Նախապաշարեալ մարդու նկարագիր

Նախապաշարեալ մարդու նկարագիր

 

ի Բազմավէպէ

 

(1850)

 

Նախապաշարումն կըսուի մարդուս իր տեսածէն ու գիտցածէն դուրս բան չուզելը։ Նախապաշարեալ մարդը ա՛լ աղէկ կու տայ ինք իր սահմանը՝ իրեն նախապաշարմունքը առաջ տանելու ատենը. Ես ասանկ գիտեմ, կըսէ, ես հօրմէս ասանկ տեսեր եմ, ես խելացի մարդիկներէ ասանկ սորվեր եմ, այսչափ մարդիկ ինչուան հիմա ասանկ մտածեր՝ ասանկ ըրեր են, հիմա մենք անոնցմէ աղէ՞կ պիտի մտածենք. փորձուած ճամբան ապահով է։ Ահա նախապաշարման սահմանը, անանկ որ՝ փիլիսոփայ մը ասկէց աղէկ չի կրնար ստորագրել նախապաշարմունքին ինչ ըլլալը։

            Նախապաշարեալ մարդուս աչքին վրայ կապ մը կայ, չի թուոր որ բանին պարագաները տեսնէ ու ընտրէ ո՛ր բանին մէջ հինին հետեւելու է, ո՛ր բանին մէջ նորին։ Թէ որ իր խելքին հետեւած ըլլային ամէնքը, ասօրուան օրս ոտուընիս բոպիկ պիտի քալէինք, ոչխարի մորթ պիտի հագնէինք, տներնիս խոտէ շինած պիտի ըլլար, դանակնիս քարէ փայտէ, թղթերնիս տերեւէ, գրերնիս ամէն արարածներու պատկերներով նկարած, ծոցերնիս ջրէ կամ աւազէ ժամացոյց պիտի կրէինք, ճրագ մը վառելու համար կամ փայտ փայտի քսէինք պիտի, կամ քարը ու պողպատը մէկմէկու զարնելով՝ մատերնիս վիրաւորելով՝ սենեկնիս ծծումբ հոտեցնելով՝ փռելով՝ հազիւ պիտի կրնայինք վառել։ Ասոնցմէ կերեւայ ի՛նչ ծուռ կանոն ըլլալը՝ որ մարդը իր տեսածը ու գիտցածը չպիտի փոխէ. բայց եկուր աս բանը հասկցո՛ւր նախապաշարեալ մարդու մը. քեզի քարոզ մը կը սկսի տալ երիտասարդական անխոհեմ փոփոխասիրութեանը վրայ։ Ասանկով աշխարհքս աւրեցաւ, կըսէ. մեր առջինները առանց մտածելու չէին երթար առագաստաւոր նաւով, ահա կաթսան կը ճաթի, շոգենաւը կը բռնկի, անիւը կը կոտրի, այսչափ հոգի կը կորսուին։ Մեր նախնիքը առանց խելքի չէին ըներ որ իրենց լեզուէն դուրս ուրիշ լեզուի չէին սորվեր. ահա հիմակուան տղաքը լեզուներ սորվելով՝ անշահ գրքեր կը կարդան ու կաւրուին։ Մեր հայրերը անխելք չէին որ աղջիկ զաւակներու կարդալ գրել չէին սորվեցներ. ահա հիմակուան աղջիկները կարդալու գրելու պատճառաւ՝ բանի գործքի չեն գար, ու պէտք չեղած նամակներ կը գրեն։ Փիլիսոփայութեան առաջ երթալուն օգուտներն ալ տեսանք, անհաւատութիւնն է եղեր. մեր հայրերը հին փիլիսոփայութիւն գիտէին, անոր համար բարի քրիստոնեանէր էին։ Տղաս ջերմէն մեռաւ քինինոյին նորելուք հատադեղները առնելով. թէ որ քինայի փոշին առած ըլլար՝ չէր մեռներ։ Որ նոյն բանը ըսել է՝ ինչ որ հին ատենի տգէտ ու տօմար չունեցող ազգերը կըսէին լուսինը խաւարեցաւ՝ անոր համար յաղթուեցանք կամ ժանտախտ եղաւ. կամ թէ ինչպէս մեր ատենի ռամիկը կըսէ, գիսաւոր աստղ երեւցաւ՝ մեծ մեծ փորձանքներ պատահին պիտի։

            Կամակոր մարդուն ալ խօսք հասկցնելը դժուար է, բայց շատ անգամ կրնաս հասկցնել. իսկ նախապաշարեալ մարդուն գրեթէ անհնարին է։ Միտքը կը դնէ որ դու կասկածաւոր մարդ ես, կուզես մոմ ելիր վառէ առջին, քեզ մութ կը տեսնէ. ամէն խօսքդ ծուռ կառնէ, բարիք կընես՝ թշնամութիւն կը կարծէ։ Թէ որ քիչ մը գիտուն մարդ ալ է, աւելի գէշ. ինչու որ չէ թէ միայն սխալին վրայ նախապաշարուած է, հապա նաեւ սխալանացը պատճառներուն վրայ։ Թէ որ կրնաս հին բնաբանութեան հետեւող փիլիսոփայի մը միտքը խոթէ որ արեւը կեցած է՝ երկիրս կը քալէ. կը դառնայ աստուածաշունչէն ալ քեզի վկայութիւն կը բերէ որ «Երկիրս յաւիտեան կայ». Թէ որ արեւը չէր գալեր նէ, ի՞նչպէս Յեսու կեցուց զինքը՝ կըսէ։ Ասանկի մը վարպետորդիին մէկը աղէկ պատասխանեց, որ իրաւ առաջուց կը քալէր արեւը, բայց Յեսուին կեցուցած ատենէն ի վեր է որ անշարժ կեցած է. ու ասանկով լռեցուց։

            Մարդուս միտքը իր գիտցածին վրայ այնպէս կը նախապաշարուի, ինչպէս աչքը իր ստէպ տեսածին. գնա՝ վայրենիներուն հասկցուր որ երեսնին ճակատնին գոյն զգոյն ներկելը, քթերնէն վար օղ կախելը տգեղ բան է. իրենց աչքին անանկ գեղեցիկ կերեւնայ իրենց սովորութիւնը, ինչպէս մեր աչքին՝ ականջի օղերը. անանկ որ գրեթէ մարդուս աչուըներուն վարժութիւնն է իր կանոնը հաւնելու ու չի հաւնելու տեսած բաները։ Ասանկ ալ միտքը իր սովորական մտածածը ու լսածը ամենէն աղէկը կը կարծէ. գեղացին վարժեր է մէկ դոյլով ջուր քաշելու ջրհորէն. դի՛ր ճախարակին մէկալ դին ուրիշ դոյլ մըն ալ չուանին մէկալ ծայրը, ո՛րչափ աւելի կը դիւրացնեն ջուր քաշելը՝ երկու դոյլը մէկմէկու ծանրութիւնը քիչցնելով. բայց գեղացին իր սորվածը աւելի դիւրին կը կարծէ, փորձն ալ չի բաւեր իր նախապաշարմունքը յաղթելու. աս դոյլերը մէկմէկու արգելք կըլլան ըսելով՝ կը հանէ կը ձգէ դոյլին մէկը, ու մէկալովը կրկին կաշխատի ջուր քաշելու։

            Նախապաշարմունքին ինչպէս մարդուս միտքը կուրացնելը՝ ուրիշ ապացուցի կարօտ չէ, բաւական է որ մտածենք թէ սուրբ հաւատքէն դուրս ծնած՝ նաեւ բնութիւննին ու բարոյականնին աղէկ եղող մարդիկներ են՝ քանի՛ հոգի կըլլան որ իրենց նախապաշարեալ մոլորութիւնը մէկդի ձգեն, ու սուրբ հաւատքին ասանկ յայտնի ճշմարտութիւնը ճանչնան։ Ասկէց կրնանք մակաբերել ուրիշ նախապաշարմունքներու ալ ուժը, եւ հետեւցնել՝ որ գրեթէ միշտ ասկէց առաջ կուգան վէճ, կռիւ, իրարու խելքին չհաւնիլ, թշնամութիւն, ու ամէն տեսակ վնասներ։ Ծուռ կարծիքով նախապաշարուածը, կարծես թէ անոր հետ կապուած է, չկրնար թողուլ կարծիքը. կ'իմանայ դիմացինին խօսքին ուժը, չի կրնար պատասխան տալ. բայց իրեն ինչուան ան ատենը ծուռ կարծիքին մէջը մնացած ըլլալը՝ իր աչքին աւելի զօրաւոր պատճառ կերեւնայ. ես աղէկ քններ եմ, կըսէ. այսչափ տարուընէ ի վեր մտածած բանս վայրապար երկու խօսքով չեմ փոխեր. եւ թէ որ հիմայ միտքս պատասխան մը չիգար, բայց հարկաւ անոր պատասխանը պիտի ըլլայ. վերջապէս ես ասանկ գիտեմ, անանկ փոփոխամիտ մարդիկներէն չեմ՝ որ հողմացոյց դրօշակի պէս շուտ մը ամէն դին դառնամ։ Ըսել է որ իրենց պարծանք կը սեպէ, գիտցածը չփոխելու համար՝ ծուռ կարծեացը մէջ մնալ. ասով կը հաւասարի իրենց կարծեացը վրայ յամառ եղող մարդկանց. ու փոփոխամիտ չըլլալու վախէն՝ կըլլայ կամակոր. անոր համար առակ է թէ Իմաստնոյ է փոխել զկարծիս։

 

 

«Արուեստը գիտութեան գործնական վախճանի մը մերձեցումն է. թէ որ գիտութիւնը միայն շատ անգամ կրկնուած փորձի մը վրայ հաստատուած է, այն ատեն արուեստը ընտրական է. բայց թէ որ բանաւոր եւ ընդհանուր սկզբունքներէ առաջնորդեալ փորձի մը վրայ հաստատուած է նէ, այն ատեն արուեստը աւելի ազնուական կերպարանք մը կառնու, եւ գիտնական արուեստ կըլլայ։ Մարդկային ազգին ի բարբարոսութենէ առ քաղաքական կեանս յառաջադիմութեան մէջ հարկաւորապէս արուեստները քան զգիտութիւնները կը կանխեն. վասն զի ամենեցուն հաճոյից ասպարէզը պէտք է կտրել անցնիլ որ անոնց անբաւականութիւնն իմացուի՝ յառաջ քան մտաւորական հաճոյից անոնց տեղը բռնելը։» —Հերշէլ

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians