Ապերախտութիւն

Ապերախտութիւն

 

Ի Բազմավէպէ

 

(1854)

 

Ամերիկայի թշուառ գերեաց վիճակը մեր ընթերցողաց շատին ծանօթ է տեսակ տեսակ խղճալի պատմութիւններով, որ ամէն ատեն այդ կողմերը կը պատահին։ Այս յետագայ պատմութիւնս Սոաւէ իտալացի մատենագրէն կառնունք՝ ցուցնելու համար թէ մարդկային չարութիւնն ու նենգամիտ ապերախտութիւնը ինչուան ո՛ւր կրնան հասնիլ։

         Թովմաս Ինքըլ Լոնտրայի վաճառականի մը որդի, շահասիրութենէ գրգռուած՝ հազիւ թէ իր թարմ հասակին քսաներորդ տարին լմնցուցեր էր, միտքը դրաւ Արեւմտեան Հնդկաստան երթալու, ամենեւին բանի մը տեղ չդնելով երկար նաւարկութեան մը վտանգները. ուստի մտաւ Աքիւլլէս անունով նաւը, որ քիչ ատենէն ճամբայ պիտի ելլէր այն կողմերն երթալու, ու 1674-ին Յունիսի 16-ին ճամբայ ելաւ իր հօրը տուած մէկ դրամագլխովը։ Երկայն ու տաժանելի ճանապարհորդութենէ մը ետքը՝ վերջապէս տեսնուեցաւ Ամերիկային ցամաքը. ու նաւը պզտիկ ծոցի մը մէջ խարիսխ նետեց, ուր որ նաւապետը ջրոյ եւ ուրիշ պաշարներու սաստիկ կարօտութիւնը տեսնելով՝ ծով իջեցուց մակոյկը, եւ հրամայեց իր մարդիկներէն քանի մը հոգւոյ, որ երթան հարկաւոր եղածը ճարեն։ Թովմասն ալ այն երկրին ինչ ըլլալը իմանալու հետաքրքրութենէ շարժած հետերնին գնաց. բայց ամէնը միատեղ չափէ դուրս երկրին ներսերը երթալով՝ մէյ մալ յանկարծ պաշարուեցան խումբ մը տեղացի բարբարոսներէ, որոնք վրանին յարձակելով մեծ մասն սպաննեցին, եւ մնացածներն ալ փախչելու ստիպեցին, որոնք ցիր ու ցան եղան, անանկ որ մէջերնէն խիստ քիչ հոգի կրցան մակոյկով նաւը դառնալ։

         Ինքըլ պատանին փախչելու շփոթութենէն կարծես թէ մահը միշտ իր ետեւը կը տեսնէր. ու ասանկ երկար ատեն անտառներու մէջ թափառական պտտելէն ետքը՝ լերան մը վրայ ելաւ, որ իրեն ուրիշ լեռներէ աւելի անմարդի ու անբնակ կերեւար. հոն ուժէ ընկած հեւալով ու քրտինք թափելով գետինը փռուեցաւ մնաց։ Ամէն տեսակ սաստիկ տխուր մտածմունքներ միտքը ընկան. լաւ կըմբռնէր որ այն բարբարոս երկիրներուն մէջ իրեն ուրիշ բան չէր մնար, բայց եթէ կամ սովէ մեռնիլ, կամ վայրի գազանաց, եւ կամ այն գազաններէն աւելի անգութ վայրենիներու ձեռքը մատնուիլ։ Երբոր այս երկիւղալի մտածութիւններով լքեալ սաստիկ կերպով կու լար, տերեւներու մէջէն ձայն մը լսեց, ու վախէն վեր ցատքելով երբոր կուզէր փախչիլ, տեսաւ դեռահասակ աղջիկ մը, որ հանդարտութեամբ դէպ ի իրեն կու գար, եւ որն որ քաղցրութեամբ իրեն նայելով նշան ըրաւ որ կենայ։ Այս բանէս քիչ մը սիրտ առած, ոտքը ինկաւ՝ աղաչելու կերպով մը, ու լալով եւ հառաչանաց ձայներով ու ձեւերով որչափ որ կրցաւ՝ խնդրեց որ գթայ իր վրան, եւ միանգամայն կերպ մը գտնէ զինքը խալըսելու այս ցաւալի թշուառութենէն։ Դեռահասակ աղջիկը, որ Եարիքոյ կը կոչուէր, թէպէտեւ բարբարոս էր, բայց բնութեամբ գթասիրտ ըլլալով՝ կէս մը պատանւոյն վայելուչ դէմքէն, կէս մալ անոր աղաչանքներէն գութը շարժեցաւ, ու սիրով վեր վերցուց զինքը, եւ տարաւ մէկ այր մը, ուր որ թողլով զայն՝ հեռացաւ ինքը քիչ մը ատենուան համար. եւ ետքը ետ դառնալով՝ բերաւ տեսակ տեսակ ան տեղի պտուղներէն, որպէս զի քիչ մը ոգի առնու, եւ վերջը տարաւ աղբիւրի մը քով՝ որ կարենայ ծարաւը անցնել։

         Կարծես թէ անգղիացի պատանին նոր կեանք մը ստացաւ, եւ հազար ու մէկ կերպով կը ցուցնէր իր եռանդուն շնորհակալութիւնը, որուն վրայ վայրենի աղջկան սիրտը միշտ աւելի շարժելով՝ ապահովցուց զինքը, որ ամէն վախ մէկդի թողու, եւ թէ ինքն ամէն ջանք կընէ որ իրեն բնաւ չարիք մը չհասնի. օրուան մեծ մասը իրեն հետը կանցնէր, եւ առատութեամբ կը ճարէր ուտելու համար ինչ որ հարկաւոր ըլլար. քնանալու ատենը պահպանութիւն կընէր. վերջապէս այն ամէն խնամքը կը տանէր, ինչ որ մարդ մը կրնայ ընել իր եղբօրը կամ որ եւ իցէ վերջի աստիճանի սերտ սիրով կապուած մարդու մը։

         Ինքըլ պատանին անոր հետ կենակցելով՝ սկսաւ կամաց կամաց հասկնալ աղջկան լեզուն, եւ անոր ալ հասկցնել իր միտքը, եւ երբեմն այս բանիս վրայ հարցնելով եւ երբեմն այն բանին՝ սկսաւ քիչ ատենուան մէջ այն տեղերուն եւ հոնտեղի բնակչաց վրայ տեղեկութիւն ստանալ, եւ թէ ի՛նչ տեսակ ազնիւ բաներ շատ կը գտնուին այն կողմերը. երբոր այս ամէն բան իմացաւ, սկսաւ փափաք մը ցուցնել այդ բերքերէն մէկ քանին տեսնելու, եւ աղաչեց որ անոնցմէ քանի մը հատը բերէ իրեն գալու ատենը. Եարիքոն յօժարութեամբ գոհ ըրաւ զինքը. որոնց վրայ վերջի աստիճանի հիացմամբ կը զարմանար, եւ նոր նոր բաներ ունենալու կը փափաքէր։ Իսկ ինքը ախորժ մը զգալով զայն գոհ ընելու վրայ՝ ամէն օր նոր նոր ընծաներ կը բերէր. երբեմն արծաթի կտոր մը, երբեմն ոսկւոյ եւ երբեմն ալ հարուստ գոհարներ, եւ խիստ շատ անգամ հոն տեղի կենդանեաց գեղեցիկ փետուրներ կը բերէր։

         Այս կերպով Թովմաս քիչ ատենի մէջ շատ հարստացաւ, եւ մտքէն սկսաւ շնորհակալ ըլլալ իր բաղդին, որ ասանկ բարի վախճանի դարձուց նոյն իսկ իր թշուառութիւնը. մինակ ետեւէ էր միջոց մը գտնելու, որով կարենար անկէց խալըսելու, եւ այս բանս ուրիշ կերպով չէր կրնար ըլլալ, բայց եթէ եւրոպացւոյ մը նաւով՝ որ այդ ծովեզերքները մօտիկնար։ Բայց լաւ կը գուշակէր թէ ո՛րչափ ծանր պիտի գար Եարիքոյին զինքը թողուլն ու իրմէ հեռանալը, եւ ոչ ալ դիւրին բան էր փախչիլն ու նաւ մտնելը, թէ որ առիթ մը գտնէր՝ առանց Եարիքոյին իմացնելու. Վերջապէս մտքին մէջ որոշեց որ Եարիքոն համոզէ իրեն հետ մէկտեղ գալու. ու այնչափ բաներ պատմեց Եւրոպայի վրայ, որ խեղճ ամերիկացի աղջիկը ախորժ մը սկսաւ զգալ այդ ամէն բաները տեսնելու, ու իրեն հետ մէկ տեղ երթալու։ Կը պատմէր հոն տեղի մեծագործ ու հրաշալի շէնքերուն վրայօք, որոնց մէջ ինքն ալ կրնար բնակիլ, խորտուբորտ այրերու ու բաց օդի տակ կենալու տեղ. շքեղ ու մեծաշուք զգեստներուն վրայօք, որոնք կրնար հագնիլ, փոխանակ կաշւով մը ծածկուելու. եւ եղանակաց խստութիններէն պատսպարուիլ, ու իր գեղեցկութեանը զարդ ու վայելչութիւն մը աւելցնել. Կը գովէր հոն տեղի ախորժահամ կերակուրներն ու ազնիւ ըմպելիքները, որոնք որ կրնար վայելել այն վայրի պտուղներուն ու պարզ ջրերուն տեղը եւ որոնք անհամեմատ առաւել ընտիր ու յարգի էին. միով բանիւ այն ամէն զուարճութիւնները, որոնք կրնար վայելել՝ երբեմն ալեաց վրայ նաւարկելով, երբեմն ահիպարանոց նժոյգներէ քաշուած կառաց մէջ նստելով, ու երբեմն գիշերները ուրախութեան եւ պարերու զբաղիլ՝ նուագարաններու, երգերու եւ բազմազուարճ կոչունքներու մէջ։ Արդէն առանց ասոնց Ինքըլին հետ այն աստիճանի սիրով կապուած էր, որ աշխարհքիս ո՛ր կողմն ալ երթալու հարկ ըլլար, պատրաստ էր որ եւ իցէ բան յանձն առնուլ ու երթալ։ Այսպէսով երկուքը մէկտեղ անհամբերութեամբ կը սպասէին որ մէկ նաւ մը խաւրէ Աստուած այն կողմերը, եւ գիշեր ու ցորեկ փոխն ի փոխ պահպանութիւն կընէին լրտեսելով ծովը։ Խել մը ատենէ ետեւ Եարիքոն, որուն աչքերը սուր էին, հեռուէն բան մը տեսաւ, եւ մէկէն իմացուց Ինքըլին, որն որ իմացաւ թէ նաւ մը պիտի ըլլայ, որ հանդարտ քամիով ծովուն ալիքները պատռելով առաջ կու գար, եւ ծանուցեալ նշաններն ընելով՝ իր ուզածին հասաւ, որով նաւը մօտեցաւ ցամաքին. երբոր գիշերը վրայ հասաւ, իրեն համար խաւրուած մակոյկը մտնելով՝ անվտանգ նաւը ելաւ կնկանը եւ անկէ ունեցած խել մը պարգեւներովը հանդերձ։

         Պատմելու բան չէ անգղիացի պատանւոյն ուրախութիւնը. բայց Եարիքոն հայրենիքը թողլու ատենը, որն որ մարդուս բնական սիրելի է՝ ով որ հոն ծնած է, թէպէտ եւ խեղճ բան ալ ըլլայ, ինչպէս նաեւ ազգականները եւ բարեկամները, որոնք որ ալ պիտի չտեսնէր, այնպէս սաստիկ ցաւ մը իմացաւ, որուն համար խիստ շատ լացաւ ու հառաչեց, եւ անանկ շուտով չէր կրնար մխիթարուիլ՝ թէ որ Ինքըլին քաջալերութիւնները չըլլային, որ զինքը ազգականներէն, բարեկամներէն, եւ հայրենիքէն ու ամէն բանէ վեր կը սիրէր։ Բայց խեղճ ողորմելին չէր գիտեր թէ ինչպիսի՛ ապերախտ ու անպիտանի մը ձեռք ինքզինքը կը մատնէր։

         Այն նաւը, որ զիրենք խալըսեց, անգղիացի էր, որուն վրայ պատանին աւելի կերպով մը ուրախացաւ. այս նաւս լեցուն էր հարուստ ապրանքներով, ու Կուինէոյ եզերքները գնուած գերիներով, որն որ Պարպատա կղզին կերթար. ասիկայ Անդիլեան կղզիներէն մէկն է, եւ մասնաւորապէս խիստ բարեբեր է շաքարի մշակութեան համար, որուն ծառայութեանը կը գործածուին այդ եղկելիները։ Երբոր նաւը խարիսխ նետեց նոյն կղզւոյն դիմացը, մէկէն նաւահանգիստը լեցուեցաւ բազմութեամբ մարդկանց, եւ ինչպէս ուրիշ վաճառքներու՝ այսպէս ալ գերիներու վաճառքը շուտ մը սկսաւ։ (Յաւերժական ամօթ ու նախատինք Եւրոպայի, որ ասանկ անարժան առուտուր մը կընէ այն թշուառ մարդկանց, այն բանը որ ուրիշ տեղեր հազիւ թէ կը համարձակին ընել եզներու եւ ոչխարներու)։ Տեսնելով բարբարոս Ինքըլն որ այդ տխուր վաճառքին գնողները խիստ շատ էին, եւ թէ սուղ սուղ արք եւ կանայք կը ծախուէին, ագահութենէ շարժած եւ մոռնալով ամէն բան՝ իբրեւ իր գերին խեղճ Եարիքոն ալ ծախելու հանեց անզգամութեամբ։ Բոլորովին անօգուտ եղան խեղճին լալն, յուսահատիլը, եւ գթութիւն ու ողորմութիւն խնդրելը, երդուընցնելով հանդերձ, որ եթէ գերւոյ տեղ ուզենայ զինքը քովը պահել, գոնէ այդ կերպով զինքը պահէր. անօգուտ դարձեալ իր ըրած բարիքները յիշեցնելը, եւ թէ ի՛նչպէս ազատած էր զինքը վայրենիներուն ձեռքէն, որոնք պատրաստ էին զինքը սպաննելու. եւ թէ ի՛նչպէս այնչափ ատեն կեանքը պահեր ու պահպաներ էր, ամէն հարկաւոր եղած պիտոյքը ամենայն ջանքով հոգալով, եւ թէ ի՛նչպէս հարստացուցեր էր զինքը այնչափ տեսակ տեսակ պարգեւներով. եւ թէ միով բանիւ ի՛նչպէս իրեն համար, եւ միայն իրեն համար թողուցեր էր թէ՛ ազգականները, թէ՛ հայրենիքը եւ իրեն ուրիշ ամէն սիրելի բաները։ Անօգուտ նոյնպէս այն դառն թշնամանքները սփոփելու համար՝ ապերախտ, նենգաժոտ, գազանաբարոյ կանչելով, եւ հազար ու մէկ անէծքներ վրան թափելով. ու վկայ եւ վրէժխնդիր կը կանչէր Երկինքը ասանկ քստմնելի եղեռնագործութեան մը. բայց Ինքըլն որ եւ իցէ անգութ գազանէ մալ աւելի անողորմ գտնուելով՝ խուլ կըլլար խեղճին ամենաիրաւացի կշտամբանացը, դառնագոյն գանգատներուն, եւ սիրտ շարժող ու սիրալիր աղաչանացը. եւ գոհ կըլլար որ ուրիշները իրենց օտար լեզուն չէին հասկնար, որով եւ ոչ կըմբռնէին իր անզգամութիւնը։ Վերջապէս ծախեց ողորմելին վաճառականի մը, եւ գինը առնելով՝ առանց երեսն ալ մէյմը նայելու կորսուեցաւ գնաց։

         Ապերջանիկն Եարիքոյ աւելի մեռած քան թէ կենդանի ընկաւ մնաց. իսկ զինքը գնողը, որ առջինէն ոչ ինչ նուազ բարբարոս էր, առանց խեղճին արտասուացը նայելու՝ քաշելով քաշկռտելով տուն տարաւ։ Մէկ կողմանէ սրտին ցաւերը զինքը կը հիւծէին, մէկալ կողմանէ այն դառն կեանքը որ կը քաշէր, եւ այն տարապայման աշխատանքները որոնցմով կը ծանրաբեռնուէր, (որ ատեն մը Եւրոպացիք այս բաներս կընէին ամէն մարդասիրութեան զգացմունքներէ մերկացած, եւ դեռ այս ամբարիշտ սովորութիւնս ինչուան հիմա բոլորովին դադրած չէ, ասանկ վարուիլ այն խեղճերուն հետ, իբրեւ թէ անբան անասուններ ըլլային. եւ կամ ալ գէշ) որոշ քիչ ատենի մէջ մաշեցաւ հիւծեցաւ, եւ նիհարնալով ողորմելաբար կեանքը լմնցուց։

         Իսկ Ինքըլ զինքը ծախած գնոյն ստակովը եւ այն հարուստ պարգեւներով որոնք ձեռք ձգեր էր, եւ իր հօրմէն առած ստակովը, որ ուզածին պէս վաճառականութիւն ընելու համար տուեր էր հայրը, շատ բան վաստակեցաւ, եւ հարստութիւնը շատնալով՝ կը պարծենար իր բաղդին, իր մեծ ճարտարութեան ու խելքին վրայ. եւ թէ որ խեղճը զարնէր իր ըրած ամբարշտութեանը վրայօք, որն որ խիստ շատ անգամ կը հանդիպէր, ներկայ ունեցած յաջողութիւն մը մտածելով՝ մէկէն մտքէն կը հեռացնէր։

         Բայց Երկինքը որչափ ալ ուշացնէ ասանկ անօրէն մարդկանց պատիժը, բայց ոչ երբէք կը մոռնայ։ Վասն զի թէպէտ եւ չափէ դուրս հարստացած էր, բայց ոչ երբէք գոհ ըլլալով ունեցածին վրայ, մանաւանդ թէ անյագ փափաքով աւելի հարստանալու յիշեց այն տեղը, ուր որ երկայն ժամանակ կեցած էր ապերջանիկ Եարիքոյին հետ. միտքը եկաւ հոն տեղը արծաթը, ոսկին եւ այն ակունքը որ հոն առատութեամբ կը գտնուէին. ուստի որոշեց ուրիշ քանի մը ընկերներու հետ մէկտեղ նաւ մը զինել ու հոն երթալով այդ գանձերը ձեռք ձգել։ Հասան այդ կողմերը եւ ցամաք երկրին ներսերը խել մը տեղ առաջ գացին, զորոնք տեսնելով՝ մէկէն վայրենիները վրանին յարձակեցան. բայց իրենք վայրենիներէն աւելի ուժով գտնուելով՝ յաջողեցաւ իրենց, որ զանոնք շուտով կը ցրուեն։ Ասով աւելի սիրտ առած ալ առաջները գացին. եւ երկու հարուստ հանքեր գտնելով, որոնց դեռ եւրոպական անյագուրդ ագահութիւնը ձեռք չէր դպցուցած, սկսան դուրս հանել այդ անգին նիւթերը։ Բայց վայրենիները կրկնապատիկ շատնալով եւ աւելի աղէկ զէնքերով պատսպարուած՝ նորէն վրանին յարձակեցան, եւ իրեն մարդիկներէն խել մը հոգի սպաննելով՝ զինքն ալ ոչ ձեռք ձգեցին։ Երկնային վրէժխնդիր բարկութիւնը յայտնի տեսնուեցաւ իր վրան. եւ կարծես թէ այն բարբարոսները մակաբերեցին որ Եարիքոյին մատնութեան ու արեանը պարտաւորն էր. եւ անոր համար շատ բարբարոս, անգութ եւ սոսկալի տանջանքներով սպաննեցին, եւ անողորմաբար պատառ պատառ ընելով կերան։ Ո՜հ, ինչո՞ւ այս սոսկալի տեսարանիս հանդիսատես ու վկայ չեղան այն ամէնքը, որոնց համար նենգութիւնը խաղալիք մըն է, եւ ապերախտութիւնը կատակ։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians