Ինքնահաւանութեան դէմ հնարք

Ինքնահաւանութեան դէմ հնարք

 

ի Բազմավէպէ

 

(1848)

 

Դաստիարակութեան մէկհատիկ արգելքն է ինքնահաւանութեան կիրքը, որ կը նմանի ճամբուն վրայ տնկուած ժայռի մը՝ որ ճամբորդին կարգիլէ ճամբան առաջ երթալու, թէպէտ աչքին չերեւնար, եւ շատ հնարքներով ալ չկոտրտիր, ճամբուն վրայէն չվերցուիր. անոր համար ալ ճամբորդները յուսահատութեան մէջ կը ձգէ։ Հիմա Աստուծով մեր խոստմունքը կատարելու համար՝ ձեռք կը զարնենք վերցնելու ճշմարտութեան ճամբուն վրայէն զայս մեծ ժայռը ինքնահաւանութեան, որպէս զի տղաքը կարենան դաստիարակուիլ դիւրաւ եւ աղէկ կերպով. այսինքն տգիտութեան փոսէն ելլեն ու իմաստութեան ճամբուն մէջ առանց արգելքի առաջ երթան։

            Ինքնահաւանութեան ժայռը կործանելու համար պէտք է նախ ճանչնանք թէ ի՛նչ բան է ինքնահաւանութեան կիրքը եւ ինչէ՛ն առաջ կուգայ։ Քննենք. ինչպէս որ ամէն կիրքեր, ասանկ ալ ինքնահաւանութիւնը Աստուած տուեր է մեզի, տնկեր է մեր սրտին մէջ՝ աղէկ վախճանի համար. ուստի չկայ մէկ մարդ մը որ ինքնահաւանութեան կիրք սրտին մէջ չունենայ։ — Բայց դու, ո՛վ սիրելի ընթերցող, դեռ խօսքս չլմնցուցած՝ խօսքիս միտքը գէշի մի՛ տանիր, ըսածս ծուռ մի՛ մեկներ։ — Ինքնահաւանութիւնը երբոր իր չափին մէջ կենայ՝ գէշ բան չէ, այլ առաքինութիւն մըն է, հարկաւոր է ամէն մարդու, իբրեւ թէ ճամբուն երկու կողմի պատսպարող պատերն է։ Ինքնահաւանութիւն ըսել է ինք իրեն հաւնիլ. միթէ ամէն մարդ ալ Աստուծոյ հրաշալի ստեղծուածը չէ՞. մարդուս կազմուածքը հոգւով եւ մարմնով սքանչելի բան չէ՞։ Ուրեմն մարդ մը թէ որ ինք իրեն հաւանի՝ գէշ բան չէ ըրածը, այլ բնական բան է. Աստուծոյ արարածին հաւնիլ է. աղէկ բանին ո՞վ չհաւնիր։ Բայց դժուարը եւ գէշն ան է որ մարդս բնական տկարամիտ ըլլալով, թէպէտ եւ բնութեան մէջ աղէկ բանին հաւնելու կարողութիւն ունի, սակայն չգիտեր ինչպէս որ պէտք է զատել աղէկը գէշէն. անով կը սխալի, աղէկին տեղ գէշ բանին կը հաւնի. Աղէկը չճանչնար՝ կատէ. իր քովը եղած կատարելութիւններուն քիչը շատի տեղ կը դնէ, չունեցածը ունեցածի տեղ, ասանկով կըլլայ որ ինք իրեն պակսութիւններուն կը հաւնի. եւ այսպէս ինք իրեն հաւնիլն որ աղէկ բան է՝ կըլլայ գէշ եւ ամէն գէշութիւններուն պատճառ։ Այդ աս ինքնահաւանութեան ժայռը դաստիարակութեան ճամբուն դիմացէն վերցնելու համար պէտք է նախ սորվեցնենք աղէկը գէշէն զատելու ճամբան։

            Մէկ մարդ մը իր մարդ ըլլալը ճանչնալէն ետեւ, թէ որ ուրիշ բան մըն ալ չուզէ ընել՝ գոնէ աս բանս պէտք է յանձն առնէ ընելու, այսինքն օրուան մէջ երբեմն ինք իրեն հարցնէ թէ աս ըրածս աղէ՞կ է թէ գէշ. Միայն ճանչնալու մտքով ըլլայ, չէ թէ իր կերպը փոխելու համար. ահա աս կըլլայ մէկ սկիզբ մը կործանելու ինքնահաւանութեան ժայռը։ Աս բանս թէպէտ ամէն վիճակի մարդկանց եւ ամէն հասակի համար հարկաւոր է, բայց որովհետեւ ծնողաց հետ է խօսքերնիս, հիմա անոնց հետ խօսինք՝ տղոց հետ վարուելու գործքերուն վրայօք։ Ո՜վ դու մայրիկ. ըսենք թէ տղադ լացաւ, դուն ալ ձեռքը բան մը տուիր որ ձայնը քաշէ, լռէ, կամ թէ սաստեցիր, կամ փայփայեցիր, կամ զարկիր, միտքդ դրած ըլլալով թէ պէտք է անանկ լինել։ Ես հիմա չեմ ըսեր թէ միտքդ փոխես, կամ թէ ուրիշ կերպ բան մը ընես. վասն զի գիտեմ որ ան չես ըներ. ճամբուդ վրայ ինքնահաւանութեան ժայռը կեցեր կարգիլէ, թող չիտար որ միտքդ դրածէդ ուրիշ կերպ բան մը կարենաս ընել։ Ուրեմն հիմա ընելիքդ է միայն այս. դարձի՛ր մէյմը հարցու դու քեզի. ըրածս աղէ՞կ է թէ գէշ. — գիտեմ որ պատասխան պիտի տաս աս երկու խօսքիս մէկը. կամ պիտի ըսես թէ Աղէկ է, ասանկ պէտք է ընել, եւ կամ պիտի ըսես թէ Աղէկ չերեւնար, բայց ի՞նչ ընեմ. ուրիշ կերպ չըլլուիր։ Աս երկու պատասխաններն ալ ինքնահաւանութեան ժայռին արձագանգներն են. վնաս չունի, բաւական է որ աս հարցմունքով ժայռը կը ծեծուի. Անոր համար ամէն ատեն, ամէն նոր գործքի մը ձեռք զարնելու ատեն մի՛ ձանձրանար, հարցու, ու դու քեզի տուած պատասխանդ լսէ։ Ասանկ ընելով կը սկսի ցնցուիլ խախտիլ ինքնահաւանութեան ժայռը. Ինքնիրեն կը սկսի սրտիդ մէջ մէկ շփոթութիւն մը մէկ չհաւնիլ մը քեզի տուած պատասախաններուդ, Աղէկ չերեւնար. Անանկ սորվեր եմ. ի՞նչ ընեմ, ուրիշ կերպ չըլլար. ես ալ անանկ մեծցեր եմ։ Աս պատասխանները օրուան մէջ շատ անգամ զրուցուելով, ինքնահաւանութեան հիմը կը սկսին խախտել. վասն զի թէ որ խօսքիս մտիկ ընես, ու առանց ուզելու ուրիշ բան մը ընել՝ միշտ շարունակես ամէն անգամ հարցնելու դու քեզի՝ թէ ըրածս աղէ՞կ է, աս ըրածէս ի՞նչ օգուտ կամ ի՞նչ վնաս կրնայ առաջ գալ. գիտնաս որ ասանկ ընելով՝ ինքիրեն քեզի մէկ հետաքրքրութիւն մը կուգայ իմանալու թէ արդեօք աս ըրած բանս ուրիշ կերպ կրնա՞յ ըլլալ թէ չէ. անանկ որ կը սկսիս հարցնել ուրիշներուն, կամ թէ գրուածք մը կայ ան բանին վրայ՝ կառնես մտադրութեամբ կը կարդաս որ իմանաս, որ եթէ կարելի բան է՝ փորձես ու գործադրես։ Ահա ասանկ դիւրին ճամբով մը ան ինքնահաւանութեան կը ծեծուի ամէն օրուան հարցմունքներէն, ու կը սկսի կոտորտիլ իյնալ։ Ասկից կը հետեւի որ աս հարցմունքը ինքիրենդ շատ մը ժամանակ ընելէդ ետքը՝ քեզի փափաք մը կուգայ կարդալու մտադրութեամբ ամէն դաստիարակութեան պատշաճեալ գրուածքները, եւ կը սկսիս օգուտը քաղել։

            Տե՛ս հիմա թէ այն ահագին երեւցած ինքնահաւանութեան անկործան ժայռը, որ աշխարհս տակն ու վրայ ընելու հետ է, ան՝ որ հասոյց մեր ազգը աս յետին թշուառութեան, ասանկ դիւրաւ կիյնայ՝ ով որ կուզէ իր ճամբուն դիմացէն վերցնել։ Անոր համար ամէն մարդ իր ամէն գործոցը մէջ պէտք է այս ճամբան բռնէ որ կարենայ սկսիլ առաջացնել ազգը։

            Հիմա հարցնեմ ես քեզի, ո՛վ սիրելի ընթերցող. կուզե՞ս վերցնել ճամբուդ վրայէն ինքնահաւանութեան անգծելի ժայռը. սորվէ ուրեմն աղէկը գէշէն զատել. եւ աս բանիս համար սովորութիւն ըրէ հարցնել ինքիրենդ հետաքրքրութեամբ թէ աս ըրածս կամ ըսածս աղէ՞կ է թէ գէշ. — Ասկէ կը հետեւի որ առանց աշխատելու, առանց յոգնելու, առանց դժուարդ գալու կը սորվիս ամէն բանի մէջ ընտրութիւն ընել ու աղէկը գէշէն զատել։ Եւ աս հարցնելը պատճառ կըլլայ քեզի որ բնական կերպով կը սկսիս ուզել որ աղէկ բաները գործադրուին, տղաքը կրթուին, մեծերը ինքնահաւանութեամբ գէշը աղէկի տեղ չդնեն ու զիրար չարհամարհեն։ Մէկ խօսքով, կը տեսնես առջեւդ կործանած ցրուած ու ջնջուած ինքնահաւանութեան անկործան կարծուած սարսափելի ժայռը՝ առանց ուրիշ բարակ արհեստներ գործածելու։

            Ասանկ դիւրին ըլլալով ինքնահաւանութեան ախտին դեղը, պէտք չէ արհամարհել՝ անհոգ ըլլալ ու զանց ընել. Այլ անոր ներհակ, որովհետեւ շատ դիւրին բան է՝ անոր համար պէտք է որ ծնողք սորվեցնեն նաեւ իրենց որդւոցը՝ մտքերնին բացուելուն պէս, որ հարցնեն իրենք իրենց այս խօսքս՝ թէ Արդեօք աղէ՞կ է ըրածս թէ գէշ։ — Ես այնպէս հաւանեալ եմ որ եթէ մէկ տան մը մէջ ասանկ ամէնքը սովորին հարցնելու իրենք իրենց, եւ իրարու ալ միտք ձգելով որ հարցնեն, միայն այս բարի սովորութեամբ անանկ ազատ կըլլան ինքնահաւանութեան ախտէն, որ կատարեալ մարդկութեան ամէն տեսակ կրթութեան մէջ համարձակ կրնան առաջ երթալ։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians