Նախանձոտ մարդու նկարագիր
Նախանձոտ մարդու նկարագիր
ի Բազմավէպէ
(1848)
Նախանձը տրտմութիւն մըն է ուրիշի բարւոյն վրայ, ատելութիւն մը ուրիշի յաջողութեանը դէմ։ Հաւասար ատիճանի մէջ աւելի կ’ըլլայ. վասն զի մարդս իրմէ խիստ վար կամ խիստ վեր եղողին վրայ հասարակօրէն չնախանձիր. Ուստի Բրուտը բրտին կը նախանձի կ’ըսէ առակը։ Ոչ մարդս հրեշտակներուն կատարելութեանցը, եւ ոչ գեղացի մը թագաւորին մեծութեանցը կը նախանձի. այլ ինչպէս բոց մը իր մօտերը միայն կ’այրէ, ասանկ ալ նախանձը իր հաւասարներուն վրայ կը պտտի, անոնց առաջ երթալը իրեն ետ մնալ կը սեպէ, անոնց փառքի մը հասնիլը՝ իրեն անարգութիւն. Մէկը պարգեւ մը առնէ, կարծես որ իր ձեռքէն կը յափշտակէ. մէկը սիրելի ըլլայ, կարծես որ ինքը ատելի կ’ըլլայ, մէկը հարստանայ՝ կարծես որ ինքը կ’աղքատանայ. վերջապէս ուրիշ մարդիկ իրենց ու իրենց սիրելեացը թշուառութեամբը կը տանջուին, իսկ նախանձոտը՝ ուրիշի բարիքովը։
Ամէն կիրք պատճառանք մը կրնայ ունենալ ներելի ըլլալու. իսկ նախանձը ամենեւին պատճառ մը չունի, բոլորվին սրտի չարութենէն առաջ կու գայ. ինչո՞ւ ուրիշը անուն պիտի ունենայ, ինչո՞ւ ուրիշը հարուստ պիտի ըլլայ, ինչո՞ւ ուրիշին բանը յաջող պիտի երթայ ըսելով՝ ինքը զինքը կ’ուտէ, ինքն իր կրքին էշ նահատակը կ’ըլլայ. ուրիշէ բան մը չկրած՝ կը տանջուի, ուրիշի բարիքը՝ իրեն լեղի թոյն կ’ըլլայ. անանկ որ ուրիշին ձեռքով բարիք մը ըլլալն ալ չուզէր, իր ազգին փառաւորուիլն ալ տեսնէ ուրիշի ձեռքովը՝ ուսկից ինքն ալ կը փառաւորուի, յանձն կ’առնու ազգին վնասը՝ որպէս զի ուրիշին ձեռքովը չըլլայ եղած բարիքը. Գրեթէ արեւուն ծագիլը չուզէր, թէ եւ իրեն ալ հարկաւոր է անոր լոյսը։ Իր ազգն ալ կը կործանէ՝ թէ որ հարկ ըլլայ՝ ուրիշը իրմէ վեր չտեսնելու համար։ Սաւուղ [Saul] թէ որ Դաւթի չնախանձէր, Փղշտացիք [Philistines] չէին յաղթեր, ինքն ալ չէր սպաննուեր։
Նախանձոտին կիրքը անանկ անարգ կիրք մըն է, որ ինքն ալ ճանչնալով կը ջանայ ծածկելու. վասն զի ուրիշի կատարելութեանցը վրայ նախանձիլը՝ խոստովանիլ մըն է որ ինքն ան կատարելութիւնները չունի. անանկ որ կատարելութիւն մը կամ արդիւնք մը ունենալը՝ նախանձոտին աչքին յանցանք մը կ’երեւնայ. ո՛վ որ կը փայլի՝ ատելի կ’ըլլայ իրեն։ Թէ որ կ’ուզես նախանձոտին հաճոյ ըլլալ՝ պէտք է որ ամէն կատարելութիւններէ հրաժարիս. վասն զի իրմէ պակասաւորները միայն կը սիրէ, ու զանոնք կը գովէ։ Ասանկով նախանձոտին ախորժած աշխարհքը՝ նոր տեսակ աշխարհք մը կ’ըլլայ. մարդիկ երթալով կատարելութիւննին աւելցնելու տեղը՝ պէտք կ’ըլլայ որ պակսեցնեն, որպէս զի իրենց առջին եղած մարդկանց հաճոյ ըլլան։
Ամէն մարդկային չարութիւններէն կրնաս խալըսիլ. նախանձին ձեռքէն խալըսլիը շատ դժուար բան է. ըսել է որ կամ թշուառ ու անպէտ մարդ մը պիտոր ըլլաս, կամ պիտանութիւնդ ու յաջողութիւններդ ծածուկ պիտի պահես։ Արդիւնք մը կամ պարծանք մը ունենալուդ պէս, նախանձը անկէց կը բուսնի. ինչպէս արեւուն մէջ քալողին հետ հարկաւորապէս իր շուքը կ’երթայ՝ ասանկ ալ փառքի մէջ քալողին զուգընթաց է նախանձը։ Թէ որ պարծանքդ չկրնայ ալ արգելուլ՝ գոնէ աւրելու կը ջանայ. բարեպաշտութիւնդ կեղծաւորութիւն կը սեպէ, քաջութիւնդ՝ բաղդ, բարի անունդ՝ ռամկին սխալ կարծիքը, հայրենասիրութիւնդ՝ քեզ բանի բերել տալու արուեստ մը։
Բարեսէր մարդը ուրիշի վրայ ինչ եւ իցէ բարիք մը տեսնելու որ ըլլայ՝ կ’ուրախանայ. իսկ նախանձոտին երեսին վրայ կապոյտ գոյն մը կայ միշտ, մարմնոյն վրայ հալումաշ, աչքը ուրիշին բարեացը վրայ ոչ երբէք շիտակ կը նայի, ճակատը մտածմունքի մէջ՝ թէ ինչպէս կրնայ արգելուլ ուրիշի բարիքը, սիրտը թոյնով լի, լեզուն ալ անոր լեղիովը կանաչցած. ծաղր չկայ երեսը, թէ որ ժպտալու ալ ըլլայ՝ ուրիշի չարեացը վրայ է. քունը հանգիստ չէ, հոգերով կը տապլտկի՝ ուրիշներուն յաջողութիւնը իրեն տանջանք ընելով։ Թէ որ անոնց յաջողութիւնը՝ իրեն ձախորդութեան պատճառ մը ըլլայ, ներելի էր. բայց նախանձոտինը՝ ան ալ չէ, հապա կ’ուզէ որ ուրիշի վրայ բարիք մը չտեսնէ, կ’ուզէ որ ամէնքը իրմէ թշուառ, իրմէ անմիտ, իրմէ անարգ ըլլան. ըսել է որ աշխարհիս մէջ արդէն եղած թշուառութեանցը գոհ չէ, կ’ուզէ որ աւելի թշուառութեամբ լի ըլլար աշխարհս։ Հեթանոսներուն առասպելները շատ անգամ խելացի իմաստներ ունին. Արամազդ նախանձոտի մը հրամմեր է անգամ մը որ խնդրէ՝ ինչ որ կ’ուզես կու տամ, բայց աս պայմանով որ ի՛նչ որ քեզի տալու ըլլամ՝ անոր կրկինը պիտոր տամ քու ընկերոջդ։ Նախանձոտը որպէս զի իր ընկերը իրմէ աւելի բան չունենայ, խնդրեր է որ մէկ աչքը կուրնայ, որպէս զի ընկերը երկու աչքէն ալ զրկուի։
Բայց հեթանոսաց առասպելներուն կարօտ չենք՝ նախանձին չարութիւնը իմանալու համար. Մեր սուրբ հաւատքը մեզի կը սորվեցնէ որ աշխարհիս ամէն չարիքը նախանձէն առաջ եկաւ։ Մահը՝ որ քան զամէն չար մեծագոյնն է՝ Աստուծմէ չեղաւ կ’ըսէ Սողոմոն Իմասունը. «Զի Աստուած զմահ ոչ արար» [Իմաստ. 1:12]. Վասն զի զմեզ իրեն պէս անմահ ըրաւ. «Հաստատեաց զմարդն յանեղծութեան ի պատկեր իւրոյ բարերարութեանն» [Իմաստ. 2:23]։ Հապա ի՛նչպէս աս դահճին ձեռքն ինկանք. Սատանային նախանձելովը՝ որ չըլլայ թէ իրեն կամօք կորսնցուցած բարիքը մենք ունենանք. «Նախանձու բանսարկուին եմուտ մահ յաշխարհ» [Իմաստ. 2:24]։ Ուրեմն որչափ որ բարեսէր մարդը ուրիշին բարիքը ուզելով՝ Աստուծոյ նման կ’ըլլայ, ասանկ ալ նախանձոտը ուրիշին բարեացը արգելք ըլլալով՝ սատանային նման կ’ընէ ինք զինքը։
Comments
Post a Comment