Darwinism: Part 3

Տարվինականութիւն


Հ. Ստեփանոս Սարեան

 

(1902)

 

 

Մասն երրորդ

 

 

Չորորդ իրողութիւն. — Աշխարհագրական բաշխումն. — Երկրագնդիս մակերեւութիւն վրայ բոյսերու եւ կենդանիներու բաշխումն է առաջին իրողութիւնն՝ որ Տարվինի այլեւայլ ուղեւորութիւններուն ատեն, անոր ուշադրութիւնը գրաւեց։ — Հարաւային Ամերիկայի մէջ, բոյսերն ու կենդանիներն կը յաջորդեն իրարու կարգաւ մը՝ քանի կիջնես լայնութեան աստիճաններէն, — երկրէ մը անցնելով մերձաւոր երկրի, կը տեսնես՝ որ մերձաւոր տեսակներն՝ աստիճանաբար անցեր են ուրիշ տեսակներուն տեղ։ — Ընդարձակ ցամաքը շրջապատող կղզիներուն եւ արշիպեղագոսներուն մէջ կայ անոնց յատուկ սեփական բազմութիւն մը կենդանիներու՝ որոնք ցամաքի եւ կղզիներու վրայ կը գտնուին, եւ բրածոյ կենդանիներու՝ որոնք նոյն հողի վրայ եղեր են ժամանակաւ։ — Հին եւ նոր աշխարհի բոյսերն ու կենդանիներն իրարմէ շատ տարբեր են, թէպէտ եւ անոնց կենսաբանական վիճակներն հաւասար եղած են։ — Այսպէս, մի եւ նոյն լայնութեան աստիճանին եւ մի եւ նոյն կլիմայի տակ՝ հարաւային Ամերիկայի, Հարաւային Ափրիկէի եւ Աւստրալիոյ կենդանի էակներն՝ շատ կը տարբերին իրարմէ. իսկ ընկահակառակն, հարաւային Ամերիկայի մէջ, լայնութեան զանազան աստիճաններուն եւ այլեւայլ կլիմաներու տակ, անհամեմատ կերպով իրարու մօտ են կենդանի էակներն։ — Աւստրալիոյ պարկաւորներէ (marsupiaux) կազմուած ստնաւոր կենդանին, մեծապէս կը տարբերի ուրիշ աշխարհներուն մէջ եղածեն։ Բայց այն կենդանին՝ վերջին սահմանն է նոյն խմբին մէջ գտնուած տեսակներու շարքին, որոնք մի եւ նոյն աշխարհի մէջ իրարու յաջորդեր են, եւ որոնց ձեռքով՝ վերոյիշեալ կենդանին կը միանայ բրածոյ տեսակներուն՝ զորս երկրաբանութիւնը կը գտնէ ուրիշ աշխարհներու մէջ ալ։

            Այս իրողութիւններուն զօրութեամբ պարզ կերպով պիտի լուծուէր խնդիրը՝ ըսելով թէ իրերն այսպէս կարգադրուեր են, վասն զի Աստուած այսպէս ուզեր է, եւ տեսակները հոն ստեղծեր է ուր որ զանոնք կը տեսնենք, եւ թէ անանցելի արգելքներով իրարմէ բաժնուած երկիրներու մէջ գտնուող տեսակներու ստեղծագործութեան բազմաթիւ կեդրոններ կան։

            —Սակայն գիտութիւնը, որ, առանց առաջին պատճառը ուրանալու, կը փնտռրէ եւ կը քննէ երկրորդ պատճառները, դիտելով՝ որ արդի աշխարհագրական բաշխումներն առաջ եկած են ֆիզիքական յեղափոխութիւններէ (perturbation), եւ թէ սերտ կապակցութիւն ունին հին աշխարհագրական բաշխումներուն հետ, կը համարի՝ թէ բոյսերու եւ կենդանիներու արդի բաշխումն ալ նախնի վիճակէ մառաջ եկած է։  —Մէկ երկրէ միւս երկիրը անցած ատեն իրարու յաջորդող մերձաւոր տեսակներն կամ ձեւերն՝ միթէ միակ նախնական ձեւէ առաջ եկած զանազանակներ չե՞ն։ —Կղզիներու տեսակներն՝ որոնք մերձաւոր ցամաք տեսակներէն բաժնուած են, միեւ նոյն ծագումն ունենալնուն համար չէ՞ որ զանոնք իրարու մօտեցնող նմանութիւններ ունին, եւ կամ անոնց ապրելու նոր պայմաններէն առաջ չե՞ն գար՝ զիրենք զանազանող տարբերութիւններն։ —Ի՞նչպէս բացատրելու է՝ ցամաքային տեսակներուն ամենասերտ կապակցութիւնը՝ որ ունին մի եւ նոյն տեղերու մէջ գտնուած բրածոյներու հետ. միթէ այդ չէ՞ պատճառն, այո՛, վասն զի արդի տիպարներն կամ օրինակներն՝ քիչ շատ փոփոխուած սերունդներ են բրածոյ ձեռերու։ —Զարմանալի չէ՝ որ մի եւ նոյն լայնութեան աստիճաններուն տակ գտնուող՝ իրարմէ ընդարձակ ծովերով բաժնուած ցամաքներու վրայ տեսնուին մեծապէս տարբեր տեսակներ. վասն զի երկրէ մը միւս երկիրը անցնելու արգելքն շատ ատենէ ի վեր կայ, եւ հին յեղաշրջութիւններու (cataclysme) ձեռքով առանձնացած ձեւերն՝ մեծամեծ տարբերութիւններ կրլու ժամանակ ունեցան։ —Անոր համար, Աւստարլիա եւ մերձաւոր կղզիներն մասնաւոր կենդանիներ ունին. Երկրորդկանա շրջանէ ի վեր՝ Ասիայէն այս զատուած երկիրներու մէջ պարկաւոր կենդանիներ միայն կային, եւ այս տեսակներէ, որոնց մնացորդ նշխարներն կան հողի տակ, Աւստարիոյ մէջ հիմա գտնուող տեսակներն առաջ եկան։

            Ծովային տեսակներու բաշխումէն ալ նոյն հետեւանքը կելլէ։ —Ծովային կամ խոր ծովու տեսակներն ունեցած են այնպիսի բնակավայր՝ ուր ապրելու պայմաններն շատ փոխուած չեն, անոր համար ալ կը նմանին բրածոյ տեսակներուն։ Իսկ ծովեզրեայ տեսակներն ապրեր են այնպիսի պայմաններու մէջ՝ որոնք թէ՛ ժամանակի եւ թէ միջավայրէ նկատմամբ փոփոխութիւններ կրած են. այդ պատճառաւ այդ տեսակներն շատ կը տարբերին թէ՝ իրարմէ եւ թէ ծովային տեսակներէն. Սակայն եթէ ելլենք մինչեւ երկրաբանական դարերը, այդ յիշուած տեսակներն միջորդներու (intermédiare) ձեռքով կը միանան հին տեսակներու հետ՝ որոնք կը տեսնուին խոր ծովերու մէջ։ — Այս կէտը կը ստիպէ զմեզ խօսելու նաեւ հնաբանական փաստի վրայ։

 

Հինգերորդ իրողութիւն. — Հնաբանական (paléontologique) կարգ (série)։ — Երկրաբաններու ուսումնասիրած (sédimentaire) խաւերն՝ գրքի մը թերթերուն կը նմանին, որոնց մէջ գիտութիւնը կրնայ բնական պատմութիւնը եւ մասնաւորապէս կենդանի էակներու յաջորդութիւնը սորվիլ։ Սակայն այս գրքին մէջ շատ թերթեր պակաս են, թէ՛ վասն զի, դեռ երկրիս կեղեւին ամենափոքր մասն քննուած է, եւ կամ թէ՛ շատ պատուական վաւերագիրներ մաշած ջնջուած են։ — Դարձեալ վասն զի ի բաց առեալ փափկամորթերը, շատ սակաւ կենդանի էակներ բրածոյ կըլլան. մանաւանդ ցամաքային կենդանիներն շատ քիչ հետք կը թողուն։ Հետեւաբար, անընդհատ շարունակութեամբ պատմութիւն չի կրնար քաղուիլ երկրաբանական խաւերու թերթերէն, այլ միայն ցիրուցան կտորներ։ Ուրեմն ենթադրութիւնը մեծաւ մասամբ պիտի մեկնէ պահուած նշանները եւ դատարկ մասերը պիտի լրացնէ անոնցմով։

            Արդ, եթէ բարեշրջութեան պաշտպաններուն հաւատանք, անջինջ եւ անարտ մնացած բրածոյներու ամէն յատկանիշներն նպաստաւոր են բարեշրջական դրութեան, այնպէս որ որչափ նորանոր գիւտերով ճոխանայ հնաբանական գիտութիւնը, այնչափ այդ գիւտերով պիտի հաստատուի տարվինական դրութիւնը։

            Կենդանիներն մի եւ նոյն դարու մէջ եղած չեն ամենքն ալ. — տեսակներն յաջորդաբար կազմուած են երկրաբանական շրջաններու ընթացքին մէջ. — կեանքի առաջին ծագումէն մինչեւ մարդուս ծագումը՝ անընդհատ նոր տեսակներ առաջ եկած են։

            Եւ այս տեսակներն առաջ չեն գար յանկարծ, մէկ քանի սահմանուած դարերու մէջ, իբրեւ թէ օրինակ իմն, տիեզերական յեղաշրջութենէ մը ետքը, ամբողջ բնութիւնն վերանորոգուած ըլլայ, այլ տեսակներն քիչ քիչ կը նորոգուին. ոմանք կը ջնջուին, ոմանք կերեւան։ Մէյմը ջնջուող տեսակն՝ ա՛յլ եւս չերեւնար. — եւ այս կէտին վրայ կը յենուն երկրաբանք՝ քանի մը սիկային խաւերուն համար ըսելու՝ թէ այս կամ այն բրածոյն է։

            Այս տեսակներն՝ դիպոաւծով չեն գար առաջ, այլ հաստատուն կարգով մը, պարզէն դէպ ի բաղադրեալը յառաջելով։ Անողնայարականներն (invertébrés) կապրին ողնայարականներէն (vertébré) առաջ։ Ողնայարականներուն մէջ ձկներն կերեւնան սիլուրեան գետնէն սկսեալ. Ասոնցմէ ետքը կու գան գորտեայք (batraciens) ածխաբեր ժամանակի մէջ ջրէն առաջին դուրս ելած ցամաքներուն վրայ սողուններն կը սկսին երկրորդ դարու մէջ. թռչուններն ու ստնաւորներն կամ կաթնաբոյծերն (mammifères) երկրորդական դարու մէջ սկսեր են ծաղկիլ, բայց բուն երրորդ դարու մէջ կատարեալ վիճակի հասեր են։

            Եթէ հիմակուան տեսակներուն նախնիները փնտռենք անցելոյն մէջ, կը գտնենք՝ որ այս տեսակներն ալ ունեցեր են նախատիպ օրինակներ՝ որոնք կամաց կամաց կը տարբերին այդ տեսակներէն այնչափ՝ որչափ ներկայ ժամանակէն դէպ ի անցեալը հեռանանք։ Օրինակի համար, ձին մէկ մատ ունի եւ հազիւ տեսանելի մատերու երկու նախագիծերը (rudiment). Ստորին յետաժամանակային դարու (pliocène) ձիուն (որ hipparion կը կոչուի) վրայ այս երկու վերոյիշեալ նախագիծերը լիովին զարգացած էին. իսկ նորարշալրջային (eocène) ժամանակի ձիոյն այս երկու եողմնակի մատերն ոչ միայն լաւ զարգացած էին, այլ նաեւ ունէր նա առաջակողման անդամին վրայ ուրիշ մատ մալ։ — Այս երեք նախատիպ օրինակներու մէջտեղ կը դրուին միջնորդ կամ միջին վիճակներ՝ ժամանակներու կանոնաւոր կարգովը։

            Եւ յիրաւի, ակն յայտնի իրողութիւն մէ որ բազմաթիւ բրածոյներուն խումբերն անցած են ձեւէ մը ուրիշ ձեւի, կամ մէկ տեսակէ միւս տեսակը.— եւ այս անցքին տեսակներն կամ ձեւերն կան թէ՛ վերին սեռերը կամ ճիւղաւորութիւնները իրարու հետ կապելու կամ միացնելու համար եւ թէ՛ մի եւ նոյն սեռի տեսակներուն պատմութիւնը կազմելու։ Այսպէս առաջին գորտեայք (batraciens) ունին ձկներու սեփական բազմաթիւ յատկանիշներ. առաջին թռչուններն, օրինակ իմն Սոլէնհօֆէնի մէջ գտնուած archaeopteryx, սողուններու սեփական շատ յատկանիշներ ունին։ — Փափկամորթերէն, որոնց բրածոյներն առատ են, գլխոտուններուն մէջ, զոր օրինակ՝ նաւախեցիներու, գռնիատներու, խոյեղջիւրներու (ammonites),—որովայնատուներու մէջ, ինչպէս ճահճաժժմակներու մրայ, եւ այլն. լաւ եւս քննուած է տեսակներու կազմութիւնը։

            Արդ մինչդեռ արարչագործութեան դրութիւնը կը համարի՝ թէ Աստուած անդադար կը վերանորոգէ իրեն գործը, որպէս զի իր ամէն մէկ միջամտութեամբ աւելցնէ այդ գործածին վրայ՝ տեսական տարբերութիւններու պէս աննշան կետեր, ընհակառակն՝ բարեշրջութիւնը՝ թուի թէ պայծառ եւ գիտնական կերպով կը բացատրէ հնաբանական յաջորդութիւնը, այսինքն, նախնական վեւերն կամ տեսակներն փոփոխուած եւ աստիճանաբար բարձրացած են՝ յարմարելով միջավայրերուն՝ ուր կապրէին։ — Ապրելու պայմաններուն (condition) մեծապէս փոխուելուն պատճառաւ, իւրաքանչիւր խմբի կենդանի տեսակներն ալ շատ փոխուած են. — Եւ որովհետեւ կան միշտ այնպիսի տեղեր՝ ուր կենաց պայմաններն անփոփոխ էին, անոր համար եղած են ի հարկէ էակներ ալ որ միշտ անփոփոախ տեւած են (ծովուն խորը եղած կենդանիներն)։ — Երրորդական ժամանակներէ ի վեր կենաց պայմաններուն զգալի կերպով նոյն մնալուն համար, տեսակներն ալ աւելի հաստատուն եւ անփոփոխ մնացեր են։ — Եւ որովհետեւ կենաց պայմաններն կամ հանգամանքներն երբեք յանկարծ փոխուած չեն, այլ դանդաղ կերպով, անոր համար՝ կեանքն ալ բնաւ նորոգուած չէ միանգամայն, այլ կամաց կամաց։ — Վասն զի կենդանի տեսակները իրարմէ որոշող տարբերութիւններն առաջ կու գան՝ ի բնէ նոյն մասերու հարկաւորութեան եղանակէն կամ կերպէն, հետեւաբար՝ ամէն խմբերն ալ կրնան նախնական առաջին գետիններու մէջ ունենալ իրենց ստորին նախատիպ օրինակները։

            Դիտել կու տանք նաեւ՝ որ բուսական թագաւորութեան կամ ազգին յաջորդաբար զարգացումներուն մասին եղած նշանաւոր իրողութիւններն եւս նաստաւոր են բարեշրջութեան. վասն զի բոյսերուն ծագման կարգը՝ բացատրձակապէս զուգահեռական է գործարանական բազմայօդութեան (complication). գաղտասերներն միայն նախնական ժամանակներու կը վերաբերին. յետոյ կու գան կիւկատք (cycadées) եւ կոնաբերք.—միաբլթակներն ու երկաբլթակներն կերեւան երկրորդական դարուն մէջ եւ երրորդին մէջ կը հասնին իրենց կատարեալ զարգացման։

 

Վեցերորդ իրողութիւն. — Սաղմնաբանական (embryologique) կարգ։ — Սաղմնաբանութիւնը, որ ամենանոր գիտութիւն է եւ որ շատ արագ զարգացած է «պատմութիւն անհատի մը զարգացման՝ հաւկթային վիճակէն սկսեալ մինչեւ չափահաս կերպարանքը կամ ձեւը»։ — Գլխաւոր ընդահնուր իրողութիւններ, որոնք կրնան ներկայ խնդիրս լուսաւորել, հետեւեալներն են.

            1. Որովհետեւ ամէն կենդանիներ՝ նախնական խորշով (cellule) մը սկիզբ կառնուն, անոր համար իրարու կը նմանին իրենց սկզբնաւորութեան մէջ։ — Առաջին երեւոյթներն (phase) ամենուն հասարակաց են, այսինքն, հատաբաշխութիւնը (segmentation – morula, planula, gastrula, եւ այլն)։

         2. Ամէն կենդանի պարզէն դէպ ի բաղադրեալը կելլէ բազմաթիւ երեւոյթներու եւ փոփոխութիւններու ձեռքով. եւ այս երեւոյթներու միջոց կունենայ մեծ նմանութիւններ այն ձեւերուն հետ զորս կը պահեն ստորին էակներն իրենց բոլոր կենաց մէջ։

            3. Մի եւ նոյն դասէ ծագած էակներն, ինչպէս ձկներեն, զարգացման ակն յայտնի նմանութիւններ կունենան մինչեւ այն վայրկեանը՝ յորում իրենց սեփական յատկանիշները կառնուն եւ քիչ կամ շատ կը զարտուղին իրարմէ։ —Մի եւ նոյն ճիւղաւորութեան, բայց տարրեր դասերու, վերաբերեալ էակներն, ինչպէս ձկներն եւ կաթնաբոյծերն, մինչեւ ձուկ նախատիպ օրինակը՝ զուգահեռական զարգացումն ունին. եւ այդ կէտէն ետքը՝ մինչդեռ ձկներն իրենց տեսակներուն յատկանիշներուն մէջ կը հաստատուին, կաթնաբոյծերն առաջ կը տանին իրենց զարգացումը, կանցնին այն վիճակներէն՝ որոնք գորտեայց մէջ կայուն են, իսկ կաթնաբոյծերու մէջ անհաստատ եւ փոփոխական, եւ վերջապէս կը հասնին իրենց դասուն բնորոշիչ նակատիպ օրինակին։

            4. Բարեշրջականներուն գաղաջարով, արարչագործութեան դրութեամբ կարելի չէ բացատրեալ կենդանաբանական կարգի եւ սաղմնաբանական կարգի մէջ եղած այս եզական համամատութիւնը։ Որովհետեւ եթէ ճշմարիտ է՝ թէ էակ մը զարգանալով կանցնի պարզէն ի բաղադրեալն, կրնար այդ էակն ուղղակի իրեն նպատակին դիմել, եւ հարկաւոր չէր որ ուրիշ տեսակներուն յատուկ ստորին ձեւերէն անցնէր, որոնք իրեն նպատակին չեն ծառայեր։

            Ընկհակառակն բարեշրժական դրութեամբ գիտնականօրէն կրնայ մէկնուիլ այս երեւոյթը։ Միւլլերի հետեւեալ օրէքնով. Այսինքն, «Անհատական բարեշրջութեան պատմութիւնը՝ կերպով մը տեսակին բարեշրջութեան համառօտ կրկնութիւնն, համառօտութիւնն է». — կամ ուրիշ բառերով. Իւրաքանչիւր անհատ՝ համառօտ կերպով կը կրկնէ այն երեւոյթները՝ որոնցմէ անցած է իրեն տեսակն։

            Այս կենսածնական (biogénétique) հիմական օրէնքը հաստատուած է համեմատական ժամանակներու ժառանգականութեան օրէնքին վրայ, զոր այսպէս կը պարզէ Տարվին. «իւրաքանչիւր էակ մի եւ նոյն կարգով կը կրկնէ այն վիճակները՝ որոնցմէ անցած են իրենց նախնիք»։ Այսպէս օրինակ իմն, ձուկ մը եւ կաթնաբոյծ կամ ստնաւոր մը կը նմանին իրարու երկայն ատեն իրենց զարգացման ընթացքին մէջ, վասն զի երկուքն ալ կը կրկնեն այն երեւոյթները՝ որոնցմէ անցած է հասարակաց նախնին՝ որ ողնայարականներու առաջինն եղաւ։

            Այս կերպով կը մեկնուին ոչ միայն սաղմնաբանական նմանութիւնները, այլ նաեւ քանի մը էակներու զարգացման մէջ նշմարուած անկանոնութիւններն։ — Կը բացատրուին կերպարանափոխութիւններն եւ փոփոխակի (alternant) ծնունդներն. այս դէպքիս մէջ, կրկնութիւնը արագ չըլլար, այլ դանդաղ կերպով. կենդանի էակը, իրեն միջավայրին յարմարելով, երկայն ժամանակ կը մնայ շրջաններէն մէկուն մէջ՝ որուն մէջ իրեն տեսակը թերեւս երկայն դարեր մնացեր է։ — Կը բացատրուի՝ թէ այս զապազան վիճակներն ի՛նչպէս այսչափ արագ անցեր են ընդհանրապէս, այնպէս որ նոյն իսկ անոնցմէ ոմանք խափանուէր անհետացեր են. որովհետեւ ժառանգութեան օրէնքը, ինչպէս որ փորձը կը հաստատէ զայդ, կը դիմէ միշտ ժամանակէն առաջ իրագործուելու սերունդներուն մէջ։ — Կը բացատրուին նոյն իսկ երկու զուցահեռական գիծերու մէջ յանկարծ վրայ եկած մէկ քանի տարբերութիւններն, որովհետեւ նոր ժառանգուած յատկանիշ մը կրնայ մեծ ազդեցութիւն ընել էակին ամբողջ պատմութեան վրայ։ — Կը բացատրուի վերադարձման(régression) երեւոյթը, այսինքն՝ եզականութիւն մը՝ որով քանի մը կենդանիներ՝ իրենց չափահաս վիճակէն աւելի կատարեալ թրթուրային (larvaire) վիճակ ունին. եւ այս առաջ կու գայ նոյն կենդանիներուն հաստատուն անփոփոխ կերպով կրկնելէն տեսակին նախընթաց վիճակները։ Զոր օրինակ, Պարեւօտեւորք (tuniciers) ի սկզբան՝ դեռ իրենց որոշիչ ձեւը չառած ողնայարականներու նման՝ ողնային (dorsale) լար ունին։ Նոյն երեւոյթը կը տեսնուի պատառաբոյծ ողորպատեաններու (crustacés) եւ խոպոպոտուներու (cirripèdes), եւ այլն, վրայ։

            Այս ըսել չէ՝ թէ կաթնաբոյծ մը կենդանատունկ մէ (zoophyte), որդ մը, ձուկ մը… որովհետեւ այս տեսակներն՝ հասարակաց արմատէն ի սկզբան բաժնուած ճիւղեր են, որոնք յետոյ սեփական յատկանիշներով յատուկ ձեւ առեր են։ Այսպէս, մեծ ծառի մը մէջ՝ բոլոր ճիւղերը սնուցանող հիւթը՝ նոյն արմատէն առաջ կու գայ. եւ այն հիւթը՝ որ առաջին ճիւղերուն կերթայ, սկիզբէն կը շեղի, իսկ բարձրագոյն ճիւղերու մէջ գացող հիւթը՝ շատ ետքը կը բաժնուի։

— Կառարկուի՝ թէ սաղմերուն վրայ չեն տեսնուիր շրջաններ՝ որոնց մէջ ապրած ըլլայ տեսակ մը. որովհետեւ այս սաղմերն՝ առանց հասնելու իրենց վերջին կէտին, ի՞նչպէս կրնային կեանք ունենալ։ — Սակայն այս առարկութիւնը՝ հիմնական չերեւիր. — եւ յիրաւի, վասն զի եթէ սաղմերն՝ իրենց վիճակին յարմար միջավայրի մէջ էին, կրնային ապրիլ կամ կեանք ունենալ հոն այնպէս՝ ինչպէս որ կապրին կերպարանափոխ եւ փոփոխակի ծնունդ ունեցող (generation alternante) կենդանիք. բայց ընդհանրապէս ժառանգութիւնը կը ստիպէ զանոնք եւ չի ձգեր՝ որ միջին շրջաններու կամ երեւոյթներու մէջ կենան։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians