Ազատած գերի մը
Ազատած գերի մը
ի Բազմավէպէ
(1855)
Շատ մարդիկներ կան, որ ձեռքերնին ալ երթայ ուրիշի բարերարութիւն ընելու, այնչափ ցուցամոլութեամբ կը ծախեն՝ որ շատ անգամ խեղճ ընդունողին երեսները ամօթէն կը կարմրին, եւ այսպիսի սնափառութեամբ ու հպարտութեամբ առատաձեռնութեան յարգն ալ կը կորսուի կ’երթայ։ Ընդ հակառակն Սենեկա կ’ըսեր թէ բարերարութիւնը պէտք է որ ընողին բերանը գոցէ եւ ընդունողինը բանայ. եւ հոս փառաւոր օրինակով մը տեսնենք որ մեր դարուս մէջ երեւելի մարդ մը այս առածս ի՛նչպէս լաւ ճանչցեր էր ու ի՛նչպէս աղէկ ի գործ դրաւ զանիկայ։
Այս մարդը Մարսիլիա քաղաքն ամառուան մէջ տօն օր մը իրիկուան դէմ նաւահանգիստը գնաց, եւ քիչ մը սիրտը բացուելու համար ուզեց նաւակ մը մտնել ու հոն ծովուն մէջ շրջան մը ընել։ Նաւավար որ կը փնտռէր, անդիէն գեղեցիկ ու շնորհալի երիտասարդ մը վազեց եկաւ իր նաւակը հրամցուց զինքը։ Մարդը ուշադրութեամբ մը կը զննէր զանիկայ, ու տեսնելով որ այն աստիճանի կրթեալ, ազնուաբարոյ ու մարդավար էր, որ այսպիսի վիճակի տէր մարդկանց քով չգտնուիր,
—Ինձի կ’երեւնայ, դարձաւ ըսաւ անոր, որ դուն նաւաստի չես, եւ կարծեմ որ ձեռքինդ արուեստդ չէ, հապա զուարճութեան համար ասոր ետեւէն եղեր ես։
— Իրօք, պատասխան տուաւ երիտասարդը, ես այսպիսի վիճակի մէջ չեմ ծնած, եւ ոչ ալ այս իմ արհեստս է. հօրս դժբաղդութիւնն է միայն որ զիս գրգռեց այս արուեստին ալ ձեռք զարնելու, որպէս զի տօնի օրերը քիչ մը բան շահիմ։
—Ի՞նչ դժբաղդութիւն է, ըսաւ օտարականը, հօրդ դժբաղդութիւնը։
— Գերի է, կրկնեց երիտասարդը՝ աչուըները արցունքով լեցուելով. եւ թէ որ կարենամ ալ զինքը ազատել՝ միայն իմ աշխատութեամբս ու քրտինքովս պիտի ըլլայ։ Գերի՞ է հայրդ. ո՞րչափ ատենէ ի վեր, ո՞ւր։
— Վեց ամսէ ի վեր է որ Դեդուան քաղաքը շղթաներու մէջ կապուած է. խեղճը ամենայն խնայողութեամբ քիչ մը դրամագլուխ ժողվեց ու Զմիւռնա գացող նաւու մը մէջ դրաւ, եւ ուզեց ինքն ալ անձամբ հոն երթալ, որպէս զի իր ճարպիկութեամբը աւելի լաւ կարենայ շահեցնել զանիկայ. բայց թշուառաբար ճամբան Բարբարոսները նաւուն վրայ հասան բռնեցին, եւ մէջի եղած մարդիկներուն հետ հայրս ալ մէկտեղ գերի գնաց։ Երկու հազար սկուտ պէտք է զինքը խալըսելու համար. բայց որովհետեւ գրեթէ բոլոր մեր ունեցածը չունեցածը հայրս իրեն հետ մէկտեղ առած էր, այսչափ ստակ գտնելը մեզի համար խիստ դժուարին է։ Ի վերայ այսր ամենայնի մայրս ու երկու քոյրերս գիշեր ու ցորեկ միշտ աշխատութեան հետ են այս ստակը ժողվելու համար. ես ալ նոյնպէս կ’աշխատիմ ու ձեռքէս եկածին չափ նաեւ տօնի օրերն ալ կը ջանամ բան մը շահիլ։ Առջի բերանը կը յուսայի որ եթէ իրեն տեղը ես գերի մնալու ըլլամ, կրնամ զինքը ազատել, մայրս ասիկայ իմացաւ, կամ թէ կասկածի գնաց, ու զիս ապահովցուց որ այս կերպով անկարելի էր հայրս ազատել. եւ վախնալով (իրաւամբք ալ) որ ամէն վտանգ յանձն կ’առնեմ կ’ընեմ այս բանս, բոլոր նաւապետներուն արգիլեց որ չըլլայ թէ զիս նաւերնին առնեն։
— Իրեն վրայ ինչուան հիմա լուր մը առա՞ծ ես. որո՛ւն կը ծառայէ եւ ի՛նչ վիճակի մէջ է գիտե՞ս։
— Թագաւորական բուրաստաններուն վերակացուին կը ծառայէ, եւ անիկայ մարդասիրութեամբ կը վարուի հետը. Բայց ասիկայ իրեն համար շատ պզտիկ մխիթարութիւն է. ինչ որ ըլլայ՝ ինքը միշտ գերի մըն է, եւ հեռու է իր սիրելի ամուսինէն, ու իր իրեք տղոցմէն, որոնց վրայ քաղցր սիրով միշտ կը գուրգուրար։
— Անունը ի՞նչ է։
— Ռոպերդ։
— Տարի՞քը։
— Յիսունըհինգին մօտ է։
— Իրաւցընէ դուն աւելի լաւ վիճակի արժանի ես. բոլոր սրտանց փափաքս ասիկայ է, եւ առաքինութիւնդ տեսնելով՝ ինչուան կարծես քեզի կը գուշակեմ ալ։
Գիշերը վրայ հասնելով՝ օտարականը հրամայեց որ ցամաք հանէ զինքը. ու նաւակէն մէկէն դուրս ցատքելով, ատեն թող չտուաւ անոր՝ որ իրեն իբրեւ վարձք տուած քսակին համար շնորհակալութիւն ընէ. ասոր մէջ տասնըվեց լուիճի ու տասը սկուտ կար։ Պատանին մարդուն այսպիսի առատաձեռնութեանը վրայ հիացած՝ խել մը օր ետեւէն եղաւ ճամբան իրեն հանդիպելու համար, որպէս զի իր երախտագիտութիւնը յայտնէ. սակայն չկրցաւ գտնել։
Երկու ամիս ետքը՝ օր մը երբոր այս բարի ընտանիքը ողորմելի խուցի մէջ աղքատ կերակրոյ մը նստեր էին, մէյ մ’ալ անդիէն յանկարծակի Ռոպերդ կը հասնի ներս կը մտնէ։ Այս որ տեսան, զարմացման աղաղակ մը փրցուցին ամենքը, ու չէին գիտեր թէ արդեօք իրենց աչուըներուն հաւտա՞ն։ Ռոպերդ մէյ մը մէկուն, մէյ մը մէկալին քաղցր գրկախառնութեամբ մը պլլուելով՝
— Ահ ամուսինս, կ’ըսէր, ա՜հ իմ տղաքս. այս ի՜նչ երախտիք ու այս ի՜նչ գորովաշարժ խնամք է ձեր ըրածը։ Բայց ի՞նչպէս ասանկ շուտ կրցաք զիս ազատել, ի՞նչպէս այսչափ ստակ ճարեցիք ինձի։ Այս ամէն ըրածնիդ զիս ափշեցուց. զիս ազատելու ստակը, ճամբուն համար յիսուն լուիճի, այս զգեստները, նաւուն կանխիկ վարձքը. թէպէտ եւ կը տեսնեմ որ ինձի համար ինչպիսի՜ ցաւալի վիճակ հասած էք։
Կինը սաստիկ ու բուռն կիրքերէն շրթունքը չէր շարժեր պատասխան մը տալու. կը վազէ երկանը վիզը կը պլլուի, ու աչուըները արցունք վազցընելով՝ կ՚իյնայ վրան. Աղջիկներն ալ իրենց մօրը հետ կու լային. իսկ տղան քար կտրեցաւ ու մարեցաւ մնաց։
Վերջապէս այսչափ արտասուքներ թափելէն ետքը՝ կնկան ձայնն ու բերանը կը բացուի. նորէն իր ամուսինը գրկելով՝ աչուըները որդւոյն վրայ կը դարձնէ, ու մատով զինքը երկանը ցուցնելով՝
— Ահա քու ազատողդ, կ’ըսէ, ասիկայ է։ Զքեզ ազատելու համար երկու հազար սկուտ պէտք էր. մենք ինչուան հիմա եւ ոչ կէսը կրցեր էինք շահիլ, եւ արդէն ժողվածնուս մեծ մասն ալ որդւոյդ անխոնջ աշխատութեամբն է։ Անշուշտ այն ազնիւ որդիդ իրեն պաշտպաններ գտեր է, որոնք իր առաքինութենէն շարժած՝ օգներ են իրեն. առջի բերանը ծածուկ կ’ուզէր տեղդ ինքըզինքը գերի ընել. իրօք ինքն է քու փրկութեանդ մէկ հատիկ պատճառը, եւ զմեզ այսպէս յանկարծակիի բերել ալ ուզեր է։ Նայեցէք ի՛նչպէս սաստիկ զգածուեր է. բայց շուտով հասնինք օգնենք իրեն։
Աղջիկները արդէն ասոր կ’ աշխատէին. ծնողքն ալ վրայ հասան, ու շատ դժուարաւ կրցան մարմրուքէն արթնցնել։ Դարձուց մէյ մը թալկացեալ աչուըները դէպ ի հօրը. բայց դեռ խօսելու ուժ չունէր։
Բայց այն միջոցին հայրը լռեց ու մտմտուքի մէջ ինկաւ, եւ յանկարծակի ուրախութենէն փոխուելով՝ այլայլութիւն ու տխրութիւն մը կը տեսնուէր դէմքին վրայ։ Ետքը դարձաւ տղուն ու բարկութեամբ մը զուրցեց.
— Անզգամ խօսէ, ըսէ շուտ, ի՞նչ ըրիր։ Այն ի՞նչ տեսակ ազատութիւն տալ է ինձի, որ կը սոսկամ վրան. ես որ այնչափ կը փափաքէի անոր։ Անօրէնութիւն մը ըրած ես որ զիս ազատած ըլլաս. ապա թէ ոչ ի՞նչպէս կրնայիր համարձակիլ մօրմէդ ծածկելու։ Ողորմելի գերւոյ մը որդի ու այսպիսի դեռաբոյս հասակի մէջ ըլլալէն էտքը՝ մարդ չկրնար հաւտալ որ արդար ճամբաներով այս տեսակ օգնութիւն կրցած ըլլաս պարել ուրիշներէն։ Դողալս կու գայ՝ երբոր կը մտածեմ որ որդիական սէրը անզգամութիւն մը ընելու գրգռած ըլլայ զքեզ։ Շուտ ըրէ փարատէ ինձմէ կասկածս. ճշմարտութեամբ պատմէ, եւ աւելի…
— Չէ չէ, հայր իմ, սիրտդ հանդարտ բռնէ, պատասխան տուաւ տղան՝ դժուարութեամբ մը ոտքի վրայ ելլելով. գրկէ որդիդ. Ես այսպիսի անուան մը անարժան չեմ. բայց ոչ ես եւ ոչ մեզմէ մէկն է որ քեզի ազատութիւն տուաւ. մեր բարերարը բոլորովին չկարծուած մարդն է, եւ ես զինքը աղէկ կը ճանչնամ։ Սիրեցեալ մայր, այն օտարականն որ այնպիսի առատաձեռնութեամբ մը ինձի քսակ մը պարգեւեց, կրկին ու կրկին հարցմունքներ ինձի ըրաւ. իրօք իրմէն պիտի ըլլայ մեր այս երջանկութիւնը։ Ո՛հ, երանի՜ թէ նորէն մէյ մը իրեն հանդիպէի, ո՜ւր էր թէ՜ բայց ամէն ջանք պիտի ընեմ որ գոնէ վրան ծանօթութիւն մը առնեմ։
Անկէց ետքը պատմեց իր հօրը ինչ որ այն օտարականին հետ հանդիպեցաւ իրեն, ու այս կերպով ամէն կասկածէ խալըսեց զինքը։
Երկու տարի պարապ տեղը աշխատելէն ետքը՝ մէյ մ’ալ առաւօտ մը նաւահանգստին մէջ կը պատահի իրեն. ինկաւ անոր ոտուըները, ու ինքիրմէ դուրս ելածի պէս պլլուելով մը՝ այսչափ միայն կրցաւ զուրցել.
— Ա՜հ տէր իմ, իմ մէկ հատիկ բարերարս, իմ ապաւէնս, իմ աչքիս լոյսը, կեանքս…
— Ի՞նչ ունիս, ո՞վ ես դուն, ըսաւ անծանօթը՝ վեր վերցնելով զինքը։
— Տէր իմ, ի՞նչ, չե՞ս ճանչնար զիս. մոռցա՞ր բոլորովին խեղճ Ռոպերդին որդին, զոր այսպիսի մեծ առատաձեռնութեամբ մը ազատեցիր։
— Բարեկամ, կը շփոթիս. ես օտարական մըն եմ, որ քանի մը օր առաջ եկեր եմ հոս։
— Այս ընդդէմ չէ. բայց յիշէ մէյ մը որ քսանըվեց ամիս առաջ հոս էիր. յիշէ մէյ մը այն շրջանն որ նաւահանգստին մէջ ըրիր, ինձի պարգեւած քսակդ, այն ճշմարիտ կարեկցութիւնն որ հօրս թշուառութեանը վրայ ցուցուցիր, այն վրայէ վրայ հարցմունքներն որ ինձի ըրիր՝ հայրս ազատելու կերպին վրայ լոյս առնելու համար։ Զինքը ազատելովդ ընտանիք մը ամբողջ երջանկութեան հասուցիր, որուն այս է միայն փափաքը՝ որ զհրամանքդ մէյ մը տեսնէ՝ հազարումէկ օրհնութիւն թափելու համար գլուխդ։ Կ’աղաչեմ որ այս մեր իղձը կատարես… եկուր։
— Բարեկամ, շուտ մը շարժիր. մարդ շատ դիւրաւ կը խաբուի. գուցէ դուն…
— Չէ, ես ամենեւին չեմ խաբուած. անկարելի է որ զհրամանքդ ուրիշին հետ շփոթեմ, այնպէս դէմքիդ գծագրութիւնը մտքիս մէջ սաստիկ տպաւորուած է. շնորհք ըրէ եկուր… ու թեւէն բռնելով՝ կ’ուզէր անուշ բռնութեամբ մը հետը առնել տանիլ։
Այս ընդդիմութեան ատենը շատ մարդիկ վրանին թափեցան։ Անծանօթը թէպէտ եւ իր փառաց ծայրը հասած էր, ի վերայ այսր ամենայնի փոխանակ սնապարծելու՝ իր զգացած անմեղ հաճութեանն ալ դէմ կեցաւ եւ մինչեւ վերջը չուզեց յայտնուիլ։ Անոր համար քալած ատենը միշտ փախչիլ կ’ուզէր ձեռքէն, եւ վերջապէս յարմար առիթ գտածին պէս՝ այն բազմութեան մէջ խառնուեցաւ ու մէյ մըն ալ չերեւցաւ։
Անշուշտ ինչուան հիմա ալ ծածուկ մնացած կ’ըլլար այս բարերարը, թէ որ մարսիլիացի վաճառականի մը մեռնելու ատենը՝ իր ազգականները թղթերուն մէջ պզտիկ գրուածք մը գտնելով չհարցնէին իրեն թէ ի՛նչ պատճառաւ գատիչեցի Ռոպերդ Մայն մարդուն 7,500 ֆրանգ խրկուեր է։ Այս հռչակաւոր անգղիացի սեղանաւորը պատասխան տուաւ որ Պօրտոյ քաղաքին խորհրդարանին նախագահը՝ Կարոլոս տը Սէգոնտա Պարոն տը Մոնդէսգիէօն հրաման տուեր էր իրեն այս ստակը վճարելու Ռոպերդ անունով մէկու մը ազատութեանն համար, որ Դեդուան քաղաքին մէջ գերի էր։ Այս երեւելի մարդը սովորութիւն ունէր երբեմն երբեմն Մարսիլիա գալու՝ իր քրոջը Հերիգուր տիկնոջ այցելութիւն ընելու համար։ Այս առատաձեռնութիւնը, զոր հիմա պատմեցինք, իրօք ոչինչ ընդհատ գովեստից արժանի է, ինչպէս իր գրաւորական երկասիրութիւնները, որոնցմով անունը անմահացած է։
Comments
Post a Comment