Երեք թուոյն բարոյականը

Երեք թուոյն բարոյականը

 

ի Բազմավէպէ

 

(1857)

 

Ճշմարիտ ուրախութեան երեք աղբիւրներ. մաքուր խղճտանք, աղէկ խորհուրդներ, եւ բարի գործքեր։

            Ժամանակին վրայ երեք ճշմարտութիւն. ագահ ժամանակը ամէն բան կը խորտակէ, աշխարհքիս վրայ եղած ամենէն մեծ համբւան ալ կոչնչացնէ, ամէն մահացու բան՝ ժամանակաւ կանցնի։

            Երեք բան ո՛ր եւ իցէ գործք աղէկ վախճանի կը հասցնեն. հանճար, խոհեմութիւն եւ անխոնջ աշխատութիւն։

            Յանցաւորի մը համար զուրցուած երեք ճշմարտութիւններ. յանցանքը հիւանդութիւն է. յանցաւորն ալ թունաւոր բոյս մը. պատիժ կը դրուի որ ախտերը ջնջէ եւ ուղղէ։

            Ուսումնական մարդիկ երեք վախճան ունին. դաստիարակել, կրթել, եւ ազնուացնել։

            Երեք պատճառի համար պէտք է հեռու կենալ գէշ մարդկանցմէ. վասն զի գէշ կը մտածեն, գէշ կը խօսին, եւ ամենագէշ կը գործեն։

            Երեք մտածմունք միշտ մտաց մէջ ունենալու է. յանկարծակի փառքը շուտով կը խաւարի, երիտասարդութիւնը շուտով ի ծերութիւն կերթայ, եւ թէ ամենքնիս բուռ մը հող պիտի դառնանք։

            Երեք մեծարգոյ հրամայողք որ կը պատուիրեն մեր ընկերը սիրել եւ օգնել անոր. կրօնք,բան եւ բնութիւն։

            Հոմերոս՝ յաստուածոց տրուած պարգեւներու վրայ երեք ճշմարտութիւն կը զրուցէ. աստուածներն շատերուն տուին զօրութիւն, շնորհք քիչ մարդու, իսկ առաքինութիւն ամենաքիչ անձանց։

            Կրետացիք երեք ախտ սաստիկ կը պատժէին. ագահութիւն, ապերախտութիւն եւ կեղծաւորութիւն։

            Մարդկութեան երեք ահաւոր հարուածներն. Երկրաշարժ, ժանտախտ եւ սով։

            Հպարտութեան հետեւանք երեք մեծ մեղքերը. Անհնազանդութիւն ծնողաց, արհամարհութիւն մեծաւորաց, եւ ապերախտութիւն բարերարաց։

            Բնութիւնը երեք ահագին խօսք կը զրուցէ մարդուս. ո՛վ մարդ մտածէ թէ ուստի՛ կու գաս՝ եւ ամչցիր, ո՞ւր կը գտնուիս՝ եւ արտասուէ, ո՞ւր կերթաս՝ եւ սարասափէ։

            Վկայ մը երեք կատարելութիւն պիտի ունենայ. Բարութիւն, եղածին վրայ պայծառ ծանօթութիւն եւ հաւատարմութիւն վկայութեան մէջ։

            Երեք զօրաւոր բան. Ոսկի, սէր, եւ յանդգնութիւն։

            Հաւատարիմ բարեկամի երեք կատարելութիւն. Ճշմարտութիւն, բարութիւն եւ հաւատարմութիւն։

            

            Երեք տեսակ մարդու՝ բնութիւնը պէտք չէր լեզու տալ. յիմարին, անխոհեմին եւ յանդգնին։

            Երեք փորձ մարդուս ճշմարիտ մեծութեան. Չափաւորութիւն, պարկեշտութիւն, եւ մարդասիրութիւն։

            Երիտասարդաց համար երեք բան կը փափագէր Սոկրատ. Երեսի պարզութիւն, ամօթխածութիւն, սրտի եւ լեզուի լռութիւն։

            Երեք բան կը կուրացնեն զմարդ. Բարկութիւն, նենգութիւն եւ սէր։

            Երեք տեսակ մարդ կայ որ հանգիստ քուն չեն կրնար ունենալ. ագահն, աւազակն եւ մատնիչն։

            Արիստոտէլ երեք բան կը փափագի երիտասարդաց. Հանճար, կրթութիւն, եւ վարժութիւն։

            Դժբաղդութեանց դէմ երեք բան պէտք է. կամ ուժ, կամ քաջութիւն, եւ կամ համբերութիւն։

            Մարդու օգտակար երեք ուսմունք. կրօնք, բնութիւն եւ պատմութիւն։

            Աղքատին երեք հարկաւոր բան. Պարկեշտութիւն, խօնարհութիւն եւ համբերութիւն։

            Երեք հարկաւոր բան պէտք է դատաստան մը վաստակելու համար. իրաւունք, կերպ եւ խոնարհութիւն։ 

            Նախնական երեք գիտնալու բան, թէ մի միայն է Աստուած, թէ մէկ հոգի մը ունինք, եւ թէ պէտք է որ մեռնինք։

            Խաղողն երեք զօրութիւն ունի. կը զուարճացնէ, կը զօրացնէ եւ կը գինովցնէ։

            Երեք միութիւն յողբերգութեան. Միութիւն գործոյ, ժամանակի եւ տեղւոյ։

            Աղէկութիւն ճանչնալու համար երեք կերպ. կրակով կը ճանչցուի ոսկւոյն աղէկութիւնն. ոսկւով կանանցն, կանանց ձեռքով ալ արանց առաքինութիւնը։

            Հարստութեան վրայ երեք ճշմարտութիւն. առանց քրտնելու չվաստակուիր, առանց վախնալու չնայուիրեւ առանց ցաւոց չկորսուիր։

            Սատանայի դրած երեք ընկերութիւն. ագահութիւնը վշտաց հետ, անպարկեշտութիւնը ցաւոց հետ, ստութիւնը՝ ամօթխածութեան հետ։

            Երեք պարտք ունի մէկ պարկեշտ օրիորդ մը. խնամով պահել իր անձին պատիւը, զզուիլ անկարգ կերպով հագուելէն, հեռու կենալ աներեսներու խօսակցութենէն եւ անպարկեշտ կանանցմէ։

            Երեք պատճառի համար հարկ է փախչիլ ի ստութենէ. վասն զի անարգ ախտ մըն է, ամենագէշ արատ մը, եւ պատուաւոր մարդու անարժան գործք մը։

            Մարդուս երեք վնասակար կիրք. Հպարտութիւն, անսանձ սէր, եւ վատ շահասիրութիւն։

            Ապերախտութեան տրուած երեք գէշ անուններն. Մայր ամէն ախտերու, թշնամի բնութեան, եւ սպաննող բարութեան։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians