Անհամբեր մարդու նկարագիր

Անհամբեր մարդու նկարագիր


ի Բազմավէպէ

 

(1851)

 

Անհամբերութիւն կըսուի ան սրտնեղութիւնը՝ որ կամ խօսքով կամ գործքով մը կը ցուցնենք մէկ բանէ մը ձանձրանալնուս կամ նեղանալնուս։ Ինչպէս մէկը բանի մը զբաղած ատենը՝ չախորժած անձինքներէն մէկը վրայ գալու որ ըլլայ, կը սկսի նեղիլ, ոտքը գետինը զարնել, ուսկից էր տնկուեցաւ ըսել. ինչպէս թէ որ գրելու ատենը մէկու մը գրչին ծայրը մազ մը գալու որ ըլլայ, կամ թանաքը թղթին վրայ կաթելու ըլլայ՝ գրիչը գետինը կը զարնէ, կը սկսի գրիչը անարգել. ինչպէս մէկը թուղթ խաղալու ատեն խաղը կորսնցնելով՝ կիրքէն թղթերը կը պատռտէ։ Ասոր նման սրտնեղութիւններ կը որ բարկութեան աստիճան չեն հասնիր, ու կատարեալ բարկութիւն չեն կրնար ըսուիլ, բոլորն ալ անհամբերութեան գործքեր են։

            Խելք չհասնելու պակասութիւններուն մէկն ալ այս է. անհամբերը փորձով կը տեսնէ որ իր անհամբերութիւնովը կաւելցնէ իր նեղութիւնը, աւելի կը դժուարցնէ իր գործքը, ու դարձեալ իր կրիցը կը հետեւի։ Ծառան կամ աղախինը կամ զաւակը սխալեցաւ՝ սեւին տեղը ճերմակ ելաւ բերնէն. իր անհամբերութեամբը միթէ անոր ըսածը ետ կը դառնա՞յ. Պետրոսը ծուռ նայեցաւ, միթէ իր անհամբերութեամբը անոր նայուածքը կը շտկուի՞. հագուստը հագնելու ատենը՝ թեւը դժուարաւ կը մտնէ, ինքը կը տաքնայ, միթէ իր տաքնալովը կը դիւրիննա՞յ հագնելը. հանդարտութեամբ չմտնելուն պատճառը իմանայ պիտոր, անհամբերաբար ուժ տալով՝ հագուստը կը պատռէ, օգուտ մը չըլլալէն ի զատ՝ վնաս կըլլայ։

            Աղքատը անհամբերութիւն կընէ իր կարօտութեանը համար, կարծես թէ անով իր կարօտութիւնը կը լեցուի. Հարուստը անհամբերութիւն կընէ՝ գողերը տունը մտնելուն համար, իբր թէ անով գողցածնին ետ կը դառնայ. Ծառային մոռացկոտութեանը վրայ կը տաքնայ, իբր թէ իր անհամբերութեամբը անոր յիշողութիւնը շատնար. եփած կերակուրին անհամութեանը վրայ կը նեղի, իբր թէ իր նեղսրտութեամբը կերակուրին համ գար. գաւաթին կոտրելուն վրայ անհամբերութիւն կընէ, կարծես թէ անով գաւաթը կողջննայ։ Ուրեմն անհամբերութիւնը անխելք կիրքերէն մէկն է. անոր համար Սողոմոն իմաստուն համբերութիւնը մեծ իմաստութիւն կը սեպէ, ըսելով «Այր իմաստուն յոյժ համբերէ»։

            Անհամբեր մարդը առանց աշխատելու մեծնալ կուզէ, կը կարծէ որ ուրիշները առանց աշխատանքի գիտուն կամ մեծատուն եղեր են, առանց աշխատանքի անուն ունեցեր են։ Գիրքը ձեռք առածին պէս՝ գիտուն ըլլալ կուզէ. երբոր առանց աշխատելու չի կրնար ըլլալ, ուսումը մէկդի կը ձգէ ըսելով՝ գիտուն ըլլալը իմ բանս չէ։ Ծառ մը չի տնկեր, պտուղին ո՞վ սպասէ պիտի ըսելով. ոչխարին խոտ տալու ըլլայ՝ դմակը կը զննէ որ արդեօք գիրնալ սկսա՞ւ։ Անհամբեր մարդը համբերող մը տեսնելու ըլլայ, կը կարծէ որ բնութիւնը զանիկայ այնպէս անզգայ ստեղծեր է. չի մտածեր որ որչափ աշխատած է մինչեւ որ համբերել սորվեր է։ Մեծ ուսում է համբերութիւնը, առանց փորձելու ու վարժելու չի սորվեցուիր. նեղութիւն քաշելու փորձ չեղողը՝ նոր շինած անուոյ մը կը նմանի, որ որչափ թեթեւ կառք մըն ալ քաշելու ըլլայ, շարունակ կը ճռնչէ կերպ կերպ ձայներ կը հանէ. քիչ մը որ կը սկսի վարժիլ՝ որչափ բեռ դնես սայլին վրայ՝ առանց ձայն հանելու կը քաշէ կը տանի։ Զենոն փիլիսոփային քովը շատ տարի համբերութեան վարժած պատանի մը՝ հայրը հարցուց որ ի՛նչ սորվեր էր այնչափ տարուան մէջ՝ իրեն այնչափ ծախք ընել տալէն ետեւ։ Տղան, թէ որ քիչ մը համբերես՝ քեզի կը ցուցնեմ ըսաւ, ու լռեց։ Հայրը կարծելով որ զինքը կը ծաղրէր, սկսաւ ծեծել զորդին ըսելով՝ այսչափ տարի է, այսչափ ծախք կընեմ, ի՛նչ սորվեցար։ Ան ատենը պատանին հօրը ձեռքը պագնելով՝ ըսաւ. Համբերել սորվեցայ, հօրմէս ծեծ ուտելն ալ՝ սիրով ընդունել սորվեցայ։ Հայրն ալ զինքը համբուրեց ու ըսաւ՝ իրաւունք ունիս, չէ թէ միայն քու համբերել սորվելդ ցուցուցիր, այլ եւ իմ համբերել չգիտնալս։

            Անհամբեր մարդու գլուխը ցաւի, կը սկսի ուրիշներուն ալ մէկտեղ ցաւեցնել. փորը ցաւի՝ աս ի՛նչ անտանելի ցաւ է կըսէ, թէ որ ուրիշ ցաւ մը ունենայի՝ կը համբերէի, ասոր չեմ կրնար համբերել. բայց ուր տեղն ալ ցաւելու ըլլայ՝ նոյն բանը կըսէ. ըղունգն ալ ցաւի՝ ամենէն մեծ ան ցաւը կըլլայ, ու չկրնար համբերել։ Թէ որ զօրաւոր մարդէ մըն է քաշածը, անհամբերութիւն կընէ որ ուզէ չուզէ պիտի համբերէ. թէ որ տկար մարդէ մըն է քաշածը, դարձեալ անհամբերութիւն կընէ, ըսելով՝ թէ որ ուզէի կը սորվեցնէի իրեն թէ ո՛վ եմ։ Թնշամիէն խօսք մը լսէ, ան անիրաւին խօսքին չեմ կրնար դիմանալ կըսէ։ Բարեկամէն լսէ, թշնամիս ըլլար՝ կը համբերէի կըսէ, բայց բարեկամ մարդէ քաշել չեմ կրնար։ Վերջապէս ամէն պարագայ իր անհամբերութեանը պատճառանք կընէ. մեծ համբերութիւն ըրած կը սեպէ, երբոր գլուխը շարժելով՝ համբերութիւն կըսէ. չմտածեր որ ան խօսքն ալ անհամբերութիւն մըն է. համբերութիւն ընել ուզողը, ատ խօսքը բերնէն չի հաներ. Ուրեմն համբերութիւնն ալ իր բերանը անհամբերութիւն կը նշանակէ։

            Ի՛նչ սիրելի բնութիւն է անոնցը, որ իբր թէ իրենց ախորժածը ամենեւին ուրիշի ախորժածը ըլլար՝ ամէն բանի սիրով զիրենք կը յարմարցնեն։ Այսօր սեղանը քիչ մը ուշացեր է, կերակուրը պատրաստ չէ եղեր. ի՛նչ կըլլայ, աշխարհք չի փլչիր անով. բայց անհամբերը կը սկսի նեղասրտիլ, կերակուրը լեղի կը դառնայ՝ իրեն ալ, սեղանակիցներուն ալ։ Կարծես որ իր ժամացոյցն ալ միշտ առաջ կերթայ, իր կէսօրը, իր իրիկունը աւելի կանուխ կու գայ, ամէն բան իրեն ուշ կերեւնայ։ Զբօսանքի մը պիտոր երթցուի, կամ նաւակը կամ ուրիշ պէտք եղած բան մը ամենեւին չէ պատրաստուեր, քիչ մը ուշացեր է եղեր, զբօսանքը զբօսանք չըլլար իրեն ալ՝ բոլոր տնեցոց ալ, համը հոտը կերթայ, ի՞նչու՝ պարոնը կը կախէ։ Գործք մը կընես, անհամբեր մարդը գլխուդ վերեւը կանցնի, հանգիստ չի թողուր, շուտ ըրէ կըսէ, ատենը կանցնի, ես բան գործք ունիմ, ծերու պէս, կրեայի պէս կը շարժիս. վերջապէս այնչափ բան կըսէ, որ ըրածդ կը շփոթես, պէտք կըլլայ որ նորէն սկսիս։ Խօսք մը սկսիս, ես իմացայ ըսելիքդ, աս կամ ան պիտոր ըլլայ կըսէ, ու խօսքդ կը կտրէ. չէ թէ միայն ըսելիքդ չի գիտնար՛ այլ եւ ըսածդ չի հասկնար։ Պատմութիւն մը կը սկսիս պատմելու, որուն համը անկարծելի լմննալու վրայ է, անհամբեր մարդը, աս վերջի համով կտորը՝ ասանկ կամ անանկ ընելը պատմէ ըսելով՝ պատմութեան համը հոտը կը տանի։

            Անհամբերութիւնը պլշտկուող հիւանդութիւններու կը նմանի. տան մը մէջ մէկ անհամբեր անձ մը ուրիշներուն համբերութիւն ալ կը քիչցնէ. ինքն ալ կը նեղի, ուրիշներուն ալ նեղութիւն կու տայ, ու կը ստուգէ ան առածը որ կըսէ՝ մեծ նեղութիւն է նեղութեան համբերել չի կրնալը։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

The Fables of Mkhitar Gosh