Վիճաբանասէր մարդու նկարագիր

Վիճաբանասէր մարդու նկարագիր

 

ի Բազմավէպէ

 

(1848)

 

Վիճաբանելու սէրը անիմանալի ախտերուն մէկն է։ Մարդ կայ որ կարծես թէ խօսակցութենէն համ չառներ՝ թէ որ ուրիշի չընդդիմաբանէ. կարծես թէ կը սպասէ ուրիշի մէկ խօսքը բռնելու որ վէճ բանայ, մտքին վրայ ալ չըլլայ՝ բառին վրայ. ինչպէս որ վիճաբանութիւններուն շատը բառի վրայ է՝ մէկմէկու միտք չհասկնալէն կամ հասկնալ չուզելէն։ Մանաւանդ երբոր մէյմը վիճաբանութիւնը տաքնայ, կարծիքի տարբերութիւնը մէկդի կը դրուի, ու հասարակօրէն բառերու վրայ կը պտտի վէճը։

            Վիճաբանութեան հիմը ինքնահաւանութիւնն է. բայց վիճաբանասէրը ինքզինքը ինքնահաւանութենէ շատ հեռու ցուցնելու համար, վիճաբանութիւնն է գիտութիւնները ծաղկեցնողը, կըսէ. վիճաբանութեամբ ճշմարտութիւնը դուրս կելլէ, ու անոր նման պատրուակներ, չմտածելով թէ ո՜րչափ տարբեր բան է ճշմարտութիւն փնտռելու խօսակցութիւնը՝ կիրքով վիճաբանելէն, ու չգիտնալով որ մարդս կրից մէջ ոչ բան կը հասկնայ, եւ ոչ բան մը կրնայ հասկցնել։ Երբոր երկու հոգի տաքցած կասկարմիր կտրած՝ մէկմէկու հետ կը վիճաբանին, խօսքեր կելլէ բերներնէն որ ամենեւին խնդիրէն դուրս է. հանդարտ կը սկսին, ետքը բանը կը տաքնայ. կռուող կատուներու կը նմանին, մլաւ մլաւով կը սկսին՝ մրմռով կը լմնցնեն. թէ որ թաթերնին ալ մէկմէկու վրայ չվերցնեն, լեզունին իրարու կը հասցնեն։ Երկուքն ալ մտքերնին դրած՝ որ իրենց ըսածն է ճշմարիտը, մէկզմէկ խօսք չհասկցող կը կանչեն. թէ որ փնտռես թէ որո՛ւն ըսածն է ճշմարիտը, շատ անգամ եւ ոչ մէկունն է. անոր համար վիճաբանութենէն ետքն ալ իւրաքանչիւրը զինքը յաղթող կը համարի. այո՛ն ալ ո՛չն ալ յաղթող կըլլայ։ Երկուքն ալ իրարու խօսքը չէ թէ հասկնալու համար կը լսեն, այլ դէմը խօսելու. Անանկ որ բանը ամօթի կը հեծնայ՝ ո՛վ որ առաջ լռելու ըլլայ։ Մտածէ ուրեմն թէ երբոր մարդս չլռելու համար խօսելու ըլլայ, աս խօսածին մէջը ի՛նչ խելք կըլլայ. թէ որ երկայն մտածելէն ետքն ալ՝ շատ անգամ մարդուս խօսածը խելքով բան մը չէ, հապա թէ որ կիրքով ու առանց մտածելու հարկաւորի ետեւէ ետեւ խօսքերը բերել՝ վերջին խօսողը ինք ըլլալու համար, ի՞նչ համ հոտ կըլլայ ան խօսածին մէջ։

            Կը զարմանաս երբեմն որ խելացի մարդիկ բարակ բաներու խելք հասցնելէն ետեւ՝ ինչպէս իրարու ըսածը չեն հասկնար։ Պատճառը յայտնի է. վասն զի ան բարակ բաները՝ հասկնալու համար կը լսեն կամ կը կարդան. իսկ վիճաբանելու ատեն՝ մէկմէկու խօսքը դէմը խօսելու համար կը լսեն, ան ալ թէ որ լսեն. ինչու որ իրարու ատեն ալ չեն տար խօսքերնին լմնցնելու. անկաճնին ու լեզունին մէկտեղ կուզեն բանեցնել. չես գիտեր ո՛վ է լսողը. աւելի ստոյգը ան է որ լսող ամենեւին չկայ, երկուքն ալ իբրեւ թէ պատերուն հետ խօսէին. ներս մտնողը կը կարծէ թէ փորձ կընեն՝ որո՛ւն ձայնը աւելի բարձր է ու ո՛վ աւելի կրնայ պոռալ։

            Վերջապէս վիճաբանասէր մարդը ինքզինքը ծիծաղելի կընէ, երբոր բերանը ուրիշ խօսք չի մնար, ու յաղթուիլը յայտնի չընելու համար՝ բերած պատճառներդ բաւական չեն համոզելու կըսէ։ Կուզէ որ ամէն բանին պատճառը մաթեմաթիքական ապացուցի պէս ըլլայ, ու երկու անգամ երկուքդ չորս ընելու պէս ըլլայ՝ որ զինքը պապանձեցնէ. կարելի է որ վիճաբանութեան մէջ նաեւ անոր վրայ ալ տարակուսի։ Մարդ եղած է որ ժամը քանին ըլլալու վրայ տաքցած վիճաբանելու ատենը արեւուն մտնալն ալ տեսնելով՝ արեւը կը սխալի ըսած է։

            Շատ դժուարաբժշկելի կըլլայ մարդուս վրայ աս ախտը, թէ որ պզտիկուց չի ջանայ ինքզինքը կրթել։ Թէ որ մարդս աս ախտեն բժշկելու դեղ մը կայ նէ՝ աս է որ գիտնայ թէ մեծ իմաստութեան նշան է մարդուս իր կարծիքը փոխելը։ Ճշմարտութեան գիտութիւնը կը պահանջէ որ մարդս շատ անգամ աս զոհս ընէ. ու աս զոհս ընողներն են որ ա՛ն պանծալի անուանը արժանի կըլլան, ճշմարտասէր ըսուելու։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians