Ծոյլ մարդու նկարագիր

Ծոյլ մարդու նկարագիր

 

ի Բազմավէպէ

 

(1848)

 

Ծուլութիւնը գործելու ատելութիւն մըն է. ծոյլ մարդը կարծես թէ իր երջանկութիւնը գործք մը չընելու վրայ դրած է։ Մարդուս վրայ տեսնուած հակասութիւններուն մէկն է աս ախտը. մէկ դիէն կուզէ երկայն ապրիլ, մէկալ դիէն անգործ կը կենայ, որ նոյն է թէ քիչ ապրէր։ Մարդուս երկայն ապրիլը իր ժամանակը բանեցնելէն կը կախուի. Ինչպէս մարդս իր կեանքը կերկնցնէ ժրութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ, ասանկ ալ իր կեանքը կը կարճեցնէ պարապորդութեամբ։ Ծոյլը կը սպաստէ որ օրերը անցնին, չմտածեր որ օրերը անցնելով՝ մահը կը մօտենայ. ապրիլ կուզէ, ու իր մահուան մօտենալը կը բաղձայ։ Աշխարհիս մէջ բան մը չկայ որ մերն ըլլայ՝ բաց ի ժամանակէն. ծոյլը անկէց ալ զինքը կը զրկէ՝ պարապ անցնելով իր ժամանակը. անոր համար ամէն շռայլութենէ աւելի ողբալի է մարդուս իր ժամանակը մսխելը։

            Ծուլութիւնը մարդս նոր կերպ դիակ մը կը դարձնէ. Մարմին մըն է որ կը շարժի ու չշարժիր. Գրեթէ ողջ ողջ թաղուածի պէս է։ Աւելի դիւրին է գործք մը ինքնիրենդ ընես՝ քան թէ իրեն ընել տաս։ Գործք մը դիր իրեն, աշխարհիս ընդդիմութիւնները կը պատճառէ. Ամէն բան իրեն համար դժուար է. տեղ մը խրկէ, ճամբան առիւծները գրաւեր են կըսէ։ Կարելի ըլլայ՝ առտուանց անկողնէն չելլեր. Կարելի ըլլայ՝ քայլ մը չառներ, կարծես որ անդամալոյծ մըն է։ Հետը խօսելու ատենդ՝ շարունակ կը յօրանջէ. գիրք մը կարդացնես՝ թղթերը կը դարձնէ, կը նայի որ գլուխը ո՛ւր կը լմննայ։ Հարկաւոր բան մը ուզես, հիմա ո՛վ ելլէ բերէ պիտոր կըսէ. կամ հա՛ հիմա կը բերեմ ըսելով՝ կը դանդաղի որ ուրիշ մը իրմէ առաջ շարժի ու բերէ։ Ամէն բանէ ձանձրացածի մը պէս է. կարծես որ կեանքէն ալ ձանձրացեր է։ Ժիր ու գործունեայ մարդ մը տեսնէ՝ ի՞նչ թեթեւսոլիկ արտորացող մարդ է, ծանրութիւն չունի, կըսէ. իր ծուլութիւնը ծանրութիւն կը սեպէ։ Բան մը յանձնէ իրեն, վաղն ալ կրնամ ընել ըսելով՝ չըներ. կը կարծէ որ վաղուան օրը ծուլութիւն չունենայ պիտի. գործք ունիմ ըսելու ըլլաս, գործքերը գերեզմանը կը լմննան, քիչ մը հանգչիլ պէտք է ըսելով՝ քեզի աղէկ ծուլութեան գովասանք մը կընէ։ Խցին մէջ եղած բանը՝ դրսէն մարդ կը կանչէ որ գայ իրեն տայ։ Տանը մէջ իշամեղուի մը կը նմանի, ուրիշներուն շինած մեղրը կուտէ. կարծես թէ իրեն արտօնութիւն մը տրուած է որ ուրիշները իրեն համար աշխատին ու ինքը իր հանգիստը փնտռէ։

            Ծուլութիւնը չէ թէ միայն ինքը ախտ մըն է, այլ եւ շատ ախտերու մայր ու դայեակ. ծոյլ մարդը իր բնութեան ախտերը կը մշակէ ու կը դարմանէ։ Գործունեայ մարդկանց յաջողութիւնը՝ ծուլին անկարելի կերեւնայ. անոնց առաջ երթալը բախտ կը սեպէ. չգիտեր որ բաղդին աջ ձեռքը գործունէութիւնն է, ձախը խելք։ Կը նախանձի դրացիին վրայ որ իրմէ աղէկ կուտէ ու կը հագնի. չմտածեր թէ անոր բանի գործի գացած ատենը՝ ինքը կամ կը պառկի կամ խաղի հետ է։ Խելք ալ բանեցնել չունի. վասն զի մարմնոյն ծուլութիւնն ալ աւելի մարդուն միտքը կը ծուլացնէ. մարդուս միտքը բանալի մը կը նմանի, ծուլութիւնը իրեն ժանգն է. թէ որ բանեցուի, կը փայլի. Թէ չէ, ժանգոտութենէն անգործելի կըլլայ։ Ըսելու ըլլաս իրեն որ քիչ մը ժրացիր, ատանկով չես կրնար պարտքերդ վճարել, պատասխան կու տայ որ եթէ չկարենամ վճարել՝ թող պարտատէրս մտածէ։ Պարտքը կտրիճին մտրակն է կըսէ Տաճկի առակը, բայց ծուլին համար չէ. ծոյլը պարտք մը թէ որ ունենայ, ինչպէս պիտի վճարեմ ըսելով՝ յուսահատութենէն տասն ալ վրան կաւելցնէ. պարտքը պարտքի մակարդ կըլլայ, տասը դահեկանը՝ հարիւր կըլլայ, հարիւրը հազար, պարտք պարտքի վրայ կը դիզուի, ինքն ալ տակը կը մնայ։ Տունը զարդարելու տեղ՝ կը մերկացնէ, թէ որ չծախսէ. հայրենական ժառանգութիւնը մսխելով կը սկսի, մուրացկանութեամբ կը վերջացնէ։

            Վերջապէս ծուլութիւնը մարդս բնութենէ դուրս կը հանէ. ամէն արարած իրենց պաշտօնը կընեն, միայն ծոյլը աշխարհիս մէջ ամենէն անպիտանն է։ Թէ որ յաւանակը մի անգամ մըն ալ լեզու ելլէր, մարդկանց դէմ առջի բողոքը ան կըլլար որ ծոյլ մարդիկը ձգեր ու զինքը կը ծեծեն՝ գործունէութիւն սորվեցնելու համար. բայց յաւանակին խօսելու կարօտութիւն չկայ. մարդուս մտքին չէ թէ միայն անաստունները, հապա նաեւ անշունչ արարածք խրատիչ են. անոր համար սուրբ գիրքը ծոյլ մարդը մրջիւնին ոտքը կը խրկէ, որ ծուլութիւնը թողու, ու անոր օրինակովը գործուէութիւն սորվի։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians