Darwinism: Part 5

 Տարվինականութիւն


Հ. Ստեփանոս Սարեան

 

(1902)

 

 

Ե.

 

 

Բարեշրջութեան ծայրայեղութիւնները

 

Տարվին՝ իր վերոյիշեալ գրոց առաջին տպագրութեան մէջ, յամին 1859, համեմատաբար չափաւոր կերպով բացատրած էր իրեն տեսութիւնը, որով կենդանի եւ բուսական տեսակներու ծագման բացատրութիւն կու տար, իբրեւ թէ այս տեսակներն ծագած են բարեշրջութեամբ՝ աստուածաստեղծ նախնական երեք կամ չորս ձեւերէ։ Բայց Տարվինի այս գզուշաւոր խոհեմութիւնը չպահեցին մեծ բնապատումիս աշակերտները։ Սոսկ իմաստասիրական կարգի մասին նախապաշարուած գաղափարներով՝ հանեցին տարվինականութիւնը բնական գիտութիւններու ասպարէզէն, եւ բոլոր տիեզերքը ամփոփեցին ընդարձակ համադրութեան (synthèse) մէջ, որուն ընդարձակածաւալ մեծութիւնն խաբեց նշանաւոր մտքերը։

Բարեշրջութիւնը ջանացին ծայրայեղութեամբ մարդու ալ յարմարցնել։ Ռուայէէն (Clémence Royer), Վոկթէն (Carl Vogt), Մոլէշօթէն (Jacob Moleschott), Պիւխնէրէն (Ludwig Büchner) ետքը, հարկադրուեցաւ Տարվին գիրք մը գրելու մարդու անասնական ծագման վրայ։ — Փասթէօռի (Louis Pasteur) գեղեցիկ եւ համոզիչ փորձերը տեսնելով հանդերձ, ինքնածնունդ կեանքի կարծիքը իբրեւ անհրաժեշտ վարդապետութիւնը սորվեցուցին. Որովհետեւ իրենց նպատակն էր՝ բոլորովին ուրանալ Աստուծոյ ազդեցութիւնը եւ զօրութիւնը կեանքի ծագման եւ անոր զանազան կերպերով երեւան գալուն մէջ։ — Հեկքէլ (Georg Hegel), Հերպէր Սփէնսր (Herbert Spencer), Լիդրէ (Émile Littré), Թէն (Hippolyte Taine), Ռընան (Ernest Renan), եւ այլն, հնարեցին տիեզերական միութիւն մը (monism universel), որուն զօրութեամբ՝ ֆիզիք-մեքենական օրէնքներն (որոնք կը հաւաքեն կամ կը ցրուեն իրենք իրենցմէ անգործ (inerte) հիւլէները կը բացատրեն ամէն ինչ, քարի մը անկումէն, բոյսերու աճումէն սկսեալ մինչեւ մարդուս խիղճը եւ ընկերութեան կազմակերպութիւնը։

            Սակայն թէպէտ եւ անտարակոյս՝ բնապատումն ալ իրաւունք ունի իմաստասիրելու, վասն զի գիտնական ըլլալու համար հարկ է իրողութիւնները իրարու հետ կապող օրէնքները քննել եւ ապա այս իրողութիւնները կամ երեւոյթները առաջ բերող պատճառները փնտռել, բայց նոյն բնապատումն պէտք չէ որ յախուռն առաջ երթայ անխորհրդաբար, անհիմն ենթադրութիւններ կանգնէ, եւ մանաւանդ ներելի չէ իրեն՝ որ այդ ենթադրութիւնները՝ իբրեւ գիտնական հաւատք յօդուածներ մէջ բերէ։ — Դժբաղդաբար՝ ներկայ խնդրոյս մէջ այս է վերոյիշեալ եւ ա՛յլ բնապատումներուն ըրածը. որովհետեւ, Տարվին ենթադրութիւն մը հնարեր էր, որ թէպէտեւ յինքեան մեծ, բայց միշտ ենթադրութիւն էր, եւ այդ ենթադրութիւնն ալ անկատար էր, վասն զի տեսակներու ծագման խնդրոյն մէկ մասը միայն կը լուծէր։ Եւ սակայն, այս դեռ եւս խարխուլ հիման վրայ սուտ իմաստասիրութիւնն, գիտական միութեան պատրուակով, կը բարձրացնէ խոշոր շէնք մը՝ զոր կը հարուածեն համեստ գիտութեան փաստերն, ինչպէս նաեւ լուսաւոր ողջմտութեան պատճառաբանութիւններն։

            Յաջորդ տողերու մէջ պիտի քննենք համառօտիւ՝ վերոյիշեալ ծայրայեղութիւններուն ստոյգ պախարակելի կետերը, որպէս զի կենդանի տեսակներուն ծագման առանձին խնդիրը լաւ եւս պարզուի։

 

Ա. Բարեշրջութեան տեսութիւնը (théorie) չի կրնար յարմարիլ մարդուն. Այսինքն, մարդուս ծագումը չի կրնար մեկնուիլ բարեշրջութեան ձեռքով։ — Ինչպէս վերագոյն ըսինք, այս կէտը առանձին գլխով մը պիտի պարզենք, անոր համար հոս պիտի յիշենք միայն այն հիմնական պատճառը՝ որուն զօրութեամբ անտարակոյս կերպով մարդս դուրս կը մնայ բարեշրջութեան սահմանէն։ Հետեւեալն է այդ հիմնական պատճառն. այսինքն, բարեշրջութեան գաղափարին մէջ կը բովանդակուի իրի մը, կարողութեան մը զարգացման, յառաջադիմութեան գաղափարը. իսկ նոր ստեղծման կամ նոր արտադրութեան գաղափար չի տար բարեշրջումն. Այսինքն, բարեշրջութիւն ըսելով կըմբռնենք՝ որ էակ մը գործարանական եւ նոյն իսկ հոգեբանական կատարելութեան աստիճանէն վեր կը բարձրանայ, այնպիսի չափով մը որ իսկապէս կախումն կունենայ յօրինուածէն (organisme). ուստի բարեշրջութեամբ չենք հասկնար՝ իբր թէ էակ մը կը փոխէ իր բնութիւնը եւ կը ստանայ այնպիսի ինչ մը՝ որ եւ ոչ իբրեւ ի հունտի կամ բողբոջի կը գտնուէր իրեն նախնեաց մէջ։ — Իսկ արդ մարդն՝ անասունէ տարբեր բան մէ. վասն զի աւելի զարգացած, աւելի իմացական, աւելի ճարտար, աւելի ձեռնհաս անասուն մը չէ, այլ նոր բնութիւն մը ունի, թէպէտ իրեն մարմնոյն շէնքը նմանութիւն մունի բարձրագոյն անասուններուն մարմնոյն։ Եւ յիրաւի, մարդը բնորոշող հոգեկան գործողութիւններն կենթադրեն հոգեկան կարգի բնութիւն մը եւ կարողութիւններ. մինչդեռ ընդհակառակն ամենէն աւելի բարձր անասնոյն գործողութիւններն կը սահմանափակեն զինքը նիւթոյ եւ զգայնութեան ստորին շրջանակին մէջ։ Եւ եթէ իմաստասիրութիւնը անկեղծ սրտով ուսումնասիրէ մէկն՝ յայտնի կը տեսնէ այս խոր տարբերութիւնը անասնոյ եւ մարդու մէջ։ Տարվինի ժառանգ եւ աշակերտ՝ Ռոմանի (Romanes) հոգեբանական ուսումնասիրութիւններն չկրցան խախտել այս էական հիմնական առաջարկութիւնը։ — Այդ պատճառաւ ուրեմն կը հաստատենք՝ որ բարեշրջութիւնն թէպէտ եւ բոլոր անասունները միեւնոյն բնութեան մէջ միացնող զարգացումը իրագործեր կամ արտադրէր, բայց չէր կրնար բնաւ նոր բան ստեղծել՝ այսինքն իմացական եւ ազատ մարդը։

 

Բ. Բարեշրջութեան տեսութիւնն չի կրնար յարմարիլ կենաց ծագման. այսինքն՝ կենաց ծագումը կարելի չէ բացատրել բարեշրջութեամբ։ — Արդէն իսկ Երկրորդ խնդրոյն մէջ ընդարձակ կերպով պարզեցինք այս կէտը, անոր համար հոս երկու դիտողութիւններ միայն պիտի ընենք. նախ՝ որ բարեշրջութեան ի նպաստ մէջ սերուած իրողութիւններն կենաց ծագման հետ ամենեւին յարաբերութիւն չունին. — երկրորդ՝ որ առաջին կենդանի էակնեորւն ինքնածնունդ կազմութեան հակառակ եղած իրողութիւններն ու պատճառաբանութիւններն իրենց բովանդակ զօրութեան մէջ են։

Եւ յիրաւի, ա. յայտնի է՝ թէ բարեշրջութեան վերաբերեալ ենթադրութիւններն ու իրողութիւններն կենաց ծագման հետ բնաւ յարաբերութիւն չունին։ Որովհետեւ, եթէ այդ իրողութիւններուն ձեռքով կը հաստատուի՝ թէ կենդանի տեսակներու մէջ ազգականութիւն կայ, նոյն իրողութիւններն չեն կրնար ջնջել բոյսի եւ հանքի մէջ եղած հեռաւորութիւնը կամ տարբերութիւնը։ Եւ իրօք ալ, միջավայրին ազդեցութիւններուն վրայ խօսուելով խնդիրն է՝ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող յօրինուածներուն զարգացման եւ փոփոխութեան մասին, եւ ոչ թէ անշունչ կամ անկենդան աշխարհի անցնելուն վրայ ի կենդանի կամ ի շնչաւոր աշխարհ։ Բայց ասկից, կենաց պայքարը կրնայ անասուններու եւ բոյսերու մէջէն աւելի առանձնաշնորհեալ տեսակները պահպանել, իսկ այդ հանքերն՝ իրենց գոյութիւնը պահելու համար չունին ոչ տալիք պատերազմ ոչ ալ ընելիք յառաջադիմութիւն կամ զարգացումն։ բ. Նոյնպէս ստոյգ է՝ որ ինքնածնունդի հակառակ դրուած իրողութիւններն ու փաստերն անհերքելի կը մնան։ Որովհետեւ Փասթէօռի փորձերէն ետքը, ոչ ոք կը տարակուսի, թէ մեզի ծանօթ բոլոր կենդանիներն՝ իրենց նման ծնողներէ առաջ կու գան։ Եւ մեր վերագոյն յիշած Ներածութիւնն  (induction), որ ամէն ժամանակի կենաց առաջ գալուն բացարձակ մէկ օրէնք միայն կապացուցանէ, նոր արդի գիտութեան վրայ հաստատուած փաստերուն ամենէն աւելի անհերքելին է։

 

Սակայն ի՞նչպէս այսչափ ընդարձակուեցաւ բարեշրջութեան ասպարէզը՝ հակառակ իսկ ճշմարտութեան։ — Յայտնի է թէ ֆիզիքական օրէնքներու զօրութեան վրայ չափազանց վստահութիւնն, եւ անհիմն համոզում մը՝ թէ ֆիզիքական տիեզերքս ինքնիրմով պէտք է բացատրուիլ, պատճառ եղած են այսպիսի սխալ ընթացքի մէջ։

Իրաւ է՝ որ ֆիզիքական գիտութիւններուն ասպարէզին մէջ սքանչելի գիւտեր եղան։ Բարեշրջութեան եւ զօրութեան պահպանութեան օրէնքը մեծ լոյս ծագեց բնութեան ամէն երեւոյթներուն վրայ։ Եւ այս օրէնքը՝ խիստ ճշտութեամբ մը կը տեսնուի նոյն իսկ կենսական երեւոյթներու, եւ մարդու իսկ գործողութիւններուն մէջ. այսինքն թէ՝ ո՛ր եւ է զօրութիւն ինքնիրեն առաջ չի գար եւ ոչ ալ կանհետանայ. չկայ երեւոյթ մը՝ որ ֆիզիքական ազդեցութեամբ առաջ եկած չըլլայ. չկայ երեւոյթ մը՝ որ առաջ գայ առանց կորուստի մը կամ աւելի առանց ֆիզիքական զօրութեան փոփոխութեան մը (transformation)։ — Բայց եթէ այդ օրէնքն կը լուսաւորէ, պէտք չէ որ կուրացնէ։ Իսկ արդ, փոխանակ լուսաւորելու կը կուրցնէ, եթէ մոռնանք որ զօրութեան կամ ազդեցութեան փոփոխութիւններն եւ փոխանակութիւններն՝ երեւոյթներուն ամբողջութիւնը չեն կազմեր, եւ թէ երեւոյթներն ունին ինչպէս քանակութիւն մը՝ նոյնպէս նաեւ որպիսութիւն կամ որակութիւն մը, եւ թէ այս որպիսութիւնը (modalité) բնաւ կամայածին(capricieux) չէ, այլ միշտ կանոնաւոր, եւ կախումն ունի՝ ֆիզիքական կոյր եւ անասնական զօրութենէն տարբեր զօրութենէ մը։ Զոր օրինակ, կենաց մէջ ազդեցութիւնը պահելու համար օրէնքը կիշխէ յեղափոխուած շատ մը խորութիւններու վրայ. բայց կենդանի նիւթին յարակից որակութիւն կամ յատկութիւն մը անոր որպիսութիւնը կորոշէ։ Եւ որովհետեւ այս որակութիւնը կամ յատկութիւնը չի կրնար ֆիզիքական զօրութիւններու միայն արգասիք ըլլալ, անոր համար ալ անկենդան նիւթն բնաւ չի կրնար ինքնիրեն կենաց սահմանին մէջ անցնիլ։

 

Արդի գիտութիւնը իրեն անպատուութիւն կը համարի Արարչի մը դիմելը. եւ այդպիսի սխալ համոզում մը թուի թէ երկու պատճառներէ առաջ եկած է, որ են, ա. Արդի անհաւատութիւնն, զոր գիտութենէ զուրկ մամուլն կը տարածէ ամէն կողմ. եւ ուսումնասէրք ալ անզգոյշ գտնուելով, անոր ազդեցութիւնը կը կրեն, որովհետեւ գիտնականի վարկը պահպանելու փոյթն կը ծնանի տեսակ մը մարդկային ակնածութիւն։ — բ. Կրօնականներու մէկ մասին գիտական քննադատութենէ զուրկ ըլլալն. որուն պատճառ կրնայ ըլլալ կամ սխալ բարեպաշտութիւն մը, կամ բաւականաչափ ուսումն չունենալն. եւ այդ կերպով կը բազմանան ստեղծագործական միջամտութիւններ եւ դժուարին խնդիրներ կը լուծեն այս միջամտութիւններու ձեռքով։

Սակայն երկու կողմ ալ պէտք ունի մտքի կրթութեան։

Նախ՝ գիտութեան ամենեւին անպատուութիւն չէ՝ խոստովանիլ որ աշխարհս չի կրնար ինքնիրեն բացատրուիլ. Իմաստասիրական խնդիր մը է՝ զոր հարկ է խոր կերպով ուսումնասիրել։ Եթէ առաջին շարժչի միջամտութիւնն կարեւոր եղաւ ֆիզիքական առաջին շարժման, կենասական առաջին շարժման եւ մտաւորական առաջին առաջին կետին մէջ, ինչո՞ւ իրարու պիտի չհամաձայնին գիտնականք։

Երկրորդ՝ կրօնքի կողմանէ ալ, քննադատութիւն եւ շրջահայեցութիւն կը պահանջուին «որպէս զի անհաւատներուն ծաղրուծանակ չըլլայ հաւատքը». վասն զի անհիմն կերպով եւ փութով վճիռներ տալէն շատ մեծ հակազդեցութիւններ առաջ կու գան։ Մենք առաջին պատճառին միջամտութիւնը պիտի դնենք՝ անհրաժեշտ հարկի պարագային մէջ, եւ այն ալ՝ շատ լուրջ փորձերէ ետքը։ Եւ այս՝ զԱստուած մերժել եւ ուրանալ չէ. վասն զի մեծագոյն փառք է Աստուծոյ գործել երկրորդական պատճառներու ձեռքով քան թէ ինքը գործէ անմիջական կերպով։

 

Գ. Սփէնսրի տիեզերական միութիւնը (monism universel) բացարձակապէս չարդարանար, եւ չի հաստատուիր տեսակներու բարեշրջման տեսութիւններուն ձեռքով։ — Սփէնսրի, Լիդրէի, Թէնի, եւ այլն, հետեւող իմաստասէրներ, որոնք համարեցան՝ թէ միեւնոյն մեքենական օրէնքներն կը կառավարեն իմացական եւ բարոյական աշխարհը եւ նոյն իսկ ընկերութիւններուն ընթացքը եւ ֆիզիքական աշխարհը, իրենց այս գաղափարը հաստատելու համար՝ բնական պատմութեան մէջ բացատրուած բարեշրջութեան դրութենէն նմանութիւններ եւ բառեր փոխ առին։ Սակայն բարոյական ու ֆիզիքական օրէնքները, ոչ միայն նմանցնելու այլ եւ նոյնացնելու՝ Թէնի ըրած փորձը, բոլորովին անհիմն էր։

Այսուհանդերձ, ինչպէս ո՛ր եւ է սխալ դրութեան մէջ, այսպէս նաեւ այս Միութեան մէջ կայ ճշմարիտ կէտ մը. — պարզենք այս կէտը որպէս զի տեսնուի՝ որ Միութեան դրութիւնը տրամաբանօրէն առաջ եկած չէ այս ճշմարիտ կէտէն։

1. Ֆիզիքական աշխարհս, արդի վիճակէն դատելով թուի թէ յառաջադիմական եւ դանդաղ բարեշրջութեամբ մը առաջ եկած է, «քաոսական վիճակի մէջ ստեղծուած նիւթը կամաց կամաց կազմակերպուեր է ֆիզիքական զօրութիւններու ազդեցութեան տակ». — այս է Լափլասի (Pierre-Simon Laplace) շատ հաւանական դրութիւնը։ — 2. Բոյսերով եւ անասուններով կենդանացած աշխարհս, հիմա տեսնուած ձեւերու կամ տեսակներու այդքան զանազանութեամբ, կրնար նաեւ առաջ գալ յառաջդիմական ու դանդաղ բարեշրջութեան մը ձեռքով. Որովհետեւ հնաբանութիւնը կը սորվեցնէ մեզի՝ որ կենդանի էակներն՝ նախ պարզ էին, եւ յետոյ կամաց կամաց կատարելագործուեցան. — իսկ թէ այս բարեշրջութիւնը կատարուած ըլլայ Աստուծոյ ձեռքով, եւ կամ թէ բնութեան մղումովը եւ արտաքին հանգամանքներուն ազդեցութեան տակ, միշտ յառաջադէմ զարգացումը եղած է։ — 3. Վերջապէս, մարդկութիւնն իսկ կը յառաջադիմէ. Որովհետեւ շատ տարրական ընկերային վիճակէ, ամենապարզ իմացական վիճակէ սկսելով մարդկութիւնը քիչ քիչ մեծցաւ, իւրաքանչիւր սերունդ՝ նախորդ սերունդէն ընդունելով ընկերային կամ գիտական առաւելութիւններ. — եւ թէպէտ պատմութիւնը կը հաւաստէ՝ թէ քանի մը ժողովուրդներու մէջ անկումը յաջորդեր է մեծ յաջողութեան մը, սակայն այս ալ ստոյգ է՝ որ մարդկութիւնը՝ իրեն ամբողջութեան մէջ, կը յառաջադիմէ եւ կը բարձրանայ։

Ուրեմն թէ՝ ֆիզիքականթէ՛ կենդանացած (animé) եւ թէ՛ մարդկային աշխարհներու մէջ, եթէ կուզուի, ստուգիւ կայ զարգացում մը, բարեշրջութիւն մը։

Սփէնսրի միութեան դրութիւնը կը վարդապետէ՝ թէ վերոյիշեալ երեք աշխարհներն մէկ են թէ՛ իրենց բնութեամբ, եւ թէ իրենց բարեշրջութեան ուղղիչ զօրութիւններով։ — Հետեւաբար, քանի որ անոնց բնութիւնը նոյն է, կենդանացած աշխարհ, ինքնաբերաբար առաջ եկեր է ֆիզիքական աշխարհէ, եւ մարդկային աշխարհն ալ բնական կերպով առաջ եկեր է կենդանական աշխարհէ։ — Դարձեալ, քանի որ զանոնք կառավարող զօրութիւններ ու օրէնքներ նոյն են, ըսել է՝ թէ ֆիզիքական տիեզերքիս կազմութեան եղանակը բացատրող նշանացոյցերն (formules) կը բացատրեն նաեւ ընկերութեան եւ ժողովուրդները առհասարակ կազմութեան կերպը։

Իրօք, այս երեք բարեշրջումներն զուգահեռական են եւ ոչ յաջորդական իրարու. Այսինքն՝ ֆիզիքական աշխարհի բարեշրջութիւնը նախ սկսաւ, եւ ֆիզիք-քիմական զօրութիւններու ազդեցութեան տակ միշտ կը դիմէ դէպ ի դեռ եւս հեռաւոր անհրաժեշտ վախճան մը։ — Քիչ վերջը, սկսաւ կենդանական աշխարհի բարեշրջումը. բայց, ինչպէս վերագոյն ապացուցինք, կեանքը առաջ չեկաւ՝ հանային կամ անկենդան նիւթոյ վրայ զուտ ֆիզիքական զօրութեան ազդելովը, այլ հանային աշխարհէն բարձրագոյն ազդեցութիւն կամ զօրութիւն մը կազմեց առաջին կենդանի էակը ու տուաւ անոր ապրելու, աճելու եւ բազմանալու կարողութիւնը. — վերջապէս, ոչ շատ վերջը, մարդկային աշխարհը սկսաւ, որուն մէջ կենդանութեան զուտ զարգացումէն զատ կը գտնենք՝ մարդս բնորոշող բարոյական եւ իմացական կարգի յատկութիւններով։

Ֆիզիքական աշխարհն կը բարեշրջի՝ դանդաղ կերպով փոխելով իրեն կարողական (potentielle)ազդեցութիւնը՝ ներգործական ազդեցութեան։ — Կենդանի աշխարհն նոյնպէս դանդաղ կերպով կը յեղափոխուի միջավայրերու ազդեցութեան տակ, եւ իրեն ներքին ստեղծականութեան (plasticité) զօրութեամբ։ Մարդկային աշխարհն կը փոփոխուի եւ կը զարգանայ նոր սերնդեան անցած հին ժառանգութեան վրայ աւելցուցած տարրներու ձեռքով։

— Ցարդ ըսածնէս յայտնի կը տեսնուի՝ որ բարեշրջութեան գաղափարն, որչափ ալ ընդարձակ մտքով առնուի, բնաւ չի տանիր դէպ Սփէնսրի միութիւնը, որ հին նիւթապաշտութեան նոր ձեւն է։

 

Դ. Տեսակներու բարեշրջումը, եթէ իրօք եղեր է, բացարձակապէս բախտի գործ մը չի կրնար նկատուիլ. — Այս առաջարկութեամբ լիովին կը պարզենք մեր միտքը։ — Մենք՝ ըստ ամենայնի ստոյգ կը համարինք այս առաջարկութիւնը, զոր հաստատելով պիտի ապացուցնենք որ բարեշրջութիւնն ամենեւին չի տկարացներ եւ չի խախտեր Աստուծոյ գոյութեան ապացոյցը՝ զոր իմաստասէրք միշտ հանած են աշխարհիս մէջ եղած կարգէն։ — Այս է մեր գաղափարն, այսինքն, եթէ բարեշրջութիւն եղեր է, հարկ է որ եղած ըլլայ այն՝ նախատես ծրագրի մը, կարգի մը օրինաց համեմատ։ Մենք հոս չենք ուզեր ապացուցանել բարեշրջութիւնը. իսկ եթէ ոմանք՝ ապացուցուած կը համարին զայն, պէտք է գոնէ ճանչնան եւ ընդունին որ բարեշրջութիւնը կատարուած է Աստուածագիր օրէնքի մը համեմատ։

Յիրաւի, մարդս ուր որ կարգ եւ կանոն կը տեսնէ, բնական կերպով կը հետեւցնէ թէ հոն կարգադրող մը կայ. Օրինակ իմն, անապատի մէջ քալելու ատեն կը գտնես ժամացոյց մը. եւ այս կը բաւէ քեզի ապահով ըլլալու որ այդ տեղէն անցեր է բանաւոր էակ մը։ Չես ալ երեւակայեր՝ որ թերեւս այս ժամացոյցը ինքնիրեն շինուեր է, եւ թէ պատահմամբ առաջ եկեր է այն՝ հովին ցիրուցան ըրած հիւլէներուն կարելի բաղադրութիւններէն։ — Նոյնպէս նաեւ երբ երկրաբան մը ոտքի կամ ձեռքի հետքերու կը հանդիպի հերձաքարերու (schiste) եւ հին կոպիճներու (grès) մէջ, վստահաբար կը հաստատէ թէ այս տեղէն անցեր է բաւղատամն (labyrinthodonte, բրածոյ զեռուն) կամ հոյամողեզեայ (dinosaurian, բրածոյ անասուն) մը. եւ եթէ սկեպտական մը պնդէ թէ այդ ստոյգ չէ, եւ թէ այս ենթադրուած հետքերն՝ բնութեան խաղեր են եւ մեքենական զօրութիւններու արդիւնք, երկրաբանը անշուշտ պիտի հակառակի, եւ այն՝ իրաւացի կերպով, եւ պիտի պատասխանէ՝ որ այսպիսի տարակոյս մը կը յեղաշրջէ ամէն գիտութիւն եւ ամէն օրինաւոր փորձ եւ փաստ։

Նոյնպէս, չորրորդական այրերու մէջ գտնուած հերձեալ գայլախազներն (silex) կը յայտնեն մարդուս իմացական աշխատութիւնը. եւ ստոյգ յատկանիշներու օգնութեամբ, լաւ կորոշուին ֆիզիքական զօրութիւններու դիպուածական կամ բախտի գործ եղող կտորներն՝ իմացական մարդու գործ կտորներէն։

Անտարակոյս, այս իրերն կամ առարկաներն՝ մեքենական զօրութիւններէ մղուած հիւլէներուն կազմած բիւրաւոր, միլիոնաւոր բաղադրութիւններէն մէկ քանիներն են. — անտարակոյս, մաթէմաթիքական ճշդութեամբ չապացուցուիր որ այս ինչ առարկան՝ մտքի գործ է քան թէ բախտի։ Բայց մարդուս ողջմտութիւնը աւելի արագ է քան թէ թուաբանութիւնը. — դարձեալ, մարդուս խելքը աւելի զօրաւոր է քան զնրբութիւն, եւ առաջին նայուածքով մը կրնայ զանազանել կարգաւորեալը խառնակէն, իմաստնոյ մը գործը՝ բախտի կամ դիպուածական գործէն։

Այս նայուածքը՝ զոր վստահաբար կը գործածեն թէ՛ գիտունք եւ թէ ռամիկը, ինչո՞ւ մէկդի կը դրուի երբոր կը կասկածուի թէ բոլոր իրերու կարգադրիչն է Գերագոյն էակն։ Եւ ի՜նչ. բաւղատամն կենդանւոյ մը հինգ հետքերն կապահովցնեն զքեզ թէ այդ հետքերը ձգած է կենադնի մը. արդ ի՞նչպէս կրնաս հաւատալ թէ նոյն այս կենդանին բաղդի մեքենական արգասիք մըլլայ։ — Գայլախազի երերսներն քեզի համար անուրանալի փաստ մէ՝ թէ իմացական էակ մը զանոնք կարգադրեր է, որովհետեւ անոնց մէջ կարգ կանոն կը տեսնես, արդ, միթէ մարդն, որ այս գործը կատարեր է, եւ այդ գործէն անհուն կերպով աւելի բազմամասն է եւ կարգաւորեալ, ինքն կրնա՞յ ըլլալ արգասիք անզգայ ֆիզիքական ազդեցութիւններուն։

Կարգը կը փայլի կենդանի բնութեան մէջ. — կը փայլի իւրաքանչիւր անհատին մասերուն իրարու հետ կապակցութեան եւ միութեան մէջ, կը փայլի երկու ցեղերը կազմող տեսակներուն կարգադրութեան մէջ, — կը փայլի բողբոջին սքանչելի բարեշրջութեան մէջ, որուն մէջ կը տեսնենք՝ որ իւրաքանչիւր անհատ ամենայն ստուգութեամբ եւ կանոնաւոր կերպով կը հասնի իրեն տեսակին չափահաս ձեւին։ — Արդ այսպիսի կարգ բնաւ չի բացատրուի ոչ միջավայրի ազդեցութիւններով, ոչ բնական ընտրութեամբ, ոչ մասերուն կապակցութեան եւ աճման օրէնքներով. Որովհետեւ ասոնք ամէնքն ալ կարող չեն առաջ բերելու ներդաշնակ կարգ մը, եւ բիւրաւոր արգելքներու մէջ պահելու պահպանելու, անգամ մը հաստատուած ներդաշնակութիւնը։

Երբ կաթնաբոյծի մը կատարելագործուած աչքին եւ ծովամայրի տեսողական պարզ նիշի (tasche) մէջ, ցամաքային կենդանիներու եռամասն ականջին եւ որդի մը պարզ լսողական նիշին մէջ եղած բազմայօդութեան բոլոր աստիճանները դիտենք, գործարանի մը այսպէս աստիճանաբար զարգացումը ամենեւին չի վերցներ կարգաւորչի մը գաղափարը. — եւ այդ կարգադրիչի մը գաղափարը. — եւ այդ կարգադրիչը ձգեր է իրեն հետքը՝ զգայարանքի մը թէ՛ ամենէն ցած ձեւին եւ թէ բարձրագունդին մէջ։

Եւ քանի որ կարգը մեր աչքին կը զարնէ ամէն տեղ, թէ՛ անհատներու գործարաններուն եւ թէ տեսակներու շարքին մէջ, կը պնդենք՝ որ, եթէ բարեշրջութիւն տեղի ունեցեր է, այս կատարուած է Աստուծոյ ձեռքով, Աստուծոյ դրած զարգացման օրէնքով մը։ Այս օրէնքը կրնայ մեզի անծանօթ ըլլալ. բայց կայ այն։ Եւ այս ձեւով կամ կերպարանքով կը ներկայանայ Չափաւորական կամ Հոգեւորական բարեշրջականութիւնը, զոր պիտի պարզենք։

 

 

 

Չափաւորական կամ Հոգեւորական բարեշրջականութիւն

 

Պիտի ջանանք ըստ կարի պարզելու այս տեսակ բարեշրջականութիւնը, զոր ընդունելու հակեալ են բնական գիտութիւններու հետամուտ ուղղամիտ գիտնականք։ — Հոգեւորական (spiritualiste) ալ կոչուած է, վասն զի ոչ միայն նիւթը եւ ֆիզիքական զօրութիւնները, այլ եւ զԱստուած Արարչագործ կընդունի եւ մարդկային հոգին, — կը խոստովանի որ Աստուծոյ ձեռքը կայ աշխարհիս, կենաց, մարդու, բարեշրջութեան օրէնքին ծագման մէջ, — մարդկային մտքի հետքը կամ նշանը կը տեսնէ՝ մարդուս մէջ կատարուած անդր-զգալի (supra-sensible) գործողութիւններու մէջ, որոնք զինքը իսկապէս կը զանազանեն անբաններէն։ — Չափաւորական (modéré) ըսուած է, որովհետեւ մեր վերագոյն յիշած բարեշրջական ծայրայեղութիւնները կը մերժէ, եւ կը համարի՝ թէ Լամարքի եւ Տարվինի աշխատութիւնները պարզեցին միայն տեսակներու կազմութեան խնդիրը։

Այս դրութեան հետեւողներուն կարծիքով, դրութիւնս կրկին օգուտ ունի. այսինքն, նախ՝ բարեշրջութեան նպաստաւոր համարուած լուրջ փաստերուն կարեւորութիւն կու տայ, եւ երկրորդ՝ բնական գիտութիւններով հաստատուած սկզբունքներուն չհակառակիր։

 

Ա. — Չափաւոր կամ միջին բարեշրջականութիւնը ի՛նչպէս կարեւորութիւն կու տայ գիտական փաստերու. — 1. Լիովին ստոյգ է՝ որ մարդկային ծանօթութիւններու զարգացումներն օրըստօրէ բազմաթիւ երկրորդ պատճառներ երեւան կը հանեն, եւ կը ցուցնեն՝ թէ Աստուած բնութեան ամէն երեւոյթներուն անմիջական (immédiat) պատճառ չէ։ Իմաստասէրք միաձայն կը հաստատեն՝ թէ Աստուծոյ համար աւելի մեծ փառք է իբրեւ առաջին պատճառ գործել քան թէ իբրեւ երկրորդ պատճառ. վասն զի, ըստ հին առածի, լաւագոյն է պատճառ պատճառի քան թէ պատճառ պատճառելոյն։

2. Գիտութիւնը ցուցուց՝ որ աստղներու շարժումն ու հաւասարակշռութիւնն՝ ձգողութեան (attraction) ընդհանուր օրէնքին արգասիք են. — ընդունեցաւ իբրեւ շատ հաւանական եւ շատ ալ արժանի Աստուծոյ՝ այն հոյակապ ենթադրութիւնը՝ որ Քանթի եւ Լափլասի կարծիքով, աստղերու կազմութիւնը եւ անոնց արդի այլ եւ այլ վիճակները կընծայէ միգամած զանգուածի մը ֆիզիքական բարեշրջութեան։ Արդ նոյն արդի գիտութիւնը անհի՞մն պիտի համարուի, եթէ ընթադրէ թէ Աստուած հաստատեր է կենդանի էակներու համար ալ բարեշրջութեան օրէնք մը՝ որուն մէջ զօրութեամբ բովանդակուած ըլլան բոլոր կենդանի տեսակներն կամ ձեւերն։

3. Եւ ստուգիւ, անկերպարան (informe) սերմի կամ բողբոջի բնական բարեշրջութեան ձեռքով կաթնաբոյծի մը պէս բազմամասն կազմածի մը ստեղծումը, ոչինչ նուազ սքանչելիք մէ, քան բուսական եւ կենդանական տեսակներու մեծ հիւղաւորութեան կամ ծառին ստեղծագրութիւնը։ Եթէ Աստուած՝ առաջին պատճառ է միայն եւ ոչ երկրորդ՝ բողբոջի մը բարեշրջման, որ առաջ պիտի բերէ բազմամասն կազմած կամ յօրինուած մը, ինչո՞ւ երկրորդ եւ անմիջական պատճառ պիտի ըլլայ, եւ ոչ առաջին պատճառ միայն՝ տեսակները իրարմէ զանազանող գործարանական տարբերութիւններուն։

4. Միջին կամ չափաւոր բարեշրջականութիւնը Աստուծոյ թէ՛ իմաստութեան եւ թէ կարողութեան նպաստաւոր է։ Եւ յիրաւի, վասն զի մինչդեռ Արարչագործականը կընթադրէ՝ թէ Աստուած շարունակ իրեն գործը կը նորոգէ երկրաբանական դարերու մէջ, անոր հակառակ բարեշրջականութիւնը կը համարի՝ թէ Աստուած ստեղծեր է աշխարհս այնպէս որ կարենայ ընհանուր օրէնքներով յառաջադիմել։ — Եւ Արարչագործականի կարծիքով, Աստուած պիտի միջամտէր աննշան յատկանիշներ աւելցնելու համար, հոս՝ ճահճայիհն խեղեմորթի մը խեցիին վրայ ծալք մը աւելցնելու, հոն՝ նուրբ կեպրով կտրելու խոյեղջիւրի (ammonite) միջնացանկը (cloison), անդին՝ շատ կակուղ աճառներուն (cartilage) քիչ մը քարային նիւթ բաշխելու համար։ Քանի որ մեր աչքին առջեւ տեսակներն իրենք իրենց կը փոխուին ցեղեր (race) առաջ բերելով, քանի որ ամէն կենդանի էակ անըմբռնելի կարողութիւն մունի հանքային նիւթը բարձրացնելու այնչափ որ կարենայ կեանքի մասնակից ըլլալ, ինչո՞ւ համար անցելոյն մէջ ո՛ր եւ է գործարանական զարգացման մէջ անհրաժեշտ հարկ պիտի համարուի Արարչին անմիջական միջամտութիւնը։

5. Չափաւորական բարեշրջականութեան նպաստաւոր կէտ մալ կայ՝ որ թուի թէ շատ պարզուած չէ. այսինքն, այս դրութեան ձեռքով կարելի է ըմբռնել՝ մարդուս աշխարհիս վրայ երեւնալէն առաջ եղած կենդանի էակներուն երկայն յաջորդութիւնը. եթէ միտք մը չեղաւ որ զանոնք ճանչնար, եթէ անոնց շատերն առանց հետք մը ձգելու՝ ջնջուեցան, ըսել է թէ մինչեւ այսօր հառած երկայն շղթային անհրաժեշտ օղակներն էին։ Երբ ծառի մը ճիւղերէն կախուած պտուղը փրցնելու ատեն չենք մտածեր այդ պտուղը սնուցանող արմատներուն, նոյնը պտուղը բռնող փայտեղէն ներդերուն (fibre), անոր համար տերեւներուն կատարած գործերուն վրայ, եւ սակայն բոլոր խորշային միութիւններն բազմացան եւ իրարու յաջորդեցին այնպէս որ կարենայ առաջ գալ եւ հասուննալ։ Այսպէս ալ, բիւրաւոր դարերու մէջ՝ յորում կեանքը կը բողբոջէր Աստուծոյ բեղմնաւորիչ օրհնութեամբը, տեսակներն կամաց կամաց կը բազմանային, կը ծաղկէին եւ կը պատրաստէին բնութիւնը՝ որուն մէջ պիտի դրուէր մարդն։

6. Վերջապէս, չափաւորական բարեշրջականութեան ամենէն աւելի զօրաւոր նպաստաւոր փաստն այս է՝ որ նա՝ ներկայ խնդրոյս (Տեսակներու ծագումն) սկիզբը մեր մէջ բերած իրողութիւններու վրայ հիմնեալ ապացոյցները կը պարզէ։ Վասն զի, նախ՝ տեսակներու մէջ եղած ազգականութիւնը կը խոստովանի. եւ զայն կը բացատրէ հասարակաց նախնիներէն սերնդեան ձեռքով։ — Երկրորդ, այս կեպրով հնաբանական յաջորդութիւնը եւ սաղմնաբանական օրէնքները, կը մնան իրենց զօրութեան մէջ։ — Իսկ եթէ բարեշրջական տեսութիւններու վրայ խնդիր ծագի, մանաւանդ տարվինականութեան մասին, Չափաւորականը չուրանար  ժառանգութեան պահպանիչ արդիւնքները եւ ոչ ալ բնական ընտրութեան ջնջող զօրութիւնը։ Ուր որ Տարվին եւ բարեշրջականք կը լռեն, փոփոխութիւններու առաջ գալուն օրինաց եւ պատճառներուն վրայ, Չափաւորականը վրայ կը բերէ կարգի գաղափարը եւ Արարչագործի ներգործութիւնը. միայն թէ, փոխանակ Աստուծոյ մատը տեսնելու իբրեւ երկրորդ պատճառ ամէն մէկ փոփոխութեան մէջ, Չափաւորականը կը տեսնէ նոյն Աստուծոյ մատը իբրեւ առաջին պատճառ որ հաստատեր է կենսական ձգտումներու օրէնքը — ձկտումներ՝ որոնք մինչեւ ցարդ խորհրդաւոր մնացեր են, եւ որոնց զօրութեամբ փոփոխութիւններն առաջ կու գան։

— Այս բացատրութեամբ, ինչպէս յայտնի է, Չափաւոր բարեշրջականը կը պարզէ նաեւ իմաստասիրական եւ կրօնական կարգին մէջ առարկուած դժուարութիւնները։ Գուցէ Ծայրայեղ բարեշրջականք եւ Չափաւորականք՝ օր մը միջին կարծեաց մէջ իրարու համաձայնին։

Սակայն, այսու հանդերձ, բարեշրջութիւնն ունի իրեն բազմաթիւ հակառակորդները, որոնց գաղափարը եւ փաստերը բացատրելով կը կնքենք ներկայ խնդիրս։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians