Վասն Լէնկթիմուրայ


Լէնկթիմուր


ի Բազմավէպէ


(1843)

 

Մեծ բախտ ունեցեր են մարդիկ որ ինչուան հիմա ելած աշխարհակալներուն մէջ խիստ քիչը կրցեր է իր վախճանին հասնիլ, այսինքն աշխարհքիս մեծ մասին տիրել։ Այսպիսի աշխարհակալները քիչ են, ինչպէս մեր Արամ նահապետը, ՍեսոստրԿիւրոս, Արտաշէս Ա, մէծն Աղեքսանդր, Ատտիղաս, Ճինկիզխան, Նափոլէոն Պոնափառթէ, եւ ասոնց նմանները. բայց ամէնէն անուանի է իր սոսկալի բռնակալութեամբը Լէնկթիմուր, որ բոլոր Ասիան արիւնլուայ ըրաւ, ու Հնդկաստանէն ինչուան Սեւ ծովը ոտքի տակ առաւ։ Միայն Լէնկթիմուրը եղաւ որ ոչ միայն շատ թագաւորութիւններ վերցուց, այլ եւ զանազան թագաւորութիւններ կանգնեց։ Ուրիշ հին աշխարհակալներուն տէրութիւնը գրեթէ իրենց հետ վերջացաւ. իսկ ասոր ցեղը ինչուան իրեք չորս հարիւր տարի թագաւորեց Հնդկաստան, գրեթէ ինչուան մեր օրերը։

            Լէնկթիմուր կամ Թիմուրլէնկ անունը կելլէ Թիմուր անունէն որ երկաթ ըսել է, ու լէնք բառեն որ կաղ կը նշանակէ. Վասն զի թագաւորելէն առաջ՝ Սիսթան քաղաքը պաշարած ժամանակը ձիէն ընկեր ու մէկ ոտքը վնասուեր է եղեր։ Բարձրահասակ էր կըսեն, լայն ճակատով, ճերմակ ու երկայն մազերով։ Ծանր ու դաժան էր բնութեամբ, կատակ ու խաղ չէր սիրէր, ստութեան սաստիկ թշնամի էր. միտքը դրած բանը ոչ երբէք կը փոխէր, տուած հրամանը ոչ երբէք ետ կառներ. Անցած գացած բանին վրայ ամենեւին չէր ցաւէր, ըլլալու բաներուն համար ալ ամենեւին հոգ չէր ընէր։ Բանաստեղծներէն աւելի բժիշկներն ու օրէնսգէտները սիրել կը ցուցներ, շէխերուն ու կարդացողներուն ալ շատ պատիւ կընէր։ Սատրինջ խաղալու խիստ վարպետ էր։ Էն սիրած գրքերը՝ պատերազմի պատմութիւններ ու քաջ մարդկանց վարքերն էին. այնպիսի սուր յիշողութիւն մըն ալ ունէր որ մէյմը լսածը կամ կարդացածն ալ չէր մոռնար։ Պատերազմի մէջ մեծ վարպետութիւնը աս էր որ իր թշնամիներուն ամէն մէկ բանին առաջուց կը տեղեկանար՝ ճաշբորդներու, լրտեսներու ու տէրվիշներու ձեռքով. զօրքերն ալ այնչափ կը սիրէին զինքն որ կեանքերնուն հետ բոլոր ունեցածնին ալ իրեն համար կը դնէին։

            Քսանըեօթը տարեկան եղած ատենը սկսաւ մեծամեծ քաջութիւններով օգնել էմիր Հիւսէյնին՝ Թուրքաստանի խանին դէմ, ու յաղթեղ անոր։ Էմիր Հիւսէյնը որ Խորասանի ու Մավարէիննէհր ըսուած երկրին թագաւորն էր, թուրքաստանին ալ տիրելէն ետքը, իր քոյրը Լէնկթիմուրին տուաւ. բայց ասոնց բարեկամութիւնը շատ չքշեց, սկսան իրարու հետ կռուըտիլ, ինչուան որ Հիւսէյնին մայրաքաղաքը որ Պալխ կամ Բահլ կըսուէր՝ առնուեցաւ, Հիւսէյինն ալ իր իշխաններէն սպաննուեցաւ. Որով Լէնկթիմուրը ինքնագլուխ թագաւորեց անոր տեղը 1366-ին, ու աթոռը Սմըրղանդ դրաւ (որուն քովերը ծնած էր ինքը). քաղաքը զարդարեց շէնքերով ու պարտէզներով, ու շատ սիրելի եղաւ իր հպատակներուն, որ իրեն Թիմուր անուանը վրայ աւելցուցին նաեւ ասոնք, Կիւրկեան, Սահիպ կիրան, Ճիհանկիր. կնիքին մէկ կողմը գրուած էր րասթի, րիւսթի. Այսինքն ուղղութիւն ազատութիւն. մէկ կողմն ալ իրեք հատ կլորներ (վերիվար դարձած եռանկիւն ձեւովոր աշխարհքիս իրեք կլիմային տիրելը կը նշանակեն։ Երեսունըվեց տարի գրեթէ անդադար յաղթութթիւններ ըրաւ իր երկրէն դուրս, եւ միայն ինը անգամ դարձաւ Սմըրղանդ ու Պուխարա։ Քսանըեօթը մեծ ու պզտի թագաւորութիւններու տիրեց. Արեւելք՝ ինչուան Չինու պարիսպը հասաւ, արեւմուտք՝ ինչուան միջերկրական ծովին եզերքը, հիւսիսէն ինչուան Ռուսաստանի ներսերը, հարաւէն ինչուան Եգիպտոսի սահմանը. եւ աս երկիրներուն մէկ քանին մէկէն ի մէկ յաղթուեցան կամ անձնատուր եղան, շատն ալ տարիներով դէմ դնելէն ետքը առնուեցան։

            Լէնկթիմուրին տիրապետելու սէրը այնչափ սաստիկ էր որ անդադար կը յիշէ եղեր բանաստեղծի մը խօսքը թէ ինչպէս որ երկինքը մէկ Աստուած մը միայն կայ, այսպէս ալ երկրիս վրայ մէկ թագաւոր մը պէտք է ըլլայ. եւ երկիրս բոլոր տէրութիւններովն ալ թագաւորի մը փառասիրութիւնը չկրնար կշտացնել։ Զարմանք է որ աս ետքի խօսքն ալ գիտնալով՝ ինչպէս չափ չէր դնէր իր փառասիրութեանը. բայց կրնանք համարձակ ըսել թէ գինովցած էր այնչափ անմեղաց արիւնովը որով իրեն զօրքին ամէն կոխած տեղուանքը ներկեց։ Բոլոր թուրքաստանին ու հնդկաստանի տիրելէն ետեւ՝ Պարսկաստան վազեց, բոլոր մեծամեծ քաղաքները առաւ, գանձերը կողոպտեց, շատին բնակիչները թրէ անցուց։ Պարսկաստանէն մտաւ Ատրպատական, անկէ անցաւ Հայաստան, Վրաստան, Աղուանք, ամէն տեղ ոտնակոխ ըրաւ. մէկ խօսքով՝ Հայաստանին արդէն փլած ու կէս թաղուած աւերակները՝ մնացած բնակիչներուն արիւնովը ներկեց, ու ան երկրին գրթէ վերջի հարուածը ըղաւ։ Ան խեղճութիւնները կարդալ ուզողը՝ կրնայ գտնել Թովմա վարդապետի Մեծոբեցւոյ Պատմութիւն Լէնկթիմուրայ։

            Հայաստանէն նորէն Պարսկաստան անցաւ, ու Ասպահանը պաշարեց. եւ որովհետեւ քաղաքացիք դէմ կեցան ու Թաթարներէն իրեք հազար հոգի ջարդեցին, Լէնկթիմուրը քաղաքը առնելէն ետքը 70,000 մարդու գլուխը կտրել տուաւ ու հրապարակին մէջ բուրգի ձեւով դիզեց։ Ետքը վազեց մեծ Թաթարստան, ու Ճինդիզխանի ցեղէն Թոխթամըշ խանին հետ սաստիկ պատերազմ ըրաւ 1390-ին, անոր զօրքը ջարդեց ցրուեց, զինքը հալածեց փախցուց, ու Վոլկա կամ Էթիլ գետին քովերը մեծ յաղթանակ ընելէն ետեւ դարձաւ Սմրղանդ։ Ձմեռը հոն որջացած գազանի մը պէս անցնելէն ետքը, գարնան նորէն յարձակեցաւ Պարսկաստան, անկէ Պաղտատ եւ բոլոր Միջագետք. ութը տարի ահագին փոթորկի պէս բոլոր ան տեղուանքը տակնուվրայ ընելէն ետեւ, 1398-ին աժմտաւ Հնդկաստան, Տէլհի ու Քաշմիր քաղաքները առաւ, ու նորէն դարձաւ Սմըրղանդ։ Տարի մը չհանգչեցաւ, նորէն ելաւ եկաւ Վրաստան ու Հայաստան, եւ օսմանեան տէրութեան սահմանները հասաւ։

            Նոյն ատենները Եըլտըրըմ սուլտդան Պայէզիտը Կոստանդնուպօլիսը պաշարելի գացած ըլլալով, իրեն իշխանները Լէնկթիմուրին դիմացը անոր վրայ ամբաստանութիւններ կընէին։Պայէզիտ երբոր լսեց աս բանս, եւ թէ Սեբաստիան ալ կործաներ են Թաթարները, սաստիկ բարկացաւ ու Լէնկթիմուրին նախատանաց թուղթ մը խրկեց, եւ ինքը սկսաւ պատերազմի պատրաստութիւն տեսնել։ Լէնկթիմուրն ալ լսելով որ Պայէզիտ իր վրայ կու գայ՝ դէպը ելաւ. Պայէզիտին բանակը անյարմար դիրքի մը մէջ իյնալով՝ զօրքերուն շատը ծարաւէն կը մեռնէին. Պատերազմի ատենը երբոր թագաւորը փախչելու վրայ էր՝ ձին գլորեցաւ ընկաւ, Թաթարներուն զօրավարներէն մէկն ալ մէկէն վրան վազեց բռնեց ու Լէնկթիմուրին դիմացը տարաւ Մուսա տղովը ու քանի մը զօրապետներով։ Լէնկթիմուր շատ անուշութեամբ վարուեցաւ սուլդան Պայէզիտին հետ, եւ իրեք հատ փառաւոր վրաններ տուաւ իրեն, երդում ալ ըրաւ որ զինքը չի սպաններ։ Օսմանցիք ուզելով իրենց թագաւորը ազատել, գետնի տակէն ինչուան Պայէզիտին վրանը ճամբայ բացին. Բայց բանը իմացուեցաւ, Լէնկթիմուրն ալ ապսպրեց որ Պայէզիտին ոտքը շղթայ զարնեն ու երկաթէ դռնով բնակարանի մը մէջ փակեն։ Ասկէ հնարեցին ան խօսքը թէ Լէնկթիմուրը թռչունի վանդակի մը մէջ դնել տուեր է զՊայեզիտ։ Բայց սուլդան Պայէզիտ տարի մը չանցած սրտին ցաւէն հիւանդացաւ ու մեռաւ 1402-ին։

            Անկէ ետքը Զմիւռնիա քաղաքն ալ որ Հռոդոսի ասպետներուն ձեռքն էր՝ տասնըհինգ օր պատերազմելէն ետքը առաւ, զամէնքը ջարդեց, գլուխներն ալ կէս մը քաղաքին դռներուն դիմացը լէցնել տուաւ, կէս մըն ալ ասպետներուն օգնութիւն հասնող նաւերուն մէջ նետեց։ Երբոր դարձաւ դէպ ի փոքր Ասիա, պզտի քաղքի մը տղաքը ղուրանը ձեռուընին կարդալով դիմացը ելան որ բռնաւորին սիրտը կակղցնեն. բայց ան գազանը երբոր մտքերնին իմացաւ, հրամայեց ձիաւոր զօրքերուն որ բոլոր անմեղ տղաքը կոխկռտելով սպաննեցին։ Վերջապէս ետքի անցամն էր որ Թաթարստան դարձաւ. Դարծես թէ կշտացեր էր արիւնով, յոգներ էր մարդ ջարդելով, ձանձրացեր էր գեղեր քաղաքներ կործանելով։ Բայց չէ. փառասիրութիւնը կշտանալ չունի. միտքը դրաւ որ Չինացւոց վրայ վազէ, եւ ան ընդարձակ երկրին ալ տիրէ։ Ձմեռը ցուրտ ատեն ճամբայ ելաւ, սաստիկ ջերմէ բռնուեցաւ, ու 69 տարուան մեռաւ 1405-ին։

            Երեսունըվեց որդիք ու թոռներ թողուց, բայց ասոնք իրարու հետ կռուըտելով փճացան. միայն պզտի որդւոյն թագաւորութիւնը որ Շահրուխ միրզը կըսուէր՝ հարիւր տարիի չափ դիմացաւ, ետքը ան ալ իրեք չորս տէրութիւն բաժնուեցաւ։

            Աս կարճ պատմութենէս ալ կիմացուի որ Լէնկթիմուրը սոսկալի բռնաւոր ու մեծ աշխարհակալ եղած է, բայց խիստ գէշ թագաւոր, ամէնուն սարսափելի եւ ամէնուն ատելի։ Ինչպէս որ ըսինք, ճշմարիտ խօսքը միշտ կը սիրէ եղեր, թէ եւ իրեն նախատինք մը երեւնայ։ Օր մը քանի մը իշխաններով բաղնիքի մէջ եղած ատենը, ուրախութեան համար Ահմէտ Կիրմանի անունով բանաստեղծին կառաջարկէ որ հոն եղողներուն մէյմէկ գին կտրէ. Անիկայ ալ ուրիշներուն գինը կտրելէն ետքը՝ երբոր կարգը Լէնկթիմուրին կու գայ, — Հրամանքիդ գինը երեսունըհինգ փող է կըսէ։ Պատասխան կու տայ թագաւորը թէ — Ի՞նչ կըսես. Միայն աս վրայի ղենջակս այդչափ կարժէ։ — Ես ալ անոր համար այդչափ գին կտրեցի հրամանքիդ կըսէ, ու մեծ պարգեւներ կառնէ թագաւորէն։

            Լէնկթիմուրին մարմինը զմռսեցին, ու եբենոս տապանով Սմըրղանդ թաղեցին. վրան ալ ազնիւ քար մը ձգեցին, որ ոմանք յասպիս էր կըսեն, ոմանք ալ դեղթափ քար։ Իրեք հարիւր տարի ետքը՝ իրեն պէս բռնաւորին մէկն ալ, այսինքն Դահմազգուլի խանը, ան գերեզմանը աւրեց, ու վրայի քարը Մէշհէտ տարաւ։

            Կըսեն թէ Լէնկթիմուրը հայաստանը կողոպտելու ատեն, որչափ որ գիրք գտաւ՝ Սմըրղանդ տարաւ, մեծ բերդի մը մէջ պահեց, ու մեծամեծ պատիժներ սպառնացաւ ով որ ան գրքերէն մէկ հատը դուրս հանէ. իսկ ով որ ուզէ կարդալ, ներս մտնէ ու քիչ մը ատեն կարդալեն ետքը դուրս ելլէ. բայց թէ արդեօք հիմա ալ աս գրքերը կա՞ն թէ չէ՝ որոշ տեղեկութիւն մը չունինք։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians