Գործունեայ կեանքի նկարագիր

Գործունեայ կեանքի նկարագիր

 

ի Բազմավէպէ

 

(1852)

 

Շատեր կան որ հանգստութեան դիւրութիւնները տեսնելով ու մտածելով մեծ փափաք մը կը ցուցընեն ձեռք ձգելու. իբրու թէ հանգստութեան վրայ կայացած ըլլար բոլոր մարդուս երջանկութիւնը. կը գանգատին շարունակ, կը հառաչեն, ա՜հ կըսեն ե՛րբ մէյմը սա հոգերէս սա մտածութիւններէն պիտի ազատիմ. իբրեւ թէ աս կամ ան բաներէն գլուխնին թեթեւնալով, ալ անկէց վերջը պիտի կարենան յաջող քամիով ու լեցուն առագաստներով աշխարհիս խառնաշփոթ ծովուն ալիքներուն մէջ նաւարկել, կամ թէ ըսենք իրենց խելքին փչածին պէս ժամանակնին անցնել։

            Այս ու ասոր նման բաներ խօսողները տարակոյս չկայ՝ որ ըսածնին կամ քիչ եւ կամ ամենեւին չեն ըմբռներ. ինչու որ պզտի կամ թեթեւագոյն աշխատութենէ ու նեղութենէ ազատինք ըսելով՝ ծանրագոյն բեռան մը տակ իրենք զիրենք կուզեն ձգել։ Իրաւ հանգիստ ըսածդ փափաքելի բան մըն է մարդուս, եւ յաւիտենական հանգստեան մը յոյսն է որ զինքը տառապանացը մէջ յարիութիւն կը խրախուսէ, բայց հանգստութիւնը պարապորդ անգործութեան վրայ կայացած չէ։ Թէ որ դուն բարեխառն, կարգաւորեալ ու գոհ կեանք մը չես անցներ, մի յուսար որ երբէք կարենաս հանգիստդ գտնել։ Խուռն զբաղանաց մէջն ալ մարդս կրնայ իր հանգստութիւնը գտնել. իսկ դատարկապորտ ու անգործ մարդը եւ ոչ օր մը հանգստեամբ կրցեր է անցնել։ Եւ իրաւցնէ փորձով ալ յայտնի կը տեսնենք որ առողջ եւ ուժը տեղը եղած մարդու մը համար, աշխատութիւնը՝ անգործ ծուլութենէ շատ աւելի ախորժելի ու հաճոյական բան է. վասն զի այսպիսին լաւ կիմանայ թէ աշխատութիւնը իր ծանրութեանցը հետ ունի անանկ զուարճութիւններ ալ որ բոլոր քաշած վիշտն ու նեղութիւնը բոլորովին մոռցնել կուտան, առաջնորդելով միանգամայն մարդուս իր ապագայ երջանկութեանը։ Ասոր համար է որ Ասոտւած ալ, որ մեր ստոյգ պիտոյքը կը ճանչնայ ու գիտէ, ու մեզմէ շատ աւելի լաւ կը տեսնէ թէ ո՛ր բանն աւելի մեզի հարկաւոր ու մեր երջանկութեանը առիթ կրնայ ըլլալ, նախամարդը փափկութեանց դրախտին մէջ դնելու ատեն՝ միանգամայն կը պատուիրէր որ աշխատութիւնը ձեռքէ չթողու, ու այն երկիրը որ իրեն երջանկութեանը տեղը պիտի ըլլար՝ ուզեց որ նաեւ կերպով մը յաշխատութիւն զինքը հրահանգէ։ Աս բաւական չէ, սուրբ Գրոց առջի խրատներէն մէկն ալ աշխատասիրութիւնն է. «Չըլլայ թէ ձեր գործոցը մէջ ծոյլ ու հեղգ գտնուիք, կը գրէր Պօղոս Առաքեալ, հապա ամենայն մարդ ինչ կոչումն որ ունեցեր է նայի անոր համապատասխանէ»։

            Դուն հիմա ելլես պիտի հարցունես թէ գործունեայ կամ աշխատասէր կեանքը ո՛րն է եւ կամ թէ ի՛նչ պայմաններ արդեօք մեզմէ կը պահանջէ։ Գործունեայ կեանք ըսելով կը հասկնամ ես կեանք մը որուն մէջ ամենայն մարդ իր վիճակին զբաղանացը, կոչմանը եւ ուրիշներուն հետ ունեցած վերաբերութեանցը համեմատ ձեռքը աշխատութիւնների ունի, որոնց վրայ որ երկայնմտութեամբ ու ախորժանօք իր ժամանակը կանցունէ։ Եւ որպէս զի այդպիսի կեանք մը իր յարգն ունենայ ու վախճանին կարենայ հասնիլ՝ պէտք է որ աս զբաղանքները կամ աշխատութիւնները ամէն մարդու թէ՛ բնական եւ թէ բարոյական ուժին  ու կարողութեանցը համեմատ ըլլան. պէտք է դարձեալ մարդ գիտնայ իր ընելիքը, ու սորվի բոլոր ան բանին հարկաւոր եղած ու պահանջուած ուսմունքն ու գիտելիքները. վասն զի կարելի բան չէ որ մարդ համարձակ ու դիւրութեամբ իր վախճանին հասնի մինչեւ որ առաջուց նոյն բանին վարժութիւն չունենայ. իսկ չէ՝ թէ որ աշխատութեանցդ ու գործոցդ մէջ միշտ տարակուսած մնաս, չգիտնաս թէ ի՛նչ պիտի ընես, ի՛նչպէս սկսիս, ի՛նչպէս լմնցնես, ապահով գիտցիր որ ան ատեն գործունեայ ըսած կեանքերնիս դժնդակ ու ծանր բան քեզի պիտի երեւնայ։ Ասիկայ այնպիսի ծանրութիւն մըն է որուն տակը, թէ որ առաջուց չպատրաստուիս, շատ դիւրաւ կրնաս ինկնալ։ Ասկէց զատ որպէս զի կենաքդ օգտակար ըլլայ, պէտք է դարձեալ որ ձեռք զարկած բանդ օրինաւոր ու համեստ բաներ ըլլան, անանկ որ ոչ ոք կարենայ զքեզ մեղադրել, եւ որ մեծն է քու խղճմտանքդ ալ ոչ երբէք ատ բանին վրայ զքեզ զարնէ. ու գիտնաս միանգամայն որ այդ ձեռք զարկածդ թէ Աստուծոյ եւ թէ մարդկանց առջեւը հաւասարապէս գովելի պիտի երեւնայ։ Եւ գովելի կերեւնայ թէ որ քու զբաղանքներդ կամ աշխատութիւնդ ոչ արդարութեան ոչ ընկերսիրութեան եւ կամ աստուածային ու մարդկայն ո՛ եւ իցէ օրինաց դէմ չելլէ։ Վասն զի թէ որ թշուառաբար այնպիսի բանի մը ետեւէ ըլլալու ըլլաս՝ որուն վրայ որ խիղճդ զքեզ չարդարացներ, ու չես կրնար համարձակ բարի ըլլալուն վրայ վկայել. թէ որ այնպիսի բան մը սկսիս որուն վրայ յայտնի գիտնաս որ Աստուծոյ օրհնութիւնը պիտի չըլլայ, միանգամայն քեզի խիղճ մը գայ երբ մտածելու ըլլաս թէ այդ բանը Աստուծոյ ամենատես աչուըներէն չես կրնար ծածկել, եւ թէ գործելու ատենդ անաչառ դատաւորի մը պէս զքեզ կեցած կը դիտէ, թէ որ այդ գործքդ բարեպաշտ ու առաքինի մարդկանց աչքին գէշ կը զարնէ, ու անվայել կամ գոնէ փուճ ժամանակ կորսնցնելու բան մը կը համարին, աս յայտնի նշաններէն իմացիր որ այսպիսի կեանք մը որչափ որ այդ տեսակ բաներով ատենը անցուցեր է, այնչափ աւելի յարգը կորսնցուցեր է։ Այն ամենայն գործերը, նորէն կը կրկնեմ, որ մարդկանց ու իր խղճին առջեւը մէկը կը ջանայ պարտըկել, որոնց ընթացքն ու վերջն կուզէ գաղտնութեան, խաբէութեան ու կեղծաւորութեան քողերովը գոցել, որոնց վրայ չհամարձակիր մէկու մը համար տալ, որոնց վրայ կը կասկածէ որ իմացուելու ըլլան կամ պատժոյ կամ ամօթոյ արժանի պիտի ըլլայ, այն ամենայն գործքերը կըսեմ անկարելի բան է որ չդառնացնեն գործողին կեանքը, ու տեսակ տեսակ վտանգներով կասկածներով ու նեղութիւններով զինքը չլեցնեն։

            Գործունեայ կենաց մէկ ամենահարկաւոր բանն ալ կարգաւորութիւնն է։ Պէտք է գիտնալ թէ զբաղանքներդ ի՛նչպէս մէկմէկու պիտի յաջորդեն, ինչպէս մէկզմէկու հետ պիտի կապես, եւ թէ ի՛նչ կարգ պիտի բռնես որ ձեռքի ունեցած աշխատութիւնդ աւելի դիւրութեամբ եւ աւելի լաւ կերպով առաջ տանիս։ Ուստի նախ բոլոր ընելիքդ մէյմը առջեւդ բեր ու որոշէ թէ ի՛նչպէս ժամանակիդ վրայ կրնայ բաժնել, եւ թէ ո՛ր ատեն որ բանը պիտի ընես, կամ ո՛ր բանին վրայ պիտի աշխատիս։ Հաստատ գիտցիր որ աշխատութիւնդ որչափ ալ խճողած ու դժուարին ըլլայ, բայց սակայն թէ որ առաջուց լաւ կարգի վրայ առնես՝ կարծածէդ աւելի դիւրաւ կրնաս լմնցնել։ Անով ի՛նչ կըլլայ. դու ընելիքդ գիտնալով եւ անոր հարկաւոր եղած բաները՝ ամենեւին չես շփոթիր, անանկ որ եթէ նոր ու անակնկալ բան մալ որ քեզի նոյն ժամանակը պատահի՝ շուարելու եւ այլայլելու տեղ՝ մէկէն անոր առջեւը առնելու հնարքներն ալ կը ճարտարես. կարգաւորութեամբ՝ կը տեսնես որ ի՛նչպէս գործքերդ հանգիստ ու անխռով կերպով առաջ կերթան. ու թերեւս փորձով ալ գիտես որ քու գործողութեանցդ մէջ աւելի անոնց վրայ ուրախ ու գոհ եղեր ես որոնք որ առաջուցմէ մտածելով կարգի վրայ դրեր ես։ Իսկ ընդհակառակն ուր որ անկարգութիւնը տիրած է՝ տարակոյս մունենար որ շփոթութիւն, ներհակութիւն, անմիաբանութիւն ու խառնափնդորութիւնն ալ մէկտեղ տիրած է. հոն կը տեսնես որ խեղճը չորս դին ծով կտրած չգիտեր ո՛ր բանին ձեռք զարնէ, ի՛նչպէս սկսի, ի՛նչպէս առաջ տանի. աս բանը չլմնցած մէկալը կը սկսի. Սըւոր ուշադրութիւն դնեմ կըսէ, անդին միւսը կը մոռնայ. ալ ուրիշ ի՛նչ գիտնամ, բաւական է ըսելը որ շատ անգամ բանը յուսահատութեան կերթայ, ու չգիտեր ո՛ր դին դառնայ. ի՛նչ է, վասն զի առաջուց իր ընելիքը չէ կարգաւորեր, չէ մտածեր թէ ի՛նչ վախճանաւ աս բանիս ձեռք կը զարնէ, եւ կամ ծայրը ո՛ւր պիտի երթայ, կամ ե՛րբ պիտի հասնի. ասանկ ըլլալէն վերջը ինչո՞ւ կը զարմանաս կամ կը գանգատիս բաներուդ անյաջողութեանցը վրայ։

            Վերջապէս, գործունեայ մարդը այնպիսի բաներու վրայ պիտի աշխատի՝ որ կամ իրեն եւ կամ ուրիշի մը անկէց օգուտ հանելու յոյս ունենայ. եւ թէպէտ հարկ չկայ որ առաջուց ճշդիւ ու որոշակի այս նիւթական շահն կամ օգուտը տեսնէ, բայց սակայն անանկ ալ չըլլայ որ հազիւ հազ ակնկալութիւն մը կարենայ ունենալ։ Ասպարէզի մէջ շատ ծանր բան է, չըսեմ թէ անտանելի, միակերպ արիւն քրտինք մտնել, երբ պսակի ակնկալութիւն մը չկայ։ Միշտ աշխատիլն ու իր վաստակոցը պտուղը որ երբէք հասունցած տեսնելը անշուշտ ամենէն աւելի ժիր ու անխոնջ մշակն ալ կը յուսահատցնէ։ Բայց ի վերայ այսր ամենայնի թէ որ ձեռք զարկածդ օրինաւոր ու համեստ բան է խիստ քիչ՝ կրնամ ըսել թէ ամենեւին չպատահիր՝ որ դուն բարի նպատակիդ հասնելու համար պէտք եղած ջանքն ու մտադրութիւնը ու կարգաւորութիւնը բռնելէն վերջը՝ քեզի կամ այլոց անկէց օգուտ մը չտեսնես. բաւական է որ գոհ ըլլալուն կերպն ու չափն ալ գիտնաս, ու միայն քու օգուտդ ու շահդ չմտածես հապա նաեւ ազգականացդ, բարեկամացդ ու մանաւանդ հայրենեացդ. միայն արտաքին ու խիստ յայտնի օգուտներուն չնայիս՝ հապա մտածես նաեւ անոր քու զբաղանացդ վրայ ունեցած հեռուանց հետեւութիւնները, դիտես հասարակաց անկէց յառաջ եկած հոգեւոր եւ կամ նիւթական պտուղ մը. ու ան ատեն ապահով եւ ուրախ կեցիր որ ոչ երբէք քեզի աշխատասիրութեան գրգիռ, եւ կամ արդեանցդ վարձքը կրնայ պակսիլ։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians