Մեռնելու արիութիւն
Մեռնելու արիութիւն
ի Բազմավէպէ
(1851)
Մենք յօժարութիւն ունենանք աղէկ ըլլալու, կը տեսնենք որ ամենայն պարտուց մէջ գաղտնի գեղեցկութիւն մը կայ որ զմեզ կը հրաւիրէ զինքը սիրելու. կ’իմանանք որ զարմանալի զօրութեամբ մը ուժերնիս կ’աւելնայ՝ քանի որ առաքինութեան խորտուբորտ ճամբուն մէջ առաջ երթանք. կը հասկնանք որ մարդս ի՛նչ որ կը կարծուի անկեց շատ աւելի է, միայն թէ ուզէ, ու զօրաւոր կեպրով ուզէ իր վախճանին բարձր նպատակին հասնիլ, որ է ամենայն անարգ յօժարութիւններէ մաքրուիլ, աղէկները վերջի աստիճանի ջանքով ի գործ դնել, եւ աս կերպով արժանի ըլլալ յաւիտեան ժառանգելու զԱստուած։
Սիրէ կեանքդ. բայց անոր համար մի՛ սիրեր որ հասարակ հեշտութիւններ ու խեղճ փառասիրութիւններ վայելես։ Սիրէ կեանքդ՝ մէջը եղած հարկաւոր, մեծ եւ աստուածային բաներուն համար։ Սիրէ կեանքդ, վասն զի առաքինութեան ասպարէզ մըն է՝ Աստուծոյ սիրելի, Աստուծոյ փառացը պատճառ. մեզի ալ փառաց եւ օգուտներու պատճառ։ Սիրէ կեանքդ, թէպէտ եւ շատ վշտեր ալ ունենայ, մանաւանդ թէ այն վշտերուն համար ալ, վասն զի անոնք են որ մարդուս կեանքը կ’ազնուացնեն, անոնք են որ կը բողբոջեն, կ’աճեցնեն ու պտղաբեր կ’ընեն մարդուս հոգւոյն մէջ վեհանձնական մտածութիւններն ու ընտիր ընտիր յօժարութիւնները։
Աս կեանքս որ այնչափ համարում պիտի ունենաս վրան՝ մի մոռնար որ քիչ ատենի համար տրուած է քեզի։ Նայէ որ չափազանց զուարճութիւններու չը մսխես։ Այնչափ ուրախութիւնը միայն ըրէ, որչափ որ հարկաւոր է քու առողջութեանդ եւ ուրիշի մխիթարութեանը համար։ Մանաւնդ թէ քու ուրախութիւնդ մասնաւոր կերպով քու պարտքերդ լաւ կատարելուն վրայ ըլլայ. որ են՝ ուրիշներուն վեհանձնական եղբայրութեամբ ծառայել, Աստուծոյ որդիական սիրով ու հնազանդութեամբ ծառայել։
Վերջապէս աս կերպով կեանքդ սիրէ, բայց գերեզմանդ ալ մտածէ որ քեզի կը սպասէ։ Մեռնելու հարկը մտածել չուզելը՝ աղէկ ըլլալու ջանքին վնաս կ’ընէ։ Չըլլայ թէ քու յանցանքովդ այն ահաւոր վայրկեանը շուտով հասցնես. բայց միանգամայն չըլլայ թէ վատութեան համար ուզես անիկայ քեզմէ հեռու բռնել։ Կեանքդ դիր ուրիշներուն փրկութեանը համար, թէ որ հարկաւոր է, մանաւանդ հայրենեացդ փրկութեանը համար։ Ի՛նչ տեսակ մահ ալ պահուած ըլլայ քեզի՝ պատրաստ եղիր քաջութեամբ ընդունելու եւ հաւատայ ամենայն սրբութեամբն ու ուժովը սուրբ մահ ընելու։
Այս ամենայն խրատներս պահելով կ’ըլլաս իրաւցնէ ընտիր մարդ, ընտիր քաղաքացի, աս բառերուն ամենավսեմ իմաստներուն նշանակութեանը պէս. օգտակար կ’ըլլաս ուրիշներուն, ու ինքզինքդ երջանիկ կ’ընես։
Comments
Post a Comment