Շողոքորթ մարդու նկարագիր

Շողոքորթ մարդու նկարագիր

 

ի Բազմավէպէ

 

(1849)

 

Շողոքորթութիւնը շահասիրութենէ առաջ եկած սուտ կամ չափազանց գովեստ մըն է, որով շողոքորթը ուրիշներուն հաճոյանալու համար՝ անոնց պակսութիւնները կը ծածկէ, ու չունեցած առաքինութիւննին ալ կը գովէ։ Շողոքորթ մարդուն ամէն խօսքը ամէն գործքը ամէն հնարքը ան է որ հաճոյ ըլլալ կուզէ՝ ծածկէ անոնցմէ ամէն ճշմարտութիւն որ անհաճոյ կրնայ ըլլալ իրենց, ու ամէն կերպով կը ջանայ անոնց բաղձանացը, նախապաշարմունքներուն ու մոլութեանցը յարմարիլ։ Բանին որ կողմը անոնց հաճոյ կրնայ ըլլալ՝ ան կողմը կը ցուցնէ, ախտերնին ալ առաքինութիւն կը ձեւացնէ։ Փառամոլին առջին կը սկսի փառասիրութեան գեղեցկութիւնը գովել, անով միայն մեծամեծ գործքեր կըլլուին ըսելով։ Ոխակալին առջեւ անոր ատելութիւնը ու ոխը կարդարացնէ՝ արդարութեան հարկաւորութիւնը ցուցնելով, ու յանցաւոր ընելով ան խեղճ մարդը՝ որ թերեւս անիրաւ ոխակալին վրէժխնդրութեանը մատնուեր է։ Շռայլ մարդուն առջին ագահութիւնը՝ վար կը զարնէ, իր մսխողութիւնները առատաձեռնութեան ու ազնուականութեան պէս գովելով։ Ագահին առջին շռայլութիւնը վար կը զարնէ, անոր ըրած խստասրտութիւնը ու կծծութիւնը խոհեմութեան պէս գովելով։ Նախպաշարեալ մարդուն նախապաշարմունքները զարմանալի խելացութեան պէս կը գովէ, փոփոխամտութիւնը վար զարնելով։ Ստասացին սուտերը կարդարացնէ, ամէն ճշմարտութիւն զուրցելը վնասակար է ըսելով. Բերանաբացին անմտութիւնները կը գովէ, սուտ զուրցելը գէշ բան է ու անկեղծութենէն աղէկ բան չկայ ըսելով։ Վերջապէս ամենուն գոյնը պողիպոդի պէս վրան կառնէ. ամէն բանէն աւելի իր հանճարը կը բանեցնէ անոնց տկար կողմը գտնելու, անոնց մտածութիւնները ճանչնալու, որպէս զի ըստ այնմ զինքը յարմարցնէ։ Աղէկին ալ գէշին ալ ծափ կը զարնէ, սեւին ալ ճերմակին ալ հա՛ կըսէ. իր լեզուն կը մոռնայ, անոնց լեզուն կը սկսի խօսիլ. հա՛ ըսեն՝ հա՛ կըսէ. չէ ըսէն՝ չէ կըսէ. թէ որ մարմնոյ արտաքին պակսութեանցը չկրնար ալ զինքը յարմարցնել, ներքին ու հոգւոյ պակսութեանցը կը յարմարցնէ. ինքը ախտաւոր չըլլայ ալ, ուրիշներուն ամէն ախտիցը կը յարմարի, անոնց ախտերուն տէր կըլլայ. ու այնչափ անարգ կերեւնան իր վրայ ան ախտերը, որչափ որ առանց կիրքի ցուրտ արիւնով կ’ընէ՝ ինչ որ ուրիշները կիրքով մը խաբուած կամ յանկարծակիի գալով կընեն։

            Պէտք էր որ շողոքորթը ամենէն աւելի ատելի ըլլար մարդկանց, մանաւանդ մեծամեծներու. վասն զի զիրենք ծաղրելի կընէ ամենուն՝ չունեցած առաքինութիւննին գովելով. բայց եկուր նայէ որ քիչ անգամ անհաճոյ կըլլայ. անիկայ ալ չէ թէ տուած գովութիւննեորւն ստութեանը համար, հապա աղէկ ու վարպետ կերպով գովել չկրնալուն համար։ Շողոքորթութիւնը երբոր ուրիշի վրայ եղած կը տեսնենք, ատելի է մեզի. Իսկ երբոր մեր վրայ կու գայ, սիրելի կըլլայ. այնչափ դժուար է ան ատեն անոր չհաւատալը։ Բաւական չէ որ ուրիշին մեզի ըրած շողոքորթութիւնը դժուարաւ կը ճանչնանք, հապա մենք զմեզ ալ շատ անգամ կը շողոքորթենք. թէ որ մենք զմեզ չշողոքորթէինք, ուրիշներուն ըրած շողոքորթութիւններէն քիչ անգամ կը խաբուէինք։ Ի՞նչ խղճալի բան է որ մարդս շատ անգամ անանկ կը խաբուի գովեստ լսելէն, որ ի՛նչ որ կուզես իրեն ընել տալ՝ քիչ մը զինքը գովէ, մէկէն կը հաւնի. երկու ականջով սափոր կը նմանի, ականջներէն բռնէ, ուր կուզես կրնաս շարժել զինքը։

            Գովութիւնը քան զամէն գինի աւելի կը պտտցնէ մարդուն գլուխը. ու ինչպէս գինովութենէ քիչ խմելով կը խալըսի մարդ, ասանկ ալ գովութիւն լսելէն թէ որ մարդ զգուշանայ՝ շողոքորթներէն քիչ կը խաբուի։ Անուշ անուշ խօսքերը մեղրով շինած ոստղ կը նմանին, որ զմարդիկ անմիտ թռչնոց պէս կը բռնեն։ Աղուէսը ագռաւին բերնէն պանիրը չէր կրնար առնել, թէ որ անիկայ իր ձայնին գովեստը լսելով՝ չսկսէր երգել ծառին վրայէն, ու բերնէն պանիրը վար ձգած չըլլար։ Չողոքորթին բռնած կերպն ալ աս է. գովութիւններով զքեզ լոլոզելով հոգիդ ալ կառնէ, ունեցածդ ալ։ Հարստութիւնդ իր բաղձանքը բռնկցնելու փայտ կըլլայ. բայց որչափ իր սրտին բոցը կաւելցնէ, այնչափ շուտ քեզ մոխիրի վրայ կը նստեցնէ. Գովութիւնը անանկ ուժ մը ունի որ զէնքերուն չըրած վնասը կընէ. վասն զի զէնքէն կը զգուշանաս, գովութեանը կը պլլուիս։ Անոր համար իմաստունին մէկուն երբոր հրարցուցին՝ թէ ո՞ր կենդանին աւելի վնասակար է, ըսաւ. Վայրենիներուն մէջը վագրը, ընտանիներուն մէջը շողոքորթը։ Թագաւորին մէկն ալ գաւազանը վերուց շողոքորթի մը գլուխը զարկաւ՝ զինքը գովելու ատեն. երբոր շողոքորթը հարցուց թէ ինչո՞ւ կը զարնես զիս, թագաւորը պատասխան տուաւ. Հապա դուն զիս ինչո՞ւ կը խածնես։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians