Փորձանք բաղդի

Փորձանք բաղդի

 

ի Բազմավէպէ

 

(1853)

 

Դպրոցականք հինգ կերպ կայ կըսեն բան սովրելու, որ են Դիտել, Կարդալ, Լսել, Կենակցիլ եւ Մտածել. Եւ ամենէն գլխաւորն դուրս կը թողուն՝ որ է Կրել։ Շատ աշակերտք եւ շատ մարդիկ՝ որոնք հարուստ ծնած եւ ինչուան ի մահ ալ հարստութեան մէջ կապրին, իրենց հարկաւոր չեն ճանչնար այն հասարակաց մտաց մեծ ազատութիւնը, որ է ճանչնալն՝ թէ մարդկան վրայ սխալ ծանօթութիւն ունին։ Յոյնք եւ Հրովմայեցիք աստուածացուցին զերջանկութիւնը, բայց շատ ապաշնորհ աստուած մը գտան։ Սկիւթացիք կը կերպարանէին զբաղդը մէկ կին մը որ ձեռք ու թռչելու թեւեր ունէր, բայց միայն կանկ առնելու ոտք չունէր։ Շատոնք զանբաղդութիւնը ոչ միայն թշուառութիւն՝ հապա ինչուան յանցանք կը սեպեն, եւ անով իրենք զիրենք յիրաւի դժբաղդ կընեն, թէ արութեամբ եւ խոհեմութեամբ դժբաղդութեան առաջն առնուլ կըլլայ. կը կարծեն ասոնք թէ Բաղդն ոչ միայն մեր խենթութեանն ու անխոհեմութեան կը յաղթէ, այլ նաեւ իմաստութեան եւ առաքինութեան։ Ընդհակառակն շատ արժանաւոր անձինք ալ կը կարծեն թէ իրենց յաջող բաղդն իրենց ճարտարմտութեամբ ստացած են. բայց թէ որ շիտակն կուզէն, պէտք է երկուքն ալ հանդարտ տեղերնին նստին եւ չխռովին։

            Բաղդն երբ մէկէ մը իր յաջողութիւնը կը վերցնէ՝ պէտք չէ այնպէս անիրաւ սեպուի, ինչպէս որ սովորութիւն է սեպել. վասն զի շատ անգամ անոր տեղ կու տայ սրտի մեծանձնութիւն եւ մտաց խաղաղութիւն. այս մեծանձնութիւնս, այս խաղաղութիւնս՝ կըլլան վահան մը, մխիթարութիւն մը, զուգակշիռ մը. մանաւանդ թէ աւելի քան զզուգակշիռ, կըլլան վարձք։ Վասն զի շատ անգամ սէր եւ խաղաղութիւն ի դժբաղդութեանց կը ծագին, ինչպէս շատ անգամ լաւայի երկրի միջէն ծաղկներ կը բացուին։

            Իրաւամբ զրուցուած է, թէ աշխարհքս թատեր մը կը նմանի, ուր լաւագոյն դատողներն ստիպուած են ամենէն գէշ բազմոցներու վրայ նստիլ. բայց աւելի իրաւամբ կը զրուցէին՝ թէ որ այն ալ աւելցնէին, թէ այն լաւագոյն դատողներն՝ ինչ ցած տեղ ալ որ նստած ըլլան, շատ անգամ տեսարանը կը տեսնան իրենց սրտին սփոփանաց համար, քան զանոնք որ կակուղ բարձերու վրայ կը նստին։

            Պէտք չէ վշտաց համար ամաչել. Սոփոկլէս ինչուան զՀերակլէս դիւցազն ալ բաղդի փոփոխութեամբ ճնշած կը նկարագրէ։ Առաքինի մարդը դժբաղդութեամբ սրբազան կըլլայ. եւ ամէն ազնուախոհ մարդ կը յօժարի ըսելու անոր, ինչպէս որ Քապուլի թագաւորին պաշտօնեայքն կըսեն իրեն. «Քու ցաւերդ իմ վրաս գան»։ Յիրաւի կայ մէկ լռին ցաւ մը սրտի՝ որ երբեմն ոմանց կենաց հիմա կը քանդէ. բայց շատ անգամ ամենէն հիւթեղ պտուղն՝ աւազուտ անապատի մէջ կը գտուի. եւ ոսկին որ քան զամէն մետաղ ծանր է, այնչափ ծաւալական ալ է, որ ինչուան բարակ օդուն մէջ ալ կրնայ թռչիլ թրթռալ։ Կրէ՛ դու ալ վշտերդ, նոյն համեմատութիւնն քեզի ալ կը հանդիպի։ Վարպետութեամբ ետ քաշուիլն ալ՝ պայծառ յաղթութենէ մը պակաս փառաւոր չէ. աննկուն մտացեռանդուն թռջանքն՝ բաղդին յեղափոխութեամբը աւելի փայլած՝ վստահութեամբ կը դիմեն յապաստանարան հոգւոյն. հոգին ալ ամբրոսեան երգոց նման՝ ծանրզօրաւոր եւ վսեմ՝ կը զօրացնէ ամէն ազնուական դրդմունք։

            «Մեզի հետ կռուողն՝ կըսէ հեղինակ մը, մեր ջղերը կը զօրացնէ. մեր հակառակորդն մեր օգնականն է. այսպէս բարեկամաբար դժուարութեանց հետ կռուիլն՝ կը ստիպէ զմեզ աղէկ մը ճանչնալու զանոնք, եւ չի թողուր որ վեր ի վերանց նայող մնանք»։ Եւ յիրաւի. ձախորդութիւնն ամենէն շուտ եւ անմոլար վարժապետն է. ինչ որ յաջողութիւնն տարիներով չի կրնար սովրեցնել, ինքն շաբաթուան մէջ կը սովրեցնէ։ Ո՞վ կրնայ ինքզինքն դժբաղդութենէ ազատել. այնչափ կարելի է այս բանս՝ որչափ կարելի է զլոյս կշռել կշառքի մէջ, կամ անցած օրը ետ դարձնել, կամ անհունը չափել, կամ երկնից հաստատութեան մէջ թռչիլ աստեղաց ետեւէն։ Ո՞վ կրնայ փայլակը փայլելէն կտրել, կամ մրրիկը իր վրայ փչելէն հեռացնել, կամ ծովուն ալիքները փոթորկի ատեն նաւէն ետ քշել։ Ուրեմն պէտք է համբերել անանկ զօրութեան՝ զոր չենք կրնալ վանել. շատ շատ կրցածնիս դէմ կենալն է. բաղդին ալ ամենէն ետքը չարութիւնն՝ զմեզ մեռնելու ստիպելն է.

            

            «Մահն ալ թէպէտ շուտ գայ թէպէտ ուշ գայ,

            Միշտ վերջի եկող պիտի ինքն ըլլայ»

 

Տղայութիւնն միշտ մանկութեան վրայ կը պլլուի, մանկութիւնն՝ պատանեկութեան, պատանեկութիւնն երիտարադութիւն, երիտասարդութիւնն այրութեան, այրութիւնն՝ ծերութեան։ Թերեւս ապագայ վիճակի մը մէջ այս ամէն հասակներուն մասնաւոր ձիրքերը կարենանք մէկտեղ վայելել. ծերութեան իմաստութիւնը, այրութեան ուժը, երիտասարդութեան շնորհքը, մանկութեան ծաղիկը, տղայութեան անմեղութիւնը… Բաղդի տաճարն այնպիսի թափանցիկ ալապաստր քարէ մը շինուած է, որ դռներն եւ պատուհաններն գոց եղած ատենն ալ՝ բաւական լոյս կըլլայ. թէ որ շնչել կուզես՝ վեր նայէ, թէ որ երջանիկ ըլլալ կուզես՝ վար նայէ։ Թէ որ կուզես խոնարհիլ բաղդատէ քու առաքինութիւններդ քեզմէ աւելի առաքինիներուն հետ. եւ եթէ կուզես քու վիճակովդ գոհ ըլլալ, դարձիր նայէ անոնց՝ որ օրերով, ամիսներով, տարիներով կաշխատին՝ առանց կտորիկ մալ վարձք ընդունելու։

            Ուրիշներէն աւելի շատ անգամ մենք զմեզ կը խաբենք. վասն զի մեր ամենէն մեծ շողոքորթներն ալ մենք իսկ եմք։ Թերեւս աւելի դիւրին է անապատներու մէջ Երուսաղէմ քաղաքը տեսնել, կամ Ֆինլանտիոյ անտառաց մէջ՝ Յունաստանի Ելիկոն լեռը, քան քսան մարդ տեսնել՝ որոնք հասկնան թէ իրենց քաշածը՝ աւելի իրենց ճարտարութեան եւ չափաւորութեան պակսութենէն է, քան թէ յաջողութեան պակսութենէն։ Աշխարհք կը խաբէ զմեզ՝ կարծեցնելով թէ ունիմք շատ լաւ ձիրքեր, եւ աւելի շատ չար բաներ՝ զոր բնապէս չունիմք։

            Մարդս ոչ երբէք այնպէս զօրաւոր կըլլայ, եւ ոչ միտք՝ այնպէս գործունեայ, քան երբոր մեծ յանկարծահաս ու կործանիչ դիպուած մը զինքն գործելու դրդեն. այն ատենն է որ առաքինութիւնն վահան եւ պատուար կը դառնայ մարդուս բնութեան. այն ատեն կիմացնէ մարդուս՝ որ վեհանձնութիւնն է ծայր եւ կատարելութիւն ամենայն երկրաւոր առաքինութեանց. այն ատեն՝ ամէն մտաւոր զօրութեանց վրայ շնորհք մը սփռելով, մեծութեան՝ գեղեցկութիւն կու տայ, կրից՝ հանդարտութիւն։ Ո՞վ է արդեօք նախանձելին. բարեբաղդն իր մտացածին չարինքներն ունի. տարաբաղդն՝ իր իրական չարիքներն. ասոնցմէ ո՞րն կրել դիւրին է.—շատ աշխատանք չուզեր հասկնալու։ Ի՞նչ ըսենք Մեծերուն համար.—ով որ կուզէ առանց փորձի հասկնալ ասոնց այլանդակութիւնը, անզգայութիւնը եւ կենաց վրայ անվայել սէրը՝ թող կարդայ Լուկիանոսի Բռնաւոր ըսուած գրուածքը։ «Մեծ ըսածնին՝ աւելի բարձր պատուանդանի վրայ կեցող մարդիկ են. երբոր հոն տեղէն նայինք՝ իրենք ալ բաւականապէս պզտիկ են. մենք առջի բերան վախով մը կը մօտենանք անոնց եւ գրեթէ վստահ ըլլալով՝ թէ անոնք ի բնէ գերագոյն բան մը ունին. իսկ երբոր մօտէն նայինք, ի՜նչպէս պզտիկ կը գտնենք անոնց սահմանը, զրուցուածքը, ի՜նչպէս թեթեւ անոնց գրուածքը, ի՜նչպէս սաստիկ անոնց կրքերը. ի՜նչպէս դժուարաշարժ են ներելու. ի՜նչպէս դիւրաշարժ՝ երեսէ ձգելու. եւ ի՜նչպէս ծուռ կը նային ուրիշին պատուոյ եւ յարգանաց վրայ»։

            Սովորաբար ծերերն կը գանգատին թէ ի՜նչ քիչ վայելք ունեցեր են. բայց շատ քիչ պիտի գանգատէին՝ թէ որ կարենային պարզ վայելմունքներու համն առնուլ։ Բարակ զգացմունք՝ բարակ վայելմունքներ կը բերեն. թէպէտ այս ալ խոստովանելու է, որ ընտիր եւ բարակ զգացման տէր եղողն՝ շատ մահացուցման ալ ենթակայ է։ Բայց իմաստութիւնն հանդարտ է. մարդուս ամենէն գերագոյն վիճակն թէ որ կարենայ ձեռք ձգել, է սրտազգաց խաղաղութիւնը եւ հանդարտ արիութիւն. ինչպէս որ ամենէն մեծ երկրաւոր մխիթարութիւն ալ է՝ ընկերութեան ցուրտ զբօսանաց մէջ՝ հաստատուն եւ օրինաւոր զգացմունք մը ներքին արժանաւորութեան։ Երեւակայութեան ըմբռնած ամենէն գեղեցիկ բանն է մարդ մը՝ որ հանդարտութեամբ ապրի զրկմանց եւ խռովութեան մէջ, ինչպէս թէ միտքը դրած ըլլայ՝ որ յաւիտենականութեան համար կապրի։ 

            Երբոր կը տեսնանք ծերը մէկ ոտքը գերեզմանի մէջ դրած, մէկալը ոսկւոյ մը կտորի վրայ.—երբոր կը նայինք կը տեսնեմք թէ ի՞նչպէս շուտ անցեր է կենաց եղանակը, եւ թէ անցելոյն մէկ ժամն ալ չի կրնար դառնալ ապառնւոյն վրայ բան մը աւելցնել.—երբոր կը տեսնեմք մանկութիւնն ու գեղեցկութիւնն որ իրենց երախայութեան մէջ կը հնձուին.—կամ երբոր կը տեսնեմք մենք զմեզ որ ամենէն ետքինն մնացեր եմք մեր բարեկամաց մէջ, յետ տեսնալու անոնց փափագներուն անյաջողութեամբ մարիլը, եւ անոնց ետքը յոյսը յոչինչ դարձած, ո՜հ, ի՜նչպէս ահաւոր տեսարան մը կընծայեն բնութիւն եւ կեանք մեր մտացը։ Երբոր չորս կողմերնիս կը նայիմք եւ կը տեսնանք հպարտութիւն, նախանձն եւ չարութիւնն՝ որ կը ջանան հասարակաց մարդկան վնաս հասցնել.—երբոր կը տեսնանք թէ որչափ առաքինութիւններ իրենց ծաղկին մէջ կը կտրէ, եւ ի՛նչպէս վարպետութեամբ կը պատժէ այնպիսի առաքինութիւններ՝ զոր ստիպուած էր գովելու.—երբոր կը տեսնանք թէ ի՛նչպէս դառնութեամբ կարհամարհուին զգացմունք եւ սովալլուկ կը թողուին հանճարք. եւ կը դիտեմք թէ ի՞նչպէս կը զուարճանան ոմանք տեսնալով իրենց ընկեր արարածներն ցաւոց մէջ.—երբոր զասոնք կը տեսնեմք, անշուշտ բաւական իրաւունք կը գտնեմք խորին մելամաղձիկ տրտմութեան։ Երբոր կանկ կառնումք մեր մելամաղձիկ եւ մտածոտ վարքի մը աւերակաց վրայ, որուն մէկ հատիկ օժիտն էր մտաց անկախուին.—երբոր կը տեսնեմք որ մանկութեան գեղեցիկ ծաղիկը՝ տգեղութեամբ, վշտակրութեամբ եւ հասակով ցամքեր է. երբոր սրտի ելեքտրական թելերը՝ անձնասէր անտարբերութեան մատներուն տակ կը պաղին կը սառին.—եւ երբոր փորձն կը սովրեցնէ, թէ հարստութիւն, մեծութիւն եւ փառք՝ ծերոց դիմաց մէկ գրգռիչ մահուան սոսկում մը կը կանգնեն, փոխանակ նկարելու այն պայծառ կերպարանափոխութիւնը՝ որ իբրեւ մոգական գաւազանու մը ծերութեան խորշոմները կրնայ փոխել՝ ծաղկած դէմքի, որուն վրայ երեւայ երկնային մանկութիւն մը,—ո՜հ, այն ատեն անշուշտ բաւական իրաւունք կայ խորին մալամաղձիկ տխրութեան։—Սակայն այն մելամաղձին մէջ ալ կայ Յո՜յս։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians