Darwinism: Part 2

Տարվինականութիւն


Հ. Ստեփանոս Սարեան

 

(1902)

 

 

Մասն Երկրորդ


 

Նախ եւ առաջ գիտել կու տանք՝ որ ներկայ Յօդուածիս մէջ պիտի պարզենք միայն Բնական պատմութեան վերաբերեալ իրողութիւնները. — իսկ իմաստասիրական տեսակէտով յետոյ պիտի քննենք Տարվինականութիւնը։

            Առաջին իրողութիւն. — Գործարանաւոր ձեւերու (forme) փոփոխականութիւնն։ — Շատ ժամանակէ ի վեր ծանօթ էր կենդանի էակներու ստեղծականութիւնը. եւ ասկէ մղուելով արդէն Պաքոն՝ հաստատութիւն մը հիմնելու գաղափարը ունեցաւ, հոն նորանոր տեսակներ կազմելու աշխատելու համար։

            1. Գործարարնաւորական փոփոխութիւններն կը կարծուի՝ թէ առաջ կու գան աւելի միջավայրերու ազդեցութեան տակ։ Եւ յիրաւի, եթէ շունը փոխադրուի բեւեռային շրջանակին երկիրներուն մէջ, կը ծածկուի թաւամազ տաքցուցիչ մորթով. — ընդհակառակն, հասարակածի տակ տակ կը կորսնցնէ մազերը։ — Սոլոնեըյի եզները փոխադրուելով Լուառի հովիտներուն մէջ, հոն երկու կամ երեք սերունդներէ ետքը, առաջ չունեցած հասակը եւ ուժը առին։ — Ամերիկայի ցուրտ գաւառներուն մէջ՝ խոզերը բրդոտ կըլլան։ — Նոյն իսկ մարդն, փոխելով կլիման, գոյնի, հասակի, ոսկրեղէն կազմուածի փոփոխութիւններ կը կրէ, եւ այլն։

            2. Նմանողութիւն (mimétisme) իրողութիւններն ալ յայտնի կը ցուցնեն՝ թէ անասուններուն կլիմայի մը յարմարելը ո՛րչափ դիւրին է։ Շատ հետաքրքրաշարժ օրինակներ կը տեսնուին միջատներու եւ ողորկապատեաններու (crustacé) վրայ. եւ նոյն իսկ հասարակ կանաչ գորտն, կանաչ խոտերու մէջ կանաչագոյն է, իսկ մթնագոյն իրերու մէջ սեւագոյն կըլլայ. եւ այսպէս դիւրաւ կազատի թշնամւոյն ձեռքէն։

            3. Եւ ինչպէս անդամազննական յատկանիշներն, նոյնպէս նաեւ բնազդումներն (instinct) կը փոփոխուին։ Շատ բազմաթիւ ցեղերուն մէջ կլիմայի յարմարելու մասին (aptitude) որչափ տարբերութիւն կայ. եւ սակայն բոլոր այդ ցեղերն միեւնոյն տեսակէ են։ — Գերեվար (esclavagiste)մրջիւններ, ֆորէլի ճարտարութեամբ, սկսան փոխանակ իրենց սովորական գերիներուն, գերի առնուլ մրջիւնի այնպիսի տեսակ մը՝ որ երբեք գերի եղած չեր։ — Բեռնարգներն (Bernard-l’ermite)միապատեան խեցեմորթ կամ որ նոյն է, Կակղատունք (Pagure), ծովեզերքի մօտ՝ խեցիներու մէջ կապաստանին, իսկ ծովու մէջ՝ երեքհարիւր մեդր խորութեամբ, կապրին առանց այս ապաստանարանի։

            4. Կենդանիներու վրայ փոփոխութիւններն (modification) երբեմն յանկարծակի կըլլան, ինչպէս կը տեսնուի այդ մերձաւոր ցեղերու կամ տեսակներու վրայ, նոյնպէս նաեւ սաղմերու խոտորման մէջ. երբեմն ալ կամաց կամաց, եւ ժառանգութեամբ կը հաւաքուին սերունդներուն մէջ։ —Այն էակն՝ որուն վրայ մասնաւոր յատկանիշ մը կայ՝ է զանազանակ (variété). — իսկ եթէ յատկանիշը կը հաստատուի փոխանցուի, այն ատեն կը կազմուի ցեղն կամ տոհմ (race)։ Ամենուն ծանօթ է՝ թէ ո՛րչափ ցեղեր ձեւացած են՝ անասնաբոյծերու անխոնջ ջանքերով, եւ թէ վիճակի փոփոխութեան պատճառաւ՝ նոյն իսկ վայրենի տեսակներու մէջ՝ ցեղեր առաջ եկած են։

            Ասոնք են փոփոախականութեան գլխաւոր իրողութիւններն՝ զորս Բարեշրջականք մէջ կը բերեն ի նպաստ հասարակաց սերնդեան։

 

 

            Եթէ մարդուս ձեւացած ձեղերն, օրինակի համար՝ աղաւնիներու 150 ցեղերն, կամ շներու 180 ցեղերն, վայրենի վիճակի մէջ գտնուէին, այնպէս որ չգիտնայինք անոնց միեւնոյն հասարակաց ծագումը, անտարակոյս զանոնք ալ շատ մը տեսակներ կամ նոյն իսկ սեռեր պիտի համարէինք։ — Ուրեմն օրինաւոր չէ՞ կարծել՝ թէ վայրենի նախատիպերն, զորս բնապատումք՝ իբրեւ այլեւայլ տեսակներ կը դասաւորեն, միեւնոյն արմատէ ծագած պարզապէս զանազանակներ են։

            Դարձեալ, քանի որ կը տեսնենք որ սակաւ տարիներու մէջ տարբեր ցեղեր առաջ կու գան միեւնոյն արմատէն, ինչպէս են եզներու եւ ձիերու ցեղերն, արդեօք ներելի չէ՞ կարծելն՝ որ ժամանակով աճին զանազանակներն, այնպէս որ հիմակուան ցեղերն ըլլան յետոյ տարբեր տեսակներ, եւ տեսակներն ալ բաժնուին սեռերու։

            Բաց աստի, արտաքին պայմաններն կամ վիճակներն (condition) հաստատուն ըլլալով հանդերձ տեղի կունենան այս փոփոխութիւններն. ուրեմն, ո՛րչափ աւելի խոր եւ արագ փոփոխութիւններ գուցէ կատարուած են կենդանիներու վրայ՝ այն երկրաբանական դարերու մէջ յորում միջավայրի վիճակներն շատ աւելի անհաստատ էին։

            Այո՛, կարելի է գտնել բոլորովին անփոփոխ եւ հաստատուն տեսակներ. բայց ասնոք ալ բարեշրջութեան դրութիւնը փոխանակ տկարացնելու, կը ցուցնեն մանաւանդ եւ կը պարզեն՝ թէ ի՛նչպէս անցելոյն մէջ, մինչդեռ ամեն ինչ կը փոխուէր, քանի մը տեսակներ անխախտ մնացեր են։

 

 

            Կամ ոմանք, or լիովին տեղեակ չըլլալով կերպարանափոխական (transformiste) գրութիւններուն, կը կարծեն թէ խնդիրն խնդիրն է այս ինչ ցեղը՝ մերձաւոր ցեղի մը փոխելու վրայ. զոր օրինակ, էշ մը՝ ձիու, շուն մը՝ գայլի, կամ փոխադարձաբար։ Տեսակներն չեն կերպարանափոխուիր, այլ կը ձեւանան խոտորմամբ (divergence), այսինքն՝ հեռանալով հասարակաց արմատէն՝ ուսկից կը սէրին եւ որուն գլխաւոր կամ հիմնական նկարագիրները (trait) կը պահեն. Այսպէս օրինակ իմն, վայրենի հաւփալէն (bizet, աղաւնիի տեսակծներ են աղաւնիներու 150 տեսակներ, եւ ո՛րչափ այս ցեղեն խոտորին՝ նոյնչափ մէկը միւսէն կը տարբերի, բայց բնաւ չեն շփոթուիր մերձաւոր տեսակներու ճիւղերուն հետ։ Գայլը՝ շունէն առաջ չի գար, եւ ոչ ալ շունը՝ գայլէն, բայց գայլն ու շուն՝ երկու զանազան ճիւղեր են՝ որ միեւնոյն հին արմատէ եկած են։

 

 

            Երկրորդ իրողութիւն. — կենդանի տեսակներու կամ ձեւերու ազգականութիւն։ — թուի՝ թէ ազգականութեամբ իրարու հետ միացած են՝ բոլոր թէ՛ անցեալ եւ թէ՛ ներկայ կենդանի էակներն. — եւ ասոր գլխաւոր նշաններն են հետեւեալներն.

            1. Կենդանի գոյացութիւնը է նոյն հախահիւթն (protoplasme) թէ՛ բուսական եւ թէ կենդանական թագաւորութեան կամ ազի մէջ։ Բուսականին մէջ՝ կենդանի միութիւնը կամ հիւլէն ծածկուած է խորշանիւթի (cellulose) պատեանով մը. — իսկ բոլոր կենդանիներու մէջ՝ թաղանթը սպիտակերպ (albuminoïde) է։ — Երկու, բուսական եւ կենդանական, ազգերուն մէջ ալ՝ անհատը կը սնանի միեւնոյն կերպով. այսինքն՝ կերակուրները կուտէ, կը մարսէ, կիրաւցնէ, շնչառութիւն ունի, եւ այս ամէն գործողութիւններն՝ իրարմէ միայն գործարաններու մէջ՝ որով կը կատարուին, տարբերութիւն ունին։ Կը սերին միօրինակ կերպով։

            2. Դիւրին է տեսնել պարզ կենդանիներու եւ ամենակատարեալ տիպարներու իրարու հետ միութեան կէտը կազմող բազմամասնութեան (complication) զանազան աստիճանները։ Նախակենդաններն կազմուած են նման խորշերով կամ բջիջներով, որոնք կամ առանձին են եւ կամ իրարու հետ միացած։ Դատարկընդերեայց (Coclentérés) մէջ խորշային գաղութներն (colonie) կը սկսին իրարմէ զատուիլ։ Փշամորթներու (echinoderme) եւ ներքնամորթի (entoderme) մէջ եղած ներքին գործարաններն։ Եւ սկսելով ասոնցմէ, կենդանին կազմող մասերն՝ երբեմն կեդրոնի մը չորս կողմը ճառագայթաձեւ մէկտեղ կը ժողվուին, երբեմն ալ՝ միեւնոյն ուղիղ գծի վրայ կը շարուին. եւ այս վերջին պարագայիս մէջ, նոյն մասերն կամ ըստ բաւականի իրարմէ զատ զատ կը մնան, ինչպէս որդերու մէջ, եւ կամ քիչ շատ իրարու հետ կը ձուլուին եւ խիտ միւթիւն մը կը կազմեն, ինչպէս կը տեսնուի բարձրագոյն ճիւղաւորութիւններու մէջ։ — Փէրրիէ՝ շատ լաւ ցուցած է այն ծրագրին պարզմութիւնը՝ որուն համեմատ ձեւացած են զանազան դասեր (classe)։ Եւ այդ ծրագրի միութիւնն մանաւանդ Ժ. Սէնթ Հիլէրի վրայ ազդեցութիւն ըրած էր։

            3. Մերձաւոր տեսակներն՝ շատ թեթեւ կերպով կը տարբերին իրարմէ. եւ ասոնց շարունակեալ կարգին կամ շարքին (série) մէջ դժուար է իրարու սահմանը որշող գծեր կամ կէտեր գտնել. եւ այս դժուարութենէն մղուելով Լամարք, եւ չկարենալով դասաւորեալ զանոնք, հնարեց հասարակաց սերունդի ենթադրութիւնը։

            4. Նոյն իսկ իրարմէ հեռու երեւցող տեսակներու մէջ, որոնց, եթէ՛ միեւնոյն դասէն ըլլան, եւ եթէ միեւնոյն ճիւղաւորութիւնը ունենան, համաբան (homologue) մասերն՝ միօրինակ կերպով շինուած են։ Այսպէս ձիուն, խլուրդի, մկան, կէտի (baleine), ծովախոզի (marsouin) առաջակողմեան անդամը՝ ունի միեւնոյն կերպով յօրինուած միեւնոյն ոսկրները։ Կաթնաբոյծի կամ Ստնաւորի (mammifère) թաթերը (patte), թռչնոյ թեւերն, զեռունի անդամներն՝ միեւնոյն կտորներէ գլխաւորաբար կազմուած են։

            5. Անդամազննութեան նշանակած տարբերութիւններն կամ զանազանութիւններն կանհետանան՝ եթէ սաղմնոյն ժամանակները դիտենք. որովհետեւ այդ միջոցին՝ առաջակողմեան անդամը միեւնոյն կերպով կը ձեւանայ. — նոյնպէս՝ եթէ երկրաբանական դարերը քննենք, կը գտնենք կենդանիներու նախնիք՝ որոնց զանազանիչ կամ տարբերիչ փոփոխութիւններ դեռ չեն եղած։

            Այս իրողութիւններն յայտնապէս կը ցուցնեն կերպարանական (morphologique) սերտ ազգականութիւն մը միեւնոյն սեռի վերաբերող տեսակներու մէջ. բայց այդ ազգականութիւնն՝ նուազ սերտ է՝ միեւնոյն դասու սեռերուն մէջ, եւ դեռ աւելի նուազ սերտ՝ կենդանական ազգի կամ թագաւորութեան յետին տեսակներուն մէջ։

 

 

Կենդանի էակները իրարու հետ միացնող այս զօդն կամ կապն՝ սոսկ գաղափարակա՞ն կամ մտաւորակա՞ն է, թէ հասարակաց սերունդի արգասիք մէ այդ։ Բարեշրջականք կը պնդեն թէ իրական է ազգականութիւնն. այսինքն բոլոր էակներն կը ծագին միեւնոյն արմատէ՝ որուն միակ հիւթն (sève) առաջ բերեր է զանազան ճիղեր եւ ոստեր։ Բարեշրջականք կը համարին՝ թէ տեսակներու կազմուիլը՝ գիտական կերպով կը բացատրուի այս դրութեամբ։ — Իսկ Արարչագործական դրութեան պաշտպաններուն կերեւի անոր հակառակը որոնք բարեշրջութիւնը՝ շատ գիտական բացատրութիւն մը չեն համարիր, եւ ոչ ալ այնչափ արժանաւոր գործ մը՝ Արարչին։ — Յետոյ պիտի խօսինք այս կետին վրայ։

 

Երրորդ իրողութիւն. — Սկզբնատիպ (rudimentaire) գործարաններ։ — Սկզբնատիպ կը կոչուին այն գործարարններն՝ որոնք այնչափ միայն զարգացած են՝ որ կարծես թէ չեն կրնար գործ կամ պաշտօն մը կատարել։ Օրինակի համար, մէկ քանի գողուններու մէջ անդամներէն միայն խարսխային մասը կայ, եւ առանց այդ անդամներուն կը քալեն անոնք։ — Բարձրագոյն կենդանիներու մէջ՝ գլխոյն վերեւ եղած կոնաձեւ աչքն ծիւրած է (atrophié), բայց քանի մը սողուններու վրայ դեռ կը տեսնուի այն։ — Արու ստնաւորներուն ստինքը շատ զարգացած չեն, եւ բանի մը չեն ծառայեր։ Երիտասարդ հորթերու եւ կէտին սաղմին վերին կզակին վրայ ակռաներ կան՝ որոնք երբեք լնտերքին մէջ չեն մտներ։ — Շունը, խոզը եւ ձին՝ քիչ շատ ծիւրած եւ անօգուտ մատեր ունին։ — Ջայլամի թեւերն՝ թռչելու բնաւ չեն ծառայեր. — անթեւակ (Aptéryx – թռչուն Նոր Զելանտիոյիբրեւ առաջակողմեան անդամ ունի միայն կոճղ մը (moignon)։

            Այս գործարաններուն ըլլալուն, կըսեն Բարեշրջականք, պատճառը կը հասկցուի, եթէ բարեշրջումը ընդունուի. — Արարչագործականք (créationiste) այս խրողութիւններուն ընդունելի բացատրութիւն մը չունին։

            Բարեշրջական դրութեան համեմատ, այս գործարաններն են իբրեւ նշան հասարակաց ծնողի մը բոլոր տեսակներուն որոնք կը սերին իրմէ։ Զոր օրինակ ինչպէս գաղղիերէն լեզուի բառերուն ուղղագրութեան մէջ, անօգուտ տառերն՝ բառի մը ծագումը կը ցուցնեն (sang կը ծագի sanguis-էն, sens ալ sensus-էն), այսպէս ալ՝ սկզբնատիպ գործարաններն կը ցուցնեն՝ տեսակի մը արդի վիճակին հասնելէն առաջ ունեցած նախնական վիճակը։ Ասոնք՝ գործարանական անկումներ (dégradation) են տեսակի մը մէջ՝ մերձաւոր տեսակներու համեմատութեամբ։ Եւ անշուշտ ՝ ծիւրութիւնը (atrophie) առաջ եկած է՝ գործարանի մը անգործածական մնալովը շատ մը սերունդներու մէջ, ինչպէս որ այս երեւոյթս հիմա ալ կը տեսնուի, այսինքն, երբոր անհատ մը գործածած չէ անդամ մը, այս անդամը՝ բոլորովին կը հիւծի եւ կը տկարանայ։

            Ասոր հակառակ, Արարչագործական դրութեան մէջ տրուած բացատրութիւնը ոչ պարզ է եւ ոչ ալ գոհացուցիչ։ Վասն զի պիտի չհասկցուի՝ թէ Աստուած ինչո՞ւ գործարաններու կտորներ, անդամներու կողղներ (moignon) ստեղծեր է, այնպիսի մասեր՝ որոնք բոլորովին անօգուտ պիտի ըլլային. — նոյն իսկ հասարակաց ուրուագծի կամ գրագրի կանոնաւորութիւնն թուի թէ չի հանդուրժեր անկանոնութիւնները։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians