Համառօտ նկարագիր առաքինի ու քաղաքակիրթ մարդու մը

Համառօտ նկարագիր առաքինի ու քաղաքակիրթ մարդու մը


ի Բազմավէպէ

 

(1860)

 

Գեղեցիկ մտածութիւն մըն է գերեզմանատունները հասարակաց ճամբաներուն վրայ շինելը. մարդս ճամբէն անցնելու ժամանակ վայրկեան մը այն փակարանին առջեւ կանկ կառնու եւ ուրիշ ճամբորդութեան եւ նպատակի մը վրայ կը մտածէ. եւ ինչպէս որ երեկոյեան մթոյն յառաջելը տեսնելով ընթացքը կերագէ, այսպէս նաեւ մահը յիշելով՝ կը փութայ, քանի որ ժամանակ ունի, բարիք գործելու։

         Անցեալ ամսուն մէջ օր մը գեղի մը գերեզմանատան առջեւէն կանցնէի, որուն վրայ կմախք մը նկարուած էր՝ այս սովորական տողերով.

 

         Ես ալ էի քեզի պէս.

         Դուն ալ կըլլաս ինծի պէս.

         Մտածէ զայս, Տէր ընդ քեզ։

 

         Սկսայ աս տողերուն վրայ մտածել ու ինքնիրենս, Ա՜հ ունայնութեան մարդկային գործոց ըսելով, հառաչեցի. հոս է ամենուն վախճանը, մուրացկանին ու թագաւորին. հոս մարդկութեան ամենայն փառասիրութիւնքը կը փշրին. հոս ամենայն ինչ կը թողուի՝ բաց ի գործոց։ Այսչափ սակաւատեւ է կեանքերնիս, եւ ի՜նչ շահ չարութեամբ ապրելնէս. հոս պիտի ժողովինք ամէնքնիս, ի՜նչ շահ ուրեմն թշնամութենէ, ոխութենէ, մեր եղբարքը չարչարելէն։ Ասոնք մտածելով ծունկի վրայ եկայ ու խորոց մը ըսի այն խեղճ հոգւոց համար, օրհնելով միանգամայն իմ կրօնքս՝ որ եւ ոչ մահուամբ կը քակէ այն բարեգործելու եւ սիրոյ կապերը՝ որ բարեսրտութեամբ զմեզ մեր եղբարցը հետ կը լծորդէ. եւ ահա խաչի մը վրայ աչքս դարձնելով՝ այսպէս կարդացի.

 

ԱՂՕԹԵՑԷՔ

ԽԵՂՃ ՍԵՐՈՎԲԷԻՆ ՀԱՄԱՐ

ԷՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՊԱՇՏ

ՊԱՐԿԵՇՏ ԱՌԱՔԻՆԻ ԱՆՍՏԳԻՒՏ

 

         Ինծի այնպէս մը երեւցաւ որ այս բառերս ճշմարիտ առաքինի ու քաղաքակիրթ անձի մը նկարագիրն էին. ուստի գեղին մեծը գտնելով՝ ի՛նչ մարդ ըլլալն հարցուցի։


         «Իրաւցնէ առաքինի ու քաղաքակիրթ մարդ մըն էր Սերովբէն, պատասխանեց գեղին մեծը։ Ոչ ներքուստ միայն կը պաշտեր զԱստուած՝ այլ նաեւ արտաքին բարեգործութիւններով. գիտնալով միանգամայն որ ամենէն աւելի ջերմեռանդն ու կրօնասէր այն է՝ որ աւելի կօգնէ իր մերձաւորին։ Բարեմոյն կերպով, կարեկցութեամբ եւ մարդասիրութեամբ կը վարուէր ամենուն հետ, ինչպէս իշխանին՝ նոյնպէս մուրացկանին հետ. ոչ հագուստին այլ արդեանցը միայն կը նայէր։ Բարիները կը սիրէր, տկարաց ցաւակից կըլլար, չարաց կը կարեկցէր եւ կը ջանար ուղղել։ Խիստ շատ ծանօթ ունէր, բայց բարեկամ խիստ քիչ. Բարեկամ կը համարէր իրեն ամէն բարեբարոյ ու առաքինի անձինքը, թէպէտ եւ հեռաւոր ու անծանօթ ըլլային իրմէ։ Աղքատները կը յարգէր, հարուստներու վրայ չարախօսութիւն չէր ըներ. Խոնարհաց հետ կը կենակցէր եւ զօրաւորաց կը հնազանդէր. Զամէնքը հաճեցնել կը փափաքէր, եւ գոհ էր թէ՛ իր եւ թէ այլոց վրայ. կը ջանար զուրիշը իրեն երախտապարտ ընել, քան թէ ինքը ուրիշի պարտական ըլլալ. գոհ ընել զուրիշը, քան եթէ ինքզինքը։

         «Ոխ ու ատելութիւն ինչ ըլլալը չէր գիտեր. Կռիւներէ կը զգուշանար. Հպարտութիւն չունէր՝ վասն զի կը հաւատար Աստուծոյ, եւ ոչ նախանձ որովհետեւ ընկերակիցները կը սիրէր։ Ոչ միայն կը ներէր նախատանաց՝ այլ եւ ոչ կը նեղանար. եթէ խօսքով կամ գործով մէկու մը անիրաւութիւն ըրած ըլլար՝ յանցանքը կը խոստովանէր, ու կարելի եղածին չափ շուտով կը հաշտուէր։

         «Երեսէն յայտնի կը տեսնուէր պարզ, հանդարտ, անկեղծ ու բարեսիրտ մարդ մըլլալը. ոչ դաժան էր եւ ոչ ալ հպարտ. ոչ բիրտ եւ ոչ երկչոտ. Իր անձին վրայ ունեցած բնական վստահութեամբը ուրիշներուն ալ վստահութեանը ու մեծարանացն արժանի եղած էր։ Անփոփոխ բնաւորութեամբ, ո՛ր եւ իցէ դիպուածի մէջ, ոչ մէկ բանի կուրախանար եւ ոչ մէկ բանով կը տրտմէր. վասն զի Ո՞վ կրնայ, կըսէր, ամէն դիպուածոց հետեւանքը գիտնալ. շատ անգամ չարն ի բարի կը փոխուի, եւ ինչ որ երէկ ուրախացուց՝ այսօր կը տրտմեցնէ. Աստուած իր ըրածը գիտէ։ Կըսէր դարձեալ. Ո՛վ որ իր ձախորդութեանցը պատճառ զուրիշները կը դնէ՝ տգէտ է. իսկ ո՛վ որ յանցանքը իրեն կը սեպհականէ, այնպիսին ուղղութեան կու գայ. բայց առաքինին ոչ զուրիշը եւ ոչ զինքը յանցաւոր կը սեպէ, այլ եղածին ճար ընել կը մտածէ։

         Ընտանեաց մէջ ունեցած տհաճութիւնները կը ջանար որ տնէն դուրս չելլեն։ Սրտի զուարթութիւնը մայիսի արեւուն կը նմանցնէր, որ փշոց մէջէն, վարդեր կը բողբոջէ. աս պատճառաւ տօն օրեր իր որդիքն ու գեղացւոց տղաքները հետն առած կը շրջագայէր. Վերջը, եթէ ժամանակ ունենար, կը սկսէր երկրիս ու երկնքին վսեմ գեղեցկութեանը վրայ մտածել, եւ կը փափաքէր որ ամէն հանդիսի ու զուարթութեան օրերն Աստուծոյ փառք տալով եւ իրեն գործոց հրաշալեացը վրայ զարմանալով անցնեն մարդիկ։ Դուք ծախք կընէք թէատրոն մը երթալու կամ նոր տեսարան մը տեսնելու համար, կըսէր մեզի. Եւ ահա միշտ աչքերնուդ առջեւն են այնպիսի նկարներ՝ որ շատ աւելի կարժեն ու ձրի են. զովագին ու վարդագոյն արշալոյսը, թրթռուն եւ ոսկեզօծ արեւմուտքը, աստղազարդ գիշերոյ մը զմայլեցուցիչ հանդարտութիւնը, ծաղկալից գարնան մէկ ծիծաղը եւ պտղատու աշնան զուարթութիւնը։ Կը խորհրդածէր թէ ոչ երբէք պէտք է սուտ ըսել եւ ոչ միշտ ճշմարիտը. եւ երբ հարցուցին իրեն թէ՝ Աւելի ո՞ր առաքինութեան պէտք է վարժեցնել զպատանիս. պատասխանեց. Համբերութեան։

         Թէ որ մէկը վրան գէշ խօսէր, փոխանակ չարիք մաղթելու շնորհակալ կըլլար՝ իր պակասութիւններն յայտնելով այնպէս զինքն ուղղելուն համար։

         Եթէ գիտնար որ մէկը կարօտութիւն մը կամ վիշտ մը ունի՝ աղաչանքի չէր սպասեր, այլ կօգնէր, կը մխիթարէր եռանդութեամբ, սիրով, վեհանձնութեամբ եւ ի ծածուկ, գիտնալով որ Շուտ տուողը կրկին տուած կըլլայ։

         Կարողութիւնը շատ չափաւոր էր։ Երիտասարդութեանը ժամանակ ճարպիկութեամբ ու խնայողութեամբ բաւական հարստութիւն ամբարեր էր, բայց իր ընկերակիցներէն մէկուն ըրած սխալովը վաճառականութենէ ինկաւ։ Սերովբէն այս դժբաղդութեանս անխռով ոգւով համբերեց, մտածելով որ դժբաղդութիւններն Աստուած կը խաւրէ, եւ Աստուած բարի է, ուրեմն մեր բարւոյն համար կը խաւրէ։ Այն երանելւոյն համար որ մէկ թեւը կոտրած ժամանակ՝ միւսը երկինք բարձրացուցած շնորհակալ եղաւ Աստուծոյ որ վիզը չխորտակեցաւ. եւ կորսնցուցածին վրայ լալու տեղ՝ մնացածովը ինքզինքը մխիթարեց. Ուր ուրեմն ըստ առածին թէ խոնարհէ որ հանքչիս՝ աս գեղս քաշուեցաւ. ծախքերը չափաւորեց, խաղաղ ու քիչ բանի փափաքելով իրեններուն ապրուստին համար բաւական եղածն հոգաց, առանց պարտքեր դիզելու։ Միայն պարտքէն սաստիկ կը վախնար, որուն համար կըսէր. Եթէ պարտք չունիս՝ ունեցած երկու դահեկանովդ ալ հարուստ ես։

         Անձամբ իր դաշտերը կը մշակէր։ Տես սա այգիները. Իրաւցնէ պզտիկ են, բայց ո՛րչափ թութեր ու որթեր ունին, գեղեցիկ կարգաւ. բոլորն ալ իրենն են. եւ բարեգործութիւն մը կը համարէր իր ստակովը գեղացւոց վիճակը լաւցնել։

         Գեղացւոց հետ կենցաղավարելով կը ջանար իրենց սխալներն արմատաքի խլել. կ'ուզէր որ ծերոց սովորութիւնքը մեծարեն՝ բայց նորէն ալ փորձեն, ի բաց թողլով այս խօսքը, թէ՝ Միշտ այսպէս տեսած ենք։ Շերամի որդերը լաւ կերպով պահելու, պտուղներն աղէկ պատուաստելու եւ որթերն յօտելու լաւ կերպեր կը սովրեցնէր իրենց. ինքը սովրեցուց մեղու պահել, գետնախնձոր մշակել, եղիճէ դերձան շինել, կենդանեաց աղբն օգտակար կերպով գործածել, եւ ձմեռուան պարապ օրերուն մէջ ըմպանակ, շերեփ, աթոռիկ եւ կողով շինել. աղէկ երկրագործ մը պէտք է իր երկրէն ամէն հարկաւոր եղած բանը ժողվէ, կըսէր։

         Ո՛ր եւ իցէ բան կուզէր որ իր տեղը դրուի, եւ իւրաքանչիւր կահ կարասեաց համար առանձին տեղ որոշուած ըլլայ։ Ասդիս անդին թողլով, արեւու, անձրեւի տակ մնալով կը փճանան՝ կըսէր, զանոնք բնտռելու համար ժամանակ մը կորսուի, եւ անոնց խառնափնդորութիւնը մտաց անկանոնութեան նշան է։ Ամենէն չնչին բաներու վրայ ալ խնամք ունենալու կը վարժեցնէր, վասն զի Երեսի վրայ թողուած բաները կորսուած են։

         Ո՛ր գեղը կամ աւանն որ շատ գինետուն կը տենսէր՝ Նշան է, կըսէր, թէ հացի կարօտ մարդ շատ կայ։ Ընկերական խօսակցութեանց մէջ թէ որ տեսնէր որ չարախօսութիւն կընէին՝ Անշուշտ չէին ընէր, կըսէր, թէ որ կարդալ գիտնային ու ընտիր գրքեր կարդացած ըլլային։ Բնաւ չէր ուզեր որ յանցանքը կամ արդիւնքը բաղդին տրուի, եւ բաղդ ըսելը՝ գործողութեան մը պատճառները չգիտնալնիս է, կըսէր։ Ընդունայն ժամավաճառութեամբ վաճառանոցները յաճախողի մը ըսաւ. Դուրս ելլելովը բան մը չշահեցար. աւելորդ ծախքեր ըրիր, բանդ գործքդ ետ մնացին. Տեսած բաներդ փորձութիւն եղան քեզի ու առանց կարօտութիւն մունենալու գնեցիր։

         Հարուստ գիւղազբօսասիրի մը բերնէն՝ Ո՜հ, աս ի՞նչպէս կը ձանձրանամ հառաչանքը լսելով՝ Զարմանք չէ, ըսաւ. Հրամանքիդ համար միշտ կիրակի է։

         Ուրիշ մալ երբ շատ բան կարդացած ըլլալուն վրայ պարծենար՝ Աւելի լաւ կըլլար, ըսաւ, որ շատ բան միտքդ պահած ըլլալուդ վրայ պարծենայիր։

         Դարձեալ երբ մէկը՝ Գերագոյն բարին մեր ամէն փափաքածներն ունենալնուս վրայ է, կըսէր՝ Չէ, գերագոյն բարին միայն կարօտութիւն ունեցած բաներնուս փափաքիլն է, ըսաւ։ 

         Աշխարհքս ճանչնալու համար հարկ չկայ, կըսէր, շատ ճամբորդութիւն ընել, այլ լաւ կերպով ընել. Ամէն բանի պատճառն ու ի՛նչ բանի ծառայելը հարցնել. Առանց ասոնց ընդունայն է ճամբորդութիւնը. վասն զի ամէն տեղ երկինքը նոյնպէս կապոյտ է, ջուրը կը վազէ եւ ծոյլերն աղքատ ու վատանուն են։

         Հրամանքդ ալ կը հասկնաս, վրայ բերաւ գեղին մեծը, որ Սերովբէն առաջներ ու բարոյական խօսքեր շատ կը սիրէր. աս առածներէն շատ բան հաւաքած է պզտի գրքոյկի մը մէջ, որ իր որդւոցը թողուց։ Կուզե՞ս մէկ քանին լսել.

         

         Կրքերը մարդուս երջանկութեան կորստեամբը միայն կը յագին։

 

         Լաւագոյն է Աստուծոյ խաւրածը, քան թէ մարդուս ուզածը։

 

         Պէտք չէ ուրիշներուն ըրածին նմանիլ, այլ որոնք որ աղէկ կընեն։

 

         Ուր որ չարախօս մը կայ՝ շուտ մը երկու թշնամիք ծնանին։

 

         Մեծութիւնք ու փառաւորութիւնք ծովու նման են. ո՛րչափ բացուիս, այնչափ աւելի վտանգաւոր է։

 

         Լաւագոյն ստացուածքը՝ ընտիր արուեստ մը ունենալն է։ Լաւագոյն է բարի բան մը գիտնալը, քան երեսուն չարիք։

 

         Ինչպէս որ կուզես ուրիշներն զքեզ համարին, ջանաս այնպէս ըլլալ։

 

         Ձեռք յաշխատութիւն, սիրտ ի հանգիստ։

 

         Աշխարհքիս վրայ հանգիստ ապրելու համար բնաւ բանի մը պէտք չէ փափաքիլ։

 

         Երբ մարդիկ քեզի չարիք մը կը հասցնեն՝ զԱստուած միտքդ բեր։

 

         Ուրիշի մը սահած տեղւոյն վրայ ոտքդ չդնես։

 

         Ամէն գովելու բան գովէ. բայց ամէն պախարակելու արժանի տեսած բաներդ մի՛ պախարակեր։

 

         Չունեցածիդ վրայ մի՛ մտածեր, այլ ի՛նչ բանի որ կարօտութիւն ունիս։

 

         Աստուած խաղաղութիւնն անմեղութեան հետ, առատութիւնը ճարտարութեան հետ, ապահովութիւնն ալ արժէքին հետ միացուցած է։

 

         Շուտ հարցմունքին, ծանր պատասխան։

 

         Ան որ բանի մը փորձ չընէր, բան մալ չկրնար յաջողցնել։

 

         Նայէ աւելի թէ որո՛ւ հետ կուտես, քան թէ ի՛նչ կուտես։

 

         Ո՛վ որ շատ ատեն ուրիշի տունը կը կենայ՝ իր տանը մէջ օտարական կըլլայ։ Մէկն՝ որ չափազանց զուրիշները կը դիտէ՝ ինքզինքը կը մոռնայ։

 

         Ամէն պանդոկապետ իր գինին կը գովէ. ամէն մարդ ալ Պարկեշտ եմ կըսէ. դուն ըսածին մի՛ վստահիր, այլ արդեանցը նայէ. վասն զի շատերը կան որ կրկռան հաւի պէս կը պոռան, բայց հաւկիթ չեն ածեր։

 

         Համակամութեամբ համբերէ, համբերութեամբ սպասէ, յարատեւութեամբ աշխատէ ու նայէ որ ծախքդ չափաւոր ըլլայ, ան ատեն դժբախդութեան չես հանդիպիր։

 

         Մարդս իրեք բարեկամ ունի. ստակ, որ հիւանդանալուն պէս քովէն կը հեռանայ. դրացիներն ու ազգականները՝ որ մեռնելէն ետքը քովէն կը բաժնուին. բարիք՝որոնք միայն նաեւ ինչուան գերեզման մարդուս կընկերանան։

 

         Գիտէր Սերովբէն որ կեանքը պարգեւ մըն է. ուստի շնորհակալ կըլլար Աստուոյ տուած կենացը ու անոր պահպանութեանը համար. գիտէր որ ամէն վայրկեան կրնար մեռնիլ, անոր համար պատրաստ կը կենար. Պէտք է, կըսէր, սիրենք ապրիլը, վասն զի պատճառ է մեր բարիք գործելուն. պէտք չէ մահուընէ ալ վախնանք՝ որ աքսորանքէ՝ զմեզ բուն մեր հայրենիքը տանի։

         Եւ ահա երբոր մահը վրան հասաւ՝ հանդարտութեամբ եւ համակամութեամբ ողջագուրեց։ Մահուընէն քանի մը օր առաջ արեւ ժամանակ քալելու ելեր էր. այն վերջի անգամուն տեսածները, զորոնք քիչ ատենէն բոլորովին պիտի թողուր, աւելի սիրուն կերեւնային իրեն։ Արտորէից վրայ նայեցաւ եւ ըրած բարիքները միտքը գալով՝ մէկէն զուարթացաւ։ Քանի մը ծաղիկ փնտռեց գտաւ, զարմացաւ, հոտոտաց, եւ օրհնեց զԱստուած որ այն ծաղկանց այնպիսի հրաշալի գեղեցկութիւն մը տուած էր։ Ողջունեց իր ծանօթները, ուրախութեամբ սրտի՝ որ մարդկանց վրայ ոչ մեծ անվստահութիւն մը ունեցեր էր եւ ոչ ալ չափազանց յուսացեր էր, որով իրենցմէ ալ չարիք մը չէր տեսած։ Ստէպ կը հառաչէր ըսելով. Ո՜հ, ի՜նչպէս քաղցր է մահուան վայրկենին չյիշել որ մէկու մը վնաս հասուցած ըլլանք։ Յետին անգամ մալ եկաւ աս գերեզմանատունս, իրեն ծնողացը հոգւոյն համար աղօթելու, իրենց հետ հոն հանգչելէն քիչ առաջ։

         Ետքը վերջին օրը, իր հոգեւորական պատրաստութիւնները լմնցնելէն ետեւ, որդիքը օրհնեց ու ասանկ խօսեցաւ. Մնաք բարով. ձեզի հարստութիւն չեմ թողուր՝ այլ լաւ դաստիարակութիւն ու արհեստ մը, ասոնք ունեցողը որբ չըսուիր։ Ինչո՞ւ կու լաք. մահը քաղցր գիշերուան մը կը նմանի, որուն զուարթ առաւօտ մը կը յաջորդէ։ Մնաք բարով. ես մէկ գաւառ մը կերթամ՝ ուր որ դուք ալ շուտով իմ ետեւէս պիտի հասնիք։ Մէկմէկու բարւոյն փափաքեցէք, որո՛ւն որ կրնաք՝ օգնեցէք, Աստուծոյ վախը միշտ սրտերնիդ ըլլայ եւ ժողովրդապետին խօսքին մտիկ ըրէք։

         Ու մեռաւ. աւելի բարիք ըրաւ քան շշնկոց, անոր համար ալ աշխարհք շուտով պիտի մոռնայ զինքը. բայց հոս ամէնքնիս լացինք զինքը, եւ մեր աս գեղին իշխաններուն գլխաւորը այս խօսքերս գրել տուաւ խաչին վրայ՝ որպէս զի ոչ միայն Սերովբէն յիշուի, այլ նաեւ ուրիշներն ալ սովրին թէ ի՛նչպէս պէտք է առաքինի ու քաղաքակիրթ ըլլալ։ Վասն զի ո՛վ որ զԱստուած կը պաշտէ ու սրտանց կը մեծարէ՝ աստուածասէր է. ո՛վ որ բարւոյն բարի կը հատուցանէպարկեշտ է. ո՛վ որ ուրիշին բարիք կընէ առանց շահասիրութեան՝ առաքինի է. ո՛վ որ ուրիշներուն շատ եւ անմեղ հաճոյքներ կընէ՝ անստգիւտ է. եւ անոնց վրայ կայացած է առաքինի ու քաղաքակիրթ ըլլալը»։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians