Մեր ազգին հին ձեռագրացը վրայ համառօտ տեղեկութիւն

Մեր ազգին հին ձեռագրացը վրայ համառօտ տեղեկութիւն


ի Բազմավէպէ

 

(1847)

 

Մեր հայոց ազգին պատմութիւնը կարդացողը՝ մեր նախնեաց բարեկարգ տէրութիւնն ու խելացի կառավարութիւնը տեսնելով՝ կըսէ թէ հարկաւ անոնք գրաւոր օրէնք ու զանազան ուրիշ գրքեր ունեցած պիտի ըլլան որ այսչափ ժամանակ կարգով կանոնով տէրութիւն քշեր են. վասն զի անտեղի բան մը կերեւնայ ըսելը թէ Հայկայ, Արամայ, Պարոյրայ, Տիգրանայ, Վաղարշակայ, Արշակայ, Արտաշիսի պէս իմաստուն եւ ուսումնասէր թագաւորաց ատենը բոլոր արուեստները առաջ երթան Հայոց մէջ, ու միայն կարդալ գրելը փուճ բան մը սեպուած ըլլայ, անանոկ որ եւ ոչ մէկը պզտի գիրք մը շարադրելու ձեռք զարնէ. Նմանապէս Գողթան գաւառին բանաստեղծները, Վրոյրայ պէս իմաստուն մարդիկը քանի մը բանաստեղծական գրքերով իրենց աշխոյժը ցուցնելու ջանք ըրած չըլլան։ Աս խորհրդածութիւնը որչափ որ ճշմարիտ է, այնչափ ալ ցաւալի բան է ան գրքերէն մէկն ալ չունենալնիս։ Բայց թէ ի՛նչ եղան արդեօք որ հիմա անոնց հետքն ալ չերեւնար, մէկ քանի պատճառները պատմութենէն գիտենք, մնացածներուն վրայ ալ ընդհանրապէս աս կրնանք ըսել արտասուօք՝ թէ մեր ազգին վրայ որչափ որ զանազան բռնութիւններ, հարստահարութիւններ ու հալածանքներ եկեր են, գրեթէ բոլոր նոյն խեղճութիւնները իրեն ձեռագիրներուն ալ հանդիպեր են.շատ ձեռքէ ձեռք, տնէ տուն, քաղքէ քաղաք, գաւառէ գաւառ անդին ձգուած են. մեծ մասը աւերակներու տակը մնացած, շատը պահողներուն անհոգութենէն մքլած ու փտտած։

            Ոմանք ալ, ինչպէս ինչուան հիմա ալ Հայաստանի մէջ տեղ տեղ կը գտնուին, գիտեն թէ գիրք ու ձեռագիր ըսածդ աղէկ բան է. բայց վախնալով որ չըլլայ թէ օր մը չէ նէ օր մը անոր յարգը չգիտցողին ձեռքը իյնայ, կառնեն գրքերն ու եկեղեցիներու պատերուն մէջ կը դնեն կը ծեփեն։ Կը կարդան ձեռագրաց յիշատակարաններուն մէջ թէ աս գիրքը աս եկեղեցիէն կամ աս վանքէն հեռացնողը Կայենի եւ Յուդայի անէծքը ժառանգէ, եւ ասոնց նման նզովքներ, ու ամենեւին չեն մտածեր թէ յիշատակարանին միտքը ան չէ որ ան գիրքը նոյն եկեղեցին կամ վանքը փլչելէն ետքն ալ հոն մնայ փտտի կամ փճանայ. հապա քանի որ շէն է եկեղեցին՝ մէջինները գործածեն ու վայելեն ան ձեռագիրն ալ. ուստի անէծքն ու նզովքը ան ձեռագիրը փճացնողներուն դէմ է, չէ թէ գործածողներուն։ Կարծեն այսպիսի խեղճերը թէ գրիքերը կորսնցնելով՝ գրքերուն պատիւ կընեն։

            Աս վնասները տգիտութենէ առաջ եկած են. բայց ամէն մարդ ալ կրնայ երեւակայել թէ Ալփասլանայ, Լէնկ-Թիմուրի, Դահմազգուլիի, Շահ-աբասայ պէս անողորմ մարդիկ, որ մեր նախնեաց արիւնովը մեր հայրենիքը լուալէն ետքը՝ մեծամեծ քաղաքներ աւրշտկեր ու հիմնայատակ կործաներ են, քանի՜ քանի՜ անգիւտ ձեռագիրներ եւ ուրիշ ցանկալի հնութիւններ կրակի տուեր են. անոր համար ալ է որ մեր հեղինակներուն յիշած զանազան գրքերուն ու գրքատուններուն հիմա եւ ոչ հետքը կը տեսնուի։

            Գիտենք որ ինչպէս ամէն հին ազգաց՝ նոյնպէս Հայոց մէջ ալ պատմական գրքերուն շատը սրբազան բանի պէս կռատուններուն մէջ կը պահուէին. ուրիշ կողմանէ աս ալ գիտենք Խորենացւոյն ու Ագաթանգեղոսի պատմածներէն թէ Ասորեստանեայց թագաւորը Նինոս՝ իրմէ առաջ եղած քաջերուն յիշատակը բոլորովին ջնջելու համար, որպէս զի իր անունն ու գործքերը միայն մնան՝ հրաման հանեց որ աս տեսակ գրքերը այրեն. տարակոյս չկայ որ մեր գրքերէն շատն ալ՝ որ Հայկազանց ըրած քաջութիւնները կը պատմէին՝ ան փորձանքին հասած են։

            Դարձեալ, Աբգար թագաւորը Եդեսիա կամ Ուռհա քաղաքը շինելով՝ Հայաստանի մէջ որչափ գիրք որ ձեռքն ընկաւ՝ նոյն քաղաքին դիւանը դրաւ. երբոր ան քաղաքը թշնամեաց ձեռքն ընկաւ, ձեռագիրքներն ալ ցիր ու ցան եղան։

            Դարձեալ, Աբգար սուրբ հայրն մեր Գրիգոր Լուսաւորիչ, որ քրիստոնէութեան պայծառ լուսովը Հայաստանի մէջէն կռապաշտութեան խաւարը վերցուց, կռատուններուն հետ կռապաշտութեան ձերաբերեալ ու քրիստոնէական սւորբ կրօնքին անվայել գրքերը մէկտեղ ժողվելով այրեց, որպէս զի նորահաւատ ժողովրդեան գայթակղութեանը պատճառ չըլլան. ան մեհեկան գրքերուն հետ շատ պատմական ու բանաստեղծական գրքեր ալ այրած պիտի ըլլան։

            Հնգետասաներորդ դարուն վերջերը մեր ազգին մէջէն գրականութեան սէրը կամաց կամաց մարելով, քանի գնաց ձեռագիրներուն յարգն ալ պակսեցաւ։ Եւս առաւել երբոր տպագրութեան գիւտն ալ սկսաւ մտնել ու ծաղկիլ՝ Ոսկան վարդապետին եւ ուրիշներուն աշխատանքովը, ձեռագիրները չկարդացուելու գրքեր սեպուեցան, մանաւանդ երկաթագիր գրով եղածները. անանկ որ հին ձեռարգրաց մագաղաթները հասարակ սեկի կամ կաշիի տեղ այլ եւ այլ բաներու գործածողներ եղեր են, եւ ինչուան տղոց ձեռքը ձեռագիր մագաղաթները թմբուկ շինած տեսնուեր են։

            Բայց քանի որ ազգային գրականութեան սէրը արթնցաւ, նախնեաց հայկաբանութիւնը նորոգուեցաւ, հնութեան յարգը՝ ազնուութիւնը ճանչցուեցաւ, ձեռագիրներն ալ յարգ առին։ Տեսան տգէտ մարդիկ որ ձեռագրի վրայ համարում կը ցուցնեն գիտունները. ուստի կամ շահասիրութեամբ սուղ սուղ գիներ սկսան ուզել անոնց, եւ կամ՝ որ աւելի ողբալի է՝ սատանայական նախանձով մը փճացնելն ու կորսնցնելը աւելի յանձն առին քան թէ գիտուններուն ձեռքը անցնել։ Մարդ է որ (եթէ մարդ անունը կը վայլէ այնպիսի գազանին) ծածուկ տեղ մը երկու սնտուկ գտեր է, ու ոսկի կամ արծաթ գտայ ըսելով՝ ուրախութեամբ բանալէն ետեւ, տեսեր է որ բոլորն ալ հին ձեռագիրներ են, մէկէն հրամայեր է որ գետը ձգեն ան անգին գանձը։ Այսպիսի եւ ասնոց նման բիւրաւոր փորձանքներէ ազատած ձեռագիրներուն հաւաքմունքները հիմա կը գտնուին Էջմիածին, Երուսաղէմ, Վենետիկ, Վեննա, Մուշ, Մոսքուայի Լազարեանց դպրոցը եւ ուրիշ տեղուանք, ու տպագրութեամբ հետզհետէ ազգին մէջ կը տարածուին, որով ամէնքն ալ մասնակից կըլլան ազգային բարեաց։

            Եւրոպայի այլ եւ այլ գրքատուններուն մէջ ալ մեր ձեռագիրներէն կը գտնուին. ինչպէս Փարիզու թագաւորական գրքատունը, Հռոմ, Փեթրպուրկ, Պերլին, Լիսպոնա, Թուրին, Պոլոնիա, Փարմա, Մոտենա եւ ուրիշ քաղաքներ։

            Ուրիշ տեղ ըսած ենք թէ Լէնկ-թիմուր բռնաւորը Հայաստանի տիրելու ատեն որչափ որ ձեռագիր գտեր է՝ ուրիշ երկիրներէ ալ գտածներուն հետ մէկտեղ տարեր բոլորն ալ Սմրղանդ իր թագաւորական քաղաքը աշտարակի մը մէջ լեցուցեր է, ու սաստիկ արգելեր է որ ներս մարդ չկարենայ մտնել։ Ստոյգ չգիտցուիր թէ արդեօք հիմա ալ կա՞ն հոն ան ձեռագիրները. տեղացիք կըսեն թէ կան, բայց ներս մտնել չըլլար. իսկ եւերոպացի ճանապարհորդներ որ Սմրղանդ գնացեր են՝ այնպիսի աշտարակ կամ գուբ չեն տեսած հոն՝ կըսէ Պալպի աշխարհագիրը։ Բայց զարմանալին աս է որ քանի մը տարի առաջ մեր ազգէն մէկը ան Սմրղանդի աշտարակը մտեր՝ ու ձեռագիրները տեսեր կարդացեր ու դուրս ելեր է կըսեն. եւ պատմութիւնը աս է՝ մտնողին բերնէն լսուած ու հաւատարիմ անձէ մը մեզի պատմուած։

            Խաչատուր Յովհաննէսեան անունով Ասպահանցի Հայը արեւելք մեծ անուն ունի իբրեւ աշխարհատես ու լեզուագէտ մարդ. իրեն պատմած տեղեկութիւններուն մէջ այնպիսի կարգի դուրս բաներ կան որ լսողին հաւատալիքը չի գար, բայց որովհետեւ ամէն պատմածն ալ շինծու կամ առասպելախառն է ըսելը կամ կարծելը անտեղի բան է, մենք հոս իրեն Սմրղանդ երթալուն պատմութիւնը համառօտենք։ Իրաւ է որ աս պատմութեան ալ հաւատալու շատը դժուարութիւն կը քաշեն, բայց մենք իրմէ լսողին հաւատարմութեանը վրայ բոլորովին վստահ ըլլալով՝ հոս կը դնենք. մանաւանդ որ աս պատմութիւնը տպագրութեամբ ալ հրատարակուած է արդէն Փարիզ տպուած գաղղիարէն Եղիշէին ծանօթութեանցը մէջ։

            Պարոն Խաչատուրը իր հայրենի հայերէն լեզուն աղէկ գիտնալէն զատ, Արաբիա, Պարսկաստան, Ասորեստան ու Աֆղանիստան ալ երկայն ատեն կենալովը ան ազգերուն չէ թէ միայն լեզուն՝ հապա նաեւ իրենց մանր սովորութիւններն ալ սորվեր է ու ճիշդ կը ձեւացնէ, ինչպէս իրենց շարժուածքը, քալելը, մէկմէկու բարեւ տալու կերպը։ Տասը տարի մը առաջ ասիկա Հնդկաստան կանցնի, ու հոն Անգղիական ընկերութեան ծառայութեանը մէջ կը մտնէ. ետքը ճամբորդուդեամբ կելլէ կերթայ Սմրղանդ. անոր համար զգեստը փոխելով՝ տէրվիշի կամ շէյխի հագուստ կը հագնի, վզէն նուսխաներ կը կախէ, կուրծքին վրայ գոհարներ, մատուըներն ալ փառաւոր մատանիներով կը զարդարէ։ Ճամբորդութեան ատենը գեղերու ու քաղաքներու մէջ ծանր ծանր քալելով, ղուրանին մէջի աղօթքները բերնուց կը զրուցէր։

            Այսպէս տարի մը ճամբորդութիւն ընելով Սմրղանդ կը հասնի, եւ տեղացոցմէ ու նաեւ հասարակ մարդիկներէն մեծ պատիւ կը գտնէ. աս բանէս սիրտ կառնէ պարոն Խաչատուրը, եւ Լէնկթիմուրի ժողված ձեռագիրները տեսնելու հրաման կը խնդրէ։ Մէկուն մէկալին հարցնելով կիմանայ թէ ան գրքերը բերդի մը մէջ պահուած են ու ժողովուրդը սաստիկ վրէժխնդիր է որ չըլլայ թէ մէկը առանց իշխաններուն առաջուց իմաց տալու ներս մտնէ. բայց աս հրամանն ալ առնելը շատ դժուար էր. վասն զի կըսէին թէ անոր մէջ մտնողները կամ գացեր ներսը մեռեր մնացեր են, եւ կամ խենթեցած դուրս ելեր են։ Պարոն Խաչատուրը շատ ջանաց որ իշխաններէն ներս մտնելու հրամանը առնէ, բայց անոնք իրեն խորհուրդ չէին տար՝ ըսելով թէ ան բերդին մէջ սոսկալի գոռում գոչում կը լսուի. Հրեշտակներն ու սատանաները իրար անցած՝ մեծ կռուոյ մէջ են. հրեշտակները մեր սրբազան գրքերուն պահպանութիւն կընեն, կըսեն, իսկ սատանաները անհաւատից գրքերուն։ Բայց աս ալ գիտցիր որ սատանաները հրեշտակներուն համեմատութեամբ խիստ շատ են, ուստի ընելիքդ դու գիտես։ «Աս կողմանէ ամենեւին մի՛ վախէք, կըսէ Խաչատուրը. Ի՞նչ կըսէք. Ես Մէքքէյէն անանք նուսխաներ առեր եմ որ սատանաները ինծի մօտենալ ալ չեն կրնար, ո՞ւր մնաց խղդելը»։ Իշխանները ասոր քաջասիրտութիւնն ու հաւատքը տեսնելով՝ հրամանը կու տան. ուստի քանի մը ծառայի հետ մեծ դժուարութեամբ կելլէ բերդը կերթայ։ Դրան դիմացը հասնելուն պէս՝ պահապանները բանլիքը ձեռքը կու տան, «Թէ որ Աստուած հետդ է՝ կրնաս դռները բանալ ու ներս մտնել, կըսեն. մենք վախերնէս մօտենալ ալ չենք կրնար. Բայց մէկ ժամէ ետքը կու գանք, ո՛վ գիտէ մեռա՞ծ պիտի գտնենք զքեզ թէ ողջ»։

            Խաչատուրը կը բանայ դուռը ու շատ դժուարութեամբ ներս կը մտնէ. մէյմալ ի՞նչ տեսնէ. բիւրաւոր գրքեր զանազան մեծութեամբ, մէկմէկու վրայ խառնափնդոր դրած եւ կամ գետինը ձգձգած, բերդն ալ մութ տեղ մը՝ երկու պզտիկ լուսամտով։ Ան սքանչելի գանձը պէտք եղածին պէս քննելու համար տարիներ պէտք էր կըսէ. բայց եկու նայէ որ խեղճը մէկ ժամ մը ատեն հազիւ ունի եղեր։ Գիրք մը տեսեր է որ մէկ ոտք թանձրութիւն, վեց ոտք երկայնութիւն ու չուրս ոտք լայնութիւն ունէր կըսէ. հաստ մաքաղաթի վրայ գրուած է եղեր յունարէն հայու լեզուով, ճակտին վրայ ալ աս իմաստով մակագիր մը կայ եղեր. «Պատմութիւն նախնի դիւցազանց ամենայն ազգաց շարագրեալ ի քրմաց մեհենիցն Անահտայ եւ Արէսի»։ Կը նայի որ բոլոր գիրքը նոյն գրով ու նոյն լեզուով շարունակած է. ետքը կուզէ ան գրքին տակը եղած ձեռագիրներն ալ զննել, բայց տեսեր է որ ըլլալու բան չէ, որովհետեւ փտտած ու փոշի դարձած էին կըսէ. Անդին կը դառնայ՝ ձեռքը ուրիշ մը կառնէ՝ ասորի գրով հայերէն. քիչ մը անդին վրացերէն ձեռագիր մը, ու քովը Եղիշէի Վարդանանց պատմութիւնը։ Կը տեսնէ նաեւ հայերէն աստուածաշունչ մը ու արաբացւոց լեզուով շատ բանաստեղծութիւններ։ Ետքը քանի մը յունարէն գրքեր ալ կը գտնէ, եւ անոնց մէջ նաեւ Որորգինեսի գործքերը։ Երբոր ասոնք դիտելու զբաղած է եղեր, դրսէն պռալու ձայն մը կը լսէ որ զինքը դուրս կը կանչեն. ուստի ձեռքի եղած գիրքը կը գոցէ՝ դուրս կը վազէ, ու «Շուտ, ջուր բերէք որ լուացուիմ կըսէ, վասն զի անհաւատից գրքերուն դպայ»։ Պահապաններուն ալ սիրտ կու տայ որ առանց վախի դուռը գոցեն, վասն զի մէջի սատանաները փախուցի կըսէ։ Պարոն Խաչատուրը քիչ մը ատեն ալ Սմրղանդ կենալէն ետքը Աղեքսանդրիա կանցնի, անկէ ալ Կոստանդնուպօլիս, եւ հոն իր ճամբորդութեան մէջ պատահած հետաքրքրական դիպուածներուն հետ աս բանս ալ կը պատմէ։

            Ձեռագիրները անանկ սքանչելի հնութիւններ ու յիշատակներ են որ վրանին երկայն բարակ խօսիլն ու շատ դիտուղութիւններ ընելը կարժէ. մենք աս անգամ աս պարզ տեղեկութիւնովս գոհ ըլլալով՝ ուրիշ անգամ աւելի ճոխ ու ընդարձակ կը գրենք նախնեաց գործածած թղթին, թանաքին, պատկերներուն, գրերու ձեւերուն վրայ որ միայն յարգը չգիտցողին դիմացը՝ փուճումուճ տեղեկութիւններ կը սեպուին։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians