Գթութեան օրինակ մը

Գթութեան օրինակ մը

 

ի Բազմավէպէ

 

(1855)

 

Դմետրիոս Պոլիորկետ մակեդոնացի թագաւորը շատ բարիք ըրած էր Աթենացւոց։ Երբոր ասիկայ Աթենքէն պատերազմի գնաց, իր կնիկն ու տղաքը այս քաղաքին մէջ թողուց. Դժբաղդաբար դիպուածը բերաւ որ յաղթուի թշնամիներէն, ու հարկ եղաւ փախչիլ։ Ինքը իբրեւ ապահով Աթենք կը դիմէր որ հոն քաշուի. բայց Աթենացիք ապերախտութեամբ զինքը ներս չընդունեցան. ետքը իրեն կնիկն ու տղաքն ալ խաւրեցին իրեն՝ ըսելով թէ «Ասոնք Աթենքի մէջ ապահով չեն, որովհետեւ կարելի է թշնամեաց ձեռքը իյնան»։ Դեմետրիսոի շատ ծանր եկաւ այսպիսի փոխարէն մը, որովհետեւ ճշմարտապէս կը սիրէր զԱթեանցիս, ու յարմար առթի սպասեց։ Քիչ ատենէն առջինին պէս որ զօրացաւ, մէկէն մեծ բանակ մը հանեց ու եկաւ Աթէնքի դիմաց քաղաքը պաշարեց։ Աթենացիք մտածեցին որ այսպիսի ապերախտութենէ մը վերջը՝ Դեմետրիոսէ գթութիւն յուսալու բան չէր. անոր համար որոշեցին որ ձեռուընին զէնք անանկ մեռնին, ու վճիռ հանեցին թէ ով որ անձնատուր ըլլալու խօսք բանայ՝ մահ է պատիժը. բայց ամենեւին մտքերնէն չէին անցներ՝ որ համբարանոցներու մէջ ցորեն չունէին։ Քաջութիւն վրանին շատ. բայց սովը անանկ կը զայրանար քաղաքին մէջ, որ առանց պատերազմի մարդիկ կը մեռնէին. երկային ատեն համբերեցին, որչափ որ յուսահատութիւնը կրնայ զօրացնել զմարդ. բայց վերջապէս տեսան որ ասանկ գլուխ ելլելու բան չէ, մէջերնէն խելացիները ելան ըսին թէ «Ա՛լ լաւ է որ Դեմետրիոս ամենքնիս մէկ հարուածով սպաննէ, քան թէ սովէն մեռնինք. թերեւս ինքը մեր կանանց ու տղաքներուն վրայ գթալ ալ»։ Այս ըսին, ու քաղաքին դռները բացին իրեն առջեւ։ Մտաւ Դեմետրիոս Աթէնք, ու հրամայեց որ որչափ կարգուած մարդիկ կան՝ մեծ հրապարակ մը ժողվուին, եւ այն տեղւոյն չորս կողմը շարել տուաւ իր զինուորները՝ ամենքը սուրերնին մերկացուցած։ Քաղաքին մէջ ամէն ձայն կտրեցաւ, ու միայն ողբեր կը լսուէր. կնիկները իրենց էրիկներուն վիզը կը պլլուէին, տղաք իրենց հօրերու ձեռքը արցունքով կը թրջէին. եւ ամէնքը իրարու վերջին բարեւը կու տային։ Երբ բոլոր մահուան գացողները ժողվուեցան այս հրապարակը, Դեմետրիոս բարձր տեղ մը ելաւ, ու անկէց Աթենացւոց երեսը զարկաւ իրենց ապերախտութիւնը. բայց անանք սրտով կը խօսէր, որ աչուըները արտասօւօք կը լեցուէին։ Աթենացիք խորին լռութեան մէջ էին, ու վայրկեան վայրկեանի վրայ սրտերնին կը դողար որ մահուան հրամանը պիտի որոտայ ականջնին։ Բայց Դեմետրիոս դարձաւ ըսաւ իրենց. «Կուզեմ ցուցնել ձեզի թէ ո՛րչափ յանցաւոր էք ինծի. ձեր թշնամին չէր անիկայ՝ որուն անողորմ գտնուեցաք. Դուք անոր անիրաւեցաք՝ որ զձեզ կը սիրէր, անոր՝ որ հիմա ալ զձեզ կը սիրէ, եւ ձեզմէ վրէժ խնդրելու համար՝ ահաւասիկ կը ներէ ձեզի ու բարերարութեամբ կը լեցնէ։ Դարձէք ամենքնիդ ալ ձեր բնակարանը. այն միջոցին որ դուք հոս էիք, իմ զինուրներս ցորեն ու հաց կրեցին ձեր տուները։»

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians