Զուարճախօսութիւնք Հերոկլէսի

Զուարճախօսութիւնք Հերոկլէսի

 

Թարգմանիչ՝ Յակոբ Պարոնեան

 

ի Խիկարէ

 

(1884)

 

Սկոլաստիկոս մը՝ փափագելով տեսնել թէ քնանալն վայելուչ կընէ զինքն, աչուըներն փակելով հայելւոյն մէջէն իւր դէմքը կը դիտէր։

 

Սկոլաստիկոս մը՝ որոյ ցաւ կը յայտնէր վաճառական մը ըսելով թէ գետն իւր արտերն ողողած էր, հարցուց, ինչ պէտք է որ ըսեմ ձեզ այս պարագային մէջ։

 

Սկոլաստիկոս մը՝ լսելով որ ագռաւն հարիւր տարի կապրի, ագռաւներ ծախու առաւ եւ փորձի համար կը սնուցանէր զանոնք։

 

Սկոլաստիկոս մը բժշկի մը հանդիպելով, ներեցէք ըսաւ, իրեն, եթէ չը հիւանդացայ եւ մի ասոր համար յանդիմանէք զիս։

 

Սկոլաստիկոս մըսաւ իւր բարեկամին, քնոյս մէջ ձեզ տեսայ եւ բարեւեցի. եւ բարեկամն, ներեցէք, եթէ անուշադիր գտնուեցայ։

 

Սկոլաստիկոս մը ուզելով բռնել մուկ մը որ յաճախ իւր գրքերը կը կրծէր, մսի կտոր մը խածաւ եւ մկան դէմ նստեցաւ։

 

Սկոլաստիկոս մը պատահելով երկուորեակ եղբայց միոյն, հարցուց դո՞ւ մեռար թէ եղբայրդ։

 

Սկոլաստիկոս մը տուն մը ծախու առաւ եւ պատուհանին առջեւ նստելով կը հարցնէր անցորդաց թէ տունն իրեն կը վայելէ՞։

 

Սկոլաստիկոս մը որ գետէ մը անցնիլ կուզէր, նաւակ մտաւ ձի հեծած։ Մարդ մը հարցուց իրեն թէ ի՞նչ էր նաւակի մէջ ձի հեծնելու պատճառն, եւ նա պատասխան տուաւ, ստիպողական գործեր ունիմ։

 

Սկոլաստիկոս մը լողալ ուզելով պիտի խեղդուէր, ուխտեց մի եւս ջուր չմտնել մինչեւ որ լողալ սովրի։

 

Սկոլաստիկոս մը ուրիշ Սկոլաստիկոսի մը հանդիպելով ըսաւ. լսեցի որ մեռած ես. նա պատասխանեց, բայց կը տեսնես ահա որ կապրիմ։ Եւ Սկոլաստիկոսն կրկնեց, այո, բայց ինձ այդ ըսողն քենէ աւելի վստահութեան արժանի է։

 

Սկոլաստիկոս մը՝ ուզելով սակաւակերութեան վարժեցնել իւր ձին, չէր կարակրեր զանիկա։ Երբ ձին անօթութենէ մեռաւ կըսեր մեծ կորուստ ըրի… զի հազիւ թէ ձիս սակաւակերութեան վարժուեցաւ եւ ահա ապրելէ դադրեցաւ։

 

Սկոլաստիկոսի մը որդին որ պատերազմի համար մէկնելու վրայ էր՝ խոստացաւ իւր հօր բերել թշնամւոյ զլուխ մը։ «Մինչեւ իսկ եթէ առանց գլխոյ վերադառնաս, պատասխանեց հայրն, հոգ չէ՛, բաւ է որ քաջառողջ տեսնեմ զքեզ եւ հրճուիմ։»

 

Սկոլաստիկոս մը, երազին մէջ տեսնելով թէ գամի մը վրայ կը կոխէր, ի զարթնումն ոտքը կը կապէր կարծելով որ ցաւ կզգայ։ Ուրիշ Սկոլաստիկոս մը որ պատճառն իմացաւ փութաց ըսել «Ինչո՞ւ համար բոկոտն անկողին կը մտնես—»

 

Սկոլաստիկոս մը որ իւր դաշտերուն մէջ պտտելու ելաւ, փափագելով հոն գտնուող ջրհորէ մը ծարուն անցունել, կը հարցնէր թէ այդ ջուրն լա՞ւ էր ըմպելու, եւ երբ իրեն պատասխանեցին թէ՛ լաւ է, զի իւր պապերն ալ անկէ կըմպէին, զարմացմամբ ըսաւ «Ի՞նչ երկար պարանոց ունին եղեր որ այսքան խոր ջրհորէ մը կարող էին ըմպելու։»

 

Սկոլաստիկոս մը երկար ժամանակ իւր գրքերն փնտռելով եւ չգտնելով, երբ օր մը հազար կուտէր դիպուածով անկիւն մը դարձաւ եւ տեսաւ որ գրքերն հոն էին։ Յետոյ պատահելով բարեկամի մը որ իւր զգեստներով մէկ զարդն կորուսած էր, ոհ մի վշտանար, ըսաւ իրեն, այլ հազար մը ծախու առ եւ զանիկա ուտելով սանկ անկիւնն դարձիր, դիտէ եւ պիտի գտնես փնտռածդ։

 

Սկոլաստիկոսի մը ըսուեցաւ, այն ջորին որ ինծի ծախեցիր, մեռաւ. Եւ նա պատասխանեց, յանուն Աստուածոց, իմ ծառայութեանս մէջ այդպիսի բան մը չըրաւ։


(An English translation of the Jests is available here).

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians