Ճշմարտախօս եւ ստախօս

Ճշմարտախօս եւ ստախօս

 

ի Բազմավէպէ

 

(1855)

 

Բովանդակ մարդկութեան կամ մարդկայն ընկերութեան անհատները գլխաւորապէս խօսքի միջոցովը այլ եւ այլ վերաբերութիւններ ունենալով իրարու հետ՝ մէկ բարոյական մարմին մը կը ձեւացնեն։ Ազգ ազգի, ազգային ազգայնոյ, ազգական ազգականի հետ ամէն բանէ աւելի խօսակցութեամբ կապակցութիւններ կունենան։ Վասն զի որ եւ իցէ կարգի եւ վիճակի մարդ թէ որ գործողութեամբ տասը հոգւոյ հետ, խօսքով՝ քսան ու երեսուն հոգւոյ հետ կրնայ վերաբերութիւններ ունենալ։

            Խօսակցութեան բնական յաջողակութեամբ եւ միջոցաւը՝ մարդկանս իրենց նմանեաց հետ ունեցած բերումնը, իրենց մի եւ նոյն բնութեան, ցեղի եւ արեան ծնունդ ըլլալուն ապացոյցն է. եւ այս համաշխարհական միութեան կապը ու հաւասարութիւնն աւրողը՝ լեզուաց զանազանութեամբ կամ այլայլութեամբ եկամուտ տգիտութիւնն է. ուսկից առաջ եկեր են ազգաց բաժնուիլը ու իրարմէ օտարաբանալը, եւ շահախնդրութեան խռովայոյզ եւ աշխարհաւեր արուեստին սկիզբը, որ ետքը ժամանակները փոփոխուելով՝ պաճուճազարդ անունով մը Քաղաքագիտութիւն կոչուեցաւ։ Այն վնասակար տգիտութիւնը, որ ազգի ու ազգի մէջ բաժանարար պարսպի պէս մտնելով՝ քայքայեց ու ցրուեց մարդկային միաբանակեաց ընկերութիւնը, քանի մը տարիներէ ի վեր այլ եւ այլ դաշնակից ազգերուն տերութեանց իմաստուն ժողովականաց մէկտեղ գալովը խօսակցութեան միացուցիչ կապերով՝ այն տգիտութիւնը որով նաեւ մարդկային ընկերութեանդ դժբաղդ հերրձուածը՝ քիչ քիչ կարկտուելու կը յուսացուի. Օտարացուցիչ ատելութեան տեղը՝ սէր ու խաղաղութիւն փոխանակելով, որոնք մարդկութեան միութեանն ու ազնուական ներդաշնակութեանը աստուածատուր ու բնածին կապերն են։ Ուստի ինչպէս ծառ մը առանց իր սննդարար հիւթին՝ իր արմատին վրայ կը տժգոյննայ կը չորնայ, եւ վերջապէս կը քայքայի կիյնայ, մարդկային զօրաւոր ընկերութենէն ալ խօսքի կամ խօսակցութեան միաւորիչ կապը վերցուելու ըլլայ՝ ազգ ազգէ, ազգային ազգայինէ, ազգական ազգականէ կօտարանայ, եւ հետեւաբար մարդկային ընկերութիւնն ալ կանշքանայ կը քայքայի ու կոչնչանայ։ Ուրեմն ամենայն մարդ պարտական է իր կողմանէ ջանալու օգտակար ըլլալ իր նմանակից մարդկանցը՝ Աստուծոյ իրեն տուած բռնաւոր խօսակցութեան պարգեւովը։ Վասն զի գործքով քիչ մարդու կրնանք օգնութիւն ընել՝ կարողութիւննիս խիստ չափաւոր ըլլալով, իսկ խօսքով շատ մարդու՝ այլ եւ այլ կերպով. դարձեալ՝ գործքով քիչ մարդու կրնանք վնաս հասցնել. ինչու որ՝ գործքի մէջ եղած խարդախութիւնը շուտ մը աչքի զարնելով՝ մէկէմ դիմացն առնելը կը մտածուի. իսկ խօսքով, այսինքն ստախօսութեամբ եղած վնասները չեն տեսնուիր։ Եւ ինչպէս որ մարդուս ամենայն գործոց աղբիւրը միտքն է, մտքին կարգաւորութենէն ու ամբծութենէն կը կախուի իր աղէկ կամ գէշ, այսինքն՝ պիտանի կամ անպիտան, օգտակար կամ վնասակար մարդ ըլլալը։ Եւ որովհետեւ մարդկանց միտքը դրսուանց անտեսնաելի է, խօսքով՝ որ անմիջապէս մտաց ծնունդն ու ճշմարիտ թարգմանն է՝ կիմացուի իւրաքնչիւր մարդու ինչպիսի՛ մտաց տէր ըլլալը, ճշմարտախօս ու անկեղծ, կամ ստախօս, խարդախ ու խաբեբայ ըլլալը։

            Թէպէտ որ եւ իցէ բանի մէջ սուտ կրնայ խօսուիլ, որ ըստ ինքեան միշտ գէշ ու վնասակար բան է, բայց որ եւ իցէ սուտին պատճառաւն ընկերոջ հասած վնասը միշտ նոյն աստիճանի չըլլալուն՝ ըսուած սուտն ալ խղճմտանքի, կամ թէ ըսեմ բարոյականի սահմանած կանոններով՝ աստիճանաբար կըլլայ։ Դարձեալ՝ թէպէտ եւ ամենայն նաեւ փոքրիկ սուտն ալ միշտ մեղանչական են, բայց մեծամեծ եւ խղճմտանքի ծանրութիւն տուող սուտեր անոնք են, որ այնպիսի գործոց մէջ կը խօսուին, ուսկից մարդկանց մեծ վնաս համբաւոյ եւ ընչից կրնայ պատահիլ. ինչպէս ըսեմ՝ դաշնադրութեանց ու դատերու մէջ։ Առանց գրութեանս համառօտութեան սահմանէն դուրս ելլելու, մեր բանասէր ընթերցողքը գոհ ընելու չափ՝ ստախօսութեան իսկութիւնը ցուցնելու համար կարեւոր սահմաններ ու օրինակներ տանք հոս կարճ ի կարճոյ։

            Բաձարձակ խօսելով՝ սուտն է այն ամենայն խօսք, ինչ որ կը խօսուի հակառակ ճշմարտութեան։ Իսկ աւելի ամփոփելով եւ ճիշդ խօսելով՝ սուտ կայ հաստատական, կայ ժխտական. օրինակի համար՝ ամենայն զարպարտութիւն, անիրաւ բամբասանք եւ սուտ վկայութիւնք՝ երբոր անմեղին եւ անպարտին վրայ ստութեամբ յանցանք ու պարտք մը կը դնեն, հաստատական սուտ կըսուին. ինչու որ հակառակ ճշմարտութեան բան մը կը հաստատեն։ Ընդ հակառակն՝ երբոր յանիրաւի զրպարտուած անմեղին ու անպարտին ամենայայտնի անմեղութիւնն ու անպարտականութիւնը չտեսնելու կը զարնուին՝ ճշմարտութիւնը ծածկելով, ժխտական սուտ կըսուին, ճշմարտութեան պահանջած արդարութիւնը ժխտուելուն համար. վասն զի ամենայն բանաւորի յարդարութենէ անհրաժեշտ պարտք է ջատագովութիւն անմեղին եւ անպարտին՝ ճշմարտութիւնն երեւան հանել. ապա թէ ոչ՝ անուղղակի գործակից կը համարուի զրպարտչին եւ չարախօսին ընդդէմ անմեղին եւ անպարտին։

            Խոստման մէջ պակսելու հիմն ալ ստախօսութիւնն է։ Խոստումը երկու կերպով կրնայ ըլլալ. մէյ մը՝ երբոր ուրիշին մեր վրայ ունեցած պարտքը հատուցանելու կը խոստանանք, ինչպէս օրինակի համար՝ պարտական մը իր պարտատիրոջը. մէյ մըն ալ՝ երբոր մեր ազատ կամօք ուրիշին բարիք մը ընելու խոստանանք։ Այս երկու կերպով խոստմանց պարտաւորութիւնը մի եւ նոյն պատճառէչըլլալուն, վասն զի առաջնոյն պարտաւորութիւնը արդարութենէն է, իսկ երկրորդինը՝ ի կամաց, անոնց մէջ պակասաւոր գտնուելուն աստիճանն ալ՝ զանազան կըլլայ։ Երկուքին մէջն ալ պակասաւոր գտնուողներուն անունը ստախօս է. բայց առաջինը նաեւ ընդդէմ արդարութեան ընելով՝ ստախօսութեան վրայ անիրաւութիւն ալ աւելցուցած կըլլայ։ Պարագաներ կըլլան որ երկրորդն ալ անիրաւ կընեն. Ինչպէս օրինակի համար՝ աղքատի մը հարկաւոր բան մը խոստանալ, եւ խոստմունքը չկատարելը։

            Աշխարհքիս մէջ ամենէն վնասակար ստախօս անոնք են, որոնք որ կամ անձնական յաջողակութեան, կամ բաղդի ճօխութեան, կամ բարձր պաշտօնի հանդիպած կըլլան։ Այսպիսի մարդիկ երբոր իրենց կարողութիւնը՝ ստութեամբ եւ նենգաւոր կեղծաւորութեամբ չարի կը գործածեն, իբրեւ ցեց տպականարար եւ կտրուկ սուր՝ մարդկութեան մարմինը միշտ պատառ պատառ ընելու ետեւէ են. ոմանք՝ ստախօսութիւն, խարդախութիւն ու չարութիւն բանիւ եւ օրինակով սորվեցնելով, որով իրենց նմաններն ալ կը շատցնեն. ոմանք կերպ կերպ վնասներ հասցնելով՝ սուտ վկայութեամբք եւ ամենահնար խաբէութեամբք, որոնց արմատը բուն ստութիւնն է եւ մտաց ապականութիւնը։ Եւ ստախօսին ամենավնասակար միջոցը մինչեւ այն ժամանակն է՝ քանի որ ստախօսութիւնը վրան ապացուցուած եւ ամենէն ճանչցուած չէ։ Իսկ ստախօսութիւնն իրենց արուեստ ու գիտութիւն ընող եւ նոյնպիսի ամենուն ճանչցուած մարդիկ՝ ուրիշին շատ վնաս մը չընելէն զատ, իրենց անձանց վրայ աւելի ատելի եւ շատերուն խորշելի կընեն զստախօսութիւնը՝ քան թէ սիրելի։ Ստախօս կամ ստախօսութեան ենթակայ մարդիկ կարծեն որ՝ ամէն խօսողին պահանջածին յարմար պատասխան մը տալով, ամէն ուզողին խոստանալով, իրենցմէ ու իրենց կարողութենէն վեր շատ բանի մէջ խառնուելով, ամենուն ապսպրածն յանձն առնլովը՝ գործունեայ եւ աղէկ մարդիկ ամենէն պիտի ճանչցուին. ուր փորձը հակառակը միշտ կը հաստատէ։ Իրաւ այս բնութեան տէր մարդկանց հետ շատերը վերաբերութիւններ կունենան, կուզեն, կապսպրեն, կը լսեն. Բայց ասանկներ սովորաբար խաբուող աշակերտները կըլլան միշտ, մինչեւ որ քանի մը անգամ իրենց յոյսերէն պարապ ելլելով՝ սորվածներուն, այսինքն չխաբուղներուն ասիճանը հասնին ու ձգեն այդ անպտուղ աշակերտութիւնը։ Վասն զի շատ բան խոստացողին ստախօս չըլլալուն վրայ՝ ես շատ տարակոյս ունիմ. իսկ ամէն բան ամէն մարդու խոստացողին, ամէն բան յանձն առնողին, եւ ամէն բանի մէջ խառնուողին ստախօսութեանը վրայ ամենեւին տարակոյս չունիմ։ Ինչո՞ւ ըսես նէ. որովհետեւ բնութեամբ ամէն մարդ շատ բան կրնայ խորհիլ եւ խօսիլ, եւ քիչ բան գործել. իսկ այն անձն՝ որ այնչափ կը խոստանայ, այնչափ բանի մէջ կը խառնուի, այնչափ յանձնարարութիւններ կընդունի, որչափ որ կրնայ խորհիլ եւ խօսքով ընդունիլ, յայտնի բան է որ այն ամբաւ բաներէն խիստ քիչը միայն գործքով կատարելով՝ մնացածը կը թողու բաժին ստախօսութեան։ Ուրեմն որ եւ իցէ մարդ երբոր ուրիշներուն ամէն խօսքով խոստացածները, գործողութեամբ, երաշխաւորութեամբ յանձն առածները՝ գործքով կատարելու պակսեր է եւ կը պակսի, կրնայ իրաւամբք իր ճշմարտախօս ըլլալուն վրայ տարակուսիլ։ Բայց ինչպէս որ ամէն մարդու վիճակն ու աստիճանը նոյն չէ, ստախօսութիւնն ալ ամէն մարդու վրայ մի եւ նոյն գունովն ու տեսքովը չերեւար, հապա այլ եւ այլ գուներով եւ անուններով։ Պարտապանաց եւ ծառայից վրայ աւելի իր յատուկ դէմքովը կերեւնայ ստախօսութիւնը. որովհետեւ անոնց ամէն խօսքը, խոստմունքն ու գործքը աւելի ճշմարտութեամբ կը տեսնուին եւ կը քննուին. իսկ միջակ մարդկանց վրայ՝ անհոգի ու ձգձգողի անուն ու կերպարանք կառնէ. մեծամեծաց վրայ՝ անողորմի, արհամարհողի, երբեմն նաեւ բռնաւորի։ Ասոնք թէպէտ եւ անունով եւ զօրութեամբ իրարմէ կը տարբերին, բայց ամենքն ալ ստախօսութեան արենակից ազգականներն են, որոնց մերձաւորութեան չափն ու աստիճանը՝ բանին պարագան, տեղն ու ժամանակը յայտնի կընեն։

            Մէյ մը ծառայք եւ աղքատ վիճակի տէր մարդիկ, մէյ մըն ալ մեծամեծները՝ իրենց բերնէն ելած խօսքերը կամ իրենց վիճակին պատշաճ պարտքերը չկատարելը ստախօսութիւն չսեպելու համար՝ պէսպէս պատճառանքներ կը բերեն։ Առաջինները՝ Տիրոջ բարկութենէն ու պարտատեարց ձեռքէն խալըսելու եւ քիչ մը շունչ առնելու համար՝ ստիպուած ենք գէթ երբեմն ստելու կըսեն. երկրորդներն ալ՝ Անթիւ աղաչողաց պաղատողաց ձեռքէն ձայնէն խալըսելու համար՝ երբեմն երբեմն չկատարուելու խոստմունք մը ընելու ու զիրենք երեսէ հեռացնելու է՝ կըսեն։ Իրաւ է որ տեղ տեղ այս գէշ սովորութիւնն այնչափ զօրացեր ու արմատացեր է, որ գրեթէ ստութեան սահմաններէն կը հեռացնէ այս կերպ խօսքի ու խոստման թերութիւնները։ Բայց ճշմարտութիւնն այն չէ, զոր ծուռ ու անտեղի սովորութիւններ բերեր հաստատեր են, այլ այն՝ զոր խիղճն ու բանականութիւնը ճանչցեր կը վկայեն։ Տարակոյս չվերցներ թէ աւելի յարգի է այն ծառայն, որ իր յանձն առած ծառայութիւնը հաւատարիմ ջանքով առանց հարկի ստախօսութեան կատարելու կը նայի, քան թէ այն՝ որ անհոգութեան ու ծուլութեան տալով ինքզինքը, տիրոջ արդար բարկութենէն խալըսելու համար կը ստիպուի ամբաւ սոտւեր խաղցնել։ Հաւատարիմ ու փութաջան ծառայն ոչ երբէք սուտ խօսելու կը կարօտի. իսկ թէ որ ըլլան այնպիսի պակսութիւններ, որ մարդկային տկարութեամբ գէթ երբեմն կը պատահին, այն ծառային փորձեալ հաւատարմութեանը համար՝ տէրը իրեն աւելի ներողամիտ քան թէ պատուհասող կըլլայ։ Վասն զի հաւատարիմ ծառայութիւնը տիրոջ սրտին մէջ ծառային վրայ միշտ գութ ու սէր մը կաւելցնէ. իսկ աչք խաբելով ծառայելը՝ օրէ օր աւելի կասկածաւոր եւ ատելի կընէ զծառայն տիրոջ աչքին, եւ իր վրայ բռնուած պզտիկ անհոգութիւնն ու պակսութիւնն ալ՝ անխնայ պատժելու կը յօժարեցնէ զանիկայ։

            Պարտապաններուն՝ անվերջ ստախօսութեամբ իրենց պարտատեարքը խաղցնելն այնչափ անտեղի ու անօգուտ արուեստ մըն է, որուն վրայ երկայն բարակ խօսելու իսկ հարկ չէ։ Վասն զի այն դիմացի պարտատէրդ ով որ ըլլայ՝ բանական մարդ է, խօսք ու պատճառ կը հասկնայ. ինչո՞ւ համար պատճառ հասկցող մարդը՝ առանց պատճառի եւ իրաւանց կը խաբխբես կը չարչրկես։ Թէ որ այսօրուան քեզմէ ուզած պարտքը մինչեւ տարի մը հատուցանելու կարող չես, հարկաւ պատճառ մը նեղութիւն մը ունիս. մարդու ու բարեկամի պէս բաց սիրտդ իրեն, կրցած ժամանակիդ խոստացիր իրեն տալու, եւ տուր։ Իսկ թէ որ ամենեւին յոյս չունիս որ պիտի կարենաս օր մը իրեն հատուցանելու, չհատուցանելու մտքով մինչեւ ի յուսահատութիւն զանիկայ խաբխբե՞լդ աւելի պատշաճ ու մարդկութիւն է, թէ հատուցանելու անկարողութիւնդ առջին դնելով՝ իր գթութեան շնորհքին ապաւինելու ըլլաս։ Թէ որ ամէն պարտատէր պատճառ ու խօսք հասկցող մարդիկ ըլլան, բարի են ըսածներդ, պատասխան պիտի տայ ստարուեստը. հապա ըլլայ անանկ մէկ մը, որ պարտքը ամենեւին չտալու ձայնը լսելուն պէս՝ զիս բանտերն ու շղթաները պիտի մաշեցնէ, այն ատեն ի՞նչ ընելու է։ Մեր ստախօսն իր պակսութիւնը աւելի անմեղադիր անելու ջանքով՝ ի՛նչպէս նոյնը իր վրայ կապացուցանէ։ Կուզէ ըսել. թէ որ անանկ մէկ մը ըլլայ, որ զինքը բանտերու շղթաներու մէջ պիտոր մաշեցնէ, զանիկայ այնչափ կը տարուբերեմ իմ բիւրատեսակ ու նորելուկ սուտերովս, որ զինքը վերջը վերջը յուսահատութեան կը բերեմ։—Երեսդ ճերմա՜կ, աղէկ բան կընես. նոյն իսկ անանկ մարդիկներէ պարտք առնելը՝ մեր բարեկամին ստախօսաց գլուխ ըլլալուն առաջին ապացոյցն է։ Վասն զի մարդ մը իրմէն պարտք առնողէն աւելի՝ իրեն պարտք տուողը զգուշութեամբ պէտք է դիտէ, ու անանկ առնէ անկէց պէտք եղած պարտքը։ Ինչու որ պարտք տուողը՝ շատ շատ տուած ստակը միայն վտանգի մէջ դրած կըլլայ, երբոր անանկ մարդ մը կը պատահի առնողը, որ կամայ կամ ակամայ կրնայ անկարող ըլլալ հատուցանելու. իսկ այն տալու յաւիտեան անկարող պարտականը՝ երբոր այնպիսի մարդէ կերթայ պարտք առնելու, որ գիտէ թէ բանտեր շղթաներ կրնայ իրեն ցուցնելու, ըսել է՝ ինչ աստիճանի ապահով վստահութիւն ունի իր սուտերուն վրայ, որ բանտով ու շղթաներով խեղճ պարտական մը փճացնող քարացեալ եւ անողորմ սիրտը դիւահնար սուտերով քաշքշելով՝ յուսահատութեան անել ճամբաներ տանելու չափ կը համարձակի։ Այս մտքով այս աստիճանի ստախօսութեան արուեստին տէր ինքը զինքը քարոզող մարդու բժշկութիւնը՝ առանց Աստուծոյ մասնաւոր շնորհաց շատ դժուարին է. բայց այս զզուելի ախտէն ազատ եղողները կրնան խելքով դատաստան ընել այսպիսի ստախօսութեան անտեղութեան, անպտղութեանն ու վնասակարութեանը վրայ, եւ մահու չափ զգուշանալ անկէց։ Վասն զի այսպիսի մարդ մը, որ իր ստախօսութեան վրայ վստահելով՝ մինչեւ մահացու վտանգի մէջ ինքզինքը դնելու սիրտ կընէ, ըսել է որ այնպիսին կամ ինքըզինքը կատարեալ ստախօսութեան արուեստաւոր որոշեր է, եւ կամ անձնասպան ըլլալու չափ յանդուգն է։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians