Անփորձ պատանւոյ նկարագիր

Անփորձ պատանւոյ նկարագիր

 

ի Բազմավէպէ

 

(1849)

 

Պատանեկութիւնը մարդուս կենացն առջի հասակը կամ իբր թէ գարունն է. որչափ որ ցանկալի հասակ մըն է, այնչափ անոր յարգը քիչ կը ճանչնայ ունեցողը։ Թէ որ կարելի բան ըլլար ծերանալէն ետքը նորէն դառնալ պատանի ըլլալ՝ ան ատենը երջանիկ կըլլար պատանեկութիւնը. բայց ձմեռւընէ ետքը նորէն գարուն կու գայ, ծերութենէ ետքը նորէն պատանեկութիւն չգաար։ Անոր համար թէ որ կտրիճը գիտնար, ու ծերը կարենար, երկուքն ալ երջանիկ կըլլային, կըսէ առակը։ Բայց եկուր նայէ որ աս երկու կատարելութիւնները, որոնց մէկտեղ ըլլալովը միայն կրնայ մեր կեանքը երջանիկ ըլլալ, շատ դժուարաւ մէկտեղ կը գտնուին։ Որչափ իմաստուն ըլլայ պատանի մը, խոհեմութիւնը պակաս է. Սողոմոն իմաստունն ալ կատարեալ խոհեմութիւնը ծերութեան ատեն սորվեցաւ. ըսէլ է որ ան ատեն փորձ եղաւ. Խոհեմութիւնը փորձառութեան կը կարօտի, փորձառութիւնն ալ շատ տարիներու. ասկէ կը հետեւի որ պատանի մը տարեց մարդու փորձը ու խոհեմութիւնը չկրնար ունենալ։ Անոր համար Սողոն արգիլեց որ հասակը չառած մարդ խորհրդական չկրնայ ըլլալ, որչափ ալ իմաստուն ու խոհեմ երեւնայ։ Ռոբովամին օրինակն ալ մեզի բաւակն է Սողոնին իրաւունք ունենալը ցուցնելու։

         Աս ամէն ասածներէն կը հետեւի որ պատանի մը ամէն կերպով պիտոր ջանայ փորձ եղող տարեց մարդկանց խորհրդովը իր անփորձութիւնը լեցնել. բայց եկուր հասկցուր իրեն աս բանը։ Ամէն բան կուզէ ինքնիրեն փորձել, իր փորձովը սորվիլ, որչափ ալ փորառութեան տուած համարները սուղ ըլլան՝ փոյթը չէ. փորձ եղեղներուն խօսքը մտիկ չընելով իյնայ ալ, իրեն խրատ չըլլար։ Ամէն դիպուած առջի պատահածներէն տարբեր կը համարի ու միշտ ծերերուն խօսքը վախկոտի խօսք սեպելով, միշտ փորձանքի կը հանդիպի։ Ամէն բանի յաջող ելքը միայն կը պտածէ, չգիտեր որ աշխարհիս ձախորդութիւնները աւելի են քան զյաջողութիւնները. ամենուն կը վստահանայ ու միտքը կը յայտնէ. բաց նամակ կը նմանի, ամէնքը կրնան կարդալ միտքինը։

         Պատանւոյ մը ամենէն կարեւոր բան հլութիւնն է, որովհետեւ խոհեմութեան տեղը հլութիւնը միայն կրնայ լեցնել. իսկ խոհեմութիւնը անանկ հարկաւոր կատարելութիւն մըն է՝ որ առանց անոր ամէն կատարելութիւն իր յարգը կը կորսնցնէ. Ոսկի կը նմանի, որ մէկը իր ազնիւ անօթները չկրնայ ալ ոսկիէ շինել՝ կոսկեզօծէ զանոնք։ Ասանկ ալ թէ որ մէկը չունի խոհեմութիւն, գէթ ուրիշին խոհեմութեամբը իր կատարելութիւնները պէտք է օծէ, անոնց խրատներուն մտիկ դնելով։ Բայց անփորձ պատանին ծերուն ամէն ըսածը ցնդածի խօսք կը սեպէ. կը կարծէ որ առջինները ամենեւին մտածել չէին գիտեր, փուճումուճ բաները մեծ բանի տեղ կը դնէին. Ծերու երեւակայութիւններ է կըսէ, աշխարհքս հիմա փոխուած է. հին ատենն է եղեր որ տղաքը չեն գիտեր եղեր մտածել, հիմա ծերերէն աղէկ գիտենք մտածել։ Տեսնէ որ հասակակիցներէն մէկը քիչ մը աւելի խելք ունենալով՝ ծերու մը խօսքին իրաւունք կու տայ, Դու ալ ծդրած ծերու մը պէս կը մտածես, կըսէ։Ծերոց երես տեսնելն ալ չուզեր, իրենց խրատներէն կը ձանձրանայ, կը ծաղրէ զիրենք ու իրենց մտածութեան կերպը. չմտածեր որ անոնք ալ առաջուց իրեն պէս մտածեր են. եւ ինքն ալ ետքը անոնց պէս պիտի մտածէ։ Կը բաղձայ ծերութեան հասնելու, ու ծերութիւնը կարհամարհէ. իր ծերանալու յոյսը աւելի աղէկ կը սեպէ, քան թէ անոնց ծերութեանը հասնիլը։

         Կը կարծէ որ ինքը բոլորովին տարբեր ծեր մը պիտոր ըլլայ, տաք արիւնով, գրեթէ սեւ մորուօք, բանէ մը չվախցող, բանի մը վրայ չկասկածող, երիտասարդաց բանին չխառնուող, վերջապէս կտրիճ ծեր մը՝ միայն տարիքով երիտասարդութենէ տարբեր։ Բայց սակայն տասնութը տարուան որ կըլլայ՝ տասնվեց տարուան եղած ատեն ըրածներուն ու խօսածներուն կը սկսի չհաւնիլ. քսան տարուան որ կըլլայ՝ երկու տարի առաջ ըրածներուն չհաւնիր. վերջապէս տարուի տարի անցած տարուան ըրածը ու խօսածը անփորձ մարդու գործ ու խօսք կերեւնայ իրեն, փորձանքներէն առած սուղ սուղ համարներովը։ Բայց քանի որ համարներուն թիւը բաւական չէ եղած, փորձառութեան գիտութիւնը չսորվիր. ո՛ր բանին փորձն որ առաւ՝ կը սկսի ան բանին մէջ անփորձ եղեղները մեղադրել, ու դեռ իրմէ աւելի հասակաւոր ու փորձ եղողէն չակնածեր։ Ծերէ է ըսելով՝ կը կարծէ որ անոր միտքը չբանիր. խաբխբել կուզէ զինքը. չմտածեր որ փորձ մարդուն միտքը որչափ ալ բանուկ չըլլայ՝ անդրադարձութիւնը աւելի է. ու ծերերը շատ անգամ խաբուած ըլլալով՝ աւելի կասկածոտ կըլլան ու դժուարաւ կը խաբուին. զիրենք խաբել ուզողը՝ շատ անգամ ինքը կը խաբուի։ Ու փորձուած բան ալ է՝ որ մարդ մը իր տղայութեան ատենը ծերերուն հետ ինչպէս որ կը վարուի՝ իր ետեւիններէն նոյն բանը կընդունի. ծերուն օրհնենքը ու անէծքը որչափ զօրաւոր ըլլալը՝ սուրբ գիրքը մեզի կը սորվեցնէ։

         Իրաւ է որ ծերուն միտքը վախկոտ ու դանդաղ է, որովհետեւ հասակը անանկ կը բերէ. բայց մտածածը ամենէն ապահովն է։ Հասակը չառած մարդուն մտածածը՝ շուտով բան առաջ տանելու յարմար է, բայց ապահովութիւն չունի, որ ամենէն հարկաւորն է։ Ծերը վտանգաւոր տեղ մը քալելու ըլլայ՝ քայլը չառած ոտքովը կը փորձէ որ արդեօք ապահո՞վ է կոխած տեղը, որպէս զի չըլլայ թէ փտտած տախտակի վրայ կոխէ. անով թէ եւ կամաց՝ բայց առանց վտանգի առաջ կերթայ։ Իսկ պատանին թէպէտ քայլերը շուտ շուտ կառնէ ու առաջ կերթայ, բայց շատ անգամ փոսը կիյնայ։

         Սողոմոն որ ամէն երիտասարդներէն աւելի իրաւունք ունէր ծերերու խորհրդէն վեր դնելու իր մտածածը, բայց այսու ամենայնիւ իր ծերութեան ատենը ուրիշ կերպ սկսաւ մտածել, ու երիտասարդին փոփոխամտութիւնը ու բռնած ճամբուն անհաստատութիւնը ցուցնելու համար, չորս բանի խելքս չհասնիր ըսաւ. «Արծիւին օդու մէջ թողուցած ճամբուն, օձին քարի վրայ, նաւուն ծովու վրայ ձգած հետոցը, ու երիտասարդի մը բռնած ճամբուն»։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians