Շնորհաւոր Նոր Տարի

Շնորհաւոր Նոր Տարի

ի Բազմավէպէ

(1853)

 

Այսօր բարեմաղթութեան ձայներով օդը անդադար կը հնչէ. բարեւ տուողը կը բարեմաղթէ, բարեւ առնողը բարեմաղթութիւն կը պատասխանէ. եւ ամենուն բերանն ալ ուրիշ բան չլսուիր բայց եթէ Նոր տարի, Նոր կեանք, Նոր օրեր, զորոնք կը փափաքին փոփոխ իրարու գլխուն։ Մենք ալ որ ազգին բարութեանը նուիրեր ենք կեանքերնիս, չենք կրնար սրտերնուս այս մարդասիրական փափաքը ցուցնելէն ետ կենալ. անոր համար ահա կը փութանք մեր կողմանէ ալ մեր բարեմաղթութիւնները ընելու։

         Բայց ի՞նչ. երբ գրիչը ձեռքս առի՝ սրտերնուս եռանդը բացատրելու, մեծ մտմտուքի մը մէջ ընկայ. մենք որ, կ’ըսեմ, ազգերնուս բարւոյն լիութեանը կը փափաքինք, այս սովորական բարեմաղթութեան արձագանգը տալով՝ ի՛նչպէս գոհ պիտի ըլլանք։ Ասկից զարմանքս դարձաւ նաեւ ամէն մարդկանց վրայ. հապա, կ’ըսեմ, այս ամէն մարդիկ իրենց սիրելեաց եւ իրենց ազգին այս նորութիւնը մաղթելով ի՛նչպէս գոհ կ’ըլլան։ Ուրիշ այնչափ բառեր կան՝ որ նոր չեն նշանակեր, բայց նորէն աղէկ են, անոնց մէկն ալ տարւոյն վրայ չեն գործածեր։ Տարին առջեւնին եկաւ, տեսան որ նոր է, ամէնքը գոհ բերանով շնորհաւոր կը գոչեն։ Ասոնք այն մարդիկն են՝ որ երբ խանութ մը կ’երթան նոր բան մը գնելու, երբ վաճառականը ուզածնին առջեւնին կը բերէ, ահա նոր է ըսելով՝ մէկէն գոհ չեն ըլլար ու առներ երթար. այլ կը սկսին քննել՝ թէ արդեօք աղէ՞կ է, իրենց ուզած վախճանին աղէկ կը ծառայէ՞, շատ կը դիմանա՞յ. ուրիշ հազար տեսակ քննութիւններ կ’ընեն վրան, ու այնպէս կը գնեն։ Իսկ այն ամենակարեւոր ժամանակը որուն հազար տեսակը կ’ըլլայ, երբ առջեւնին կու գայ, առանց մէկ տարակուսի մը, անոր նորութիւնը տեսնելով՝ մէկէն սիրով կ’ընդունին ու կ’ուրախանան ալ։ Զայս բաներս մտածելով՝ սկսայ ընել ինքնիրենս. Մա՛րդ Աստուծոյ, մէյմը խելքդ վրադ ժողվէ, տես, թէ այս ի՛նչ անտեղի բան է ըրածդ. անցեալ օրերը չուխա գնեցիր՝ որ այս նոր տարին պատուես. ո՛րչափ քննեցիր որ չըլլայ թէ խաբուիս. միայն նոր ըլլալը տեսնելով գոհ չեղար. եւ դու պարոն տուն շինեցիր հազար զգուշութիւններով՝ որ չըլլայ թէ խախուտ ըլլայ, ու մէջը մտած ատենդ վրադ փլչի. ես գիրք մը գնելու կ’երթամ, նոր ըլլալուն գոհ չեմ ըլլար՝ մէջը իմաստը կը քննեմ. ասոնց նման ամէն բանի վրայ ընտրութիւն կ’ընենք. ու այսօր նոր տարին առջեւնիս տեսնելուս պէս, առանց մէկ տարակուսի մը նոր տարի ըսելով, ուրախանալով, շնորհաւոր կանչելով՝ մէջը կը մտնենք, ամենեւին հոգ չենք ըներ որ յանկարծ չխաբուինք. այս ի՞նչ տեսակ միամտութիւն է ըրածնիս։ Անցեալ տարի ալ այսպէս ընտրութիւն չընելով ընդունեցանք. տեսանք ո՛րչափ գէշութիւններ մէջը պատահեցան, զորն որ հիմա կ’ատենք՝ հին տարի, գէշ տարի ըսելով։

         Այս անդրադարձութիւններն ընելով՝ ամենեւին գոհ չեղայ այս տեսակ շնորհաւորութեանը վրայ. ուստի սկսայ մտածել տարւոյն վրայ՝ ուրիշ աղէկութիւններ բարեմաղթելու համար. եւ այն աղէկութիւններն ալ որպէս զի աւելի հաճոյ անցնի ամէն մէկուն, մտածեցի իւրաքանչիւր մարդու իր սրտին ուզածը բարեմաղթելու։ Բայց կը տեսնեմ որ այս բանիս մէջն ալ երկու դժուարութիւն կայ. մէյմը որ իւրաքանչիւրին ուզածը չենք գիտեր. եւ երկրորդ որ մէկին ուզածը մէկալին դէմ կրնայ գալ. զոր օրինակ՝ մէկը շատ անձրեւ կ’ուզէ, մէկալը շատ արեւ. սա երկուքին ուզածն ալ ի՞նչպէս կրնանք բարեմաղթել առանց իրարու տհաճութիւն պատճառելու։ Ուրեմն հարկ կ’ըլլայ որ նախ ամենուս բաղձանքները միաբանենք, ու ետքը բոլորին մէկէն այնպիսի բան մը բարեմաղթենք, որով ամէնքն ալ գոհ եւ երջանիկ ըլլան։ Այս բանիս հարկաւորութիւնը այնչափ ազդեց սրտիս, որ ինձ պարտք սեպեցի, չէ թէ միայն մեզի համար, այլ ընդհանուր ամէն մեր ազգայնոց մէկ ուրիշ նոր բարեմաղթութեան ձեւ մը առաջարկել։ Եւ որպէս զի այս բանիս դիւրաւ գլուխ ելլէ, պատշաճ դատեցի ժողով մը ձեւացնել, ու ամենուն խորհրդով մէկ ընդհանուր բարեմաղթութեան նիւթ մը գտնել, որով ամէնքը իրարու աղէկ տարի բարեմաղթեն, եւ անով ամէն ազգայինք կարենան մէկ աղէկ տարի մը ունենալ։

         Եւ որովհետեւ ամէն ազգայինք իրաւունք ունին այս ժողովքին մէջ գտնուելու, որպէս զի կարենան իրենց կարծիքը եւ հաւանութիւնը տալու, անոր համար ամէն մեր կարդացողներուն կ’աղաչենք՝ որ յանձն առնուն այս ժողովքին մէջ ներկայ ըլլալու, եւ իրենց կարծիքն ըսելու։ Եւ գիտնալով ալ՝ թէ ամէնքը յօժարամիտ կ’ընդունին այս մեր հրաւէրը, անոր համար հիմա կը ձեւացնենք՝ թէ ամէն մեր կարդացողներուն հետ ժողվուեր կը մտածենք։

         Եւ որպէս զի կարգաւորեալ ըլլայ խօսակցութիւննիս, եւ ամենուն հաւանութեամբ ըլլայ տարւոյն աղէկութեան ընտրութիւնը, ամէն մեր կարդացողներուն պէտք եղած հարցմունքները կ’ընենք. եւ ի՛նչ պատասխան որ կը գուշակենք որ պիտի տան, զայն խօսքն ալ կ’ըսենք ձեր բերնէն։

         Ուստի հիմա նախ կը հարցնենք մեր ընթերցողներուն՝ թէ ի՞նչ կարծէք կարեւոր չէ՞ զայս ընտրութիւնը ընելը։

— Այս հարցմանս պատասխանը յայտնի գիտենք՝ որ ամէնքնիդ մէկ բերան պիտի ըսէք՝ թէ կարեւոր է ընել այսպիսի ընտրութիւն մը, եթէ կարելի է։ Որովհետեւ մենք այսպէս սովրած ըլլալով մեր պզտիկութենէն, առանց գէշը աղէկը փնտռելու շատ անգամ գէշ տարիներու հանդիպեր ենք։ Բայց այս ալ կայ՝ որ մենք ամէն մէկերնիս առանձին եթէ ուզէինք ալ ընտրութիւն ընելու՝ չէինք կրնար. վասն զի ինչպէս որ յայտնի է, ամէն բանի մէջ չգիտցողը կը խաբուի, ի՛նչ եւ իցէ գործքի մէջ հմտութիւն չունեցողը ընտրութիւն չկրնար ընել. հիմա աղէկ եղաւ որ այսպէս խորհրդով ընտրենք, որ ամէն մարդ իր գիտցածը, իր ճանչցածը ըսէ տարւոյն աղէկութեանը վրայ, եւ այսպէս միաբան ամենէն աղէկ տարին ընտրենք մեզի։ — Այսպէս ամէնքնիս միասիրտ յօժարակամ ըլլալէն վերջը աղէկին ընտրութեանը համար, ամենեւին մի՛ տարակուսիք յաջողութեամբ ընտրութիւնը գլուխ ելլելուն վրայ։ Հիմա ես կ’առաջարկեմ ձեզի որ մէկիկ մէկիկ ըսէք ձեր կարծիքները՝ թէ ի՛նչ տեսակ աղէկութիւն կ’ուզէք որ ունենայ այս տարին։

 

         Ա. Ես շատ գէշ տարիներ անցուցի առուտուրի անյաջողութիւններով եւ աղքատութեամբ. ինծի համար կ’ուզեմ մէկ յաջող առուտուրի տարի մը։

— Լաւ է. հիմա կարգաւ նշանակենք։ Դու պարոն ի՞նչ տեսակ տարի կ’ուզես։

         Բ. Իմ առուտուրս աղէկ է, բայց իմ վիճակիս համար քիչ կու գայ. ինծի վայլած կահ կարասիքը եւ զարդարանքը չեմ կրնար ընել, կ’ուզեմ որ այս ինծի բաղդի տարի մը ըլլայ, մէկ անակնկալ կերպով մը հարստութիւն ունենամ։

— Հապա քու ուզածդ ի՞նչ է պարոն։

Գ. Մեր ընտանեաց մէջ շատ հիւանդութիւններ պատահեցան, կ’ուզեմ որ մէկ առողջ կենաց տարի մը ունենանք։

— Իսկ դու պարոն ի՞նչ կ’ուզես։

Դ. Ես միշտ կեանքս աշխատանաց եւ ծառայութեան մէջ անցուցեր եմ, կը փափաքիմ որ ինծի յաջողութիւն մը ըլլայ, ու այս տարի ինք իր գլխուս հանգիստ կեանք մը անցնեմ։

— Ուրիշ ի՞նչ տեսակ աղէկութիւն ուզող կայ այս տարի։

Ե. Մենք ամենքնիս կ’ուզենք որ ազգային թշնամութիւնները ատելութիւնները մէջերնէս վերցուելու տարի մը ըլլայ այս։

Զ. Մենք ալ կը ցանկանք որ մեր կողմը բռնողներուն այս յաղթութեան տարի մը ըլլայ։

Է. Մեր սրտին փափաքը այն է՝ որ իրաւունքը մեր կողմը ըլլալն յայտնուի։

Ը. Մեր բոլոր բաղձանքնիս այս է՝ որ ամէնքը իրենց ազգաւ Հայ ըլլալն իմանան, ու ազգերնին սիրեն որ խռովութիւնները արմատաքի ջնջուի մէջերնէս։

Այլ բաւական է. ընդհանրապէս իմացայ ձեր ամենուն ալ սրտերնուդ ուզածները։ Այս ըսածներէդ, զորոնք նշանակեցինք, մէկալնոնց սրտերնուն յօժարութիւնները հասկցուեցաւ։ Հիմա կ’իմանամ պատճառը՝ թէ ինչո՛ւ համար տարւոյն նորութիւնը կը շնորհաւորէք եղեր առանց յիշելու անոր աղէկութիւնը. վասն զի ձեզմէ ոմանց ուզած աղէկութիւնները չըլլալու՝ մանաւանդ թէ վնասակար բաներ են, ոմանցն ալ իրարու ուզածին դէմ են։ Այսպիսի տարին աղէկ չկրնար ըլլալ։ Ուստի եթէ կ’ուզէք այնպիսի տարի մը ունենալ որ ամենուդ առ հասարակ աղէկ ըլլայ, պէտք է որ խորհրդով միաբանիք ու այնպիսի բան մը ուզէք՝ որ ամենուն ալ օգտակար ըլլայ։

Ա. Այդ փափաքելի բան է, բայց կ’երեւայ թէ անկարելի է։

— Եթէ փափաքելի է, ու ամենքնիդ ալ այս մտքիս վրայ կը միաբանիք, գիտցէք որ անկարելի չէ։ Միայն թէ բանը այն է՝ որ ամենքնիդ ալ չափաւոր աղէկութեան գոհ ըլլալով միաբանիք։ Աղէկ ըսաւ քիչ մը առաջ այն պարոնը՝ թէ բանի մը ընտրութիւն ընելու համար կատարեալ ճանաչմունք պէտք է. ուստի հիմա մեզի ալ ժամանակին ինչպիսի՛ բան ըլլալուն վրայ՝ փորձ մարդ պէտք է, որ այս ընտրութիւնը կարենանք ընել։ Բայց ատկէ զատ մէկ ուրիշ դժուարութիւն մ’ալ կայ, այսինքն փորձ եղողի վեռքով ընտրելէն վերջը, ամէնուն հասկցնել եւ հաւնեցնել՝ թէ այն է աղէկ. որ կարենան միաբանիլ այնպիսի աղէկ տարին ուզելու, որ ամենուն առ հասարակ օգուտ ըլլայ։ Ապա թէ ոչ, անօգուտ կ’ըլլայ ընտրութիւնը, երբ ընտրութիւն ընելէն ետքը՝ դարձեալ ամէն մէկերնին չճանչնալով ընդհանուր աղէկը, իրենց միտքերնուն դրածներն ուզեն։ Եւ տարւոյն գէշ ըլլալուն բուն իսկ պատճառն է՝ այս ամէն մարդուն իր աչքին աղէկ երեւցածն ուզելը։

Բ. Ուրեմն ի՛նչպէս ըսենք։

— Պէտք է որ ամենքնիս միաբան այնպիսի աղէկութիւն մը ուզենք, որուն մէջ ամենքն ալ իրենց փափաքած աղէկութիւնը գտնեն։

Գ. Այդպիսի բան ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ։

— Ամենեւին տարակոյս մ’ունենաք՝ որ եթէ ամենքնիս աղէկ տարի մը գտնելու համար շիտակ սրտով ընդհանուր հաւասար ամենուն համար աղէկ տարի մը ընտրելու ըլլանք, այն ատեն ամենքնիս ալ քիչէն շատէն այս տարւոյս աղէկութիւնը կը վայելենք։ Եւ այսպիսի աղէկ տարին ուրիշ աղէկութիւն մ’ալ կ’ունենայ՝ որ իր հետեւեալ տարին իրմէն աղէկ կ’ըլլայ։ Այս բանիս մէջ խիստ դժուար երեւցածն է շիտակ սիրտ գործածելը. վասն զի աշխարհիս երեսը ամէն անկարգութեանց պատճառն է՝ մարդկան իրենք զիրենք խաբելնին, որ խիստ շատ անգամ կիրքը սրտերնուս վրայ իշխած ըլլալով՝ կարծենք թէ շիտակ սրտով գործքի մը հետ կ’ըլլանք, եւ այնպէս առանց խղճմտանք ընելու կը գործենք՝ շիտակն այս է ըսելով. եւ ինչուան կիրքը սրտերնուս մէջէն չելլէ, չենք կրնար իմանալ թէ շիտակ չէ ըրածնիս. Բայց երբոր կիրքը սրտերնուս վրայէն փարատի, այն ատենը կը տեսնենք որ խաբուած ենք եղեր։ Այս բանս այլ եւ այլ դիպուածի մէջ ձեզի ալ պատահած կրնայ ըլլալ. եւ հիմա եթէ մտածէք այս այն դիպուածին վրայ, կը գտնէք որ ի՛նչպէս եղեր է որ կիրքը սրտերնէդ պակսելէն վերջը յայտնի տեսեր էք՝ թէ սխալ է եղեր ըրածնիդ, ու դուք չէք հաւտացած քանի որ կիրքը տիրած էր սրտերնուդ վրայ, եւ չէք համոզուած թէ սխալ է մտածածնիդ, բայց ետքը փորձով իմացեր էք։ Զոր օրինակ ըսենք թէ մէկը միտքը դրեր էր սա նա մարդոց հետ ընկերութիւն ընելու, ըսելով՝ թէ նա այսչափ ստակ ունի եւ ասոր անոր ճանչւոր է, ես ալ այս այն բանին տեղեկութիւն ունիմ, եւ գիտեմ որ այս տեսակ առուտուրով սա նա հարստացեր են, ուրեմն մենք ալ միանանք ու այս բանիս ձեռք զարնելու որ ըլլանք, քիչ ժամանակի մէջ սանկ առնելով նանկ ծախելով, այսչափ հարստութիւն կրնանք դիզել։ Եւ ասոր այսպէս մտածելու ատեն, ուրիշ փորձ մարդ մը եկեր իրեն ըսեր է՝ թէ պարապ տեղը այդպիսի բանի ձեռք մի՛ զարներ, այդ բանիդ մէջ սա եւ սա դժուարութիւնները կան, այն մարդոց ընկերութեամբ այս բանս գէշի կ’երթայ։ Նոյն ժամանակը այն մարդուն գլուխը տաքցած իր մտքին մէջի պատճառներով, եւ ետեւի վաստակելու հարստութենէն սիրտը վառուած, չկրնար հաւտալ այն փորձ մարդուն խօսքին. եւ կը կարծէ թէ իր մտածածը խիստ շիտակ է, ու այն մարդուն խելքը կարճ ըլլալուն, կամ վախկոտ բնութիւն ըլլալուն, զինքը կ’ուզէ հրաժարեցնել իր օգտակար խորհրդէն. ուստի անոր խօսքին ականջ չդնելով՝ իր գիտցածին ձեռք զարկեր է, ու ան մարդուն ըսածին պէս անյաջողութիեան հանդիպեր է։ Ահա այն ատենը միայն աչքը բացուեր ու իմացեր է՝ որ այն փորձ մարդն իրաւունք ունի եղեր, պէտք է եղեր անոր խօսքին մտիկ ընել, իր մտածածը ծուռ է եղեր, եւ ինքը այն ատենը չէ կրցած շիտակն հասկնալ։ Ասոր նման հազար տեսակ դիպուած ամենուն գլխէն կ’անցնի. Ասկից յայտնի է՝ թէ ի՛նչ դժուար բան է որ մարդ մը գործքի մը ձեռք զարկած ատեն շիտակ սիրտ գործածէ։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians