Շատախօս մարդու նկարագիր

Շատախօս մարդու նկարագիր

 

ի Բազմավէպէ

 

(1852)

 

Մոլութեանց եւ ախտերուն թիւն ու տեսակները անհատնում են, գրեթէ աշխարհիս վրայ ո՛րչափ մարդիկ կան՝ նոյնչափ ալ ախտեր կամ պիտի տեսակներ կրնաս համրել. վասն զի ի՛նչպէս որ աշխարհիս վրայ միլիոնաւոր մարդկանց մէջէն, կամ ամենեւին՝ կամ հազիւ մէկ ուրիշ մըն ալ կրնաս գտնել որ ուզած մարդուդ բոլորովին նման ըլլայ՝ ասանկ ալ մարդ մարդու վրայ ախտերու մէջ իրարմէ շատ մեծ տարբերութիւն ունին։ Աս բիւրաւոր տեսակ ախտերէն մէկն ալ շատախօսութիւնն ալլալուն վրայ կարծեմ թէ տարակոյս հանող չըլլար. բայց յայտնի է որ աս ալ ուրիշ բիւր ճիւղեր ու տեսակներ կրնայ բաժնուիլ, երբեմն ալ ուրիշ մոլութեանց աղբիւր կամ մերձաւոր առիթ կրնայ ըլլալ. ինչպէս օրինակի համար ըսենք, խիստ դժուար բան է՝ որ շատախօսը խորհրդապահ ալ ըլլայ. կարծես թէ երբոր կը տեսնէ որ իր անհատնում կարծած խօսելու համբարները պարպուեցան՝ չկրնար դիմանալ, սրտին մէջ ունեցած գաղտնիքներն ալ դուրս կը թափէ՝ իրեն խօսելու նիւթ ընելու համար։

            Տարակոյս չկայ որ չափաւոր ըլլալու ըլլայ շատախօսութիւնը՝ ոչ միայն ըստ ինքեան ատելի չէ, այլ նաեւ հարկաւոր ալ է. վասն զի շատախօսութենէ փախչիմ ըսելով՝ թէ որ մէկը մէկալ ծայրը անցնի ու լուռ մունջ կենայ, գրեթէ ուրիշ մոլութեան մը մէջ կիյնայ, որ է խօսիլ չգիտնալ. որ թէպէտեւ ի սկզբան շատախօսութեան չափ ալ վնասակար չըլլայ, բայց ետքէն ընկերութեանց մէջ մտնելու որ ըլլայ՝ ան ատեն դուրս կելլեն բոլորովին լռութեան ալ վնասները. վասն զի կարգաւորեալ խօսիլը՝ խօսելով կը ստանայ մարդ. ուրեմն մէկն որ չափազանց սակաւախօս ըլլայ՝ ոչ կարգաւորեալ խօսելու վարժութիւն կրանյ ունենալ, եւ ոչ ազնուական եւ ընտանի ու ծանր համարձակութիւն մը մարդու հետ վարուելու։

            Ընկերութեանց մէջ ի՛նչ աստիճանի նեղացուցիչ եւ ձանձրացուցիչ բան մը ըլլալը շատախօսութեան՝ անկարելի է որ մէկը կարենայ այնպէս ճիշդ նկարագրել եւ դիմացինին հասկցնել, որչափ որ ինքը անձամբ շատախօսի մը հետ ընկերութեան բռնուելով՝ լաւ մը կրանյ իմանալ։ Հիանալի բան մըն է իրաւցնէ. կարծես թէ նկատմունք ի՛նչ ըսել է՝ շատախօսը կեանքին մէջ լսած չէ. իր դիմացինը իրմէ մեծ եղեր է՝ պզտիկ եղեր է ամենեւին հոգը չէ ու տեղիք տալ չունի. հապա ետեւէ ետեւ առանց վայրկեան մըն ալ կորոնցնելու՝ կը զրուցէ ու կը զրուցէ, ճառ մը կը սկսի լմննալիք չունի, բան կը բացատրէ վերջ չունի, բան կը հարցնէ՝ վախճան չունի, խօսք խօսքի վրայ, խնդիր խնդրոյ վրայ՝ բանը փուճ տեղը կերկնցնէ. խեղճ դիմացի կեցողը կը ձանձրանայ, սիրտը կը նեղանայ՝ ներսէն կը ճաթի բայց ի՛նչ օգուտ, շատախօսը անդրադառնալ չունի. նկատել չգիտեր, եւ ոչ դիմացինին ցուցցած տհաճութեան կերպերը կը հասկնայ։ Ուստի ժամերով անդադար կը խօսի. եւ բոլոր խօսակցութիւնը ստորակէտներով կը վերջացնէ, կարծես թէ սիրտը դողի մէջ է որ չըլլայ թէ ուրիշ մը սկսի խօսիլ. աղբիւր մըն է միշտ վազող, կամ սրնթաց գետ մը որ գիշեր ցորեկ, ամառ ձմեռ անդադար կը վազէ ու լմննալիք չունի։ Շատախօսները ընդհանրապէս խիստ քիչ անգամ եւ գրեթէ ամենեւին օգտակար բան չեն խօսիր, հապա փուճումուճ բաներ, աւելորդ խօսակցութիւններ, մեկը կծել, մէկալը վար զարնել. վասն զի իրաւցնէ կարելի բան ալ չէ ժամերով օգտակար եւ հարկաւոր բան խօսիլ անընդհատ։

            Վերջապէս շատախօսները թմբուկներու կամ դատարկ տակառներու կը նմանին, որ քիչ մը դպչելուդ պէս մեծ աղաղակ կը հանեն, բարեւ մը տալը կէս ժամ կը քշէ։ Շատախօսին ընկերութիւնը պատիժ է հետը վարուողին, սարսափելի տանջանք ընկերութեան, գարշելի ու զզուելի սրտնեղութիւն քաղաքավար մարդու, եւ համառօտ ըսեմ՝ աննկատող շատախօս մը կարծես թէ բռնաւորի մը սուր է մարդկանց վզին վրայ, որ իրենք առանց յանցանք ընելու՝ պատապատրուեր են ակամայ եւ բռնի կրելու։ Եւ գէշն ալ ան է որ շատխօսը սովորաբար աննկատող ալ ըլլալուն համար՝ ձեռքէն չես կրնար բոլորվին ազատիլ. թէ որ դուն իրմէ հեռու պտտիս՝ ան ինքնիրենը քու քովդ կու գայ, թէ որ պահուըտիս՝ ան զքեզ կը գտնէ, դիմացը լուռ կենաս առանց պատասխան տալու՝ որ գտնէ խօսքը շուտով լմննայ, շատախօսին հոգն ալ չէ, վասն զի կարօտ ալ չէ քու պատասխանիդ, ինքը իր խօսքերուն պատասխանը կու տայ, նոր խնդիրներ կը բանայ, զանոնք կը լուծէ, եւ ուրիշ շատ խօսելու նիւթեր ալ դեռ պատրաստ ունի. քու լռութիւնդ իրեն աւելի լաւ է, իր ուզածն ալ ան է որ ինքը խօսի միշտ եւ ուրիշները մտիկ ընեն. վերջապէս դուն որ կարծէիր թէ լռութեամբդ խօսքը պիտի կարճեցնես, անիկա քեզի ինչուան իրիկուն մտիկ ընել տալու նիւթ կը գտնէ, բաւական է թէ դուն Յովբայ համբերութիւնը ունենաս՝ որ դիմացը համբերես։

            Շատախօսին դէմը առնելու մէկ հատիկ հնարքը կարծեմ իրեն խօսելու տեղիք ու առիթ չտալն է, բայց ափսո՛ս որ աս ալ գրեթէ անկարելի է. վասն զի շատախօսը մարդ մը որ տեսնէ՝ ընկերութեան մը մէջ որ մտնէ՝ չկրնար համբերել, պէտք է որ խօսի. եւ ընդհանրապէս դիտուած բան է որ ընկերութեանց մէջ ամենէն առջի ու վերջի խօսողը շատախօսն պիտի ըլլայ գրեթէ միշտ։ Թէ որ կարենաս զանգակ մը զարնել, եւ միանգամայն զանգակը ձայն չհանէ, ան ատեն կըսեմ թէ շատախօսին ալ կրնաս հնարք մը գտնել որ ընկերութեան մէջ քիչ մըն ալ ուրիշի ըսածներուն մտիկ դնէ լռութեամբ։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians