Բամբասող մարդու նկարագիր
Բամբասող մարդու նկարագիր
ի Բազմավէպէ
(1849)
Բամբասանքն է ուրիշի վրայ գէշ խօսիլ, թէ՛ տկարամտութենէ առաջ գայ եւ թէ չարասրտութենէ։ Չարասրտութեամբ բամբասողներէն աւելի են անոնք՝ որ ուրիշը կը բամբասեն՝ զիրենք ան պակասութենէն հեռու ցուցնելու համար, կամ ուրիշ խօսք չունենալով բերաննին՝ զբօսանքի համար բամբասանք կ’ընեն։ Կան շատեր որ բամբասանքը խօսքին համեմը ու աղ պղպեղը կը սեպեն. անանկ որ՝ թէ որ մէկը խօսակցութեանը մէջ մէկուն մէկալին անուանը դպչելու խօսք չխառնէ, համ հոտ չկայ խօսածին մէջը, կ’ըսեն։
Կան մարդիկ որ երկու խօսքերնուն մէկ Բամբասանք չըլլայ կ’ըսեն, ու ետեւէն բամբասանք մը կ’ընեն. Բամբասանք չըլլայ՝ բայց ան մարդուն խօսքին հաւտալ չըլլար կ’ըսեն, ու խեղճ մարդը ստասաց կ’ընեն. Բամբասանք ընել չեմ ուզեր՝ բայց չեմ գիտեր որ ան մարդը ի՛նչպէս շուտով մը հարստացաւ կ’ըսեն, ու խեղճ մարդը գող կ’ընեն. Ամէնքնիդ գիտէք, ըսելս բամբասանք չըլլար, ան մարդը ագահին մէկն է կ’ըսեն. ու թէ որ երկու մարդ գիտէր անոր ագահութիւնը՝ ամենուն առջին խեղճ մարդուն անունը կը կոտրեն։ Ուրիշ վարպետ կերպ մըն ալ ունին բամբասողները լռութեան ձեւով ամէն բան իմացնելու. Ան մարդն ալ շատ աղէկ մարդ է, բայց… կ’ըսեն ու կը թողուն. գնա ի՛նչ որ կ’ուզես իմացիր ան բայցէն. ի՛նչ չար բանի վրայ էր խօսակցութիւնը՝ ան բանին տէր կ’ընեն խեղճ մարդը։
Բամբասողը ընկերութեան մէջ ուրիշներուն ալ պատճառ կ’ըլլայ բամբասանքի. գորտերու ու ճպուռներու կը նմանի, որոնց մէկը սկսածին պէս կռկռալու կամ ճրճռալու՝ ամէնքն ալ ետեւէն կը սկսին։ Ո՛ր խեղճին անունը բերան առնելու ըլլան՝ փետտած հաւ կը դարձնեն. Ու հասարակօրէն աղէկ մարդկանց անունը կը ծամծմուի. վասն զի ինչպէս թռչունները պտուղին հասունը ու ամենէն ընտիրը կը կտցեն, բամբասողներուն սովորութիւնն ալ աս է, աւելի աղէկ ու արդիւնաւոր մարդկանց վրայ գէշ խօսիլ։ Անոր համար Ռիշլիէօ կարդինալը մէկուն վրայ բամբասանք լսելու որ ըլլար, կ’ուզէր ան մարդը տեսնել, Հարկաւ մեծ աղէկութիւններ պիտի ունենայ որ այդչափ կը բամբասուի, ըսելով։ Աստուած մարդկանց լեզու տուեր է՝ մէկմէկու հետ կապակցութիւննին աւելցնելու համար. բամբասողը մարդիկ մէկմէկէ կը բաժնէ՝ մէջերնին խռովութիւն ձգելով։
Շատ անգամ բամբասողը՝ Ուրիշէն ասանկ լսեցի կ’ըսէ. որպէս զի սուտ որ ելլէ ըսածը, կամ ծայրէն վնաս մը ելլելու ըլլայ, ինքը ազատի. Բայց միշտ ինքն ալ պատմածին վրայ բան մը կ’աւելցնէ. ինչպէս ջուրը ի՛նչ խողովակի մէջէն անցնի՝ անոր հոտը կ’առնէ, ասանկ ալ բամբասանքը բերնէ բերան անցնելով՝ ամենուն կրքէն մէյմէկ քիչ բան կ’առնէ։ Մէկը ան մարդուն վրայ կը նախանձի, կ’ուզէ անոր բաները վար զարնել, ինչ որ նախանձը կը թելադրէ՝ կ’աւելցնէ վրան. մէկալը ան մարդուն հետ ոխ ունի, ուրիշ կերպով ոխը չկրնար առնել, ինչ որ ոխը կը թելադրէ՝ կ’աւելցնէ վրան. ասանկով որչափ բերնէ բերան անցնի, այնչափ կը մեծնայ բամբասանքը։
Բամբասանքը ինչպէս որ տկարամտութենէ եւ կամ չարասրտութենէ առաջ կու գայ, այսպէս ալ կամ մտքի տկարութեան կամ սրտի չարութեան նշան է. բայց աս տարբերութեամբ՝ որ չարասրտութեամբ բամբասողը իր կիրքն ալ կը յայտնէ, ու իրեն ալ չարաչար կը վնասէ. մեղուի կը նմանի, որ ուրիշը խայթած ատենը, իր խայթոցը վէրքին մէջը կը թողու, ու իր կեանքը կը կորսնցնէ։ Բամբասողին ըսածը ախորժելի ալ ըլլայ մարդկանց, ինքը միշտ ատելի է. մէկուն համար բամբասող է որ ըսես, ամէնքը կը խրտին անկէց. մարդուս մեծ գովեստներուն մէկն է՝ բերանն ու ականջը գոց ըլլալը բամբասանքի։ Իմաստուններուն մէկը շատ անգամ իր բարեկամին սեղանը գտնուելով, ու կերակուրներուն գէշութենէն ի զատ ամէն անգամուն բամբասանք լսելով, օր մը դարձաւ տանտիրոջը ըսաւ. Չոր հացով ուրիշներուն միսը ուտելէն ձանձրացայ։
Comments
Post a Comment