Պատրաստութիւն Մահու. Մասն երրորդ

Պատրաստութիւն Մահու

 

Սուրբ Լիգուորի

 

(Թարգմ1853 ի Սուրբ Ղազար)

 

 

Մասն երրորդ

 

 

Ով սիրելի եղբայր, մահուան այս պատկերին մէջ զքեզ եւ ինչ ըլլալիքդ տես։ Յիշէ որ հող էիր, եւ հող պիտի դառնաս. մտածէ որ մէկ քանի տարիէն կամ գուցէ ամսէն կամ օրէն ետեւ փտտիս եւ որդնոտիս պիտի։ Աս մտածելով սուրբ եղաւ Յոբ, որ կըսէր. Մահը ինծի հայր կոչեցի, փտութիւնը՝ մայր եւ քոյր։ (Յովբ. ԺԷ. 14)

         Աշխարքիս ամէն բանը կ'անցնի. եւ թէ որ հոգիդ մահուան ատեն կորսուի նէ, քեզի համար ամէն բան կորսուած է։ Սուրբն Լաւրենտիոս Յուստինեան կըսէ. Դիր թէ արդէն մեռած ես, որովհետեւ գիտես որ մահը ի հարկէ պիտի գայ, թէ որ մեռած ըլլայիր, ի՞նչ չէիր բաղձար որ ըրած գտնուէիր։ Հիմակուընէ քանի որ կենդանի ես՝ միտքդ դիր թէ օր մը զքեզ մեռած պիտի գտնես։ Սուրբն Բոնաւենդուրա կըսէ թէ ղեկավարը նաւը աղէկ կառավարելու համար ծայրը կը կենայ, ասանկ ալ մարդս աղէկ կեանք վարելու համար պէտք է միտքը դնէ թէ միշտ մահուան քովը կայներ է։ Սուրբն Բեռնարդոս ալ կըսէ. Առջի ըրածներուդ նայէ ու խպնէ. այսինքն տես տղայութեանդ մեղքերն ու ամչցիր։ Միջիններուդ նայէ ու հառաչէ. այսինքն մեծութեան ատենի մեղքերդ տես ու լաց։ Վերջդ նայէ ու սոսկա. այսինքն վերջի գալիքները մտածէ ու դողա եւ շուտով ճարդ տես։

         Սուրբն Կամիլլոս Լելլիսեան երբոր մեռելոց գերեզմաններուն վրայ կը նայէր, ինքն իրեն կըսէր. թէ որ ասոնք գային ու նորէն կենդանանային, ինչե՞ր չէին ըներ յաւիտենական կենաց համար։ Իսկ ես որ դեռ ժամանակ ունիմ, ի՞նչ կընեմ հոգւոյս համար։ Դիր թէ այն սուրբը խոնարհութեան համար ասանկ կըսէր. բայց վախեմ թէ դուն, սիրելի եղբայր, իրաւամբք կրնաս սոսկալ որ չ'ըլլայ թէ այն անպտուղ թզենին ըլլաս որուն համար ըսաւ տէրն մեր. Ահա իրեք տարիէն ի վեր է որ կուգամ թզենւոյդ վրայ պտուղ փնտռելու եւ չեմ գտներ։ (Ղուկ. ԺԳ. 7)

         Դուն իրեք տարիէն աւելի է որ աշխարքիս մէջն ես, ի՞նչ պտուղ տուած ունիս։ Նայէ, կըսէ սուրբն Բեռնարդոս, որ տէրն մեր չէ թէ միայն ծաղիկ կը փնտռէ, հապա նաեւ պտուղ ալ կ'ուզէ. այսինքն՝ չէ թէ սոսկ բարի փափաք եւ առաջադրութիւններ կը փնտռէ, հապա սուրբ գործքեր ալ կուզէ։ Ուրեմն գիտցիր բանի բերել այդ ժամանակն որ Աստուած իր ողորմութեամբը քեզի կու տայ. բարեգործութիւն ընելու ուրիշ ատենի մի՛ սպասեր. չ'ըլլայ թէ ա՛լ ատեն չմնայ, ու քեզի ըսեն թէ ա՛լ ժամանակ չկայ՝ երթանք, շուտ ըրէ աշխարքէս ըլլալու ատենդ է, շուտ ըրէ, ի՛նչ որ ըրիր նէ ըրիր։

 

ԻՂՁ ԵՒ ՊԱՂԱՏԱՆՔ

 

Ահա տէր իմ, ես եմ այն ծառը, որ շատոնց արժանի էի լսելու, ա՛լ կտրէ զանիկայ, ինչո՞ւ այդ երկիրը կը խափանէ։ Այո այո, վասն զի շատ տարի է որ երկրիս վրայ եմ եւ ուրիշ պտուղ չի տուի քեզի բայց եթէ մեղացս փուշն ու տատասկը։ Բայց դու տէր, չես ուզէր որ ես յուսահատիմ. դուն ըսիր ամենուն՝ ով որ զիս կը փնտռէ կը գտնէ. խնդրեցէք եւ գտանէք։ Ես զքեզ կը խնդրեմ, Աստուած իմ, եւ քու շնորհքդ կուզեմ։ Որչափ որ զքեզ դառնացուցեր եմ կը ցաւիմ բոլոր սրտանց, կը փափաքէի ցաւէս մեռնիլ։ Առաջ քեզմէ կը փախչէի, հիմա աւելի կուզեմ քու բարեկամութիւնդ՝ քան թէ աշխարհքիս բոլոր թագաւորութիւնները։ Չեմ ուզեր մէյմըն ալ դէմ դնել քու ձայնիդ։ Կուզես որ ես բոլորովին քուկդ ըլլամ. ես ալ զիս բոլորովին քեզի կու տամ, առանց բան մը պահելու։

         Դուն զքեզ խաչին վրայ բոլոր ինծի տուիր, ես ալ զիս բոլոր քեզի կու տամ. դուն ըսիր, ինչ որ իմ անուամբս խնդրէք կընեմ (Յովհ. ԺԴ. 14)։ Արդ Յիսուս փրկիչ իմ, այս մեծ խոստմանդ ապաւինելով, եւ քու անուամբդ քու արդիւնքովդ շնորքդ կը խնդրեմ, սէրդ կը փնտռեմ. տուր տէր որ առաւելուն քու շնորհքդ եւ քու սուրբ սէրդ յիմ հոգիս, ուր առաւելան մեղք։ Գոհանամ զքէն, որ ինծի աս սիրտը տուիր աղօթքս քեզի ընելու. որովհետեւ դու զիս դրդեցիր, նշան է թէ աղօթքս լսել կուզես. լսէ ինծի, Յիսուս փրկիչ իմ. տուր ինծի մէկ մեծ բաղձանք մը զքեզ հաճեցնելու, եւ զօրութիւն ալ տուր ի գործ դնելու։ Ով իմ մեծ փաստաբանս, սուրբ կոյս Մարիամ, դու ալ լսէ իմ աղաչանացս, եւ աղաջէ ինծի համար զՅիսուս։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians