Արիութիւն

Արիութիւն

 

ի Բազմավէպէ

 

1851

 

Մի՜շտ արիութիւն. առանց ասոր առաքինութիւն չկար։ Արիութիւն պէտք է որ անձնահաճութեանդ յաղթես ու բարեգործ ըլլաս. արիութիւն պէտք է որ ծուլութեանդ յաղթես ու ամէն պատուաւոր ջանքերուդ մէջ առաջ երթաս. արիութիւն պէտք է որ հայրենիքդ պաշտպանես ու տեղը գալուն պէս ո՛ր եւ իցէ մարդու տէր կենաս. Արիութիւն պէտք է որ չար օրինակի ու անիրաւ ծաղրածութեան դէմ դիմանաս. Արիութիւն պէտք է որ հիւանդութիւն ու ամէն տեսակ վիշտ եւ նեղութիւն քաշես՝ առանց վատ գանգատներու. Արիութիւն պէտք է որ անդադար ետեւէ ըլլաս այն կատարելութեան՝ որուն հասնիլը կարելի բան չէ աս աշխարհիս վրայ, բայց թէ որ հասնելու չաշխատինք, աւետարանին վսեմ իմաստին ըսածին պէս՝ մեր ամէն ազնուութիւնը կը կորսնցնենք։

            Որչափ ալ սիրելի ըլլան քեզի քու ժառանգութիւնդ, պատիւդ, կեանքդ, միշտ պատրաստ եղիր ամէնն ալ զոհելու պարտքերուդ կատարմանը՝ թէ որ այնպէս հարկ ըլլայ։ Կամ ան է որ մարդս աւելի յանձն պիտի առնէ աս կերպով ինքզնիքը ուրանալ, ու ամէն երկրաւոր բարիքներէ հրաժարիլ՝ քան թէ անոնց կապուելով անիրաւ ու անզգամ ըլլալ. կամ ան է որ մարդս ոչ միայն դիւցազն չէ, այլ նաեւ հրէշ կրնայ դառնալ. «Վասն զի երբէք կրնայ մէկը արդար ըլլալ՝ քանի որ մահուընէ, ցաւէ, աքսորանքէ, կարօտութենէ կը վախնայ, կամ ասոնց ներհակ եղած բաները արդարութեան վեր կը դնէ» կըսէ Կիկերոն։

            Անցաւոր բարիքներու վրայ չկապուած սրտով ապրիլը, ոմանց անանկ կերեւնայ թէ խիստ վայրենի ու անգոծադրելի խրատ է։ Եւ սակայն ճշմարիտը աս է որ ինչուան որ այն բարիքներուն վրայ անտարբեր աչքով մը չնայինք՝ ոչ ինչպէս որ պէտք է նէ ապրիլ կը գիտնանք եւ ոչ մեռնիլ։

            Արիութիւնը մարդուս սրտին ոյժ պիտի տայ ամենայն առաքինութեան ձեռք զարնելու. բայց նայէ որ չափը անցնելով յանդգնութիւն ու կատաղութիւն չդառնայ։

            Անոնք որ կարծեն կամ կարծել կը ձեւացնեն թէ արիութիւնը հեզութեան հետ չկրնար յարմարիլ, անոնք որ վարժած են սանկ կընեմ  նանկ կընեմ ըսելով մեծ մեծ ջարդելու, կռիւ ընելու, խռովութեան ու արիւնհեղութեան ծարաւ ցուցնելու, ի չարն կը գործածեն այն սրտի ու ձեռքի ոյժն որ Աստուած տուեր է իրենց մարդկային ընկերութեան օգտակար ու բարի օրինակ ըլլալու համար։ Եւ սովորաբար ծանր վտանգներու մէջ ասոնք աւելի վախկոտ կը գտնուին. իրենք զիրենք ազատելու համար կրնան ինչուան իրենց հայրն ու եղբայրները մատնել։ Զօրքի մը մէջէն ամենէն առաջ ձգող փախչողները անոնք են՝ որ իրենց ընկերներուն երեսին գոյնը նետած տեսնելով ծաղր կընէին, ու թշնամւոյն վրայ նախատական խօսքերով կը խրոխտային։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians