Թշնամի ունենալու օգտակարութիւնը

Թշնամի ունենալու օգտակարութիւնը

 

ի Բազմավէպէ

 

(1855)


 

Թորոս տակառագործին իր Հոգւոյն հետ խօսակցութիւնը։


 

Թորոս. Թշնամի ունենալն ալ ի՞նչ օգուտ ունի։

 

Հոգին. Հիմա ըսեմ քեզի. նախ եւ առաջ թշնամիները քեզի այս բարիքը կընեն, որ ինչպէս պաշարուած քաղաքի մը պահապանները այն ամէն բանը՝ որ մէկ կերպով մը քաղաքին կրնայ վնաս մը պատճառել՝ գլխաւորին կիմացնեն, ասանկ ալ թշնամիները, որ միշտ արթուն կենալով քու վարմունքդ դիտելու՝ ամէն գործքերդ վար կը զարնեն ու անոնց բոլորին վրայ չարախօսութիւն կընեն, կը ցուցնեն քեզի թէ ո՛ր բաներէն պէտք է զգոյշ կենաս։

 

Թորոս. Է՜հ, ճշմարիտ բարեկամներն ալ նոյն բանը կրնան ընել մեզի։

 

Հոգին. Իրաւունք ունիս. բայց այն սէրը որ բարեկամները ունին վրադ, երբեմն զիրենք քիչ մը կը կուրցնէ. եւ շատ անգամ այն պակսութիւնները չեն տեսներ, որ թշնամեաց աչքէն չեն փախչիր. եւ ըսենք թէ տեսնեն ալ, սակայն կողմնակիցդ ըլլալով՝ կը սկսին արդարացնել զանոնք. այս պատճառաւ երբեմն բարեկամներդ խորագիտութիւն կամ ճարտարմտութիւն կընեն այն բանին, որ թշնամին չարութիւն կամ խարդախութիւն կընէ։ Ուրեմն սիրելու արժանի չէ՞ արդեօք անիկայ, որ ամէն գործողութիւններդ զննելով՝ պզտիկ ոչինչ պակսութեանցդ համար ալ զքեզ կը յանդիմանէ. եւ ուրիշ բանի ալ չգայ՝ այս մէկ հատիկ դեղն է, որով այնպիսի խոհեմութիւն մը քեզի ունակութիւն կը դառնայ, որ ընելու բանդ աղէկ մը մտածես. եւ ո՞վ կը գտնես՝ որ գէթ վախով ստիպէզքեզ միշտ առաքինի ու համեստ կեանք անցնելու։

 

Թորոս. Այս ճշմարիտ է որ մարդ աւելի թշնամւոյն առջեւը չուզեր սխալիլ, քան թէ բարեկամի մը։

 

Հոգին. Անոր համար թէ՛ բարեկամ եւ թէ թշնամի ունենալը օգտակար է, որպէս զի այն մոլութենէն որ ամօթը զքեզ ետ չկեցնէ՝ գոնէ վախը ուղղութեան բերէ զքեզ։ Ասիկա Սկիպիոն Նասիկա աղէկ ճանչցեր էր. որ երբոր կըսէին իրեն առջեւ թէ Հռովմայեցւոց պետութիւնը շատ ապահով վիճակի մէջ է, որովհետեւ կարթագինեցւոց սաստիկ կոտորած տուաւ ու Յոյները ընկճեց, պատասխանեց. «Մանաւանդ թէ հիմա ամենամեծ վտանգի մէջ է. վասն զի մէկը չկայ՝ ուսկից վախնայ, եւ ոչ ուսկից պատկառի»։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians