքերու վրայ ուզածնուն պէս կապուելով՝ եւ զանոնք ձեռքերնին զէնք առնելով՝ բոլորին դէմ կը կռուին։ Հոգւոյն սրբոյ դէմ կռուող, երկրիս վրայ ու հանդերձեալ աշխարհին մէջ թողութիւն չգտնող խղճմտանքը այս է։

            Խղճահարութեան երկու պատճառ կրնայ ըլլալ. մէյ մը խելքի պակսութիւն, մէյ մըն ալ խղճմտանաց յանդուգն գործածութիւն կամ զեղծումն։ Խելք կամ դատողութիւն պակաս ունեցող մարդը չկրնար չափաւոր պայծառ ըմբռնելու չար բանին ո՛ր աստիճանի չար կամ մեղանչական ըլլալը, եւ բարի բանին ո՛ր ասիճանի բարի կամ գովելի ըլլալը. ասանկները առանց զանզազանելու անխտիր գործել կը սկսին չարն ու բարին, երկուքն ալ միանգամայն մէկ բան ենթադրելով։ Ասանկով խղճմտանքին գործածութիւնը կամաց կամաց կը մոռնան եւ երթալով սխալմունքնին կը խոշորցնեն. ա՛լ խղճմտանքը աւրուած գործիքի մը պէս՝ իր ազդեցութիւնը կը կորսնցնէ կամ կը շփոթի։ Այսպիսիները ինքնիրեննուն թողլու ըլլաս, առանց խղճմտանքի կը գործեն նաեւ մեծ ու մեղանչական բաներ ալ. եւ թէ որ մտքերնին ձգելու ըլլաս՝ կը շփոթին նոր քունի արթնցածի կամ գիշերաշրջիկի պէս։ Կը շփոթին կը զարհուրին մեղքին անունէն ու ծանրութենէն առանց անոր աստիճանը ու չափն իմանալու։ Այս տեսակ խղճահարներն աւելի յաճախ կըլլան մարդկային ընկերութեան մէջ, մանաւանդ այն տեղերը՝ ուր որ ընդհանրապէս բարոյական ուղիղ սկզբանց գիտութիւն ծաղկած ու ծաւալած չէ։

            Իսկ մէկալ տեսակ խղճահարին որ խղճմտանաց յանդուգն գործածութեամբ կամ զեղծմամբ կըլլայ ասանկ է.

            Ամէն մարդ յատուկ անձնական փորձով կիմանայ, որ ինչպէս մարդուս դատումն կամաց կամաց ու ջանքով կը բացուի, կը շատնայ ու կը կրթուի, ասանկ ալ խղճմտանաց գործածութիւնը։ Մարդս կրնայ տղայ հասակին խղճմտանք մը ունենալ. բայց նոյն կանոնը ինչ որ տղայութեան ատեն կը բանեցնէր՝ մեծութեան կամ չափահաս հասակին բանեցնելու ըլլայ, մոլար խղճմտանք կըսուի։ — Ինչո՛ւ. վասն զի այն գործքն որ տղայութեան հասակը կարդարացնէ, կըլլայ որ պատանեկութեան հասակը չարդարացներ, ինչպէս նաեւ հետեւաբար պատանեկութեան հասակին ներելի գործքը երիտասարդութեան կամ այրութեան հասակները չեն արդարացներ. Որովհետեւ հասակն ու տարիքը առաջ երթալով՝ մարդուս դատումն ալ պէտք է որ բարակնայ, կատարելագործուի, եւ բարակ զանազանութեամբ իր խղճմտանքին ու ընկերութեան պարտքերը ճանչնայ ու կատարէ. իսկ զեղծ խղճմտանք ունեցողը տե՛ս ի՛նչպէս կը խոտորի ու կը ծռի իր ուղղութենէն ու ինչուան ո՛ւր կերթայ կը հասնի։

            Մարդուս խղճմտանքը կամ դատումը իր բանական հոգւոյն աչքերն կամ տեսութիւնն է, որով պէտք է բանական անձն իր դիմացը նայելով ու իր գործքը չար ու բարի տեսնելով, չարէն ամենայն կերպիւ խորշելով եւ ի բարին դիմելով առաջ երթայ։ Իսկ յանդուգն ու զեղծ խղճմտանքի տէրը իր հոգւոյն տեսութիւնը ամենեւին չգործածեր։ Օրինակի համար մեր մարմնոյ աչքերնիս թէ որ ամենեւին չլուանանք, փոշւոյ ու մրրկի ատեն ամենեւին չգոցենք, եւ ոչ իսկ թարթենք երբեմն երբեմն, կը սկսի հազար ու մէկ ցաւոց ենթակայ ըլլալ, եւ ցաւ սկսելէն վերջն ալ դեղ դարման ընելու թէ որ անփոյթ ըլլանք՝ ինքն իրեն կը կուրնայ ու կը դադրի ի տեսութենէ, որով կարօտ կըլլանք ուրիշի որ ձեռքերնէս բռնէ հարկաւոր տեղեր տանելու. ասանկ է ամենեւին յանդուգն կամ զեղծ խղճմտանք ունեցողն ալ։ Առջի բերանները քանի որ իր բնական անարատութեան ու արթնութեան տէր է խղճմտանքը՝ պզտիկ ու ներելի կարծուած մեղքերը բանի տեղ չդնելով կը սկսի գործել՝ խղճմտանքի արդար բոոքներուն կերպ կերպ պատասխան տալով. ինչուան որ ալ խղճմտանքը ան պզտիկ բաներէն զատ, քիչ մըն ալ մեծկակներուն կը սկսի անզգայ ըլլալ, այն աստիճան որ ազդարարութիւն ալ ընելու ըլլաս այնպիսւոյն՝ թէ այդ ըրածդ մեղք է, այս ինչ պատուիրանի դէմ է եւ այլն, որովհետեւ ամէն մարդու իր ներքին ու մտերիմ դատաւոր իւր խղճմտանքն է՝ անոր կը հարցնէ. կը տեսնէ որ խղճմտանքը ոչ միայն չդատապարտեր ըրած գործքն, այլ եւ ոչ ձայն մը կը հանէ, ուստի կըսէ իր մտքէն, թէ այն մարդն կամ տգէտ է կամ խղճահար է, որովհետեւ ինծի անանկ բան իբրեւ մեղանչական կառաջարկէ, որուն մեղանչականութեան վրայ եւ ոչ տարակոյս կը բերէ ինծի խղճմտանքս։ Ողորմելին չգիտեր որ խղճմտանքին հեռատեսութիւնը ձեռքէ գացեր է, հեռաւոր ու բարակ մեղքերուն զանազանութիւններ ընելը՝ բոլորովին ձեռքէ հանած է։

            Ամէն մարդու իր խղճմտանքն է իր կանոնն ու առաջնորդն ըսելով՝ իր սովորական ճամբան կը քալէ այս յանդուգն խղճմտանքը։ Եւ որովհետեւ մարդկային բնութիւնը մեղասէր է, երբոր խղճմտանքի արգելքներն առջեւէն կը վերնան, չար կամքը վրան կը զօրանայ, եւ ամենայն չար յօժարութեանց սանձը կարձակուի, կիրքերը վրան բռնացած լեզու կառնուն կը խօսին դիւրահաւան խղճմտանքը համոզելու պէս պէս մեկնութիւններով։ Կը սկսի անկից ետքը հաւատքի վրայ թեթեւութիւն մը ու բարոյական սկզբանց արհամարհութիւն մը ունենալ, ներքին ազդարարութիւնը կորսնցուցած՝ դրսի զգուշութիւնները միայն կը նայի. Աստուած ու խղճմտանքը մոռցած՝ կը ջանայ միայն որ իր անձնասիրութեանը նախատինք մը չընելու չափ, իր ներսի ապականութիւնները ծածկուի ուրիշներուն տեսնութենէն ու գիտութենէն։ Ալ ինք իրեն ու Աստուծոյ չըլլար, ուրիշներուն ու անձնասիրութեան կը սկսի ըլլալ։ Բարին կընէ ոչ վասն Աստուծոյ կամ ի պարտուց խղճմտանաց, այլ ի փառս մարդկան, չարէն ալ դրսւանց միայն կը խորշի նոյն վախճանին համար։ Ահաւասիկ քեզի կատարեալ անխղճմտանք մը։

            Բայց ինչպէս կըլլայ որ այդպիսի անձ մը խղճահար կըլլայ, տես ինչպէս։ Այս անխղճմտանքին ըրած զգուշութիւնները խղճմտանքին տեսութեամբը չեն, այլ անձնասիրութեան տեսութեամբ. ուստի ըստ խղճմտանաց կոյր եւ հոգեւորապէս կոյր է այնպիսի անձը. կոյր բայց յանդգնութեամբ անսանձ ձիու մը պէս առանց դիմացը նայելու սրընթաց կը վազէ, ինչուան որ կամ հոգեւոր գրքի մը, կամ քարոզի մը, կամ հոգեւոր խրատի միջոցներով՝ բայց միշտ պիտի ենթադրուի աստուածային մասնաւոր ու ազդու շնորհքով՝ մէկ քանի խօսքեր կոյրցած ու քարացած խղճմտանքին դպչին, ու սաստիկ ակամայ ցնցում մը անոր տան. ալ ներքին երկիւղ մը զինքը կառնէ Աստուծոյ ահեղ դատաստանին վրայ։ Այն սարսափին ու երկիւղին մէջ իր անցուցած բոլոր կեանքը թատրոնի խաղի մը պէս առջեւը կու գան, խղճմտանքը կը ծանրացնեն ու կը տագնապեն։ Անոր սրտին մէջ այս միջոցին ուրիշ ահաւորագոյն բան չկայ, քան Աստուծոյ ու իր անաչառ դատաստանին վախը. եւ մեղքէն ալ աւելի ծանր ու գարշելի բան չկրնար երեւակայել։ Երբոր անխղճմտանք անձ մը իր առաջի ներհական վիճակէն այս կոյր ու ցաւալի վիճակին մէջ կը գտնուի, իր առաջին գործքը ի՞նչ պիտի ըլլայ. ամէն բանէն առաջ նայի որ իր ձեռքէն բռնող մը գտնէ, եւ անոր զինքը բոլորովին հաւտայ։ Բայց ասանկները այն կասկածաւոր կոյրերուն կը նմանին, որոնք հաւատք ու վստահութիւն չունենալով իրենց ձեռքէն բռնողներուն վրայ՝ կը կարծեն թէ զիրենք չարութեամբ ու խաբելով կուզեն փոսերու մէջ ձգել ու մեռցնել։

            Անխղճմտանքութիւնն ու խղճահարութիւնը թէպէտ եւ տարբեր բաներ կերեւնան՝ ինչպէս նաեւ տարբեր ու իրարու հակառակ են իրենց գործքերն ալ, բայց թէ որ քիչ մը արմատնին խառնելու ըլլանք (ինչպէս ինչուան հիմա ըսածներէս ալ յայտնի էկը գտնենք որ անխղճմտանքութիւնն ու խղճահարութիւնը մէկ աղբիւրէ կը բղխեն կամ իրարու հաւասար ծնող են. ինչպէս որ աղխղճմտանքութենէն խղճահարութիւն ելնելը փորձեցինք, խղճահարութենէն ալ աղխղճմտանք եղողները խիստ սովորական են, ինչպէս փորձը կը ցուցնէ։

            Հիմա այս իրեք տեսակ խղճմտանքներ քովէ քով բերելու ըլլանք մտքովնիս, ուղիղ խղճմտանքը ուղիղ գծի մը պէս շիտակ կը կենայ մէջ տեղը. իսկ անխղճմտանքութիւնն ու խղճահարութիւնը մէկը մէկ ծայր, մէկալը մէկալ ծայր. Բայց հանդերձ այսու ամենայնիւ մէկմէկու աւելի մօտ են քան թէ ուղիղ խղճմտանաց, որովհետեւ մոլորութիւն մոլորութեան աւելի կը մերձենայ կը նմանի քան թէ ճշարտութեան եւ ուղղութեան. խղճահարն ու անխղճմտանքն այնպէս մէկմէկու կը համեմատին, ինչպէս իրաւցնէ կոյր մը ձեւացեալ կուրի կը համեմատի։

            Անխիղճմտանքը ոտքը տակ կառնու խղճմտանաց այն նսեմ տեսութիւնն ալ, պախարակելի անհոգութեամբ մը կամաւ խղճմտանքին արդար ու իրաւացի բողոքներուն դէմ ականջները խլցնելով՝ չար բարի, դար փոս, լեռ ձոր, մեծ պզտիկ, մեղք արդարութիւն չնայելով կառնէ կանցնի։ Իսկ խղճահարն կասկածաւոր ու խելքը պակաս կուրի մը պէս, ամենեւին իւր մտքի դատաստանին չհաւտալէն վերջը, եւ ոչ ուրիշներուն խորհուրդին կրնայ կատարեալ հաւատք ընծայել. իր մտքի վկայութեան մէկ բանի միայն կը հաւատայ՝ ինչ որ աստուածային դատաստանի ահաւորութեան ու մեղաց ծանրութեան վրայ կը թելադրէ. Անանկ միտքը կը դնէ որ բոլոր մարդիկ քահանայ աշխարհական իրեն վիճակէն դուրս են, իրեն վիճակէն չեն հասկնար, եւ իր հոգւոյն վնասին կամ փրկութեան անտարբեր են։ Անխղճմտանք անձը ամենայն հոգեշահ գրեանք, եկեղեցական բարոյական կանոններ արհամարհելէն վերջը՝ գլուխն ալ երկրէս դէպ ի վեր բարձրացուցած՝ կարծես թէ երկինքն ալ հայհոյելու մտքով, առանց առջին նայելու՝ դարէն փոս, լեռնէն ձոր, ոչ ծովեր ոչ գահավիժութիւններ նայելով կերթայ. իսկ խղճահարն եւ ոչ իր հասակին բարձրութեամբ ազատ նայիլ համարձակելով, բռնի նուաստութեամբ մը իւր մարդկային պատուէն ալ խոնարհելով, անհանգիստ ուշադրութեամբ մը իր ոտքին քայլերը կը դիտէ, ամէն մէկ քայլին կարծելով թէ լեռներ, ծովեր, գահավիժութիւններ պիտի հանդիպին։ Վերջապէս մէկը աչքը գոցած յոխորտալով խրոխտալով ամբարտաւանութեամբ կը քալէ կերթայ. մէկալը անլոյս աչքերը պատռտելու չափ բացած կը գայթակղի կը չարչրկուի։

            Իսկ ուղիղ խղճմտանքն այնչափ փառաւոր է ու բիւրաւոր երանութեանց պատճառ, որչափ որ այս երկու ներհական չափազանց խղճմտանքներ հազարաւոր թշուառութեանց առիթ են։ Ընդհանուր խղճմտանքը զմարդը անասուններէն կը զատէ, իսկ ուղիղ խղճմտանքը՝ զմարդ իր տկարութիւններէն թէ որ կատարեալ ազատ չըներ, սակայն ապահով ու ուղիղ ճամբայները լուսաւոր ու պայծառ աչքին կերեւցնէ։ Ի՛նչ վսեմ քան զայլն մարդն՝ որ իր խղճմտանքին ուղիղ կառավարութեան ու դատաստանին հետեւելով, աստուածային օրէնքներն իւր սրտին մէջը գրելով՝ անվրդով ու խաղաղ ոգւով կը վարէ իր անցաւոր կեանքը։ Կը տեսնէ բանական դիտմամբ ու աշխարհաքարոզ փորձով իր կենաց անցաւորութիւնը, ու միանգամայն իր խղճմտանքին եւ ուղիղ հաւատոյ լուսովը պայծառացած՝ մահացու ոտքերով եղծանելի հողոյն վրայ յաւիտենական ու անմահական քայլեր կը փոխէ։ Մարմնով մարդկանց հետ կը վարուի, բայց հոգւով ու մտքով Աստուծոյ ու իր խղճմտանաց հետն է իր խորհրդակցութիւնը։ Թո՛ղ հազարաւորք գովեն, թո՛ղ բիւրաւորք պարսաւեն վար զարնեն իր գործքերը. անոր մէջ աչքը աստուածային օրինաց մէկալը խղճմտանաց ուղիղ վկայութեան վրայ հաստատած, անշփոթ անվրդով իր խղճին անմոլար ղեկովը կը կառավարէ իւր հոգւոյն նաւը։ Ճշմարտութեան եւ ուղիղ կարծեաց կը խոնարհեցնէ իր կամքը առանց նուաստութեան. եւ այնպէս դիւրաւ կը թողու մոլորութեան կարծիքը եւ կը դիմէ յուղղութիւն՝ երբոր հաւանական պատճառներ առջեւը կը կրուին։ Իր առաջին ու որոշիչ յատկութիւնը ուրիշներու մտքին մէջ խոնարհութիւնն է. ուրիշը խոնարհելու ատեն կարծես թէ կը նուաստանայ, ուղիղ խղճմտանքի տէր անձը խոնարհելու ատեն՝ ալ աւելի կը բարձրանայ ա՛լ աւելի կը փառաւորուի։

 

 

«Խղճմտանքը մարդուս համար լաւագոյն բարոյական դիրքն է, եւ մէտք է որ անկէց ստէպ խորհուրդ հարցնենք»։ — Փասքալ

 

«Խղմտանքը մեր հոգւոյն անմահութեանը ապացոյցներէն մէկն է»։ — Շաթոպրիան

 

«Ո՜վ խղճմտանք, խղճմտանք, ազդեցութիւն աստուածային, ձայն անմահական եւ երկնաւոր, ապահով առաջնորդ տգէտ եւ սահմանաւոր բայց մտացի եւ ազատ արարածոյ, անխաբելի դատաւոր բարւոյ եւ չարի, որ զմարդ աստուծոյ կը նմանցնես. դու ես որ իր բնութիւնը կը վստեմացնես ու իր գործքերը կը սրբացնես»։ — Յ. Յ. Ռուսոյ

 

Բարի խղճի ազդեցութիւնը մեծ մխիթարութիւն է մարդուս, կըսեր Գաղղիոյ դժբաղդ թագաւորը Լուդովիկոս ԺԶ։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians