Զօշաքաղ մարդու նկարագիր

Զօշաքաղ մարդու նկարագիր

 

ի Բազմավէպէ

 

(1848)

 

Զօշաքաղ կըսուի առուտուրի մէջ խարդախ ու խաբեբայ եղողը. ուստի զօշաքաղութիւնը խաբէութենէն աւելի ծանր է, որովհետեւ ուրիշը խաբելէն ի զատ՝ վնաս ալ կը հասցնէ անոր։

         Զօշաքաղ մարդուն բերնէն սուտը աղբիւրի պէս կը վազէ. ո՛ր խօսքով որ դիմացինը կրնայ խաբել ու ստակը առնել՝ ան է իրեն համար բուն ճշմարիտ խօսքը։ Թէ որ ճշմարիտն ըսելով՝ երկու ստակ պակաս պիտի վաստակի, անիկայ ալ զուրցելու խօ՞սք է կըսէ, խօստովանա՞նք կըլլամ որ՝ անանկ բարակ փնտռեմ. Զուրցելու խօսքը ան է որ շատ կը բերէ։ Սուտ ստակ, պակաս ստակ անցնելը՝ ճարտարութիւն կը սեպէ. անշահ ապրանքը աղէկի տեղ կլլեցնելը՝ վաճառականութեան առջի գիտնալու բանն է կըսէ։

         Թէ որ մէկը ստակդ բռնի ձեռքէդ յափշտակելու ըլլայ, այնչափ դժարդ չի գար, ինչպէս երբոր զօշաքաղ մարդ մը խաբէութեամբ ստակդ կուտէ. յափշտակողը մէկէն սիրտդ կէրէ կը լմնցնէ, իսկ զօշաքաղը նորէն նորէն էրելով՝ կը կսկծցնէ։ Մէյմը ստակը քսակէդ հանել չտայ, ալ իրն է անիկայ. հանել չտայ, ալ իրն է անիկայ. հանել տալու կերպն ալ աղէկ գիտէ. առաջ ինքը քիչ մը բան կը հանէ կամ հանել կը ձեւացնէ՝ ինչուան որ քեզ վստահացնէ, ետքը քեզի հանել կու տայ. առջի հանածդ շահովը ետ կը դարձնէ, որպէս զի մէյմը հանելը սորվեցնէ. քիչէն կը սկսի, կամաց կամաց շատը հանել կու տայ, ինչուան որ ուզած գումարը ձեռք ձգէ. անկէ ետքը թէ որ կրնաս՝ ետ առ։ Այնչափ զքեզ կը տանի կը բերէ որ անկէց քիչ աշխատանքով առնելիքդ նորէն կրնայիր վաստակիլ։ Ամէն անգամուն որ կերթաս իրեն՝ կը կարծես որ խաբէութեան տեսակները լմնցան. բայց ինքը նոր տեսակը կը գտնէ։ Ուրիշին իր քովը թողուցած աւանդը, կամ իր արդէն ուրիշի ծախած բանը՝ քեզի գրաւ կու տայ. ու տուած գումարիդ արժէքը ձեռքդ ապահով ունիս ըսելով, ու առջի տուածիդ վրայ թէ որ քիչմալ աւելցնես՝ բանս առաջ կերթայ ու առնելիքդ բոլորը մէյտեղ կրնամ վճարել ըսելով, քեզ փոսէ ի փոս կը ձգէ. դուն ալ կը զարմանաս իյնալուդ վրայ, ու նորէն կիյնաս։

         Ստակիդ արդար շահը կորսնցնելէն ի զատ, կը սկսիս դրամագլխին վրայ ալ վախնալ։ Ան քեզի՝ մի՛ վախնար, ստակդ ապահով է ըսելով, ուտելուն կերպը կը մտածէ. քեզ առուտուրի մէջ ձգելու հնարք մը կը գտնէ. դու ալ ստակս ողջնցնեմ ըսելով՝ նոր փոսի մը մէջ կիյնաս։ Անանկ մարդու հետ ըրած առուտուրդ հարկաւորապէս գէշ կերթայ. Ստակդ մուրուն ջուրուն կընէ, մաքուր հաշիւ մը քեզի կը ցուցնէ. թէ որ քեզ իրեն պարտական ալ չընէ, անտարակոյս քեզ բացը կը հանէ։

         Իսկ թէ որ քիչ մը իր պատիւը նայող մարդու հանդիպիս, պարտքս է՝ չեմ ուրանար կըսէ, բայց ուրացողէն գէշ՝ հազարումէկ պատճառանք կը գտնէ չվճարելու։ Առուտուրս ձախորդ գնաց կըսէ, առնելիքս չկրցայ առնելու, հիւանդ ունեցայ, բժշկի, դեղի ծախք ըրի, տունս էրեցաւ, եւ հազարումէկ ուրիշ պատճառանքներ. կարծես թէ ստակդ փոխ առած ատենը դաշն գրած ըլլար որ աշխարհիս ամէն ձախորդութիւնները դադրելու ըլլան՝ ան ատենը պարտական ըլլայ վճարելու։ Խեղճ որբն ու այրին ունեցածը շահեցնելու տուեր է՝ որ անոր շահովը ապրի, շահը չվճարեր։ Ինքը շահի ստակ տալու ըլլայ նէ, գրաւական առնելէն ի զատ՝ երբոր շահը վճարելու ատենը քիչ մը անցնէ, օրերը կը համրէ ու շահին շահը դրամագլխին վրայ կը զարնէ, կամ շահին հետ կը պահանջէ. իսկ երբոր ուրիշի ստակին շահը վճարելու գայ, ատենն ալ անցնի, փոյթը չէ, թող քիչ մը համբերէ կըսէ. քիչ մը ըսածն ալ՝ ենթադրես պիտի ինչուան որ իր հեռաւոր յոյսերը յաջողին։ Թէ որ ստակդ պատրաստ է ալ ըսէ, միտքդ դիր որ Նասրատինին առակին պէս՝ դեռ փուշը նոր ցաներ է որ կարաւանին ճամբուն երկու դիէն բուսնին մեծնան ցանկ ըլլան, բամպակ բարձած գրաստները անցնելու ատեն՝ բամպակին կտորուանքը վրանին կպչի, ինքն ալ ժողվէ, մանած ընել տայ, ծախէ, ու անով առնելիքդ վճարէ. պատրաստ ըսած ստակը ասանկ պիտոր իմանաս։ Յանկարծ թէ որ քիչ մը բան ալ վճարէ, գիտցիր որ ուրիշը խաբեր ու փոխ առեր է՝ քեզի տալու համար. կամ թէ ուրիշի համար գնած բանի մը գինն է, վաճառականին տալու տեղը՝ քեզի կու տայ որ բերանդ գոցէ։

         Վերջապէս բանուկ առուտուր մըն է ըրածը որ իյնալիք չունի քանի որ աշխարհիս մէջ բարեմիտ ու անփորձ մարդիկ կը գտնուին։ Առանց դրամագլխի սեղանաւորութիւն մըն է ըրածը, որուն շահը իրենն է՝ վնասը ուրիշներուն։ Վաճառականութիւն մըն է որ նաւը ընկղմելու հոգ չունի, ապրանքը փտտելու կամ ցեցոտելու վտանգ չկայ, ու արուեստակիցներուն շատութիւնը իրեն արգելք մը չըլլար։ Բայց այսու ամենայնիւ աս արուեստէն հարստացող չկայ. վաստակածը կրակ կըլլայ, ունեցածը չունեցածը կայրէ, ընտանիքը մոխրի վրայ կը նստեցնէ։ Անանկ վաստակած ստակովը թէ որ բարիք ալ ընէ, ոչ Աստուծոյ եւ ոչ մարդկանց առջին բարիք կը սեպուի, ամէնքը գիտեն որ ուրիշի քսակէն է ըրած առատաձեռնութիւնը. ամէնքը կըսեն որ առաջ պարտքդ տուր, ետքը ուրիշին ողորմութիւն ըրէ։ Ուրիշներն ալ ըսելու չըլլան, իր խղճմտանքը կըսէ, ու ինքնիրեն կամաչէ. ուստի փորձուած բան է որ իրմէ առնելիք ունեցողները զինքը չբարեւելու տեղը՝ ինք զանոնք չբարեւեր, ըրած անիրաւութիւնը միտքը կու գայ։ Կերած ստակը կարծես որ ստամոքսին վրայ քար կտրած կը մնայ, ոչ ետ կրնայ տալ, ոչ շահը կը տեսնէ։ Ուրիշը կարօտութեան մէջ կը ձգէ, ինք չհարստանար. Հարստանայ ալ նէ՝ ամենուն ատելի կըլլայ. որբեւայրիին ախուվախը առջեւէն կերթայ՝ ամենուն հռչակելու որ ունեցած հարստութիւնը իրը չէ։ Հեթանոս փիլիսոփաներն ալ բնական խելքով ճանչցան ու ըսին թէ անիրաւ շահէն շատ աւելի աղէկ է որ եւ իցէ վնաս։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians