Ժողովրդեան կամ ազգի մը խեղճութիւններուն դեղը դաստիարակութիւնն է

Ժողովրդեան կամ ազգի մը խեղճութիւններուն դեղը դաստիարակութիւնն է


ի Բազմավէպէ

 

(1847)

 

Ազգ մը կամ ժողովուրդ մը ե՞րբ աւրուած կը սեպուի, կամ ի՞նչ վիճակի մէջ ըլլայ նէ՝ իրաւցընէ խեղճ կըսուի։ — Ասոր նման առաջարկութիւն մը կընէ հիմակուան իտալացի մատենագրաց մէկն ու պատասխանը ինքը կուտայ։ — Ա՛ն ատենը աւրուած ու ապականուած է, կըսէ, ժողովուրդը, երբոր ընտանեկան կենաց պարտքերը ոտքի տակ կերթան. երբոր հայրենասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը անպտուղ բառեր ու նախատական մեծաբանութիւններ կըլլան. երբոր վատ խոհեմութեան ցցուցած օգուտները աւելի վեր կը դրուին քան թէ հասարակաց օգուտները. երբոր հաւատքն ու աստուածպաշտութիւնը չսեպուիր եղբայրական ազգային կապ, գործունեայ սիրոյ յորդոր, գեղեցիկ յոյսերու գրաւական, մեծամեծ մարդկանց դաստիարակ, հապա՝ կամ ռամիկներու անձ, կամ տկարամիտներուն զբօսանք, եւ կամ շատ շատ՝ առանձնական դժբաղդութեանց մխիթարութիւն։ Ան ատենը ո՞ւր կը մնայ պարտք ու իրաւունք ըսածդ, ո՞ւր կը մնայ ան ուրախութիւնն ու ոյժը որ գովելի միաբանասիրութեան պտուղներն են. այնպիսի ժողովուրդը ի՞նչ բան է, բայց եթէ խումբ մը անբան կենդանեաց՝ որ քիչ շատ կը հնազանդին հովուի մը ձայնին կամ գաւազանին, ու ամէն մէկը իր առջեւի խոտը արծիլ կը նայի. կը տեսնէ իր քովինին խուզուիլը, ծախուիլը, մորթուիլը, ու պաղ պաղ կեցած կը նայի։ Այսպիսի ժողովուրդ կը գտնուի՞ արդեօք մեր օրերը Եւրոպայի մէջ. ես չեմ գիտեր (կըսէ նոյն իմաստունը). բայց թէ որ կը գտնուի նէ, կրնանք ըսել առանց ամենեւին տարակուսելու, որ այնպիսի ժողովրդեան մէջ ճշմարիտ բարեկամութիւնը, բարերարութիւնը, հաւատարմութիւնը մէյմէկ պարապ խօսքեր են. ազնուաականն ու հարուստը, եկեղեցականն ու գիտականը, ժողովրդականն ու իշխանաւորը, տէրն ու ծառան, ծերն ու երիտասարդը, գեղացին ու քաղաքացին, դրացին ու մերձաւորը մէկմէկու միս կուտեն, մէկզմէկ կը նախատեն, մէկմէկու որոգայթ կը լարեն, մէկզմէկ սուտ սիրով կը խաբխբեն, որ ուրիշ ամէն որոգայթներէն ալ աւելի անողորմ է. եւ թէ որ այնպիսի ժողովրդեան մէջ աս բաներն չըլլան նէ՝ հրաշք է։ Բարեսրտութիւնը թմրած կը քնանայ, կամ չորս պատի մէջ փակուած կուլայ կամ աղօթքի հետ կըլլայ. բայց այնպիսի ժողովրդեան մէջ բարեսրտութիւն, սէր, կարողութիւն ըսածներդ մասնաւոր մարդու կամ տան յատկութիւններ են. զուարթութիւնն ու համարձակութիւնը կը կորսուին. զգայուն սիրտ ունեցողները ամենէն առաջ կը զզուին այնպիսի ընկերութենէ, եւ խղճմտանքով գիտնալով թէ ուրիշներն ալ իրենց միտքը կը հասկնան՝ ուրիշի վրայ վստահութիւննին կը կորսնցնեն։ Ասանկով մարդ մարդէ բաժնուած, ու ինքիրեն մնացած, կը տեսնէ իր անկարողութիւնը, կը լքանի ու կը յուսահատի։

            Այսպիսի խեղճ վիճակին ի՞նչ դեղ կրնայ ըլլալ։ Ի՛նչ դեղ ալ ըսես՝ դժուար է։ — Մէկ հատիկ դեղը աս է. լաւ դաստիարակութեամբ ժողովրդեան տղաքը կրթել, եւ առաքինութիւնն ու սէրը մէկտեղ հիւսելով կապ մը շինել ու անով կապել ընտանիքը, հայրենիքը եւ բոլոր մարդիկը։

 

 

Ժողովրդեան բարքն ու կարծիքները մեծ գետի մը կը նմանին. կրնաս անոր արագութիւնը փոխել կամ մէկդի դարձնել, բայց ընթացքը ոչ երբէք կրնաս արգիլել։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians