Մեծանձնութիւն

Մեծանձնութիւն

 

ի Բազմավէպէ

 

(1857)

 

Մեծանձնութիւնը այնպէս իրական բան մըն է, ինչպէս առողջութիւնը, եւ այլն։ Մարդ մը՝ որ բախտին կիշխէ, եւ զօրաւոր միջոցներով բարձր վախճաններու կը հասնի, եւ որ իր գործունէութեամբը, համբերութեամբը եւ կամ խորին խորհուրդներով՝ կը նուաճէ զմարդիկ, դժուար է որ այս աստիճանի հանճարաւոր անձին վրայ չզգայ մէկը ազնուական իրականութիւն մը։ Բայց սակայն չկայ անանկ զուտ բան մը, որով չզեղծանին մարդիկ առանց դժուարութեան։

            Մեծանձութիւնը՝ բարձր բնական ազդում մըն է, որ դիմել կու տայ զմարդ որ եւ իցէ տեսակ մեծ բաներու, բայց դէպ ի բարին կամ դէպ ի չարը կը դարձնէ զինքը՝ իրեն կրիցը, լուսաւորութեանը, դաստիարակութեանը, բախտին, եւ այլն, համեմատ։ Աս ձիրքը՝ հաւասար տեսնալով զինքը երկրիս վրայի եղած բարձրագոյն առարկաներուն հետ, երբեմն ամէն տեսակ ջանքով կամ հնարքներով ետեւէ կըլլայ մարդկային բաները ընկճելու իրեն տակ, եւ երբեմն արհամարհելով զանոնք, ինքը ինքնիրեն անոնց տակը կընկճի՝ առանց նուաստանալու իր աս ընկճելովը, որովհետեւ իրեն սեփական մեծութեամբը լցուած՝ ծածուկ կը հանգչի անոնց վրայ, ուրախ ըլլալով որ ինքը իր անձին տէրն է։ Ո՛հ, ինչպէս գեղեցիկ է մեծանձնութիւնը, երբոր առաքինութիւնն է առաջնորդ բոլոր իրեն շարժմունքներունբայց ի՛նչպէս վտանգաւոր է, երբոր կարգէ կանոնէ դուրս կելլէ։ Երեւակայէ մտքիդ մէջ զԿատիլինա իբրեւ մարդ մը, որ իր տոհմին ազնուականութեան բոլոր նախապաշարմունքները ոտքի տակ առած, աշխարհքս կերպարանափոխ ընելու ու հռոմէական անունն անհետացնելու կը խորհի. եւ մտածէ որ աս յանդուգն հանճարը՝ հաճոյից մէջ ընկղմած կը սպառնայ աշխարհքիս, եւ անառակ ու աւազակ մարդիկներէ խումբ մը կը կազմէ, ուսկից կը սոսկան Հռովմայ բանակներն ու իմաստութիւնը։

            Այսպիսի բնաւորութեամբ անձ մը ի՜նչ աստիճանի կրնար առաքինութեան սահմանն ընդարձակել, թէ որ բարւոյն հետեւէր. բայց ժամանակին դժբաղդ պարագաները զինքը անօրէնութեան մղեցին։ Կատիլինա ի ծնէ հաճոյից եռանդուն սէր մը ունէր, զոր օրինաց խստութիւնը կը դառնացնէր ու կը ճնշէր. իր շուայտութիւնն ու զեղխութիւնները կամաց կամաց եղեռնաւոր խորհրդոց մէջ ձգեցին զինքը. երբոր մերկ մնաց իր ինչքերէն, վատանուն, ու դիմացը արգելքներ դրուած, այնպիսի վիճակի մը մէջ տեսաւ ինքզինքը, որ աւելի դիւրին էր կործանել զհասարակապետութիւն՝ քան թէ կառավարել. եւ չկրնալով իր հայրենեացը դիւցազնն ըլլալ, անոր տիրապետելու սկսաւ մտածել։ Այսպէս մարդիկ շատ անգամ աղէտալի դիպուածներով եւ կամ իրենց վիճակին դիրքովը եղերանց մէջ կը սահին կիյնան. Այսպէս իրենց առաքինութիւնը իրենց բախտէն կը կախուի։ Ի՞նչ կը պակսէր Կեսարու. բայց եթէ թագաւոր ծնած ըլլալ։ Ազնուաբարոյ էր ինքը, վեհանձն, առատաձեռն, քաջասիրտ ու գթած. իրեն պէս յարմար ուրիշ անձ մը չէր կրնար գտնուիլ աշխարհքս կառավարելու ու երջանկացնելու. թէ որ իր հանճարոյն հաւասար ըլլար իրեն բախտն ալ, անարատ կըլլար իրեն կեանքը. բայց որովհետեւ ինքը ինքիրեն բռնի արքունական աթոռն ելաւ, իրաւունք սեպեցին արդարութեամբ բռնաւորաց կարգը դնելու զինքը։

            Ասկէ կիմացուի, որ մոլութիւններ կը գտնուին՝ մեծամեծ ձիրքերու հետ միացած, եւ հետեւաբար՝ կան մեծամեծ ձիրքեր, որ զատուած են առաքինութենէ։ Ցաւօք սրտի կը խոստովանիմ այս ճշմարտութիւնը. տխուր բան է՝ որ բարեսրտութիւնը միշտ ընկերակից չէ ուժի հետ, եւ թէ արդարութեան սէրը ամէն մարդու վրայ ու իրեն կենաց բովանդակ ընթացքին մէջ չզօրանար հարկաւորապէս քան զամէն ուրիշ սէր. եւ ոչ միայն մեծ մարդիկ ախտերու գերի կըլլան, այլ նոյն իսկ առաքինիք ալ կը գէշնան եւ բարւոյն մէջ անհաստատ են։ Եւ սակայն ով որ առողջ է՝ առողջ է, ով որ զօրաւոր է՝ զօրաւոր է, եւ այլն։ Առաքինութեան անհաւասար վիճակը, տկարութիւններն որ անոր կապակցեալ են, ախտերն որ ամենէն գեղեցիկ վարքերը կանպատուեն, մեր բնութեան՝ որուն վրայ յայտնապէս կը տեսնուի մեծութիւն ու նուաստութիւն միատեղ խառնուած՝ մեր բնութեան աս անբաժան թերութիւնքը, չեն աւրեր մարդուս կատարելութիւնները։ Անոնք, որոնք կուզեն որ մարդիկ բոլորովին բարի ըլլան կամ բոլորովին չար, բացարձակապէս մեծ կամ նուաստ ըլլան, չեն ճանչնար մարդկային բնութիւնը։ Ամէն բան խառնուրդ մըն է մարդկանց վրայ. իրենց ամէն բանը սահմանաւոր է. ու նոյն իսկ ախտերնին ալ չափ մը ունին։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians