Հպարտ մարդու նկարագիր

Հպարտ մարդու նկարագիր

ի Բազմավէպէ 

(1848) 

Հպարտութիւն ըսելով հոս չենք իմանար եօթը մահուչափ մեղքերուն մէկը՝ որ ուղղակի Աստուծոյ դէմ է, այն մեղքն որ հրեշտակները սատանայ ըրաւ, ու մարդս սատանայի արբանեակ կ’ընէ. անիկա ինքիրեն յայտնի է ի՛նչ գէշ ախտ ըլլալը։ Այլ կ’իմանանք հոս այն անկարգ անձնասիրութիւնը՝ որ ուրիշներէն աւելի իրաւոնք մը իրեն կը սեփականէ, իբր թէ անոնցմէ վեր արարած մը ըլլար, ու իր պատիւը անկարգ կերպով կը փնտռէ։ Աս ախտս ատելի կ’ընէ զմարդ՝ ուրիշներուն անձնասիրութեանը դպչելով. ծիծաղելի ալ կ’ընէ՝ ցուցնելով իր քիչ խելք ունենալը։ 

    Ենթադրենք մէկ հպարտ մարդ մը, որ կատարելութենէ զուրկ ալ չըլլայ. անկէ ատելի ու ծիծաղելի ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ Թէ որ ընկերութեան մէջ մտնէ, եսով կը սկսի խօսքը՝ եսով կը լմնցնէ. ես աղէկը գիտեմ, իմ ըսածս է, ինծի հարցուր, իս դեռ չես ճանչցեր, ինծմէ աղէկ չգիտնաս. վերջապէս եսին ամէն հոլովները սերտ կ’ըլլաս իր խօսքերէն։ Ի՛նչ կատարելութեան վրայ խօսք ըլլայ, զինքը օրինակ կը բերէ. ի՛նչ պակասութեան վրայ խօսք ըլլայ, ինքը զինքը դուրս կը հանէ, փա՜ռք Աստուծոյ որ ես ատ պակասութիւնը չունիմ կ’ըսէ։ Ուրիշ ախտերը սովորաբար ախտերու հետ կ’ընկերանան, իսկ հպարտութիւնը առաքինութեանց հետ ալ կ’ընկերանայ, ու անոնց շնորհքը կը տանի. լեցուն երես մը իր շնորհքը ունի, բայց ուռածը տգեղ է. հպարտութիւնը առաքինութիւններուն ուռեցքն է՝ որ կը տգեղացնէ զանոնք։ Իսկ հպարտ մը թէ որ կատարելութիւն մըն ալ չունի, ուռեցուցած տիկ մը կը նմանի, որ օդը պարպելուդ պէս՝ կաշիի կտոր կը մնայ։ 

    Իր ցեղին վրայ կը պարծի, որ առաքինութիւն մը չէ՝ այլ առաքինի ըլլալու պարտք. անանկ որ՝ եթէ ցեղին համեմատ առաքինութիւն չունենայ, իր ցեղին ազնուականութիւնը իր վրայ կը դադրի. բայց ինքը կը խնդայ հասարակ ցեղէ եղողներուն վրայ, որ շատ անգամ քան զինքը աւելի արժանաւորութիւն ունին։ Իր հարստութեանը վրայ կը հպարատանայ, որ մտաց կատարելութիւններուն ու առաքինութեանց հետ եւ ոչ կրնայ բաղդատուիլ. չգիտեր որ առաքինութիւն չունեցող հարուստը՝ ոսկի բեռնաւորած գրաստի մը հետ հաւասար է։ Իր իշխանութեանը վրայ կը հպարտանայ, ամէն զուրցածը պատգամի տեղ կ’ուզէ որ առնես. պատճառը հարցնել չըլլար, պատճառը իմ հրամայելս է կ’ըսէ։ Շնորհք մը ընելու համար հազար աղաչանք կ’ուզէ, թէ որ ոտքը չիյնաս՝ խնդիրքդ չլսեր. կարծես որ ականջը ոտքին վրայ է։ Իշխանութեան հասնելուն պէս՝ վարի աստիճանի բարեկամները բարեւելը ամօթ կը սեպէ, չճանչնալ կը ցուցնէ զիրենք. բարձր տեղ մը ելլողի պէս՝ վարը կեցողները պզտիկ կ’երեւնան աչքին. չմտածեր որ վարը կեցողներուն ալ ինքը պզտիկ կ’երեւնայ։ Մէկու մը չհաւնիր, թէ որ քիչ մըն ալ հաւնի՝ իր կարծեացը յարմար խօսելու համար է. իր կարծիքը կը սեպէ կանոն ուրիշներուն խելքը չափելու. ո՛վ որ իր կարծեացը դէմ մտածէ կամ խօսի, որչափ ալ իրաւունք ունենայ՝ անխելք է իր առջին. վերջապէս իր խելքին միայն կը հաւնի, ու Աստուծոյ փառք կու տայ ան բանին համար՝ որ չունի։ Յանկարծ մէկ ուրիշը իր չմտածածը զուրցէ, մտքէս անցաւ՝ բայց չզուրցեցի կ’ըսէ. միշտ անանկ կը հանդիպի որ խելացի խորհուրդները ու խօսքերը ուրիշը իր բերնէն կ’առնէ։ Թէ որ գովելի բան մըն ալ տեսնէ, ես ալ կրնայի ընել՝ բայց չըրի կ’ըսէ. կամ թէ որ շատ խոնարհութիւն ընել ուզէ, ես ըլլայի՝ սա ալ սանկ կ’ընէի կ’ըսէ։ Իսկ իր ըրածին վրայ գովեստէն ի զատ ուրիշ բան չուզեր լսել. Պակսութիւն մը չես կրնար գտնել իր բաներուն մէջ. մտածածը, խօսածը, գրածը, բոլորն ալ ամենակատար են. թէպէտ բերնով կ’ըսէ որ մարդկային բաները առանց պակսութեան չեն կրնար ըլլալ, բայց մտքէն իրենները կը բացառոցէ՝ դուրս կը հանէ։ 

    Հպարտ մարդը չեմ գիտեր ի՛նչ կերպ մըն ալ ունի՝ որ երեսէն ալ շարժմունքէն ալ կը ճանչցուի. Ընքուիները միշտ իրենց տեղեն վեր կը կենան, կարծես որ ուրիշի վրայ անուշ նայիլը՝ իրեն նուաստութիւն մը կը սեպէ։ Քալելու ատեն անանկ ասդիս անդին նայուածք մը, անանկ ոտք առնել մը ունի, որ կարծես թէ պզտիկ լեռները ինքը ստեղծեր է։ Իսկ թէ որ յանկարծ հպարտութեան վրայ խօսք մը բանաս առջին, քարոզ մը կու տայ հպարտներուն դէմ՝ որ կարծես թէ խոնարհութեան ետքը ծայրը հասեր է։ Պատճառը ան է որ աղէկ կը ճանչնայ իր նմանը. չէ թէ իր արուեստէն ըլլալուն համար, հապա ինքն որ կ’ուզէ ամենէն վեր ըլլալ՝ տեսնելով որ ուրիշը իր տեղը կ’ուզէ առնել, դժուարը կու գայ։ Խենթանոցի մը մէջ անվնաս խենթերուն մէկը օր մը օտարական քալեցնելու ատեն՝ կը տանի մէկ խենթի մը քով ալ, ու կ’ըսէ. Աս խեղճն ալ ուրիշ խենթութիւն չունի, մինակ միտքը դրեր է որ Հայրն երկնաւոր ինքն է. չգիտէ խենթը որ ես եմ։ Հպարտ մարդը՝ որ զինքը ամենէն վեր կը դնէ, ասկէց քիչ պակաս ծիծաղելի կ’ընէ զինքը։ Թէ որ ամէն մարդ ատ իրաւունքը ունենար՝ զինքը ուրիշներէն վեր դնելու, ի՞նչ հակասութիւն չէր հետեւէր։ Ամէն մարդ կ’ուզէր իր խելքովը ուրիշները կառավարել, ու միաբանութիւն չէր մնար. ինչպէս շատ անգամ ազգի մը կամ ընկերութեան մը անմիաբանութիւնը ասկէ առաջ կու գայ։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians