Շահասէր մարդու նկարագիր

Շահասէր մարդու նկարագիր

 

ի Բազմավէպէ

 

(1849)

 

Շահասիրութիւն ըսելով չեմ իմանար մարդուս իր արդար շահը ըստ տեղւոյն փնտռելը, հապա ան ախտը, որ ուղղակի դէմ է ընկերութեան, որով մարդ չէ թէ միայն առանց իր շահուն բարիք մը չուզէր ընել ուիրշի, հապա նաեւ ուրիշին վնասովը՝ իր շահը կուզէ առաջ տանիլ։ Շահասէր մարդուն համար՝ կարծես թէ ուրիշ մարդ չկայ աշխարհքիս վրայ, ամէն բանի մէջ զինքը կը փնտռէ. զինքը կեդրոն մը կընէ աշխարհքիս ամէն բաներուն, իբրեւ թէ ամէն արարած իրեն համար միայն ստեղծուած ըլլային, ամէնքը իրեն համար ապրէին, աշխարհք կործանի փոյթը չէ, բաւական է որ իր շահն ալ չկորսուի։ Ամէն լեզու կը խօսի, ամէն կերպարան կը մտնէ, իր շահը չփնտռող ալ կը ձեւանայ, բաւական է որ իր բանը առաջ տանի։ Թէ որ մէկէն իրեն օգուտ մը չկայ, անպիտան մարդ է. մէկուն հետ բարեկամութիւն չըներ, թէ որ ծայրէն շահ մը չկայ. իր սրտին յարգն ալ չճանչնար, ոչինչ շահու համար կը ծախէ իր բարեկամութիւնը, իր սիրտը վարձու կու տայ։ Միտքը վաճառանոց մը կը նմանի, շահէն առուտուրէն ուրիշ բան մը չպտտիր մտքին մէջը. թէ որ բարեկամը իրմէ շնորհք մը խնդրէ, ինքը փոխանակ մտածելու թէ կրնա՞յ կամ չկրնար ընելու ան շնորհքը, կը մտածէ թէ ան բարեկամէն կամ ան շնորհքը ընելէն իրեն օգուտ մը կա՞յ թէ չէ, թէ որ կայ ալ՝ շահաւո՞ր առուտուր է ընելու բարեկամութիւնը թէ չէ։

            Այսօր սիրելի կարծուած բարեկամը հարուստ է, քովէն չզատուիր. վաղը աղքատնայ՝ քովը չհանդիպիր. ծաղիկներու քով պտտող մեղուներուն կը նմանի, ծաղիկը թոռմածին պէս մէյմ՝ ալ չի մօտենար։ Այսօր երեսդ չի նայիր, վաղը մեծցիր՝ քեզ տունն ալ կը հրաւիրէ։ Նասրետինին վրայ պատմուածը առանց խելքի չէ, որ երբոր հասարակ զգեստով հրաւիրուած սեղանը գացեր է, բան մը հրամցնող չէ եղած իրեն։ Իսկ երբոր փառաւոր սամոյր մուշտակը հագած գնացեր է ու հրամցնող հրամցնողի վրայ եղեր են, ինքն ալ մուշտակին կը հրամցնէ եղեր։ Յաւանակն ալ երբոր հարսնիքի հրաւիրեր են, խելքով ըսեր է որ՝ կամ ջուրերնին պակաս է կամ փայտերնին։

            Շահասէր մարդուն սէրն ու բարեկամութիւնը ուրիշ բան չէ, բայց ինքը զինքը սիրել. շահու ու սիրոյ համար եղած բարեկամութիւններուն տարբերութիւնը թէ որ կուզես իմանալ, անկէց իմացիր որ ճշմարիտ սիրողը՝ զինքը բարեկամին կը յարմարցնէ, իսկ շահասէր մարդը իր բանին յարմար բարեկամ կը փնտռէ. ու թէ որ իր շահը անանկ բերելու ըլլայ, բարեկամութիւնն ալ կը ձգէ. անոր համար բարեկամութեան փորձաքար կը կոչուի շահը։ Անձնասիրութեան համար կըսեն իմաստունները՝ որ անդունդ մըն է, որչափ խորը մտնես, դեռ յատակը չես հասնիր. բայց շահասիրութիւնն ալ անձնասիրութենէ վար չմնար, ու անկէց չզատուիր. վասն զի բաց ի նիւթական շահէն՝ ուրիշ ամէն կիրք ալ իր մասը ունի շահասէր մարդուն գործողութեանցը մէջ։ Մէկուն բարիք մը կընէ, որպէս զի անոր ներհակ եղող մարդուն դէմ ընէ. ողորմութիւն մը չըներ՝ ուր որ ուիրշները չեն տեսներ. Առաքինութիւն մը չըներ՝ թէ որ անկէց իրեն գովութիւն մը չգայ։ Այսօր հաւասար վիճակի բարեկամդ է, քեզ կը բարեւէ, քեզի հետ կը պագտուի. վաղը մեծցածին պէս՝ իրեն անարգութիւն կը սեպէ զքեզ ճանչնալը. թէ որ զինքը բարեւես, քովիններուն կը հարցնէ որ զինքը բարեւողը ո՛վ է։ Ի՞նչպէս կուզէս որ քեզ ճանչնայ, երբոր մեծցածին պէս՝ զինքն ալ չճանչնար։ Թէ որ իրմէ ուրիշը գովելու ալ ըլլայ, իր մարդ ճանչնալը երեւցնելու, ու իր ճանաչողութեանը գովեստ ընդունելու համար է։

            Շահասիրութիւնը ան տարերքներուն պէս է, որ ամէն բաղադրութեան մէջ կը գտնուին. իր շահը չփնտռելը առաքինութիւն մըն է՝ որ խիստ քիչ կը գտնուի, այնպէս որ՝ թէ որ յանկարծ մէկուն վրայ երեւնայ, գէթ առջի բերանը կամ կեղծաւորութիւն եւ կամ վատութիւն կը կարծուի։ Ասանկ ալ իր շահը փնտռելը մարդկանց մէջ հասարակ բան մըն է. անոր համար մարդուս մեծ գովութիւններէն մէկն է՝ շահասիրութենէ վեր ըսուիլը։ Որչափ որ անխելք մարդ ըլլայ, իր շահին եկածին պէս՝ խորագէտ կըլլայ. թէ որ չես կրնար բանի մը մէջ իր կարգէ դուրս խելք բանեցնելուն պատճառը մակաբերել, իմացիր որ մտածած բանին մէջը մասնաւոր շահ մը ունի։ Շատ անգամ խորագէտ մարդկանց ալ յայտնի բան մը չմտածելնին՝ անոր դէմ շահ մը ունենալնէն առաջ կու գայ. անոր համար շահասիրութիւնը կոյր կը կոչուի. Շատ անգամ ալ մանր մունր շահերու ետեւէ ըլլալով՝ իր գլխաւոր շահը կը կորսնցնէ։

            Վերջապէս շահասէր մարդը իր առաքինութիւններն ալ, ուրիշի բարիք ընելն ալ, աճուրդքի հանելու պէս կընէ. ուր որ աւելի շահ կը գտնէ, հոն կը բանեցնէ. ո՛վ որ աւելի գին կու տայ՝ անոր կը ծախէ. ասանկով շահասիրութիւնը կըլլայ ծով մը՝ որուն մէջը իր ամէն ըրած բարիքը՝ ամէն առաքինութիւնները գետերու պէս կը խառնուին ու կը կորսուին։ Կը տեսնես բարեկամ մը քեզի ուրախակցութեան կու գայ՝ աղջիկդ մեծ մարդու հետ տեղաւորելուդ համար. ետեւէն տեսնես որ փեսադ խնդիրք մը ունի եղեր։ Գլուխդ ողջ կենայ ըսելու կու գայ, հօրդ մահուանը վրայ զքեզ մխիթարելէն ետքը, մնաս բարով ըսելով ատենը՝ գիտնաս որ հայրդ ինծի քսան ղուրուշ պարտք ունէր, մուրհակը քովս է կըսէ. միտքէդ ի՞նչ կըսես, մխիթարելո՞ւ համար եկած է, թէ իր ստակը ողջնցնելու։ Շնորհաւորութեան գիր մը կը գրէ քեզի. Ինչէ՞ն միտքը ինկեր եմ կըսես, ու կը զարմանաս. մէյմըն ալ յետ գրութեանին մէջը կիմանաս որ ծառայութիւն մը ունի եղեր յանձնելու։

            Սրտի փափկութիւն ու զգացմունք չունենալէն առաջ կու գայ աս պակսութիւնը. մէկ զգայուն մարդու մը ուրիշներուն բարիք ընելէն մեծ զուարճութիւն չկրնար ըլլալ։ Մարդս ինչպէս իր տրտմութիւնը ուրիշի հաղորդելով՝ կը քիչցնէ, անանկ ալ իր երջանկութիւնը կաւելցնէ՝ բարեկամին ալ անկէց բաժին հանելով։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians