Ճշմարիտ Քրիստոնեայ

Ճշմարիտ Քրիստոնեայ

 

ի Բազմավէպէ

 

(1848)

 

Մէկ ճշմարիտ քրիստոնեայ մը աշխարհիս ամէն բանէն մեծ ու զարմանալի է։ Իր սրտին տէր ըլլալով, փառաւոր իշխանութիւն մը կը վարէ իր անձին վրայ. միշտ հաւասար կը բռնէ ինքզինքը, կիրքերը կը սանձէ ուզածին պէս, յաջողութեան մէջ խոնարհ, ձախորդութեան մէջ կտրիճ, վշտաց մէջ զուարթ, խռովութեան մէջ խաղաղ, ատելեացը հետ հաշտ, թշնամեաց թշուառութեանը վրայ կարեկից, ըսածը ըսած, խոստմանը վրայ հաւատարիմ, բարեկամութիւնը անկեղծ ու հաստատուն, իր պարտքը ընելու համար ամէն բան աչքը առած, հարստութեան աչք չունեցող, պատուոյ ետեւէ չեղող, գերաշխարհիկ միտք, ազնուական դիտաւորութիւն, ու բոլոր աշխարհս հող ու մոխիր սեպող. ասկէց մեծ ի՞նչ կրնայ ըլլալ։

            Փիլիսոփաները ախտը ախտով, կիրքը կիրքով կը յաղթէին. աշխարհք կարհամարհէին՝ զարմանալի ըլլալու փառաւորուելու համար. իմաստութեան փառքը քան թէ իմաստութիւնը կը փնտռէին. Մոլութիւնները կը կործանէին՝ անոնց աւերակին վրայ աւելի վտանգաւոր մոլութիւն մը կանգնելու համար, որ էր ամբարտաւանութիւն. Նաբուգոդոնոսորի պէս՝ ուրիշ կուռքերը կը կործանէին, անոնց վրայ իրենցը կանգնելու համար՝ որպէս զի աշխարհք իրենց երկրպագութիւն ընէ։

            Իսկ քրիստոնեան իր առաքինութենէն ալ բարձր է. իր սրտին մէջ աւելի զարմանալի ու մեծ է քան թէ դրսուանց։ Կը ներէ առանց հպարտութեան. իր շահը չփնտռելը՝ դրսուանց չերեւցներ. Կիրքերը սանձելուն համար չսնափառիր. իր առաքինութիւնները բանի տեղ չդներ. կամաչէ անոնց վրայ աւելի քան թէ գէշ մարդ մը իր ախտերուն վրայ. անոնց համար փառաւորուիլ չփնտռելէն զատ, կը ծածկէ զանոնք իբր թէ մոլութիւն ըլլային։

            Իր առաքինութիւններուն վախճանը ուրիշ բան չէ՝ բայց եթէ Աստուծոյ սէրը, իբր թէ աշխարհիս վրայ մարդ չըլլար զանոնք տեսնող։ Ու իրաւ, շատ առաքինութիւններ առանձին՝ մանաւանդ թէ սրտին մէջ միայն կը գործէ, մարդ չտեսներ, միայն Աստուած ու ինք գիտէ զանոնք. անանկ որ՝ եթէ ան առաքինութիւնը չուզէր գործելու, իր անուանը մէկ վնաս մը չէր հասներ, գործելովն ալ օգուտ մը չըլլար. անոր համար ո՛րչափ իր ըրած առաքինութեանը մարդկային շարժառիթ չտեսներ, այնչափ աւելի մէկ սուրբ վստահութիւն մը կառնէ Աստուծոյ շնորհացը մէջ գտնուելուն։

            Ըրածը չնայիր, ընելիքին կուտայ միտքը. ունեցած առաքինութիւններովը գոհ չէ, չունեցածը կը փնտռէ. մէկ սուրբ ագահութիւն մը ունի արդիւնք վաստակելու. որչափ ալ վաստակի, աւելի կը տեսնէ իր կարօտութիւնը։ Իր կեանքը կատարեալ ճամբորդի մը ուղեւորութեան կը նմանի. խելքը միտքը հասնելու տեղն է. աշխարհս պանդոկ մը կը համարի, ուր որ մէկ իրիկուան մը համար կեցած ըլլար՝ հետեւեալ օրը ձգել երթալու համար։ Ուստի իր ունեցածը աս պանդոկիս մէջը չդիզեր, հապա իր հայրենիքը՝ ուր որ հաստատուն պիտի ըլլայ իր բնակութիւնը. ամէն գանձը հոն կանցնէ. թէ որ ստակով չկրնար անոնց օգնել, գթով կօգնէ. հիւանդին հետ հիւանդ կըլլայ, տրտումին հետ տրտում. կարելի ըլլայ՝ աղքատէն ալ կը ծածկէ ըրած բարիքը, զինքը չամչցնելու համար. կարելի ըլլայ՝ իրմէ ալ կը ծածկէ, ձախ ձեռքին ըրածը աջ ձեռքին չիմացներ. մարդկանց առջին ծածկուիլ կը փնտռէ, որ Աստուած միայն տեսնէ իր ըրածը։

            Անանկ բան մըն է ճշմարիտ քրիստոնէին առաքինութիւնը, որ չհաւտացուիր. երեւելի փիլիսոփաներ, որ մարդուս սիրտը քննելով՝ ամէն գործողութեանցը յորդոր իր շահախնդրութիւնը համարեցան, եղջերուաքաղ կը կարծեն աս նկարագիրը։ Իրաւ՝ թէ որ Աստուծոյ շնորհաց զօրութիւնը չըլլայ յորդոր մարդուս առաքինութեանցը, անհնարին կըլլայ գտնել ասանկ մարդ մը։ Փնտռէ՛ բոլոր աշխարհիս վրայ, չես կրնար գտնել ասկէց մեծ բան։ Արտաքին իմաստասիրութիւնը երեւակայեց միայն ասանկ մարդ, քրիստոնէութիւնը անոր իրականը ցուցուց։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians