Նախորդք եւ յաջորդք

Նախորդք եւ յաջորդք

 

ի Բազմավէպէ

 

(1860)

 

Ազնուական ցեղէ իջնալուդ համար կուռիս կը հպարտանաս. անմի՛տ, միթէ հարցդ առաքինութիւնը քո՞ւկդ է. եւ ի՞նչպէս կրնաս ուրիշին բանին վրայ պարծիլ. Քու նախորդներդ պատերազմներու մէջ արիացան, խոհեմ գտնուեցան իրենց խորհրդոցը մէջ, իրենց պաշտօններովը հասարակաց բարեաց պատճառ եղան եւ ամէնքը զիրենք կը մեծարէին. պատուէ ուրեմն անոնց յիշատակը եւ մի՛ պահանջեր որ յարգեն ու մեծարեն ի քեզ քու պապերուդ ունեցած առաքինութիւնները՝ յորոց դու զուրկ ես։ Առաքինութիւնը արեան հետ վերաբերութիւն չունի. երեւելի տնէ՞ ես, ուրեմն մարդիկ քեզմէ աւելի գիտութիւն եւ աւելի բարեսրտութիւն կը պահանջեն. թէ որ չունենաս՝ իրաւամբ կարհամարհեն. Մարդս ինքը զինքը կը պատուէ։

         Բայց երախտագէտ պէտք է ըլլանք աս կենաց ճամբուն մէջ մեզմէ առաջ գացողներուն, իրենց մեզի ըրած այնչափ բարեացը համար, եւ ոչ թէ քանի մը վնասուց համար անիծենք. Եւ իրաւցնէ, պատմութեանց մէջ մեր նախորդներուն զեղծմունքները, ամօթալի գործքերն ու յանցանքները կը տեսնենք. շատ մը նախապաշարմունքներ ունէին իրենք՝ որ մենք չունինք, իրենցմէ աւելի տեղեկութիւն ու գիտութիւն ստացած ենք, եւ շատ աւելի հանգիստ ենք։ Փառք Աստուծոյ եւ փառք իրեն նախախնամութեանը որ հետզհետէ կը զօրացնէ զմարդիկ արդարութեամբ եւ ճշմարտութեամբ յառաջադիմելու. բայց ասով պէտք չէ որ մեր նախորդները արհամարհենք։ Ի՞նչ պիտի ընէինք մենք՝ թէ որ իրենք այնչափ լաւ գիւտեր ու արուեստներ գտած՝ եւ իրենց աշխատութեամբը զանոնք մեզի սովրեցուցած չըլլային. այնչափ մեծաշէն քաղաքներ, այնչափ գետերուն ըրած վնասը խափանելու համար եղած աշխատութիւններ, այնչափ ճամբաներ, զուարճութեան համար թէատրոններ, պաշտպանութեան համար բերդեր, եկեղեցիներ, վարժարաններ, օրէնքներ, վարդապետութիւններ՝ բոլորն ալ իրենցմէ ունեցեր ենք, ուրեմն միշտ պէտք է շնորհակալ ըլլանք։

         Շնորհակալ ըլլանք եւ գործքով ալ նոյնը մեր յաջորդներուն սովրեցնենք, որչափ կրնանք մեր կողմանէ գովելով ու մեծարելով մեր ծերերուն մեզի ըրած բարերարութիւնները. եւ իրաւցնէ, վասն զի մարդիկ ամէնքը մէկէն ո՛ր եւ իցէ ժամանակ ալ ապրած ըլլան՝ բոլորը մէկ ընտանիք մը կը կազմեն. ուրեմն երբ բանի գործքի մը ձեռք կը զարնենք, պտուղը մենք պիտի չքաղենք ըսելով՝ պէտք չէ լքանինք. Մեր յաջորդները պտուղը կը վայելեն կօգտուին ու զմեզ կօրհնեն։ Աս տնկած ձիթենիս իմ մեռնելէս վերջը պիտի սկսի պտուղ տալ, հոգ չէ. ես ալ իմ չտնկած ծառերէս շատին պտուղը կը վայելեմ. տղոց դաստիարակութիւն ընելով իրենց սովրեցուցած բաներս գիտեմ որ ապագայից օգտին համար է, վնաս չունի. բաւական է որ իրենք օգտուին, ու անոր համար սիրով յանձն կառնեմ զիրենք կրթել. Ապագայք ալ իմ եղբարքս են։

         Միշտ ապագային վրայ յուսալնիս մարդկանց ներկայ ապերախտութեանը մէջ՝ մեծ մխիթարութիւն է մեզի. Մանաւանդ երբ կը տեսնենք որ մեր բարի խորհուրդները չեն յաջողիր եւ մեր գովելի դիտաւորութիւնները չարախօսութեան նիւթ կըլլան։ Բարի գործք մը ոչ երբէք կը կորսուի, թէ որ այսօր մեզի շահ չբերեր, ժամանակով կրնայ օգտակար ըլլալ ուրիշներուն որք են մեր որդիքն ու մեր եղբարքը։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians