Ագահ մարդու նկարագիր

 Ագահ մարդու նկարագիր

ի Բազմավէպէ

(1848)

Ագահութիւնը ստակի վրայ չափէն աւելի վարկում ունենալէն առաջ կու գայ. ուստի ագահը ստակի համար ամէն նեղութիւն յանձն կառնու, ստակի համար իր պատիւն ալ կը ծախէ։ Ասկէ կը հետեւի որ ստակը դիզելու համար միայն կը վաստակի, չէ թէ իր կարօտութիւնը լեցնելու. զինքը ու ընտանիքը կը զրկէ ստակին վայելմունքէն՝ ինչպէս թէ ստակ չունենար։ Ստակը աւելի պատուական կը սեպէ քան զիրեն առողջութիւնը. սէրը՝ հոգը՝ ջանքը ամէն բանը ստակը շատցնելու ու պահելու վրայ է։

            Ամենեւին ալ փոյթը չէ իր ագահութիւնը ծածկելու. վտանգ չկայ որ խաբուիս ու զինքը չճանչնաս։ Հպարտը չուզեր որ հպարտ երեւնայ, նախանձոտը իր նախանձը ծածուկ կընէ, նմանապէս ամէն ախտի տէր կուզէ որ իր ախտը ծածկէ. Միայն ագահն է որ իր ամէն գործքովը զինքը ամենուն կը յայտնէ ու ինքիրեն միայն անյայտ կը մնայ. կարծես որ ճակտին վրայ գրած է իր ագահութիւնը, որ ամէնքը կը կարդան իրմէ ի զատ։ Ուրիշ ախտերը սովորաբար ուժէ կիյնան մարդուս հասակին հետ, ագահութիւնը աւելի ուժ կառնէ ու կը սաստկանայ. որչափ որ մահը մօտենայ, ու ստակի կարօտութեան ժամանակը քիչ մնայ, այնչափ աւելի կը ջանայ ագահը իր պատրաստութիւնն ընել՝ երեւակայեալ ապագայի մը համար. որչափ որ մօտենայ ատենը իր ունեցածը կորսնցնելու, այնչափ աւելի ջանքով կը պահպանէ զայն. որչափ որ ճամբուն ետքերը կը մօտենայ, այնչափ ճամբու պաշարը աւելցնելու կը ջանայ։ Ասանկով տարիները ագահին բաղձանքը կաւելցնեն. հիւանդութիւնն ու դժբաղդութիւնը որ ուրիշ ախտերու դեղ կըլլան՝ աս ախտս աւելի կը տածեն ու կը գրգռեն։ Ինչ կարօտութիւն ունենայ՝ անկէց աւելիին կը պահէ ունեցածը. կը պահէ պահելու համար միայն, ու նոյն բանն էր թէ ուրիշին ստակը պահէր, կամ թէ պահածը ստակ չըլլար՝ ոստրէի կտորուանք ըլլային։

            Պժգալի բան մըն է ագահին առուտուր ընելը տեսնել. բան մը պիտի գնէ, կը մտնէ խանութ մը, վար առնել կու տայ ամէն բան, ուզածը չկրնար գտնել. յայտնի կընէ որ կամ ձրի բան կը փնտռէ, կամ ոչինչ գնով։ Վերջապէս ամենէն անշահը կընտրէ, որովհետեւ անոր գինը իրեն ձեռք կու տայ. ուստի առած բանին շահն ալ չտեսներ, ու կը ստուգի իր վրան առակը որ կըսէ՝թէ Ագահին ու առատին ծախքը մէկ է, ագահինը մէյմըն ալ աւելի։ Պտուղներուն փտտածները կը գնէ՝ քիչ վճարելու համար, ուստի կէսը հարկ կըլլայ նետել, ու նոյն գինը կու գայ, կամ աւելի սուղ։ Գնածն ալ սեղանին վրայ համրանքով դնել կու տայ, անանկ որ վերջի առնողին ամչնալը կու գայ՝ պնակը պարապ տեսնելով։ Ստակ ետ առնելու ատեն փայլունները չմաշածները կընտրէ, տալու ատենն ալ սխմելով կը համրէ որ չըլլայ թէ երկու հատ ըլլայ ու մէկ հատի տեղ տայ։ Թէ որ սխալմամբ կէս ստակ աւելի տուած ըլլայ, տասը օրէն ետքը միտքը գայ, կելլէ կերթայ ետ կուզէ։ Ուրիշը զինքը սեղանի հրաւիրելու ըլլայ՝ կը վախնայ որ չըլլայ թէ հանգանակելու համար կը հրաւիրէ. շատ անգամ ալ յանձն չառնուր երթալ, որ չըլլայ թէ ինքն ալ պարտական ըլլայ փոխարէն սեղան ընելու։ Բան մը շինել կու տայ, որչափ ալ աղէկ շինած ըլլայ՝ վար կը զարնէ որ գինէն կարենայ կտրել. դէմքը քաշել կու տայ, վարպետ նկարիչը նսնման կը հանէ. վճարելու ատեն եկածին պէս՝ ամենեւին ինծի չնմանիր կըսէ։

            Կարգուելու վրայ խօսք մը ըլլայ, դժուար բան է տղոց բերան հաց թխել կըսէ. զաւակներ ունենայ, ո՛րդիք՝ ետքը ստակի կարօտութիւն կունենաք ըսելով՝ ներկայ կարօտութիւննին չհոգար. Ձեռուընիդ արուեստ պէտք է ըսելով՝ զիրենք ուսմանէ կրթութենէ կը զրկէ. ստակին յարգը գիտցէք ըսելով՝ իր յարգը անոնց առջին կը կորսնցնէ։ Հագուստ ունի, չհագնիր որ չմաշին, աղտոտ ու կարկտած հագուստով կը քալէ։ Դուռը զարնուելու որ ըլլայ, չըլլայ թէ աղքատ ըլլայ կըսէ, ու խաբեբաներու եւ ծոյլերու վրայ երկայն քարոզ մը կու տայ՝ ցուցնելով որ բոլոր աղքատները խաբէութեան ու ծուլութեան համար կը մուրան։

            Հիւանդանալու ալ ըլլայ՝ բժիշկ չկանչեր որ ստակ չվճարէ։ Անուանի ագահի մը վրայ կը պատմուի ալ թէ վտանգաւոր հիւանդութեան մէջ հաշիւ ըրաւ որ բժիշկ կանչելու ըլլայ նէ ո՛րչափ բան պիտի վճարէ, մեռնելու ըլլայ՝ ո՛րչափ. տեսաւ որ աւելի շահաւոր էր թաղման ծախքը, վերմակը գլուխը քաշեց, ծածկէ՝ թող սատակիմ ըսելով։

            Ագահին մէկը գիշերը երազ տեսեր է որ ծախք կընէ եղեր, սրտին ցաւէն երկրորդ օրը ինքզինքը կախեր է. ուրիշ ագահ մըն ալ ինքզինքը կախելու միտքը փոխեր է՝ տեսնելով որ չուանին համար շատ ստակ կուզեն։

            Վերջապէս աս ախտը մարդս բնութենէ դուրս կը հանէ ու կը վայրենացնէ. թէ իրեն եւ թէ իր ընտանեաց հանգստութիւնը կը կորսնցնէ։ Խելքէ մտքէ վեր բան է ագահին ունեցած հոգն ու վախը իր ընչիցը վրայ. աշտարակի մը ու բերդի մը պահապան ոչ անկէց աւելի հոգ ոչ անկեց աւելի վախ կը կրէ։ Գիշեր ատեն յանկարծ արթննայ, ծառան ալ կարթնցնէ թէ դռները գո՞ց են արդեօք. գոց են ալ ըսես, ինքը նորէն կերթայ նայելու որ կղպա՞ծ են թէ չէ։ Տէր չէ ունեցածին, այլ գերի. իրեն համար չպահեր իր ունեցածը, այլ ժառանգները ուրախացնելու համար, որ շատ անգամ կը մսխեն իր այնչափ հոգով ժողված հարստութիւնը։ Ոսկեհանքի մէջ աշխատողներէն տարբերութիւն չունի. ինչպէս անոնց հոգին կելլէ՝ ուրիշներուն համար ոսկի փորելու ու հանելու, ասանկ ալ ագահը կաշխատի կը քրտնի՝ գիշերը քուն չունի, իրեն ժառանգներուն հարստութիւն պատրաստելու համար։ Ոսկի բեռնաւորած գրաստ կը նմանի, ինք իր խոտէն ու գարիէն աւելի բան մը չուտեր։ Աս ի՞նչ մեծ թշուառութիւն է. թէ որ ագահը իր կամօքը յանձ չառնէր աս պատիժը՝ ասկէց ծանր պատիջ չէր կրնար ըլլալ իրեն։



«Ագահին խաբուիլը աս է որ ոսկին ու արծաթը բարիք կը սեպէ. չհասկնար որ անոնք բարեաց հասնելու միջոցներ են։» --Լառաշֆուքոյ

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

The Fables of Mkhitar Gosh