Ճշմարտութիւն

 Ճմշարտութիւն

ի Բազմավէպէ

(1849)

Ճշմարտութիւնը որ այնչափ հարկաւոր եւ սակայն այնչափ անգիւտ բան եղած է, շատ հեղ չէ թէ չի գտնուիր՝ հապա չի ճանչցուիր։ Այս բանս կը նմանցնէ մէկը՝ տղոց աչք կապուկ խաղին. աչքերը կապած տղան՝ ընկերներուն մէջ ժուռ գալով կը բռնէ մէկը, բայց թէ որ անոր անունը չի կրնար տալ, կը թողու ու ուրիշ մը բռնելու կը ջանայ։ Այսպէս ալ կը հանդիպի շատոնց՝ որ ճշմարտութիւնը կը բռնեն, բայց չի հաւտալով թէ ան է՝ թող կու տան։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians