Ձգձգող բնութիւն
Ձգձգող բնութիւն
ի Բազմավէպէ
(1851)
Ձգձգող բնութիւնը ծուլութենէ քիչ տարբերութիւն ունի. բայց այսպէս կը տարբերի. ծոյլը ամենեւին չուզեր, ու միտք չունի գործք մը ընելու, ձգձգողը կ’ուզէ, միտք ունի՝ բայց միշտ վաղուան կը ձգէ, կը կարծէ որ վաղը աւելի դիւրութեամբ պիտի ընէ ընելու գործքը, կամ թէ առանց աշխատելու։ Ի՛նչ գործք ընելու վրայ խօսք բանաս, կենանք մինչեւ սա զբաղմունքները անցնի կ’ըսէ. չի մտածեր որ զբաղմունքները անցնելիք չունին՝ քանի որ կ’ապրինք. ուստի ըսել է որ միտք չունի ան գործքը ընելու։
Գործքին դժուարութիւնները միայն կը մտածէ, որ երբէք դժուարութիւններուն դեղը, որոնց մէկն ալ սկսիլն է. ինչպէս առակն ալ կ’ըսէ որ «Գործքի մը սկսելը գործքին կէսն է»։ Արդէն մարդս իր բոլոր կեանքը մտածելով կ’անցնէ, ու մտածածներուն մեծ մասը առանց ի գործ դնելու կը մեռնի. իսկ երբոր ձգձգող բնութիւն ունենայ, բոլոր մտածածները անդիի աշխարհքը պէտք է որ ընէ։
Ձգձգող բնութեան վնասները այնչափ աւելի ծանր են, որչափ որ չեն երեւար. աս բնութիւնը ունեցողը՝ շատ անգամ խոհեմ ու հանդարտ մարդու տեղ կ’անցնի, բայց ամենեւին ներհակն է։ Գործքի մը պարագաները կը մտածեն, ըստ այնմ իրեն խորհուրդ կու տան. մէկէն ընելու ըլլայ, գործքը առաջ կ’երթայ կը յաջողի։ Ան կը ձգձգէ, պարագաները կը փոխուին, տուած խորհրդովդ գործքը չի յաջողիր կը խրի. Դուն անխոհեմ կը սեպուիս՝ անիկայ ձգձգող սեպուելու տեղ։
Ձգձգող բնութիւնը հիներուն երեւակայած նաւակալ ձուկի կը նմանի, որ նաւուն ետեւը կպչելու որ ըլլայ, ամէն յաջող քամի, ամէն ջանք չի բաւեր նաւը առաջ տանելու։ Ծովու հանդարտութեան կը նմանի, որ քան զամէն ժայռ, քան զամէն մրրիկ աւելի արգելք է նաւուդ առաջ երթալուն, ասանկ ալ ձգձգելը ամէն բանի արգելք է։
Ձգձգող բնութիւն ունեցողին հետ գործք մը ունենաս ընելու՝ հոգիդ կ’ելլէ, մինակ ընելէն շատ աւելի կը յոգնիս, չուանով նաւ քաշելու պէս զինքը պիտոր քաշես որ շարժի. բայց ինքը կը կարծէ որ իր չի շարժելովը զքեզ արտորանքի վնասներէն կը խալըսէ։ Ինքը բանի մը ձեռք չի զարներ, դուն ձեռք զարնես, ու յանկարծ անյաջող երթալու որ ըլլայ, «Տեսա՞ր, ես անոր համար չըրի ատ բանը» կ’ըսէ. թէպէտ եւ ծուլութեան ու վախկոտութեան համար ըլլայ չընելը։ Բանի մը ձեռք չի զարներ, որպէս զի չսխալի. բայց ամէնքը իրեն պէս ընելու որ ըլլային, աշխարհքս արձաններու թանգարան մը կը դառնար, ու ամէնքնիս ալ մէջը շարուած արձաններ։ Թէ որ մարդս չի քալէ՝ վախնալով որ յանկարծ կը սահի կ’իյնայ, անդամալոյծ կը դառնայ. թէ որ երկրագործը ցորեն չի ցաներ՝ վախնալով որ յանկարծ կարկուտը կը զարնէ, հաց չէինք ունենար։ Բայց ձգձգող մարդը «Առաջ աղէկ մը մտածենք» ըսելով՝ ինքը զինքը կը խաբէ. չի մտածեր որ մտածելն ալ չափ ունի. թէ որ մտած ելովդ վարուցանէ ժամանակը անցնելու ըլլայ՝ պարապ կ’երթայ ցանածդ. մինչեւ որ տաքցուցած երկաթէդ ի՛նչ շինելդ մտածես, երկաթը կը պաղի. ամէն բանը իր ատենովը կը յաջողի։ «Բայց դիւրին բան չէ, կ’ըսէ, ձեռք զարնելու բանը». չի մտածեր որ եթէ դիւրին բան ըլլար՝ ան ատենը կատարեալ ծուլութիւն կ’ըլլար ըրածը. դժուարութիւններն են որ զինքը սոսկ ձգձգող ըսուելու արժանի կ’ընեն։ Առանց դժուարութեան խիստ քիչ գործք կ’ըլլայ, նաեւ պտուղ մը ուտելու համար՝ բաց ի հասցնելու աշխատանքէն՝ կեղեւն ու կուտն ալ հանես պիտոր. վարդ ալ ժողվելու որ ըլլաս, մատերդ քանի մը փուշ խայթելը աչքդ առնես պիտոր. յիշէ առակը. «Ով որ գործքը չի սկսիր ամէն դժուարութիւն վերնալու սպասելով՝ գետին ջուրը ցամքելուն կը սպասէ՝ որ դիմաց անցնի»։
Comments
Post a Comment